
Օգոստոս 19-20, 2009-ին« Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու եւ Գանատայի Թեմի երեք Առաջնորդները՝ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Ս. Արք. (Արեւելեան Թեմ) Չօլոյեան, Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. (Արեւմտեան Թեմ) Մարտիրոսեան, Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. (Գանատայի Թեմ) Յակոբեան, հերթական յատուկ հանդիպում մը ունեցան Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս:
Երեք Առաջնորդները քննարկեցին Թեմերը յուզող հասարակաց հարցեր, որոնեցին փոխ յարաբերութիւնները սերտացնող նորանոր միջոցներ եւ պատրաստեցին թեմերու կեանքին առնչուած հոգեւոր, վարչական, տնտեսական, կազմակերպչական, յարաբերական հարցեր շօշափող ծրագիրներ« ինչպէս եւ թեմերու եկեղեցիներուն հետ կապուած ծիսական« դաստիարակչական« կենցաղային ու բարեկարգութեանց հետ կապուած հարցերու թղթածրարներ« որոնք պիտի քննարկուին յառաջիկայ Նոյեմբերին, Մայրավանքին մէջ կայանալիք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն՝ երեք թեմերուն հետ հանդիպման ընթացքին: