
ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի Ապրիլ 13-ին, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած կուսակցութեան գործադիր մարմինի եւ խորհուրդի նիստերուն, Հայաստանի վարչապետութեան թեկնածու առաջադրուեցաւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Յովիկ Աբրահամեան: Նիստերու աւարտին, լրագրողներուն համար յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով եւ ըսաւ.- “Կուսակցութեան նախագահը գործադիր մարմինի անդամներուն ներկայացուց վարչապետի թեկնածուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի թեկնածու առաջադրուեցաւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Յովիկ Աբրահամեան“:
Հանրապետութեան սահմանադրութեան համաձայն, նախագահը վարչապետ կը նշանակէ կառավարութեան հրաժարականին ընդունումէն առաւելագոյնը մինչեւ տաս օր: Նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կառավարութեան հրաժարականի ընդունումը կատարուած էր Ապրիլ 3-ին, եւ հետեւաբար Ապրիլ 13-ին կ՛աւարտէր տասնօրեայ ժամկէտը: