ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ, “ՍՓԻՒՌՔԸ Կ՛ԱՊՐԻ 1915 ՄԵԹՐ ԽՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄՈՒԹ ՋՐՀՈՐԻ ՄԸ ՄԷՋ”

0 0
Read Time:14 Minute, 45 Second

ՏԻԳ­ՐԱՆ ԵԿԱՒ­ԵԱՆ

“Եր­կու մեր­ձա­ւոր ժո­ղո­վուրդ­ներ, եր­կու հե­ռա­ւոր դրա­ցի­ներ”: Ահա­ւա­սիկ թրքե­րէ­նով լոյս տես­նող փոր­ձագ­րու­թիւն մը` խո­րի­մաստ վեր­նա­գի­րով, որուն հե­ղի­նա­կը Հրանդ Տինքն է: Հե­տաքրք­րա­կան գիրք մը, որ հրա­տա­րակ­ուե­ցաւ “Ակօս”ի խմբա­գի­րին սպա­նու­թե­նէն տա­րի մը ետք: Իսկ ֆրան­սա­խօս հան­րու­թիւնը առի­թը ու­նե­ցաւ այս գիր­քը ըն­թեր­ցե­լու` շնոր­հիւ թարգ­մա­նու­թեան, զոր կա­տա­րե­ցին Տո­մի­նիք Ետ­տէ եւ Էմ­րէ Ուլ­քէր: Նշենք միայն, որ այս թարգ­մա­նու­թիւնը կար­ծէք մար­տահ­րա­ւէր մըն էր թարգ­մա­նիչ­նե­րուն, որով­հե­տեւ բա­ւա­կա­նին դժուար է նա­հա­տակ Հրանդ Տին­քի երե­ւա­կա­յա­կան ներ­քին հա­րուստ աշ­խար­հը ար­տա­յայ­տել օտար ու մատ­չե­լի լե­զուով, օրի­նակ` ֆրան­սե­րէ­նով:

Այս բա­րակ գիր­քը կար­դա­լէ առաջ ոմանք թե­րեւս կաս­կա­ծէ­ին, որ այս գրա­կա­նու­թիւնը պի­տի անդ­րա­դառ­նար Հայ­կա­կան հար­ցին մի­ա­միտ ու վի­պա­պաշ­տա­կան մօ­տե­ցու­մով, այ­սինքն` լե­ցուն “մարք­սիս­տա­կան այ­լա­կեր­պում­նե­րով”, ինչ­պէս կը թե­լադ­րէ Հրանդ Տին­քին նուի­րու­մը` իր գոր­ծը ձօ­նե­լով նա­հա­տակ հայ ժո­ղո­վուր­դին  ու “բո­լոր անա­տոլ­եան աշ­խա­տա­սէր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն` քիւր­տե­րուն, թուր­քե­րուն ու հա­յե­րուն, որոնք իրենց կեան­քը կորսն­ցու­ցած են այդ սար­սա­փե­լի օրե­րուն”: Բայց կը սխա­լինք: Թե­րեւս կաս­կա­ծէ­ինք, որ այդ գիր­քին նպա­տակն էր յու­զում ու մար­դա­սի­րա­կան պարզ զգա­ցում­ներ տա­րա­ծել: Նո­րէն կը սխա­լինք: Ըն­թեր­ցե­լով ներ­կա­յի հա­տո­րը` կա­մաց-կա­մաց կ՛անդ­րա­դառ­նանք, որ Հրանդ Տին­քի գրի­չը հրա­տապ ու ան­կեղծ էր, քա­նի որ այս բնա­գի­րը սքան­չե­լի առիթ մը կ՛ըն­ծա­յէ լու­սա­ւո­րե­լու հան­րու­թիւնը` անոր` պարզ ու մէ­կին ծա­նօ­թաց­նե­լով Հրանդ Տին­քին մտա­ծո­ղու­թիւնը, աշ­խար­հայ­եաց­քը, ինչ­պէս նա­եւ իր գծած գա­ղա­փա­րա­կան ու­ղին:

Ար­դա­րեւ, “Ակօս” Շա­բա­թա­թեր­թին ներ­կա­յի խմբա­գի­րը` Էթի­էն Մահ­չուբ­եան, գիր­քին նա­խա­բա­նը գրե­լով` կը յի­շեց­նէ, թէ ի՛նչ­պէս այդ գրա­կան ծրա­գի­րը ծնունդ առած էր: Այդ օրե­րուն “թրքա­կան տնտե­սու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու հե­տա­զօ­տա­կան” հաս­տա­տու­թիւն մը խնդրած էր Հրանդ Տին­քէն, որ պատ­րաս­տէ տե­ղե­կա­գիր մը` Թուրք­իա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս նա­եւ, իբ­րեւ խորք, պատ­ուի­րած էր վեր­լու­ծու­մը եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն առն­չու­թեան մա­սին: Գոր­ծը աւար­տե­լէ ետք թրքա­կան հաս­տա­տու­թիւնը լաւ տպա­ւո­րու­թեամբ չէ ըն­դու­նած տե­ղե­կա­գի­րը: Պատ­ճա՞­ռը. որով­հե­տեւ գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կ՛ակն­կա­լէ­ին: Ուս­տի մեր­ժած է հրա­տա­րա­կել աշ­խա­տու­թիւնը: Ժա­մա­նակ ան­ցաւ, ձե­ռա­գի­րը մոռց­ուե­ցաւ, իսկ հե­ղի­նա­կը ահա­բեկ­ուե­ցաւ… նա­հա­տակ­ուե­ցաւ: Այս պա­րա­գա­յին Էթի­էն Մահ­չուբ­եա­նը կը նշէ, որ Տին­քի աշ­խա­տու­թեան պաղ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­կա­ռակ` ան շատ խան­դա­վառ էր ու գոհ, որով­հե­տեւ անոր գրու­թիւն­նե­րը կ՛ար­տա­յայ­տէ­ին անոր խո­րունկ հա­մո­զում­նե­րը, մար­դա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րը եւ ան­հուն նե­րաշ­խար­հը:

Իր միտ­քե­րը ազա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տե­լով` հե­ղի­նա­կը իր կար­ծի­քը կը հրա­պա­րա­կէ բո­լոր հիմ­նա­կան նիւ­թե­րուն մա­սին` առանց որե­ւէ ար­գել­քի` բա­նա­վի­ճե­լու եւ հասկց­ուե­լու պատ­րաստ: Կը նկա­րագ­րէ ու կը վեր­լու­ծէ Հա­յոց աշ­խար­հին բար­դոյ­թը եւ վեր­ջի­նիս հիմ­նա­կան կէ­տե­րը թուրք հան­րու­թեան հան­դէպ` միշտ շեշ­տե­լով, թէ ին­չո՛ւ պէտք է առանց պայ­մա­նի նե­ցուկ կանգ­նիլ երկ­խօ­սու­թեան, նա­եւ բա­ցատ­րե­լով անոր կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու բա­րի­քը եր­կու ազ­գե­րուն հա­մար:

Հե­տաքրք­րա­կան է նա­եւ նկա­տել, թէ ի՛նչ էր Հրանդ Տին­քին հայ­եաց­քը Հայ­կա­կան Սփիւռ­քին մա­սին: Հե­ղի­նա­կը նախ կը ջա­նայ ճո­ռոմ ոճով մեկ­նա­բա­նել Սփիւռ­քին վէր­քե­րը, ապա կը սահ­մա­նէ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան ճգնա­ժա­մը եւ անոր ան­դա­մա­հա­տու­թիւնը` հա­մար­ձա­կօ­րէն խօ­սե­լով սփիւռ­քա­հա­յու­թեան վէր­քե­րուն մա­սին: Մինչ այդ, հե­ղի­նա­կը կը նշէ, թէ ո՛ր­քան մեծ տեղ մը կը գրա­ւեն պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րը Սփիւռ­քի ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան մէջ: Ինչ­պէս բժիշկ մը, որ իր նշդրա­կով կը հե­տա­զօ­տէ հիւան­դին վէր­քե­րը, հե­ղի­նա­կը կը մեկ­նա­բա­նէ Սփիւռ­քին հո­գե­բա­նա­կան տագ­նա­պը` անոր ան­դա­մա­լու­ծու­թիւնը ախ­տա­ճա­նա­չե­լով, որո­վե­տեւ, ըստ Տին­քի, Սփիւռ­քին հա­մար ժա­մա­նա­կը կանգ առած է ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք: Եւ քա­նի որ հո­գե­կան ցնցու­մը սե­րուն­դէ-սե­րունդ փո­խանց­ուած է, հե­տե­ւա­բար թուր­քին նկատ­մամբ ատե­լու­թիւնը հետզ­հե­տէ աճած է, եւ… հա­սած ենք այ­սօր­ուան կա­ցու­թեան: Հե­ղի­նա­կը, ու­րեմն, այդ տա­րագր­ուած հա­յե­րը, հիմա` Սփիւռ­քը, կը սե­պէ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը, այ­լեւ` ժո­ղո­վուրդ մը, որ կը բնա­կի 1915 մեթր խո­րու­թեամբ մութ ջրհո­րի մը մէջ: Ըստ իրեն, սփիւռ­քա­հա­յե­րը հո­գե­ւին կառ­չած են իրենց պա­հան­ջին, ինչ որ պատ­ճառ դար­ձած է իրենց ինք­նաշղ­թա­յու­մին: Այ­սու­հան­դերձ, Տինք գի­տա­կից ըլ­լա­լով ձու­լու­մի երե­ւոյ­թին, կ՛ամ­բաս­տա­նէ Թուրք­ի­ան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը մեր­ժե­լու յան­ցան­քով, որուն պատ­ճա­ռով ալ, ըստ իրեն, կը շա­րու­նակ­ուի հա­յե­րու հո­գեցն­ցու­մը, որ, իր կար­գին, կը սպառ­նայ խա­թա­րել հա­յուն ինք­նու­թիւնը օտար ափե­րու վրայ:

Հե­ղի­նա­կը մի­ա­ժա­մա­նակ կը նշէ, որ թուրք ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ ատե­լու­թիւնը կը հան­դար­տի, երբ հա­յե­րը բնա­կին Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ ուղ­ղա­կի յա­րա­բե­րին թուրք ըն­կե­րու­թեան հետ:

“Ակօս”-ի հիմ­նա­դի­րը գի­տա­կա­նօ­րէն կը նկա­րագ­րէ Թուրք­իոյ հա­յու­թեան պատ­մու­թիւնը Մեծ Եղեռ­նէն առ այ­սօր` բա­ցա­յայ­տե­լով իր սէրն ու գուր­գու­րան­քը պատ­մա­կան Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի հո­ղին հան­դէպ: Եւ որ­պէս­զի թուրք ըն­թեր­ցո­ղը չի­մա­նայ, թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ փոք­րա­մաս­նու­թիւն ըլ­լալ այս երկ­րին մէջ, Տինք կը մե­ղադ­րէ անոնք, որոնք միշտ փոր­ձած են մո­ռա­ցու­թեան մատ­նել հա­յոց ներ­կա­յու­թիւնը Թուրք­իոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մէն ետք: Իբ­րեւ օրի­նակ` ցա­ւով կը նշէ այն պա­րա­գան, որ հայ­կա­կան անուն մը եր­բե­ւէ չէ յիշ­ուած ման­կա-պա­տա­նե­կան դա­սա­գիր­քե­րու մէջ: Ին­չո՞ւ: Որ­պէս­զի դիւ­րաւ կա­րե­նան “ու­ղե­ղալ­ուաց­քը” կա­տա­րել: Հե­տե­ւա­բար, նկա­տի առ­նե­լով այս տխուր իրա­կա­նու­թիւնը` Տին­քը հա­յոց գաղ­թը կը զու­գոր­դէ ամ­բողջ ազ­գի մը արիւ­նա­հո­սու­թեան հետ` գրե­լով հե­տեւ­եալ տո­ղե­րը. “Այս կո­րուս­տը կրնանք նմանց­նել աւր­ուած ծո­րա­կի մը, ուր­կէ ջու­րը կը ծո­րի կա­թիլ առ կա­թիլ կամ կը հո­սի առա­տօ­րէն”:

Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս նշե­ցինք, Տին­քին ար­տա­յայ­տած միտ­քերն ու գա­ղա­փար­նե­րը` Սփիւռ­քին մա­սին, վի­ճե­լի են, սա­կայն ատի­կա չի նշա­նա­կեր, որ ան չէր դա­տա­պար­տեր թրքա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւնը: Ընդ­հա­կա­ռակն, անոնք, որոնք միշտ փա­փա­քած են զինք օգ­տա­գոր­ծել իրենց սե­փա­կան շա­հե­րուն հա­մար` Տինք կ՛անդ­րա­դառ­նայ այդ խնդի­րին` զայն կո­չե­լով Սեւ­րի Սինտ­րոմ, այլ խօս­քով` թուրք ժո­ղո­վուր­դին հա­լա­ծախ­տը: Հիւան­դու­թիւն մը, որ կը ծա­գի Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րը ստո­րագ­րե­լէ ետք: Ան­գամ մը եւս թրքա­կան “ուր­ուա­կանային պե­տու­թիւնը” թի­րախ կը դառ­նայ Հրանդ Տին­քին գրի­չին, երբ հե­ղի­նա­կը կը պաշտ­պա­նէ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն իրա­ւունք­ներն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը, որոնք միշտ ալ ոտ­նա­կոխ եղած են թուրք ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րէն, որով­հե­տեւ վեր­ջին­ներս ներ­քին թշնա­մի­ներ հա­մա­րած են հա­յերն ու քիւր­տե­րը:

Գա­լով երկ­խօ­սու­թեան հար­ցին` հե­ղի­նա­կը դի­տել կու տայ, որ մին­չեւ այ­սօր ու­րիշ մի­ջոց գո­յու­թիւն չու­նի բա­ցի ան­կեղծ եւ ու­ղիղ նա­խա­ձեռ­նու­թե­նէ մը, այն է` երկ­խօ­սու­թեան իրա­կա­նա­ցու­մը: Այս պա­րա­գա­յին ան շեշ­տը կը դնէ մարդ­կա­յին մօ­տե­ցում­նե­րուն ու փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ: Այս առ­թիւ ար­ժէ նշել, որ հե­ղի­նա­կին հրա­շա­լի լու­ծու­մը` երկ­խօ­սու­թեան իրա­կա­նա­ցու­մը, մի­ջոց մըն է չէ­զո­քաց­նե­լու ամէն ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թիւն` ըլ­լայ անի­կա հայ թէ թուրք: Այս նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար հե­ղի­նա­կը կը թե­լադ­րէ պահ­պա­նել ազատ խօս­քի իրա­ւուն­քը` նոյ­նիսկ ըն­դու­նե­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մի կամ ու­րա­ցու­մի ան­պա­տիժ թո­ղե­լու պա­րա­գան:

Ըստ Տին­քին, նա­խա­պա­տուու­թիւնը պէտք է տրուի Հա­յաս­տա­նին տնտե­սա­կան զար­գա­ցու­մին եւ ոչ թէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման պայ­քա­րին: “Ակօս”ի հիմ­նա­դի­րը կը կար­ծէր, որ այս հո­լո­վոյ­թը միայն պի­տի իրա­կա­նա­նար` Թուրք­իոյ հետ կա­պե­րուն բնա­կա­նո­նաց­ման ու բա­րի դրաց­ի­ա­կան քա­ղա­քա­կանու­թեան աջակ­ցե­լով: Այս առ­թիւ Տինք բծախնդ­րու­թեամբ ու հե­տաքրք­րա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով կը նկա­րագ­րէ Հա­յաս­տան-Թուրք­ի­ա երկ­խօ­սու­թեան հիմ­նա­կան հանգր­ուան­նե­րը Լե­ւոն Տէր Պետ­րոս­եա­նի եւ Ռո­պերթ Քո­չար­եա­նի իշ­խա­նու­թեանց օրե­րուն: Սա­կայն լար­ուա­ծու­թիւնը, որ կ՛իշ­խէր հաշ­տու­թեան յանձ­նա­խում­բե­րուն մօտ, Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թիւնը եւ անոր հե­տե­ւանք­նե­րը, Կար­սի դաշ­նա­գի­րին վա­ւե­րա­ցու­մին խնդի­րը … Այս բո­լո­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ այդ պաշ­տօ­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը ձա­խո­ղու­թեան մատն­ուին:

Թե­րեւս Հրանդ Տին­քին վե­րա­բե­րու­մը` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մին հան­դէպ դա­տա­պար­տե­լի ըլ­լար սփիւռ­քա­հա­յու­թեան կող­մէ: Սա­կայն ար­ժէ յի­շեց­նել, որ Հրանդ Տինք գի­տա­կից էր, թէ Սփիւռ­քի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րուն աշ­խա­տանք­նե­րը նպաս­տա­ւոր դեր մը ու­նե­ցած են նա­եւ թուրք ազ­գայ­նա­մոլ շար­ժում­նե­րուն զար­գաց­ման մէջ:

Իր մա­հէն ետք շատ վի­ճե­լի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ եղան Տին­քի մա­սին: Ոմանք տա­կա­ւին կը խոր­հին, թէ Հրանդ Տինք եղած էր մի­ա­միտ անձ մը, որ կու­րօ­րէն կը հա­ւա­տար թուրք մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, որ սկսած էր ճանչ­նալ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Ինչ որ քիչ գի­տեն, այն է, որ Հրանդ Տինք կ՛ամ­բաս­տա­նէր Եւ­րո­պան եւ այլ արեւ­մուտ­քի ու­ժեղ եր­կիր­նե­րը, որոնք վճռո­րոշ դեր մը ու­նե­ցան հա­յե­րուն սեւ ճա­կա­տա­գի­րին մէջ: Գիտ­նա­լով այս պատ­մա­կան իրա­կա­նու­թիւնը` Տինք իր գիր­քին մէջ կը նշէ, թէ որ­քա՛ն անհ­րա­ժեշտ էին Եւ­րո­միու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւնը ու նե­ցու­կը հայ-թուրք երկ­խօ­սու­թեան դրա­կան ըն­թաց­քի իրա­կա­նաց­ման: Հե­ղի­նա­կը հա­մոզ­ուած էր, որ առա­ջին քայ­լը պի­տի ըլ­լար սահ­ման­նե­րուն բա­ցու­մը Եւ­րո­միու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, որ­պէս­զի յա­ջորդ հանգր­ուա­նը ըլ­լար դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տա­տու­մը: Այս միտ­քե­րը Տինք կը նմանց­նէ փա­կան­քի մը առա­ջին քո­տին, որով­հե­տեւ հա­մոզ­ուած էր, որ այդ փա­կան­քը զա­նա­զան քո­տե­րէ կը բաղ­կա­նար: Ուս­տի, ըստ իրեն, քայլ առ քայլ պէտք է զբա­ղիլ փա­կան­գի քո­տե­րու լու­ծու­մով: Սա­կայն ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ պատ­մա­կան վէր­քե­րը մոռ­նալ, ինչ­պէ՞ս “մար­սել” հա­յոց պատ­մու­թեան ամէ­նէն տա­ռա­պա­գին բա­ժի­նը` առանց ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգն­ման: Ասոր մա­սին Հրանդ Տին­քը կը գրէր. “Առա­ջին քայ­լը պի­տի չըլ­լայ պատ­մու­թեան դու­ռը փա­կել, այլ` յա­րա­բե­րու­թիւն հաս­տա­տել, ինչ որ կող­մե­րուն կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ ան­կեղծ երկ­խօ­սու­թեան սկսե­լու”: Իսկ իբ­րեւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն կը նշէր. “Մենք պի­տի չկա­րե­նանք պատ­մու­թեան վէր­քե­րը բու­ժե­լ, այլ միայն պի­տի ջա­նանք զա­նոնք հասկ­նալ”: Այլ խօս­քով` Հայ­կա­կան հար­ցը յա­ռաջ քշե­լու մի­ակ մի­ջո­ցը պէտք է ըլ­լայ մեր հո­րի­զո­նը ըն­դար­ձա­կել, մեր­ձե­նալ թրքա­կան ըն­կե­րու­թեան, որ­պէս­զի մեր մե­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րը դառ­նան իս­կա­կան երկ­խօ­սու­թիւն:

Տինք յու­զու­մով եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ գրած էր այս փոր­ձագ­րու­թիւնը` հիմն­ուե­լով թրքա­կան ըն­կե­րու­թեան յա­ռաջ­դի­մու­թեան, խօս­քի ու խղճի ազա­տու­թեան եւ կարգ մը մտա­ւո­րա­կան­նե­րու ազա­տու­թեան վրայ` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչ­նա­լու եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ երկ­խօ­սու­թեան սկսե­լու: Հա­ւա­նա­բար սա էր Հրանդ Տին­քին տկա­րու­թեան մէկ կէ­տը. ինք, որ թի­րախ դար­ձած էր 301-րդ եւ 305-րդ յօդ­ուած­նե­րու հի­ման վրայ, մա­սամբ կը մոռ­նար “ուր­ուականա­յին պե­տու­թեան” սպառ­նա­լիք­նե­րը: Իր անս­պա­սե­լի նա­հա­տա­կու­թե­նէն ետք իր­մէ իբ­րեւ ժա­ռան­գու­թիւն կը մնան հազ­ուա­գիւտ աշ­խա­տու­թիւն­ներ, որոնց մէջ այս բա­րակ գիր­քը, որ կը յու­սանք, պի­տի յա­ջո­ղի հո­գե­բա­նա­կան պա­տե­րը քան­դել, որ­պէս­զի օր մը երի­տա­սարդ սե­րունդ­ներ կա­րե­նան ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւնը մի­աս­նա­բար ոգե­կո­չել` հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով Հրանդ Տին­քին սկզբունք­նե­րուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles