ԳլխաւորԼրահոս

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հարիւրամեակի Նշում Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Մէջ


Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հիմնադրութեան հարիւրամեակը նշուեցաւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի մէջ։
Բազմաթիւ ձեռնարկներ տեղի ունեցան անցեալ շաբթուան ընթացքին, Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի եւ Պոսթընի մէջ։
Այս առթիւ, Լիբանանէն ժամանած էր Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Գառնիկ Մկրտիչեանը:
Կատարուեցան պաշտօնական եւ ժողովրդային յատուկ հանդիպումներ, եւ ներկաները մօտէն ծանօթացան շրջանի միութենական կեանքին եւ շրջանէն ներս գործող անդամներուն հետ։
Մկրտիճեանի վերջին հանգրուանն էր Պոսթընը, ուր ան ներկայ գտնուեցաւ հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն՝ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27-ին տեղի ունեցած խմբապետական համագումարին, մարզական մրցաշարքին, ճաշկրոյթ-պարահանդէսին, եւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 28-ին կատարուած դրօշի օրհնենքին, հոգեհանգիստի արարողութեան և պաշտօնական հանդիսութեան:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ՝ յաջորդիւ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button