Լրահոս

ՀԱՒԱՔ՝ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄՈՒՏՔԻՆ

ԵՐԵՒԱՆ․- Երկուշաբթի, Մարտ 31-ին, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, Հ․Հ․ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի հաւաք:

Նպատակը Արցախէն բռնի տեղահանուածներու ճգնաժամի մասին իրազեկումն ու Խորհուրդի ընկերային բնոյթի պահանջներու ներկայացումն էր:

Խօսք առաւ Արցախի մայրիկներու աջակցման կեդրոնի ղեկավար Մարիամ Աբրահամեանը: Ան ներկայացուց առաջնահերթ խնդիրները` ընդգծելով, որ բնակարանային եւ աշխատանքային ծրագրերը պէտք է նշանակալիօրէն բարելաւուին` հաշուի առնելով արցախեան մտահոգութիւններն ու առաջարկները:

Հաւաքի աւարտին, ներկաները գրութիւններ կատարեցին նախարարութեան դիմաց` շեշտադրելով, որ բնակարանային ծրագիրը պէտք է համապատասխանեցուի շահառուներու կարիքներուն։

Նախարարութիւն մուտք գործեցին Խորհուրդի չորս անդամներ, որոնք ներկայացուցին դիրքորոշումները, եւ պահանջեցին արագ ու ներառական որոշումներու կայացում ներկայացուած հարցերու վերաբերեալ:

Արցախցիներու իրաւունքների պաշտպանութեան խորհուրդի կողմէն պիտի շարունակուին փոքր եւ տեղային հաւաքները, տարբեր թեմաներով:

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button