ԳլխաւորՅօդուածներ

ՀԻՆ ԵՒ ՆՈՐ ԵՐԿՈՒ «ԱՇԽԱՐՀՆԵՐ»

Գէորգ Պետիկեան

Այս տողերուն մէջ կ’ուզեմ արտայայտել այն բոլորը, որոնք իբրեւ մտահոգութիւն մտքիս մէջ ամբարած էի, իբրեւ մարմաջ, նաեւ՝ ազնիւ ցանկութիւն եւ տրամադրութիւն:

Ու այսօր, կրկին պահանջք զգացի նոյն «բանի» եւ բաներու» մասին գրելու, որովհետեւ  նպատակը սրտիս մօտ է: Եթէ կ’ուցէք…տեսակ մը անգոյն եւ գունաւոր անցուդարձեր:

Մտահոգ հայու մը համար, լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած էր նշմարելի դառնալ ամէն տեղ:

Հաւանաբար, ինծի համար այդ օր իմ խղճիս դիմաց անկեղծ խոստովանանքի օրը ըլլար:

Advertisement Subscribe Today

Այդպէս, կամաց-կամաց փորձեցի համախմբել հին ու նոր միտքերս, մաշած յոյսերս, կարկտան մտածումներս: Ապա, մեծ ու լայն ախորժակով անոնց վրայ աւելցուցի յոյսերով ու լոյսերով լեցուն նորերը: Կարծես լեղի իրականութիւն մը ըլլար: Ու սկսայ զաւակերուս ախորժակով մը իմ ապրած հին «աշխարհէն» դրուաքներ ներկայացնել: Պատմել մեր ացեալ կեանքը: Պարզել մեր արած «դարը»: Ու այսէս ուրախութիւն եւ ատելութիւն խառնելով, մտածումներս բառերու դարձուցի, եւ նոյնիսկ իրենց համար հասկնալի ոճով, եւ հայասիրտ տրոփումով պատմելով խօսեցայ:

Բայց… զաւակներուս համար այս մէկը հեքիաթի նմանող բան մըն էր կարծես: Նոյնիսկ առասպելական: Կարելի չէր մեր անցեալը իրենց ներկայի աչքերով դիտել տալ եւ չափել, եւ կամ՝ հակառակը: Էհ վերջապէս ճիշդ է, որ մեր դարը ուրիշ էր: Հիմա, այս դարուն ալ,  պահանջքները ուրիշ էին: Մտածելակերպը՝ տարբեր:

Է՜հ… կար ժամանակ, որ մենք ակումբ ունէինք: Գայլիկ կամ սկաուտ էինք: Իրարու հետ հայերէն կը խօսէինք: Հայերէնով կը խնդայինք: Կը խաղայինք: Եկեղեցին, շապիկ կը հագնէինք: Յաճախ փողոցը, նոյնիսկ մեր ծնողքին ընկերակցութեան, երբ մեր ուսուցիչին հանդիպէինք, շուարումի կը մատնուէինք: Մեր ապրաղ մեծ ու փոքր բակերէն ներս դրացիներ ունէինք: Գիտէինք լաւ դրացնութեան բոլոր գաղնիքները: Ազգականի մը չափ կը սիրէինք ու յարգէինք: Սիրով եւ հաճոյքով կը կիսէինք այս թաղի կամ բակի դրացի ըսուած անծանօթ-ծանօթներուն հետ, ամէն գաղտնիք: Հարազատութիւն կար: Կար նաեւ անկեղծութիւն, անմեղութիւն, կեանքի պարզութիւն, վստահութիւն եւ ուրիշ շատ բաներ:

Բակին մէջ մենք փոքրերս տարին հազիւ մէկ երկու անգամ կը հայհոյէինք, եւ անոր երեսէն շատ ծանր կը պատժուէինք: Ու կը պատժուէինք ոչ միայն տնեցիներէն, այլեւ նոյնիսկ դպրոցէն, մեր կնքահայրէն, մեր մօրեղբայրէն, մեր դրացիէն ու ազգականէն:

Իսկ հիմա… հիմա դարը ուրիշ էր: Ու միշտ ողորմած մայրս ըսած էր մեզի, որ «դարը չէր որ փոխուած էր, այլ մարդը՝ ինքը: Մարդն է, որ իր կենցաղն ու մտածելակերպը փոխած է ու դարձած տարբեր մէկը: Մակերեսային՝ իր բոլոր շարժումներուն ու յարաբերութիւններուն մէջ: Դարը ի՞նչ յանցանք ունի: Դարը ի՞նչ գիտէ որ…: Մարդն է դարին տէրը: Մարդն է նոյն այդ դարին գոյն եւ ձեւ ու պատմութիւն տուողը»:

Թէեւ օրին չէինք հասկացած…բայց այսօր կը հաստատենք որ ըսածները Ճիշդ էին:

Ու յաճախ կը մտածեմ, որ խեղճ հայրս, նոյնիսկ իր այնքան հոգերուն մէջ, երբեք օր մը իսկ իր մտքէն չէր անցուցած, նոյնիսկ չէր կասկածած մեր ինքնութեան, մեր հայու կերպարին վրայ ու մասին: Իրեն համար, մենք երեքով զաւակներով, իսկական հայեր էինք ու այդպէս ալ հայ պիտի մնայինք ու մեծնայինք, եւ մեզի հետ պիտի շարունակուէին մեր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները:

Երջանիկ էր հայրս: Անկեղծօրէն ինծի համար ծնողքս այն երջանիկներէն էին, որոնց զաւակները իրենց նման մեծցան ու … : Հապա հիմա:

Հիմա…հակառակ այս բոլորին, շատ յաճախ մեր հարազատ զաւակներուն ու մանաւանդ թոռներուն հետ իսկ ստիպուած կ’ըլլանք անգլերէնով խօսիլ: Ուրեմն…, ալ ո~ւր մնաց մեր հայութիւնը, կը մտածէինք երբեմն: Հապա հարսե՞րը…, հապա մեր գալիքնե՞րը….: Է՜հ…:

Ու կր հաւատայի, որ «տօմինօ»-ի քարերու նման, իրարու ետեւէ շարուած էին այս մտածումներս: Եւ այն վայրկեանին, երբ քար մը իյնար, իրարայջորդ կերպով փուլ պիտի գային մեր բոլոր շարած միւս քարերը, մեր յոյսերը, եւ մանաւանդ՝ հայու մեր հպարտանքը:

Ու այսպէս, այս խառն ժամանակներու դրական կամ բացասական անդրադարձներ:

Տխուր իրականութիւն մըն էր խորքին մէջ այս պատկերը, որ երբեմն մտքիս ծայրէն կը սահէր ու զիս նոր մտմտուքի մը մէջ կը նետէր: Որովհետեւ, չէի կրնար անտարբեր մնալ այս նոր երեւոյթին, հետզհետէ մէջս ամբարուող ու կուտակուող այս տխուր իրականութեան դիմաց: Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր տունը, տոհմական կամ ոչ: Ինչ պիտ ըլլային մեր երեքին զաւակները, անոնց հայութիւնը, անոնց խօսակցական լեզուն, անոնց մտածումները:Անոնց  հայ մնալն ու հայութիւնը…

Երեքս ալ ներքնապէս կը գիտակցէինք, որ իսկապէս մեր ծնողները այս հարցին մէջ մեծ երջանիկներէն էին: Անոնք հաստատ գիտէին, որ իրենց ցանած սերմը, հայկական արմատներ ունէր …:

Անոր համար, երբեմն, նոյնիսկ եղեռն տեսած ծնողքիս, գաղտնօրէն ու լուռ՝ սկսած էի նախանձիլ:

Անկեղծօրէն նաեւ ըսեմ, որ դիւրին «գործ» մը չէր այս ըրածս: Ջիղ կ’ուզէր: Սիրտ կ’ուզէր: Կ’ուզէր նաեւ հաստատ համոզում: Անոր համար, է՛ն վերջը, տխուր էր դէմքս ու խոնաւ՝ աչքերս:

Կը կարծեմ, որ ինծի նման բոլորը իրենց կեանքի մէջ, նման ճշմարտութիւններ երբեմն պէտք է լոյսին բերեն, որպէսզի չմոռցուին, որպէսզի նորեկները հայութեան աղմուկէն չհեռանան: Ու նոր սերունդին հետ նման հարցերու կամ նիւթերու շուրջ, կարելի է խօսիլ իրենց լեզուով ու ոճով, առանց խրատականի սահմաններէն ներս մտնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ քիչ մը աւելի երկար պահել հայ կեանքի ջերմութիւնն ու իր աստիճանը:

 

bedig43@aol.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button