ՀԻՒՍՈՒԱԾ ԳՈՐԳԻՆ ՍՏԵՂԾԱԾ ԳՈՐԴԵԱՆ ՀԱՆԳՈՅՑԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 27 Second

p1 main  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Պոսթըն – Մասաչուսէց

Տեղին է մոռցուած էջեր վերստին թղթատել, կամ իր թաքնուած ու պահուած շտեմարանէն դուրս բերել այս պատմութիւն կերտած գորգն ու անոր ետին յայտնուող տեղեկութիւնները:

Արդարեւ, իբրեւ երախտագիտութիւն, յարգանք եւ պարզապէս շնորհակալութիւն, ամերիկեան նպաստամատոյցին, որ Լիբանանի գիւղերէն` Ղազիրի մէջ հաստատած էր որբանոց մը, շուրջ  հարիւր դեռատի որբ աղջնակներ գործի լծուած էին ամիսներ շարունակ եւ 1924-էն 1925-ի միջեւ եւ հիւսած էին 18 ոտք երկարութեամբ եւ 12 ոտք լայնքով գորգ մը, որ պիտի ձօնուէր Սպիտակ Տան:

Նկարազարդ է բոյսերով, ծաղիկներով եւ կենդանիներով հարուստ, Սուրբ Գիրքի Ադամի պարտէզը ներկայացնող այս գորգը, որ հիւսուած է չորս միլիոն հանգոյցով:

Ժամանակ խլած էին այդ հանգոյցները, որոնք վստահաբար թէ՛ քրտինքի եւ թէ՛ արցունքի կաթիլներով խոնաւութիւն պատճառած էին: Սակայն, անոնց համար այդ կաթիլները, ուրախութիւն ու հրճուանք կը ստեղծէին: Անոնք գիտէին թէ, իրենց տրամադրած ժամն ու յոգնութիւնը ապարդիւն ու անտեղի չէին, այլ ձօն մըն է որ կը պատրաստուէր երկրի մը, որ օժանդակած էր իրենց նման անտէր ու անտիրականներու: Արդարեւ, այդ օրերուն, Միացեալ Նահանգները, յանձին բազմաթիւ գործիչներու եւ ղեկավարներու եղած էին անդրանիկ փաստագրողները թէ, հայ մանուկներ ենթարկուած էին հրէշային ողբերգութիւններու եւ ահաւոր բռնարարքներու: Կատարուած էր  ողջակիզում, ողջ թաղում, խեղդամահութիւն, ջրահեղձութիւն, առեւանգում, իսլամացում, քիմիական նիւթերով թունաւորում, շնչահեղձութիւն (բաղնիքներու մէջ տաք շոգիի միջոցաւ) սովամահ, ջրազրկումով մահ, բռնաբարում, աճուրդով վաճառք, հոգեկան եւ մտային մնայուն խանգարումներ եւ անշուշտ որբացում:

Այս բոլորէն քաջատեղեակ էր եւ բնականաբար, մօտէն հետեւած էր այդ որբանոցին տնօրէնը, եւ անկեղծ հայրութիւն կատարած զուիցերիացի գթասիրտ “Փափա“ Քիւնցլէրը, որուն մտայղացումն էր նմանօրինակ գործի մը պատրաստութիւնը:

Սակայն այդ անմեղ որբերն ու նոյնինքն “Փափա“ Քիւնցլէր, չէին երեւակայեր թէ անհաշիւ ժամեր խլած, աչքեր յոգնեցուցած, այդ չորս միլիոն հանգոյցները գրեթէ դար մը ետք պիտի վերածուէին գորդեան հանգոյցի:

Հակառակ կատարուած առաջարկներուն, ցայսօր ապահով շտեմարանի մը մէջ պահուած գորգին ցուցադրութիւնը կը մերժուի:

…Հանգոյց մը որու ետին բազմաթիւ հարցադրումներ կը մնան անպատասխան եւ անհասկնալի:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles