ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ.- “ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է ՍՈՒՐԻՈՅ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԳԱՂՈՒԹԸ…ԼԾՈՒԻՆՔ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ԳՈՐԾԻՆ“, Կ՞ԱՀԱԶԱՆԳԷ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԲԱՐԵՋԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔ. ՉՕԼՈՅԵԱՆ

0 0
Read Time:7 Minute, 18 Second

 Վերջին ամիսներուն, Սուրիոյ մէջ հետզհետէ վատթարացող կացութիւնը արդէն իսկ գործի լծած է հայահոծ գաղութներ, որպէսզի օգնութեան փութան, այս օրինակելի գաղութին: Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանն ալ գործի լծուած է իր լուման յատկացնելու այս կարեւոր գործին: Այս առթիւ, խմբագրութիւնս հարցազրոյց մը կատարեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի հետ.-

 

 

Հ.-       Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան պատճառաւ, Արամ Ա. Կաթողիկոս որ մօտէն կը հետեւի անցուդարձերուն, յետաձգեց իր այցելութիւնը Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանը եւ փոխարէն կոչ ուղղեց սուրիահայութեան օժանդակութեան գծով, գործի լծուիլ: Այս գծով կարելի՞ է յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցել:

Պ.-       Շուրջ ամիս մը առաջ Անթիլիաս կատարած յատուկ այցելութեանս ընթացքին, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետին հետ կատարեցինք վերջնական ծրագրումը հովուպետական իր այցելութեան առնչուած մանրամասնութիւններուն, որպէսզի իր այցը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին ըլլար արդիւնաւոր եւՎկայութիւն եւ վերանորոգումպատգամը ըլլար աւելի ազդեցիկ մեր եկեղեցականազգային կեանքէն ներս:

Դժբախտաբար, վերադարձէս քանի մը օր ետք, Սուրիոյ մէջ ռազմական եւ ապահովական կացութիւնը վատթարացաւ, որուն ի պատասխան Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց թէ տուեալ իրավիճակին մէջ կարելի պիտի չըլլար կատարել հովուապետական իր այցը եւ ինք, որպէս հովուապետ, իր պատասխանատու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ կենսական կը գտնէր:

Սուրիահայութիւնը` իր եկեղեցական, քաղաքական, մշակութային, կրթական, մարզական եւ այլ մարզերէ ներս, սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ հաստատուն եւ փորձառու գաղութ մը կը ներկայացնէ: Հալէպ քաղաքը, ինչպէս նաեւ Քեսապը, Դամասկոսը, Գամիշլին, Լաթաքիան, Ճեզիրէի կարգ մը աւաններ յետ եղեռնեան շրջանին ծաղկած հայակեդրոններ են: Հալէպը կը տարբերէր սփիւռքեան այլ գաղութներէն, որովհետեւ անիկա ժառանգեց ինքնատիպ նկարագիրը հայուն, վճիտ ու մաքուր, որ ուղղակիօրէն ստացաւ հայրենի հողէն ու ջուրէն եւ որ ցեղասպանութենէն ետք վերյառնեցաւ Սուրիոյ մէջ, յատկապէս Հալէպ քաղաքին մէջ: Այս է պատճառը որ Հալէպը էր եւ մնաց ամենէն աւանդապահ քաղաքը` հայրենի մեր սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով, եւ հետզհետէ հալէպահայութիւնը բոլոր մարզերէն ներս ինքզինք կազմակերպեց եւ եղաւ այնքան աշխոյժ, որ կրցաւ հասնիլ նաեւ այլ գաղութներու կարիքներուն:

            Այսօր վտանգուած է այս օրինակելի գաղութը: Եւ կարելի չէր Վեհափառ Հայրապետին համար որ ներկայ կացութիւնը իր անմիջական մտահոգութեան առարկան չդառնար: Գիտակցելով գաղութի անսակարկելի պահպանման, կոչ ուղղեց համայն հայութեան եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ենթակայ բոլոր թեմերուն, որ լծուին օժանդակութեան սրբազան գործին, որպէսզի կարելի չափով պահպանուէին գաղութին բոլոր կառոյցները, մեր դպրոցները, եկեղեցիները, մշակութային եւ միութենական հաստատութիւնները, միեւնոյն ատեն մարդասիրական օգնութեան հասնելով վտանգի մէջ եղող մեր արենակիցներուն: Այստեղ երախտագիտութեամբ եւ հպարտութեամբ կ՛ուզեմ արձանագրել այն գիտակից զոհողութիւնը սուրիահայ մեր երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն, որոնք կազմակերպուած կերպով, նոյնիսկ յանձն առնելով կեանքի սպառնացող վտանգը, օգնութեան կը հասնին մեր ընտանիքներուն:

            Վեհափառ Հայրապետը թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական կոչով, բոլորիս կը պատգամէր անյապաղ օգնութեան ձեռք երկարել գաղութին, մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որովհետեւՍուրիոյ հայ գաղութի վերականգնումը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համահայկական իմաստով“: Արամ Ա. Կաթողիկոսը կը շեշտէր որմիասնական ոգիով, միասնական ճիգով եւ հետեւողական աշխատանքովլծուինք վերականգնումի անյետաձգելի գործին: Այո՛, միասնաբար, բոլորս, հոն ուր հայ կայ, պէտք է միասնական ոգիով մօտենանք նուիրական մեր գործին, օրինակ առնելով այն միասնական ոգիէն, որ կը տիրէ սուրիահայ մեր ղեկավարներուն մօտ:

 

Հ.-       Ի՞նչպէս կը պատկերացնէք արդէն իսկ կազմուած եւ գործի լծուածՍուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտի գործընթացը:

Պ.-       Անսալով Վեհափառ Հայրապետի կոչին, անմիջապէս ձեռնարկեցինք համահայկական յանձնախումբ մը առաջ բերել: Ցաւօք կը յայտնենք, որ կարելի չեղաւ համախմբել Ամերիկայի արեւելեան շրջանի բոլոր կառոյցները, բան մը որ կարելի եղաւ ստեղծել Ամերիկայի արեւմտեան շրջանէն ներս եւ Գանատայի մէջ: Այսուհանդերձ, առանց ձգձգելու, կազմուեցաւՍուրիահայերու Օգնութեան Ֆոնտի կեդրոնական յանձնախումբը, որուն իրենց անվերապահ մասնակցութիւնը բերին Ազգային Առաջնորդարանիս հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը: Մեր առաջին ժողովին հրապարակեցինք մեր կոչը, միեւնոյն ատեն բոլոր ծխական համայնքներուն կոչ ուղղեցինք որ նմանօրինակ յանձնախումբեր կազմեն, եւ եթէ կարելի ըլլայ, կարգ մը քաղաքներու մէջ ներառնել այլ կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ, եթէ անոնք կամեցողութիւն յայտնեն:

            Կեդրոնական յանձնախումբին առաջին ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ Սեպտեմբեր ամիսը յատկացնել նուիրահաւաքումին, անշուշտ շարունակելով աւելի ետք ալ, մինչեւ սուրիահայ գաղութը ինքզինք վերագտնէ եւ վերսկսի բնականոն կեանքի եւ շինարար գործունէութեան: Ասիկա պիտի կատարուի

ա) Դիմելով մեր նամակաբաշխական ցանկին վրայ գտնուող բոլոր ընտանիքներուն եւ անհատներուն:

բ) Եկեղեցիներուն մէջ պատարագներու ընթացքին հանգանակութեամբ:

            գ) Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ տրուելիք ճաշկերոյթին ամբողջ եկամուտը յատկացնելով սուրիահայ գաղութին օգնութեան: Յայտնենք որ ճաշկերոյթը չէ ջնջուած. տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 7-ին, Նիւ Եորքի մէջ, ուր մեր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնենք ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին օգնող մեծապէս գնահատելի կազմակերպութեանց եւ անհատիՄերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին (Near East Relief), ԱՆՉԱյին եւ Ֆրիտիոֆ Նանսէնին:

            դ) Ի մի բերելով սուրիահայեր, որոնք պատրաստ են մեծագումար մասնակցութիւն բերել նուիրահաւաքին: Չեմ բացառեր հետագային կազմակերպուելիք ձեռնարկներ:

            Այստեղ բարձրօրէն կը գնահատենք ՀՕՄի արդէն իսկ սկսած արշաւը: Նոյնպէս կը գնահատենք բոլոր այն անձերուն ազնիւ ոգին, որոնք նախքան մեր դրամարշաւը, արդէն իսկ սիրայօժար կատարած են իրենց նուէրը: Հայու գիտակից ոգիին լաւագոյն արտայայտութիւնն է այս մէկը:

 

Հ.-       Նկատի ունենալով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող տնտեսական դաժան պայմանները, կարելի պիտի ըլլա՞յ դիմագրաւել դրամահաւաքի դժուարութիւնները:

Պ.-       Հաւատքով եւ համոզումով կատարուած աշխատանքը անկասկած որ իր յաղթական երեսը կը բացայայտէ: Ցաւը, որ ամենօրեայ իր ահաւորութեամբ կը տիրէ Սուրիոյ մէջ, ցաւն է մեր բոլորին: Եթէ մեր դաստիարակութեան եւ կազմաւորումին մէջ գիտակցութիւնը ունեցած ենք պատկանելու մէկ ազգի, մէկ ճակատագրի, ահաւասիկ ժամն է ատիկա ապացուցելու: Ինչպէս Առաքեալը կ՛ըսէ, եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի` բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին: Ահաւասիկ կը ցաւինք բոլորս ալ, եւ ասիկա կը նկատենք մեր միասնական ոգիի արտայայտութեան հրաւէր, որ ուղղուած է բոլորիս անխտիր` գործնապէս մասնակցելու, առանց տատամսելու, առանց թերանալու:

            Ճիշդ է որ տնտեսական տագնապի մէջ է ամբողջ աշխարհը, ներառեալ Միացեալ Նահանգները, սակայն ճանչնալով մեր ժողովուրդին մարդասիրական զգայարանքը, կատարելապէս վստահ ենք որ պիտի կարենանք պատուաբեր կերպով ձեռք երկարել մեր հաստատութիւններուն եւ ժողովուրդին: Հայ ըլլալը պարտաւորութիւն է, հայ ըլլալը զոհողութիւն է: Չմոռնանք, հայ ըլլալը պատիւ եւ հպարտութիւն է, եւ հաւատարիմ մեր արեան կանչին պիտի հասնինք նեղութեան եւ կարիքի մէջ եղող մեր արենակիցներուն: Ներելի չէ Սուրիոյ ամենօրեայ տագնապալի կացութեան դիմաց պատրուակ որոնելը: Անաչառ դատաստանը պատմութիւնը ի՛նք կը կատարէ: Եւ դատաստանի ժամանակ անհրաժեշտ է բաց ճակատով եւ հանգիստ խիղճով պատասխան տալ:

 

Հ.-       Հաւանաբար կացութեան վատթարացումն ու երկարաձգումը պատճառ դառնայ, որ ստեղծուած օժանդակութեան մարմինը ընդլայնէ իր գործունէութիւնը եւ երկար վազքի վրայ կատարէ իրագործումներ: Այս գծով բնականաբար շատ մը խոչընդոտներ պիտի ստեղծուին: Կարելի պիտի ըլլա՞յ միեւնոյն ընթացքով կատարել այս հետեւողական աշխատանքը:

Պ.-       Դէպքերու զարգացումը եւ շրջանային ու միջազգային քաղաքականութիւնը, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական խմորումներուն դիմաց գերպետութիւններու կեցուածքը, կրնայ ըլլալ որ պատճառ դառնայ որ երկարաձգուի խորապէս մտահոգիչ այս կացութիւնը: Սակայն ասիկա պէտք չէ ջլատէ մեր ճիգը: Ընդհակառակը, կարելի չափով պէտք է մե՛րը զգանք ցաւն ու աւերը: Ոչ ոք պէտք է գոհանայ ըսելով, թէ տալիքս տուի, այլեւս ուրիշները թող մտածեն: Ազգային մեր հիմնահարցերուն մէջ այդ ուրիշն ալ մենք ենք, միասին, մեր հաւաքական ոյժը: Մեր սրտագին աղօթքն է, որ դադրին աւերիչ ռումբերը, հանդարտին թշնամութիւնները, որպէսզի որպէս ասպնջական Սուրիոյ հաւատարիմ քաղաքացիներ, սուրիահայերը տքնին խաղաղութեան հաստատումին եւ վերաշինութեան գործին:

            Եւ մեր աշխատանքը շարունակել` այնքան ատեն որ պէտք է:

 

Հ.-       Գաղութին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար, կարելի՞ է տեղեկացնել թէ օժանդակութիւնները ի՛նչ ձեւով կը կատարուին:

Պ.-       “Սուրիահայերու Օգնութեան Ֆոնտի կեդրոնական յանձնախումբին որոշումով, մեր բոլոր շրջաններուն մէջ հաւաքուած գումարները պիտի մէկտեղուին Ազգային Առաջնորդարան եւ ուղարկուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Կը հասկնանք այն մտահոգութիւնը, որ պատճառ կը դառնայ կարգ մը հարցադրումներու: Սուրիոյ մէջ դրամատնային ոեւէ փոխանցում կարելի չէ ներկայիս, ոչ թէ որովհետեւ դրամատուները չեն գործեր, այլ Միացեալ Նահանգներու կատարած տնտեսական սեղմումներուն պատճառով այս քայլը առնելը հակաօրինական է: Նկատի ունենալով որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Սուրիոյ բոլոր շրջաններու պատասխանատու անձնաւորութեանց հետ եւ երբեմն կը հանդիպի անոնց, մարդասիրական մեր օժանդակութիւնը պիտի կատարուի այս ճամբով: Իրապէս գովելի է սուրիահայ պատասխանատուներուն որոշումը` միացեալ յանձնախումբի գործունէութեան ճամբով հասնելու տեղական կարիքներուն: Յարանուանական, քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ միութիւններ ու կազմակերպութիւններ միացեալ յանձնախումբ մը կազմած են եւ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ կը հասնին կարիքներուն: Կեդրոնական մեր յանձնախումբը հաշուետու է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որ իր կարգին մեզ տեղեակ պիտի պահէ օժանդակութեան նպատակադրման:

 

Հ.-       Թեքնիք դժուարութիւններ կա՞ն, որոնք արգելք կը հանդիսանան, որպէսզի դիւրութեամբ կատարուին այս օժանդակութիւնները:

Պ.-       Ինչպէս յայտնեցի, նախ կան օրինական արգելքներ: Անշուշտ կան նաեւ օժանդակութիւնը հասցնելու դժուարութիւններ, ինչպէս` երթեւեկութեան վտանգներ: Սակայն ի պատիւ զոհողութիւն յանձն առած մեր պատասխանատուներուն, անոնք ամէն ճիգ կը թափեն փոխանցումները կատարելու ճիշդ ատենին եւ օժանդակութիւնը հասցնելու ճիշդ կարիքին: Վտանգաւոր այս կացութեան մէջ, մեր տղաքը պահակութիւն կ՛ընեն, պարէն կը հաւաքեն ու կը բաշխեն ժողովուրդին:

 

Հ.-       Ցարդ ինչպէ՞ս կը գնահատէք կատարուած աշխատանքը:

Պ.-       Սկզբնական շրջանը բնականաբար կազմակերպումի ժամանակ է: Կը պատրաստենք տեղեկատուական սեղմպրոշիւրմը, ուր կայ կոչ մը` առատեձեռն մասնակցելու օգնութեան արշաւին: Որքան ալ վստահ ըլլանք մեր ազնիւ ժողովուրդին օգնութեան ձեռք երկարելու պատրաստակամութեան, նոյնքան եւ աւելի ճիգ պէտք է ի գործ դնենք, թերեւս երկարատեւ ժամանակի վրայ, որպէսզի առաջ տանինք նուիրահաւաքը: Մեր սիրտը պէտք է գոհ եւ հանգիստ զգայ:

            Եկէք ցոյց տանք հայու ոգին, որ ներկայ է իւրաքանչիւր հայու մէջ եւ ոյժ եւ յոյս կը ներարկէ հայօրէն բաբախող սրտին:

            Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր արենակիցներուն եւ մարդու արժէքները գնահատող բարեկամներուն, որ սրտով մասնակցին հանգանակութեան այս արշաւին: Յիշեցէք որ անօթիին հաց եւ ծարաւին ջուր տալը, նեղութեան մէջ եղողին տրուելիք այցը կ՛ընենք` ինչպէս պիտի ընէինք մեր Աստուծոյ: Այս է Քրիստոսի պատուէրը ուղղուած բոլորիս:

 

**

 

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏի անունով բացուած է դրամատնային յատուկ հաշիւ մը: Ձեր չէքերը հաճեցէք արձանագրել հետեւեալ ձեւով.- Armenian Apostolic Church of America, նշելով Fund for Syrian Armenian Relief եւ ուղարկել Ազգային Առաջնորդարանի հասցէին.-

Armenian Prelacy
138 East 39th Street
New York, NY 10016

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles