
(Հ.Մ.Ը.Մ. Կեդրոնական- Ռազմավարական Ծրագրաւորումի Գործադիր Յանձնախումբի Անունով)
Երկու հիմնական զարգացումներ որոնք հանդէս եկան վերջին մի քանի տասնամեակներու ընթացքին,երկարաժամկէտ ազդեցութիւն ունեցան մեր ազգային աշխարհաքաղաքական իրավիճակին վրայ: Առաջին կարգին, 1991ի Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւն դառնալը պատճառ դարձաւ որ հայ ժողովուրդի ուշադրութեան կեդրոնը կրկին Հայաստանը ստանձնէ: Անցեալ 21 տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ մեծ առաջընթաց տեղի ունեցաւ, սակայն արդար է ըսել, որ պետութիւնն ու կառավարութիւնը չեն գերադասած եւ առաջնահերթ չեն դարձուցած ընկերային արժէքները որպէսզի նպաստեն քաղաքացիական հասարակութեան յառաջխաղացման: Զուգահեռաբար, աւելի քան չորս տասնամեակներու վրայ շարք մը մերձաւոր արեւելքի երկիրներու մէջ ընկերաքաղաքական զարգացումները, պատճառ դարձան մեծ թիւով հայերու դէպի արեւմտեան երկիրներ արտագաղթը: Այս երկու աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու համադրութիւնը ստիպեց հին Սփիւռքի հայերը աւելի աշխարհացրիւ դարձնել: Այս բոլորի որպէս արդիւնք, այսօրուայ Սփիւռքը կազմուած է մի շարք լաւ կազմակերպուած համայնքներէ որոնք բազմաթիւ ենթամշակոյթներով բարդացած են, եւ ուրիշներէ որ նուազ հայ զանգուածներով եւ կամ անկազմակերպ ենթակառոյցներով օժտուած են:
Այս նոր իրողութեամբ, հայ ժողովուրդը կանգնած է ի դէպ նոր մարտահրաւէրներու: Նոր յառաջացած Ռուսական Սփիւռքը պարզապէս նոր կը փորձէ կազմակերպուած բնոյթ ստանալու, իսկ հին Սփիւռքի արեւմտեան երկիրներու հայերը, եւ աւելի փոքր տոկոսով Մերձաւոր արեւելեան գաղութները, տեղական հասարակութիւնների հետ ներմուծուելու վտանգի յառաջ են: Այս բոլորի միաժամանակ, համաշխարհայնացումի հոլովոյթը տագնապալի չափերով արդէն փոխեր է այն աշխարհը որ մենք գիտէինք, եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը ազդեր է մեր կեանքի բոլոր երեւոյթներուն եւ ի մասնաւորի, երիտասարդներու կեանքին վրայ: Այս բոլորի ակնառու ադիւնքը նոր սերունդ հայու երկնակի ինքնութեան իրականութիւնն է, մէկը հայ էթնիկ ազգագրական ծագման եւ միւսը այլ երկրի ծննդեան (կամ բնակութեան) գոյութեամբ:
Ասոնք լուրջ մարտահրաւէրներ են, որ իւրաքանչիւր շահագրգիռ ազգային ղեկավարութիւն պարտի հետապնդել: Պարզ է, որ ոչ՛ սփիւռքահայը աւանդական հասկացողութեամբ պիտի կրնայ պահել կայուն հայկական ինքնութիւն, ոչ ալ Հայաստանի մէջ լաւ քաղաքացիութիւն կարելի պիտի ըլլայ մշակել, կրաւորական մօտեցումով: Հետեւաբար, կազմակերպութիւն մը ինչպիսին է Հ.Մ.Ը.Մ.ը, եւ որու ձգտումն է ազդել մեր հասարակութեան վրայ սկաուտութեան եւ մարմնակրթանքի միջոցաւ, պիտի չյաջողի իր առաքելութեան մէջ, առանց ճշգրտումներ եւ ռազմավարական փոփոխութիւններ կատարելու: Այս բոլորին յստակ գիտակցելով , Հ.Մ.Ը.Մ. իր ազգային պատասխանատուութիւնը վերլուծեց եւ սկսաւ բարեփոխութեան աշխատանքին ռազմավարական ծրագրաւորումի փոփոխութիւններու միջոցով, փորձելով աւելի լաւ սահմանելու ինքզինքը, աշխատելով բարելաւել իր մասի պատկերացումը, եւ որ ամենակարեւորն է գտնել աւելի լաւ լուծումներ ներքին մարտահրաւէրներուն:
Արտաքին Պատկերացումի Բարելաւուած Ընկալումը
Հ.Մ.Ը.Մ. այժմ համահայկական հայ կազմակերպութիւն մըն է, գործօն Հանրապետութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ: Բնական է ենթադրել, որ ամուռ ենթակառուցուածքով փորձառու երիտասարդական կազմակերպութիւն մը ինչպիսին է Հ.Մ.Ը.Մ.ը պիտի ընկալէ բարձր ռազմավարական կարեւորութիւն, դիմագրաւելու Հայ ազգի ազգային ընդհանուր ձգտումներն ու մտահոգութիւնները: Իր լայն քաշողականութեամբ եւ իր ապաքաղաքական բայց հայրենասիրական առաքելութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ այն կազմակերպութիւնն է, որ ամենայարմարն է ոգեշնչելու եւ դաստիարակելու հայ երիտասարդներու մեծամասնութիւն մը, ներառեալ հեռու մնացած եւ ոչ յանձնառու երիտասարդները:
Իրականութիւնն այն է, որ երբ խօսքը կը վերաբերի ազգային դերակատարութեան, հայ ժողովուրդի ներքին շրջանակներու մէջ Հ.Մ.Ը.Մ. պէտք է բարելաւէ իր հանդէպ գոյացած ներկայ տպաւորութիւնը եւ ընկալումը: Տրամաբանութիւնը կ՛ենթադրէ որ հայ միութիւններ կամ կազմակերպութիւններ առանձին նպատակով պէտք չէ աշխատին, այլ բոլորը պէտք է ձգտին նոյն վերջնական ազգային արդիւնքին, որն է ստեղծել է աւելի հզօր հայ ազգ : Անշուշտ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն ունի իր տեղը, իր գործունէութեան ծիրը եւ ծրագրի գերակայութիւնները: Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար, այս կը նշանակէ կրթել պատանի դեռահասները, երիտասարդները եւ յաջորդ սերունդները, իրենց մեջ զարգացնելով աւելի լաւ արժէքներ, օգնելով իրենց դառնալ յաջող եւ ներգրաւ քաղաքացիներ, միեւնոյն ժամանակ ամրապնդելով իրենց հայկական ինքնութիւնն ու նուիրուածութիւնը հայ ժողովուրդի հանդէպ: Մեթոտները, որ այս նպատակի համար Հ.Մ.Ը.Մ. կ՛օգտագործէ, սկաուտութեան եւ մարմնակրթանքի միջոցաւ է:
Որպէս հաւաքական խումբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներդրումը մեր ժողովուրդին եւ այն հասարակութեան եւ համայնքներուն որ կը ծառայէ, նուազ ընկալուած եւ գնահատուած է, քան իրողութիւնը: Այո, Հ.Մ.Ը.Մ. կը հասկըցուի որպէս կազմակերպութիւն մը, որը կը ստեղծէ երկարատեւ բարեկամութիւններ սկաուտութեան եւ մարմնամարզի միջոցաւ, եւ Հ.Մ.Ը.Մ. կը համարուի տեսողական ցուցական հայկական մեր հաւաքական ուժի լաւագոյն մեքենան, երբ իր անդամական զանգուածի ուժը կը ցուցադրէ կամ երբ կը կազմակերպէ յաջող տողանցքներ, դրօշակի արարողութիւններ, մրցաշարքեր ու բանակումներ: Որոշ երկիրներու մէջ ֆութպոլի խաղերու յաջողութիւնները արդէն կը թարգմանուին որպէս ազգային հպարտութիւն : Սակայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի իսկական ազգային արժէքը կը գերազանցէ այդ բոլոր զգացմունքները: Անիկա կը գոյանայ այն իրողութեան մէջ որ երիտասարդ հայերու իսկապէս մեծ զանգուած մը, որեւէ պահու տասնեակ հազարաւորներ, երկար տարիներ թրծուած կը մնան առողջ հայկական միջավայրի մը մէջ, որու հետեւանքով անոնցմէ շատերը զգալի թիւով կը դառնան բազմաթիւ այլ հայկական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու առաջնորդներն եւ ակտիվիստները, եւ կամ յանձնառու համակիրներ եւ ապաւէններ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը ազգային հիմնարկներու այն եզակի ,գործարաննե է, որ փոքր տարիքէն կը թրծէ ապագայի հայը: Ոչ մէկ այլ կազմակերպութիւն ունի իր թուային զանգուածը , եւ քիչերն ունին իր քաշողականութիւնը: Ռազմավարական սա իրողութիւն մըն է, որ պէտք է աւելի բարձր գնահատուի հայ ազգի եւ ժողովուրդի բոլոր շահագրգիռ ղեկավարութեանց կողմէ, որովհետեւ, եթէ այդ մէկը յաջողութեամբ կատարուի ահռելի դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր ազգի ապագայի վրայ: Բայց Հ.Մ.Ը.Մ. ինքն է որ պետք է բարելաւէ իր պատկերը եւ իրեն համապատասխան արժէք ստեղծէ, ոչ ուրիշը: Հ.Մ.Ը.Մ. եւ իր ղեկավարութիւնը հասկցած են այս կարեւոր ռազմավարական ազգային դերը, եւ նկատի առած ազգային վերջին մարտահրաւէրներու իրողութիւնը, յաւելեալ համոզմունք տեղի է ունեցեր այն անհրաժեշտութեան, որ պէտք է արդիականացնել մեր միութիւնը:. Մեր ռազմավարական ծրագիրն ու բարեփոխութեան գործընթացը այս տեսլականն է որ կը մտին:
Ներքին Մարտահրաւէրներ
Ներքին ճակատի վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ նախ պարտի վերստեղծել ինքզինք որպէս արդիւնաւէտ, ժամանակակից եւ աւելի գրաւիչ կազմակերպութիւն , եւ երկրորդ շեշտադրէ իր առաքելութեան հիմնական սկզբունքները: Այս երկուքը իրարամերժ չեն: Այս կը նշանակէ որ միութիւնը պէտք է այսօրուայ երիտասարդներու շահերը գերադասէ, աշխատելով որ անոնք ունենան զուարճալի մթնոլորտ, , սակայն միաժամանակ դաստիարակելով զանոնք որ դառնան պատասխանատու յանձնառու անհատներ, պատրաստ ծառայելու Հայ ժողովրդին: Այս նաեւ կը նշանակէ որ Հ.Մ.Ը.Մ. պէտք է ողջունէ բոլոր ենթամշակոյթներու պատկանող հայերը եւ պարտի ծառայել թէ հայերէն լեզուն սահուն արտայայտուող անհատներուն եւ թէ բոլոր անոնց ովքեր չեն տիրապետեր հայոց լեզուին: Յետ այսու, որպէս քաղաքականութիւն, մենք հաւասարապէս պիտի աշխատինք գրաւել դեռահասներու եւ երիտասարդ չափահասներու, որոնք սահմանափակ կերպով կամ նոյնիսկ անկարող են շփուելու հայերէն լեզուով:
Կասկած չկայ որեւէ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի անհատական ու հաւաքական նուիրատուութեան, բայց, որպէս կազմակերպութիւն, երբեմն մենք կը մոռնանք կեդրոնանալ արդիւնքներու վրայ: Կարեւոր է որ չշփոթենք կազմակերպութեան առաքելութիւնը սովորական գործունէութիւններէ , այդ գործունէութիւնները որքան ալ կարեւոր ըլլան: Մարզական մրցաշարք կազմակերպելը կամ ուրիշ որեւէ գործունէութիւն միութենական ցանկալի արդիւնքին ամենացած շէմը կամ յայտարարն է եւ չպէտք է դիտարկել այդ, որպէս գործունէութեանը համար վերջնական ցանկալի նպատակը: Մեր գործունէութեան, ծրագրերի եւ նախագծերի նպատակները պէտք է անյապաղ գերազանցեն ընկերային կամ տնտեսական որեւէ շահ, եւ պէտք է միտինք իրագործել յաւելեալ նպաստ մը, կամ դրական ազդեցութիւն մը, ըլլայ այդ պատշաճ գիտելիքներու, դրական վարքի եւ կամ պինդ արժէքներու հետ կապուած, Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամներու մեծամասնութեան եւ ի մասնաւորի պատանի սկաուտներու ու մարզիկներու մէջ : Հ.Մ.Ը.Մ. ունի իր միութենական արժէքներու հաւաքականութիւնը եւ սկաուտութիւնը ունի իր Դաւանանքը: Անհրաժեշտ է որ բոլորս յարգենք եւ գործադրենք Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս արժէքները: Այս չի բացառէր, որ գործունէութեան պահը չ՛ըլլայ հետաքրքրական եւ զուարճալի , այլ կ՛ընդգծէ այն կարեւոր հասկացողութիւնը, ըստ որու Հ.Մ.Ը.Մ.ի ղեկավարութիւնը ցանկալի ծրագիր մը պէտք է միշտ կապէ նպատակայարմար գործունէութեան մը հետ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան, անհրաժեշտ է ունենալ սովորական առօրեայէն յստակ տարբերակ, ինչ որ կը նշանակէ թէ մեր միութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ. –ՀԱՍԿ, իր սկաուտներն եւ անդամները պէտք է կրթէ ու դաստիարակէ այնպիսի բարոյական եւ ընկերային արժէքներով, որ, Հայաստանի որպէս քաղաքացիներ անոնք հնարաւորութիւն ունենան ողջմիտ ու դրական ազդեցութիւն ձգելու ժողովուրդին եւ երկրի քաղաքացիական հասարակութեան վրայ: Այս միակ ճանապարհն է որու հիման վրայ Հ.Մ.Ը.Մ. կարող է արդարացնել իր պատշաճ ազգային դերը, եւ այդ է պատճառը, որ Հ.Մ.Ը.Մ. կը ներկայանայ ամուր ռազմավարական ծրագրով, յստակեցնելու համար հետագայ ուղին եւ գործնականացնելու արդիւնքի ձգտող ապագայ գործունէութիւնը:
Նման նպատակի մը իրականացումը ծանր աշխատանք է եւ կ՛ենթադրէ բարեփոխութիւն մեր միութեան ընթացիկ մշակոյթի արժէքներու եւ գործառնական գործընթացների մէջ: Ռազմավարական ծրագիրը կը փորձէ կիրարկել ճիշտ այդ: Ծրագիրը մէջտեղ եկաւ եւ բիւրեղացաւ բազմաթիւ գործօններու մանրակրկիտ գնահատումէն ետք, ներառեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աւանդութեան վերլուծումը, իր առաքելութեան եւ հիմնական արժէքներու վերանայումը,, հայ ժողովուրդի ներկայ մարտահրաւէրներու գնահատումը, եւ հայկական այլ կառոյցներու հետ աւելի համադաշնակ ըլլալու ընդգծումը: Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու եւ ժողովրդագրական տեղաշարժերու արդիւնքը վերլուծուեցան, ինչպէս նաեւ անհաւասար թուով տարբեր հայ գաղութներու երեւոյթը եւ գործառնական ճկունութեան պահանջը ընդգծուեցան: Հայոց լեզուի գործածութեան մարտահրաւէրները կարեւորութեամբ ընդգծուեցաւ,արհեստագիտական նոր մեթոտներու անհրաժեշտութիւնը ինչպէս նաեւ երիտասարդներու ներգրաւումը առաջնահերթ նկատուեցան: Այս գործընթացի ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեանց լուրջ բովանդակութիւն ունենալու էութիւնը լայնօրէն քննուեցաւ, փորձառու եւ նուիրուած մարդուժի անկումի տուեալը ճանաչուեցաւ, կամաւորութեան արժէքը եւ մասնագէտներով կառավարման պէտքը գնահատուեցաւ: Վերջապէս, միութեան կառոյցի հետ առընչուող եւ նոր աշխատանքային ձեւեր գտնելու անհրաժեշտութիւնը ինչպէս նաեւ տնտեսական ծրագրաւորումի եւ թափանցիկ հաշուապահութեան պահանջը ուսումնասիրուեցան:
Եզրակացութիւն
Ահա այս լայն համահայկական ազգային տեսանկիւնով (Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Սփիւռք) եւ տեսլականով մը որ սովորականէն դուրս կ՛ուգայ եւ ուղղուած է դէպի կարիքաւոր արդիւնք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 10 – րդ Ընդհանուր Ժողովը ընդունեց եւ վաւերացուց ռազմավարական ծրագրի մանրամասնութիւնները: Կեդրոնական Վարչութիւնը իւրացուց դրական փոփոխութիւններու գաղափարը, եւ նշանակեց Ռազմավարական Ծրագրաւորումի Գործադիր Յանձնախումբ մը առաջնորդելու փոփոխութեան գործընթացը: Կը խոստովանինք որ ունինք յաւակնոտ ծրագիր մը, բայց նաեւ նախատեսուած է որ մնանք իրապաշտ: Այս ռազմավարական ծրագրի յաջողութիւնը կախեալ է Հ.Մ.Ը.Մ.ական շրջանակներու մէջ անհրաժեշտ մշակութային բարեփոխութիւն յառաջացնելու կամողականութենէն, բոլոր մակարդակներու վրայ ընտրելով ճկուն եւ տքնաջան աշխատանքի ատակ ղեկավարութիւն, որոնք քաջ են սատարելու բարդ փոփոխութիւններ եւ բաւականին նուիրուած գործնականացնելու ծրագիրը: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանները եւ աշխարհացրիւ իր 104 Մասնաճիւղերուն այս ծրագիրը բացայայտելը , գործի ճշմարիտ հաւատացեալները կամ փոփոխութեան հաւատացող գործիչները զօրահաւաքի մղելը, ինչպէս նաեւ նպատակներու առաջնահերթութիւնը յստակացնելը, մեծապէս պիտի օգնէ այս ծրագրի իրականացումին:
Երբ մենք հայեացքը ուղղենք դէպի հայ ազգի ապագային, ըլլայ անիկա Հայաստանի Հանրապետութեան կամ Սփիւռքի մէջ,ակնյայտ կը դառնայ որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եզակի արժէքներու վերահաստատումը, զարգացնելով առողջ մարմին, քաջալերելով կրթութիւն, հանրային ծառայութիւն եւ հայ ընտանիքի ամրապնդում , պէտք է ըլլայ հոն որտեղ մենք մեր քարոզչական ջանքերը պարտինք կեդրոնացնել: Ճիշդ է որ պատմականօրէն մեր միութիւնը ծառայած է ընդհանրապէս այն պատանի երիտասարդներուն որոնք տիրապետած են հայերէն լեզուին, բայց հիմա ժամանակն է արդէն մեր թիրախը դարձնել բոլոր երիտասարդները, հայախօս, թէ ոչ: Գրաւելով հայ երիտասարդներու ուշադրութիւնը եւ ընծայելով հնարաւորութիւններ իրենց ամէնօրեայ ինքնութիւնը համերաշխ եւ համադէպ դարձնելու հայկական հարցերու հետ, պարտի ըլլալ մէկը, եթէ ոչ ամենակարեւոր ազգային մեր նպատակը: Մարտահրաւէրը, բոլոր վերը նշուած ռազմավարական նպատակներու հաւասարակշռումն է այժմէական, հաճելի եւ զուարճալի միջոցառումներով:
Երիտասարդութիւնն է որ շատ մօտ ապագային Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցելու անհրաժեշտ խարիսխը պիտի հանդիսանայ, եւ կրկին երիտասարդութիւնն է որ պիտի ստանձնէ Սփիւռքի կառավարման ղեկը: Առանց հայրենասէր, աշխոյժ եւ նուիրուած երիտասարդներու, որոնք պատշաճօրէն կրթուած են իրենց հպարտ հայկական ինքնութեամբ, եւ ունակ են իրենց երկնակի հայու եւ ոչ հայ քաղաքացիի ինքնութիւնը հակամարտ թուացող իրավիճակը վերափոխել եւ կարգաւորել որպէս առաւելութիւն, որեւէ ազգային նպատակ կարելի չէ շարունակել: Եթէ այդ չի համապատասխանէր ազգային պատշաճ նպատակի, արդեօք ինչն՞ է:
Հ.Մ.Ը.Մ. կը ծառայէ աշխարհացրիւ հայ պատանի-երիտասարդներու պատկառելի զանգուածի մը , եւ իր ռազմավարական ծրագիրը պիտի փորձէ իրականացնել վերեւ յիշուած ճիշդ այդ նպատակը: