
ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի, Փետրուար 11-ին, կազմակերպութեամբ “Հրայր Մարուխեան“ հիմնադրամին, տեղի ունեցաւ “Մենաշնորհները Հայաստանի մէջ“ հետազօտութեան ներկայացում: “Մենաշնորհները Հայաստանի մէջ“ հետազօտութիւնը նախաձեռնած են “Ֆրիտրիխ Էպերթ“, “Հրայր Մարուխեան“ հիմնադրամները եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն:
Հիմնարկի տնօրէն Մարիա Թիթիզեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայաստանին բնորոշ է բարձր մենաշնորհային մակարդակը: Ըստ անոր` այսօր շատ կը խօսուի մենաշնորհներու մասին, բայց կարգաւորման տեսակն ու գործնական հարցերը քիչ ուսումնասիրուած են, եւ այս հետազօտութեան նպատակն է պարզել մենաշնորհներու դերն ու ազդեցութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան վրայ:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան յայտնեց, որ համաշխարհային տնտեսութեան մեծագոյն խնդիրներէն մէկը մենաշնորհներու առկայութիւնն է, որ յատկապէս սրուած է նոր ձեւաւորուող երկիրներուն մէջ: “Մենաշնորհները մեծ ազդեցութիւն ունին քաղաքական հոլովոյթներուն վրայ: Մեր երկրին մէջ մենաշնորհները ունին 10-12 տարուան պատմութիւն: Մենաշնորհներու գործունէութիւնը` յատկապէս սպառման մարզին մէջ, մեծապէս կ՛ազդէ երկրին վրայ: Մենաշնորհները կը խոչընդոտեն տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան զարգացման: Անհրաժեշտ են համապատասխան դեղամիջոցներ“, ըսաւ Լոքեան: Ըստ անոր, պարտադիր չէ, որ քանի մը ձեռնարկութիւններ գործեն նոյն մարզին մէջ, բայց պետութեան խնդիրն է թոյլ չտալ, որ մենաշնորհները խանգարեն տնտեսութեան զարգացման:
“Ֆրիտրիխ Էպերթ“ հիմնադրամի եւրոպական շրջանային ներկայացուցիչ Մայքըլ Վէյհարտ նշեց, որ մենաշնորհներու խնդիրը գոյութիւն ունի ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ եւրոպական երկիրներուն, օրինակ` Գերմանիոյ մէջ: Ան յայտարարեց, որ մրցակցութիւնը շատ կարեւոր բաղադրիչ է տնտեսութեան զարգացումը ապահովելու համար: Վէյհարտ ընդգծեց, որ մենաշնորհներու խնդիրը նաեւ կ՛ազդէ երկրին քաղաքական համակարգին վրայ, եւ մենաշնորհները իրենց դիրքերը պահպանելու համար ստիպուած են ազդելու պետական քաղաքականութեան վրայ: Ըստ անոր, իրենց գործունէութիւնը կազմակերպելու համար կուսակցութիւններուն անհրաժեշտ է ոչ միայն անդամներուն, այլեւ ձեռնարկութիւններուն աջակցութիւնը: Մենաշնորհները սպառնալիք են ոչ միայն երկրի տնտեսութեան, այլեւ ժողովրդավարութեան զարգացման համար: