Փետրուարի 17-ին, Երեւանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան երկիրներու դեսպաններու հանդիպումը, Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման մասնակցեցան Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Լաթվիոյ, Յունաստանի, Մեծն Բրիտանիոյ, Ռումանիոյ, Ֆրանսայի դեսպաններն ու Լեհաստանի հաւատարմատարը, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան աշխատակիցներ: Հանդիպումը վարեց Հայաստանի Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Ռաուլ Տը Լուցենպերկըրը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէն հանդիպման մասնակցեցան Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ ՀՀ Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննէսեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:
Հանդիպումին բացումը կատարելով, դեսպան Տը Լուցենպերկըրը ըսաւ, որ իրենք որոշած են պարբերաբար, հանդիպիլ ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս գործող կուսակցութիւններու հետ, ուղղակիօրէն լսելու համար իրենց տեսակէտները ամենատարբեր խնդիրներու վերաբերեալ:
Դեսպանները կը ցանկային տեղեկանալ Հ.Յ.Դ. տեսակէտներուն Հայաստան-եւրոմիութիւն յարաբերութիւնների ներկայ ընթացքի ու ապագայ հեռանկարներու մասին: Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները սպառիչ կերպով ներկայացուցին կուսակցութեան տեսակէտը, շեշտելով Հայաստանի կողմէն եւրոպական չափանիշներու մօտենալու միջոցով, երկրէն ներս ամէնալայն իմաստով ժողովրդավարութեան եւրոպական արժէքներու որդեգրման եւ կիրառման անհրաժեշտութիւնը: Եւրոմիութեան դեսպաններուն ներկայացուեցան նաեւ Հ.Յ.Դ. մօտեցումները երկրէն ներս քաղաքական եւ տնտեսական վերնախաւերի սերտացման, տնտեսական եւ այլ մենաշնորհներու դէմ պայքարի, քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման ու գործընթացման, ընտրական համակարգի բարեփոխման եւ յարակից հարցերու մասին:
Հանդիպումը աւարտեցաւ այլ հարցերու մասին, յառաջիկային նման հանդիպումներ ունենալու փոխ-համաձայնութեամբ: