Հ.Օ.Մ.-Ի ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ.- Հ.Ե.Դ.-Ի ՃԱՄԲԱՐԸ ԴԷՊԻ ՋԱՒԱԽՔ

0 0
Read Time:7 Minute, 58 Second

i  Ա.Մ.Ն.-ի Հ. Ե. Դ.-ի կազ­մա­կեր­պած Ջա­ւախք Ճամ­բա­րը, ծրա­գիր մըն է, որ կը կա­տար­ուի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Հ.Օ.Մ.-ին:

Այս ծրա­գի­րը կը բաղ­կա­նայ եր­կու տար­բեր ճամ­բար­նե­րէ, որոնք տե­ղի կ՛ու­նե­նան մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ` Ախալ­քա­լաք եւ Ախալց­խա, որոնք կը գտնուին Վրաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին շրջա­նի այս հա­յա­հոծ հո­ղա­շեր­տին մէջ:

2  Ճամ­բա­րը ձրի է Մաս­նակ­ցող մա­նուկ­նե­րուն հա­մար, որոնց օրա­կան դրու­թեամբ կը տրա­մադր­ուի ճաշ եւ նա­խընթ­րիք, ինչ­պէս նա­եւ գրե­նա­կան պի­տոյք­ներ: Խմբա­պետ­նե­րը մե­ծա­մաս­նու­թեամբ Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յէն են, որոնք կը ժա­մա­նեն, կապ ստեղ­ծե­լու հա­մար Ջա­ւախ­քի հայ երի­տա­սար­դու­թեան հետ:

Ջա­ւախ­քը կը գտնուի Վ­րաս­տա­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սը: Ան կը բաղ­կա­նայ վեց շրջան­նե­րէ որոնց­մէ չոր­սին մէջ կը բնա­կին մեծ թիւով հա­յեր: Երեք շրջան­նե­րու հայ բնակ­չու­թիւնը կը կազ­մէ ընդ­հա­նուր թիւին 90 առ հա­րիւ­րը:

Թէ­եւ Վրաս­տա­նի շատ մը տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ հա­յե­րը օգ­նու­թեան կա­րի­քը ու­նին, սա­կայն մաս­նա­ւո­րա­պէս Ջա­ւախ­քի պա­րա­գա­յին շատ աւե­լի զգա­լի եւ անհ­րա­ժեշտ է: Ընդ­հան­րա­պէս, հայ այ­ցե­լու­նե­րու թիւը շատ քիչ է այս շրջա­նին մէջ: “Ջա­ւախ­քը օժան­դա­կու­թեան հսկա­յա­կան կա­րի­քը ու­նի: Ճամ­բա­նե­րը պէտք է շին­ուին, հիւան­դա­նոց­ներ պէտք է կա­ռուց­ուին, տնտե­սու­թիւնը պէտք է զար­գա­նայ:  Մենք, երի­տա­սարդ­ներս, կ՛ի­րա­կա­նաց­նենք  այս ծրա­գի­րը որով­հե­տեւ այս գոր­ծը մեծ ազ­դե­ցու­թիւն կը ձգէ յա­ռա­ջի­կայ հայ սե­րուն­դին վրայ, վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լով բնակ­չու­թեան յոյ­սը եւ ստեղ­ծե­լով առիթ­ներ ի նպաստ հայ մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման: Կը յու­սանք, որ ան­մո­ռա­նա­լի ամառ մը պի­տի ան­ցը­նեն ո՛չ միայն տա­րի մը ամ­բողջ հա­զար ու մէկ դժուա­րու­թիւն­ներ ապ­րող ջա­ւախ­քա­հայ պա­տա­նի­ներ, այլ Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն երի­տա­սարդ­նե­րու նոր տասն­եակ մը, որոնք ոտք դնե­լով Ջա­ւախ­քի հո­ղին վրայ, շփուե­լով Ջա­ւախ­քի խրոխտ հա­յու­թեան, պի­տի դառ­նան հպարտ ամե­րի­կա-ջա­ւախ­քա-հա­յեր“, կը շեշ­տէ Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Երի­տա­սար­դաց Դաշ­նակ­ցու­թեան մէկ հա­ղոր­դագ­րու­թիւնը:246925_10151009501516235_855951528_n

Նշենք թէ, այս ծրա­գի­րը սկսաւ 2011-ին կազ­մա­կեր­պչա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով եւ անդ­րա­նիկ ճամ­բա­րը կազ­մա­կերպ­ուե­ցաւ 2012-ի ամառ­նա­յին շրջա­նին:

Յանձ­նա­խում­բը շա­րու­նակ կ՛աշ­խա­տի բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար նախ­նա­կան հանգր­ուա­նին մէջ գտնուող այս ծրա­գի­րը: 2012ին Ջա­ւախք ճամ­բա­րին մաս­նակ­ցե­ցան յի­սուն երե­խա­ներ, որոնք ճամ­բա­րի մէկ շաբթ­ուան ըն­թաց­քին սոր­վե­ցան հա­յոց պատ­մու­թիւն, հա­յե­րէն եր­գեր, հայ­կա­կան պա­րեր, եւայլն:  Ճամ­բա­րի վեր­ջին օրը մաս­նա­կից­նե­րը առի­թը ու­նե­ցան ներ­կա­յա­ցում­ներ կա­տա­րե­լու իրենց ծնող­նե­րուն եւ ըն­կեր­նե­րուն հա­մար: Ջա­ւախ­քի դրա­կան փոր­ձա­ռու­թե­նէն խան­դա­վառ­ուե­լով է որ, այս տա­րի եւս յանձ­նա­խում­բը կը ծրագ­րէ նոյն աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կել, այս ան­գամ եօ­թա­նա­սուն երե­խա­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, որոնք տաս­նը­եր­կու օր­ուան տե­ւո­ղու­թեամբ պի­տի հե­տե­ւին ծրագ­րին:

Այս ճամ­բա­րին հիմ­նա­կան նպա­տակն է ստեղ­ծել կապ մը Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան Շրջա­նի եւ Ջա­ւախ­քի երի­տա­սարդ­նե­րուն մի­ջեւ, մի­ա­ժա­մա­նակ օժան­դա­կե­լով հայ գա­ղու­թին: Երի­տա­սար­դու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է օգ­նել մեր ժո­ղո­վուր­դին աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն: Այս ճամ­բա­րի  մի­ջո­ցաւ, սփիւռ­քա­հայ երի­տա­սարդ­նե­րու աշ­խար­հա­հայ­եաց­քը կը զար­գա­նայ, նոյն ատեն Ջա­ւախ­քա­հայ մա­նուկ­նե­րը կը նշմա­րեն թէ, ըն­դար­ձակ գի­տե­լիք­նե­րու աշ­խարհ մը կը բաց­ուի իրենց առ­ջեւ:  Վեր­ջա­պէս, այս ծրա­գի­րը յի­շե­ցում մըն է Ջա­ւախ­քա­հա­յու­թեան թէ, Սփիւռ­քի  մէջ տա­րած­ուած հա­յե­րը իրենց հետ կը բաժ­նեն անոնց մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու կեն­ցա­ղա­յին դժուա­րու­թիւն­նե­րը: Այս մէ­կը ներշն­չում մըն է բո­լո­րին հա­մար:
312991_10151009550586235_1399874989_n  Ճամ­բա­րի դրա­մա­հա­ւա­քը սկսաւ Մա­յիս ամս­ուան ըն­թաց­քին: Ջա­ւախ­քա­հայ երե­խա­յի ճամ­բա­րի ծախ­սե­րը հո­վա­նա­ւո­րե­լու հա­մար կա­րե­լի է շա­րու­նակ հե­տե­ւիլ լու­րե­րուն:

Անց­եալ տա­րի այս ծրա­գի­րը դրա­կան ար­ձա­գանգ գտաւ Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի բո­լոր գա­ղութ­նե­րէն ներս: Այս տա­րի ծրա­գի­րը պի­տի կրկնուի, յու­սա­լով որ անց­եալ տար­ուան փոր­ձա­ռու­թիւնը պի­տի նպաս­տէ որ աւե­լի՛ լա­ւը կա­տար­ուի Ջա­ւախ­քի մէջ ապ­րող հայ մա­նուկ­նե­րու:

 

Յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­մար.-

 

-Կապ հաս­տա­տել Հ.Օ.Մ.-ի որե­ւէ մէկ մաս­նա­ճիւ­ղի հետ  (շրջա­նի Հ.Օ.Մ.-ի ե-հաս­ցէն ձեռք ձգե­լու հա­մար այ­ցե­լել` www.http://ars1910.org/ )

 379040_4029749470597_1919391874_n

 -Կապ հաս­տա­տել յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն հետ: Ե-նա­մա­կի  հաս­ցէն է` campjavakhk@ayf.org  կամ հե­տե­ւիլ յանձ­նա­խում­բի դի­մա­տետ­րին`  www.facebook.com/tebijavakhk:

 

-Նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րու հա­մար կա­րե­լի է դարձ­եալ գրել յանձ­նա­խում­բի ե-հաս­ցէ­ին:

http://www.facebook.com/tebijavakhk

 

“Ջա­ւախք Ճամ­բա­րը ան­մո­ռա­նա­լի ճամ­բոր­դու­թիւն մըն էր, որ­մէ ստա­ցայ փոր­ձա­ռու­թիւն եւ հա­ճոյք: Այս փոր­ձա­ռու­թիւնը, առիթն ըն­ծա­յեց, տես­նե­լու ան­բախտ իրա­կա­նու­թիւնը Ջա­ւախ­քի հա­յու­թեան եւ դժուար պա­րա­գա­նե­րը, որուն դա­ժան պայ­ման­նե­րուն տակ կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ տե­ղա­ցի­նե­րը“:

alik

Ալիք Պէր­պէր­եան  (Գա­լի­ֆորն­իա)

 

talar“Ին­ծի հա­մար այս փոր­ձա­ռու­թիւնը` դա­սա­խօ­սու­թիւն մըն էր որ կեանք առաւ: Բո­լորս լսած էինք Ջա­ւախ­քի եւ իր ժո­ղո­վուր­դի մա­սին, բայց հի­մա ես կրնամ ըսել թէ, ոչ թէ լսած եմ Ջա­ւախ­քի մա­սին, այլ ոտք կո­խած եմ“:

 

Թա­մար Ալեք­սան­եան (Շի­քա­կօ)

 atam

“Իմ փոր­ձա­ռու­թիւնս Ջա­ւախ­քի մէջ ան­մո­ռա­նա­լի էր: Յատ­կա­պէս, մա­նուկ­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցի­լը, մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ձգեց“:

 

Ատամ Աքչ­եան  (Րոտ Այ­լընտ)

 

417419_10151009591091235_1045359715_n“Հա­զար դրուագ ու պատ­մու­թիւն կա­րե­լի է պատ­մել մեր ճամ­բա­րէն, պա­տա­նի­նե­րու հետ  շփում­նե­րէն բայց այդ բո­լո­րի կող­քին, մտքիս մէջ դրոշմ­ուած է երե­կոյ մը եւ պա­տա­հած խօ­սակ­ցու­թիւն մը: Բո­լորս մի­ա­սին հա­ւաք­ուած էինք Երի­տա­սար­դա­կան Կեդ­րոն ու կը խօ­սէ­ինք բա­զում դժուա­րու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով, աշ­խա­տան­քի թէ ուս­ման հա­մար թէ պատր­ուա­կով Ջա­ւախ­քէն հե­ռա­ցող մար­դոց մա­սին, երբ մեր ջա­ւախք­ցի գոր­ծա­կից­նե­րէն մէ­կը ըսաւ.- “Իս­կա­կան ջա­ւախք­ցին այս հո­ղին վրայ ապ­րողն է: Այ­սօր մեր հետ ապ­րող, մեր առօր­եան կի­սող այս տղաքն ու աղ­ջիկ­ներն են ջա­ւախք­ցի.: Այդ պա­հուն, ես, որ Յու­նաս­տան ծնած եմ, հպա­տա­կու­թեամբ լի­բա­նան­ցի, աւե­լի քան տաս տա­րի­նե­րէ ի վեր կ’ապ­րիմ Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ` դար­ձայ ջա­ւախ­քա­հայ: Ու թէ­եւ ար­դէն ամիս­նե­րէ ի վեր վե­րա­դար­ձած եմ Ամե­րի­կա­յի իմ տաք տունս, բայց սիրտս Ջա­ւախք է“:

Սօ­սէ Պէ­օ­ճէք­եան (Մա­սա­չու­սէցԱ.Մ.Ն.)

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles