ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ՄՏԱ­ՀՈ­ԳՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԷՆ

0 0
Read Time:7 Minute, 10 Second

wor  ԳԷ­ՈՐԳ ՊԵ­ՏԻԿ­ԵԱՆ

 

Պա­պի՛կ, դուն բա­րեւ կ՛ը­սես, թէ ո՛չ պա­րեւ. ըսաւ հնգամ­եայ թոռ­նու­հիս` Վա­նան, հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի առա­ջին օր­ուան աւար­տէն իր տուն վե­րա­դար­ձին, երբ տա­կա­ւին “պա­չիկ­ներ“ եւ կա­րօ­տա­գին գրկա­խառ­նում­ներ չէ­ինք փո­խա­նա­կած:

Իմ կար­գիս, հա­կա­ռակ անոր, որ օրերս կա­պած էի առօր­եայ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուս, սա­կայն առա­ւօ­տէն սկսեալ, ան­համ­բեր իր վե­րա­դար­ձին կը սպա­սէի այն նոր ու ինք­նա­ծին զգայ­նու­թեամբ, որ հին օրե­րուս գե­ղե­ցիկ թար­մա­ցու­մը պի­տի վե­րապ­րէի:

Ան­կեղ­ծօ­րէն, կ՛ու­զէի տես­նել, թէ իր դպրոց յա­ճա­խե­լուն իբ­րեւ ար­դիւնք, արդ­եօք իր ակ­ռա­ներն ալ ոս­կի եղա՞ծ էին, թէ ոչ: Անոր հա­մար էր, որ իրեն կը սպա­սէի մեծ անձն­կու­թեամբ:

Եւ ահա այս հար­ցու­մը, որ զիս մե­ծա­պէս զար­ման­քի կը մատ­նէր: Ահա քե­զի անակն­կալ վե­րապ­րում:

Ան­մի­ջա­պէս նա­յե­ցայ դէմ­քին: Աչ­քե­րուն շար­ժում­նե­րը քննե­ցի: Ժպի­տը փոր­ձե­ցի բա­ցատ­րել: Գի­տէի, որ երե­ւոյ­թը գե­ղե­ցիկ էր, որով­հե­տեւ Վա­նան հետս միայն հա­յե­րէն կը խօ­սէր, հա­մար­ձակ, նոյն­քան ալ` ազատ:

Սթա­փե­ցայ ու ըսի. Ես բա­րեւ կ՛ը­սեմ:

Օքէ՜յ, ըսաւ արագ մը, ու­րեմն դուն իմ խում­բէս ես:

Սկիզ­բը բան չհաս­կա­ցայ: Թէ­եւ տա­րօ­րի­նակ գտած էի այս պա­տաս­խա­նը, սա­կայն չփոր­ձե­ցի զայն վեր­լու­ծել: Բայց երբ կրկին շեշ­տեց, թէ ես իր խում­բէն էի, ահա այդ վայրկ­եա­նին զգաս­տա­ցայ:

Ի՞նչ խում­բի մա­սին էր խօս­քը:

Յի­շե­ցի, որ դպրո­ցէն ներս, ծնող­նե­րու նա­խընտ­րու­թեան հա­մա­ձայն, նոյն կար­գի աշա­կերտ­ներ կը բաժն­ուէ­ին եր­կու խում­բե­րու` արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի:

Ահա՛, Վա­նա­յին մատ­նան­շած խում­բը: Ինք արեւմ­տա­հայ խում­բին կը պատ­կա­նէր: Ու ի՜նչ ու­րա­խու­թիւն, ես ալ հի­մա, իր իսկ որո­շու­մով, իր խում­բին կը պատ­կա­նէի:

Ի՜նչ ցնծու­թիւն, թէ իրեն եւ թէ ին­ծի հա­մար:

Պա­պիկ եւ թոռ­նիկ նոյն խում­բին մաս կը կազ­մէ­ինք: Օ՜հ, նե­րո­ղու­թիւն, Վա­նա­յին հա­մա­ձայն` պա­պիկն էր, որ մաս կը կազ­մէր իր խում­բին:
Հոգ չէ: Փոր­ձե­ցի ան­մի­ջա­պէս համ­բու­րել ճա­կա­տը, երբ քա­նի մը քայլ հե­ռու կե­նա­լով‘ շատ հա­մար­ձակ ըսաւ. Ին­չո՞ւ պա­պիկ, ին­չո՞ւ խումբ կայ: Ես կ՛ու­զեմ Էմել­իա­յին եւ Րաք­սա­նին մօտ նստիլ. անոր դա­սա­րա­նը:

Իր մա­նուկ միտ­քը այս­չափ կրցած էր ար­տա­յայ­տել: Էմել­ի­ան պարս­կա­հայ ծնող­քի զա­ւակ էր, իսկ Րաք­սա­նի ծնող­նե­րը Երե­ւա­նէն էին:

Կաս­կա­ծը տե­ղին ըլ­լա­լու էր, որով­հե­տեւ ինք եւ իր նման­ներն ու տա­րե­կից­նե­րը դպրոց կամ այլ տեղ ամէն հան­դի­պու­մին, իրա­րու հետ անգ­լե­րէն լե­զուով էր, որ կը հա­ղոր­դակ­ցէ­ին, կը խօ­սէ­ին, կը խա­ղա­յին:

Անգ­լե­րէ­նը նոյ­նիսկ իրենց այս տա­րի­քին, ար­դէն տի­րա­պե­տած ու կլա­նած էր իրենց մտա­պա­շարն ու լե­զուն, բա­ռերն ու խօ­սակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րը: Հա­յե­րէ­նը, պա­պի­կին լե­զուն էր ու կար­ծես միայն պա­պի­կին ու նանի­ին հետ խօ­սե­լու հա­մար ստեղծ­ուած էր:

Ինք կ՛ու­զէր Էմել­իա­յին եւ Րաք­սա­նին դա­սա­րա­նը “նստիլ“: Անոնց քո­վը: Չէ որ երե­քով միշտ մի­ա­սին կը խա­ղա­յին: Մի­ա­սին “փարք“ կ՛եր­թա­յին: Ծնող­նե­րը մի­ա­սին “փիք­նիք“ ալ կ՛ը­նէ­ին:

Ոչ միայն իրեն, այլ նա­եւ ին­ծի հա­մար ալ հար­ցը բա­ւա­կան լուրջ էր:

Վայրկ­եա­նին կը կար­ծէի, որ հա­յոց պատ­մու­թեան ձայնն էր, որ կը լսէի:

Վա­նան հա­ւա­նա­բար մին­չեւ տուն վե­րա­դար­ձը, եր­կար մտա­ծած ըլ­լա­լու էր այս մա­սին ու առանց նա­խա­բան մը ընե­լու մտա­հո­գու­թիւնը շպրտած էր երե­սիս:

Նա­յե­ցայ դէմ­քին: Տա­կա­ւին հար­ցու­մը ան­կէ կախ­ուած կը մնար, ու ինձ­մէ պա­տաս­խա­նի մը կը սպա­սէր, պա­տաս­խան մը, որ գո­հա­ցում տար իր այս “մեծ“ մտմտու­քին:

Կը զգա­յի, որ իր փոք­րիկ ու­ղե­ղը հի­մա ան­տէր հա­յե­լի մըն էր, ան­կէ ան­մեղ պատ­կեր­ներ կ՛անձ­րե­ւէ­ին իր հոգի­ին մէջ:

Ճեր­մակ ու բաց թուղ­թի մը նման նա­եւ կը տես­նէի անոր հո­գին:

Ի՞նչ պէտք էր, որ պա­տաս­խա­նէի: Շուա­րած էի:

Բայց ի՞նչ ձե­ւով բա­ցատ­րէի: Ըսէի, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ճա­կա­տա­գի­րը մեծ դեր ու­նե­ցած էր իր կեան­քին մէջ: Ինչ­պէ՞ս եւ ի՞նչ բա­ռե­րով ներ­կա­յաց­նէի մեր ժո­ղո­վուր­դին այս չնա­խա­տես­ուած երե­ւոյ­թը: Մեր` պատ­մա­կան անար­դա­րու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան ոճի­րի ար­դիւնք կեան­քը:

Ինչ­պէ՞ս պար­զէի հայ ըլ­լա­լու եւ մա­նա­ւանդ հայ մնա­լու ող­բեր­գու­թիւնը, այս ան­մեղ աղջ­կան:

Իսկ հի­մա. “Պա­պի՛կ, ին­չո՞ւ եր­կու լե­զու“:

Կեան­քի հեգ­նան­քէն ծնած էր այս հար­ցու­մը:

Ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րէի, ըսէ՛ք:

Իս­կա­պէս, որ ին­ծի ալ ան­ժա­մա­նակ մշուշ մը պա­տած էր գի­տակ­ցու­թիւնս ու քրտինք բե­րած էր ճակ­տիս:

Կրկին նա­յե­ցայ դէմ­քին:

Մեր աչ­քե­րը այս ան­գամ տար­բեր կեր­պով իրար հան­դի­պե­ցան: Իրը` ան­համ­բե­րու­թեամբ լե­ցուն էր, իսկ իմս` մտա­հո­գու­թեամբ:

Ինք` ան­հան­դարտ էր, ես` մտա­հոգ եւ լուռ:

Ինք նոր ժա­մա­նակ­նե­րու նոր հա­յու­թիւնն էր ին­ծի հա­մար, ու այ­սօր, դպրո­ցի առա­ջին օր­ուան առա­ջին իսկ վայրկ­եա­նին իր խա­ղաղ ու­ղե­ղի լճա­կին մէջ ալիք մը ծնած էր, որ կա­մաց-կա­մաց մագլ­ցող հե­տաքրք­րու­թեամբ ու նոյն աս­տի­ճա­նա­չա­փով մագլ­ցող ակն­կա­լու­թեամբ, վե­րած­ուած էր ան­հան­դարտ հո­վի մը:

Կը մտա­ծէի` ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի պի­տի ընէի իր միտ­քին ան­կիւնը նստած կաս­կա­ծը փա­րա­տել:

Ազ­գո­վին հմտու­թե­նէ կը տա­ռա­պինք: Ահա­ւա­սիկ, ու­րիշ ող­բեր­գու­թիւն մը, որով­հե­տեւ այս օրե­րուն ըս­ուա­ծը պայ­մա­նա­ւոր­ուած է վկա­յա­կա­նով:

Վա­նան ան­գի­տակ­ցա­բար, իր իսկ այս հար­ցու­մով, մտա­ծում­նե­րուս առաջ փռած էր հայ լեզ­ուի ու ինք­նու­թեան հար­ցը: Աւե­լին, այս կարճ հար­ցու­մը իր հետ բե­րած էր հայ հո­ղին ան­փո­խա­րե­լի­նէ­ու­թիւնը, մեր հայ լեզ­ուին ներ­կայ տագ­նա­պը, մտա­ծե­լու եւ գոր­ծե­լու մեր կա­րո­ղու­թիւնն ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը եւ վեր­ջա­պէս` ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւնը: Մէկ խօս­քով, ազ­գը ճանչ­նա­լու մի­ջո­ցը: Ահա քե­զի տագ­նապ-մտա­հո­գու­թիւն մը, մա­նու­կի մը բեր­նէն ան­մե­ղօ­րէն դուրս նետ­ուած:

Ազ­գա­յին մեր կեան­քին մէջ, արդ­եօք տա­կա­ւին որ­քա՞ն ատեն պի­տի մնայ այս տագ­նա­պը: Խոր դժբախ­տու­թիւն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ՄՏԱ­ՀՈ­ԳՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԷՆ

  1. ***«Պապի՛կ, դուն բա­րեւ կ՛ը­սես, թէ ո՛չ պա­րեւ»…:
    Պէտք է ըլլայ՝ «Պապի՛կ, դուն բարև՞ կ’ըսես, թէ՞ ոչ՝ պարև»…:
    ***«Ինչո՞ւ պապիկ,…Րաքսընը»…:
    Պէտք է ըլլայ՝ «Ինչո՞ւ, պապիկ,…Ռաքսընը»…:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles