
«Սա յաղթանակ չէ, բայց չկայ պարտութիւն,
քանի դեռ ինքդ քեզ պարտուած չես ճանաչել»:
Հայաստանի վարչապետ
Կեդրոնականցին կարծէք հայ կեանքին կը հետեւի Բիւրականի աստղադիտարանէն: Մենք ալ կը կը կարդանք, կը լսենք, բայց ինք կ’արձանագրէ ուշագրաւը:
Արմենակ ալ տնարգելութեան դատապարտուած է, բայց աշխարհի հետ կը կապուի ել-նամակով, համացանցով, այ-ֆոնով: Ինչե՜ր կը զտնէ, ինչե՜ր գիտէ: Մենք ալ կ’օգտուինք, տգէտ չենք մնար:
Հեռաձայնեց:
– Մակա՛ր, մեր վարչապետը քաջաբար Արցախը կտոր-կտոր ըրաւ եւ թուրքին տուաւ: Պատմութիւնը թող դատէ: Բայց արդար պէտք է ըլլալ, մեր վարչապետը հին Յունաստանի մշակոյթի պատմութեան մէջ մուտք գործեց:
Արմենակ ողբերգակ զուարթախօս մըն է: Սպասեցի, որ զիս ալ հարստացնէ իր պատմամշակութային գիւտով: Շարունակեց:
– Երէկ ամբողջ գիշերը Հայաստանի հեռատեսիլը դիտեցի, լսեցի թէ ինչպէ՞ս Արցախը յանձներ են, Շուշին ինչպէ՞ս տուեր են, ինչպէ՞ս քանդուեր եւ աւերակի վերածուեր են տուներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ: Խօսնակները կարդացին հրադադարի պայմանները, տուին անունները գրաւուած շրջաններու: Կը յիշես, ժամանակին ամերիկացի Կուպլ մը կար, որ Նախիջեւանը Ատրպէյճանի կ’ուզէր կապել Հայաստանով, այդ ալ եղած է: Տխրեցայ:
– Շատերու պէս, Արմենակ,- ըսի:
– Ինքնասիրութիւնս շոյուած զգացի, համացանցի հայաստանեան էջի մը վրայ կարդալով մեր Փաշա վարչապետի պղատոնեան, արիստոտէլեան, կիկերոնական իմաստութիւնը, որ բալասան է կորոստներու պատճառած ընկճուածութեան:
– Լա՛ւ, ըսէ՛, ես ալ անքնութեանս դարման կը փնտռեմ: Դեղարան գացի թմբի գնելու, չունէին: Ըսէ՛, թերես ըսածդ դարման կ’ըլլայ:
– Մեր վարչապետը զգալով ժողովուրդի անհանգստութիւնը, դարերէն եկող իմաստութեամբ ըսած է. «Սա յաղթանակ չէ, բայց չկայ պարտութիւն, քանի դեռ ինքդ քեզ պարտուած չես ճանաչել»: Ուրեմն քանի որ ես հոգեպէս Շուշին չեմ կորսնցուցած, Շուշին կը մնայ մերը, չենք յանձնած: Հիմա հանգիստ քնացիր:
– Արմենա՛կ, հրաշալի է: Այսպէս Անին ալ, Կարսն ալ, Ուրֆան ալ, Տիգրանակերտն ալ, Էրզրումն ալ, Արտահանն ալ, մեզի կը պատկանին: Այս գիշեր յաղթականի քուն մը պիտի ունենամ, ես ինքս պարտուած չեմ ճանաչել:
-Մակա՛ր, ամէն մարդու չըսես, քանի որ վաղը արտագաղթածներ եւ հայրենահանուածներ հազարներով հայրենիք կը վերադառնան յաղթանակ տօնելու եւ նորերը կերտելու: Անուշ քուն, բարի երազ, քուն թէ արթուն:
Ինչո՞ւ Արմենակը Հայաստան չեն հրաւիրեր հոգեբանական կրուփ թերափի ընելու: Թէեւ հոս ալ պէտք ունինք իրեն, բայց քանի որ մեր համաքաղաքացին է, զինք կը ճանչնան եւ չեն լսեր:
Մակար ի Գաղիա, 10 նոյեմբեր 2020