ՀԱՅ ԶՈ­ՀԵՐ` ՍՈՒՐ­ԻՈՅ ԲԱ­ԽՈՒՄ­ՆԵ­ՐՈՒՆ

0 0
Read Time:12 Minute, 47 Second

 ԴԱՄԱՍԿՈՍ, ՀԱԼԷՊ (“Ա.Էֆ.Փէ“, “Ար­մէնփ­րէս“ ).- Վեր­ջին օրե­րուն, Հա­լէ­պի Հա­յա­շատ թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ, տե­ղի ու­նե­ցան բա­խում­ներ, մաս­նա­ւո­րա­բար ամ­բող­ջո­վին հա­յաբ­նակ Նոր Գիւ­ղի եւ Մայ­սա­լու­նի շրջա­նի հայ­կա­կան Սու­լէյ­մանիէ թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ: Ռմբա­կո­ծում­նե­րու ար­դիւնք, հայ աղջ­նակ մը մա­հա­ցած է եւ կան զո­հեր:

Դա­մաս­կո­սի հա­յա­շատ Ժա­րա­մա­նա ար­ուար­ձա­նին մէջ, Օգոս­տոս 27-ի երե­կոյ­եան, ական­ուած ինք­նա­շարժ­ներ պայ­թե­ցան, իսկ Ժո­պար թա­ղա­մա­սին մէջ ան­յայտ պայ­ման­նե­րու մէջ սպանն­ուած են երեք հա­յոր­դի­ներ` Պետ­րոս, Գէ­որգ եւ Լե­ւոն Պետ­րոս Մա­թոս­եան­ներ, որոնք յա­ջոր­դա­բար 49, 46 եւ 22 տա­րե­կան են:

Դա­մաս­կոս եւ շրջա­կայ­քի գրե­թէ բո­լոր ար­ուար­ձան­նե­րը` Ժո­պար, Զա­մալ­քա, Հա­րաս­դա, Քա­պուն կ՛են­թարկ­ուին ուղ­ղա­թիռ­նե­րու ռմբա­կո­ծու­մի: Բուռն բա­խում­ներ տե­ղի կ՛ու­նե­նան ընդ­դի­մա­դիր զին­եալ­նե­րու եւ սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին մի­ջեւ Ժո­պար, Ապ­պասի­ին Զապ­լա­թա­նի շրջան­նե­րուն մէջ` պատ­ճա­ռե­լով նիւ­թա­կան վնաս­ներ, նե­րառ­եալ հա­յու մը ինք­նա­շար­ժը:

Անց­նող մէկ շաբթ­ուան ըն­թաց­քին, Հա­լէ­պի կարգ մը հայ­կա­կան կա­ռոյց­ներ ու գոր­ծա­տե­ղի­ներ ու­նե­ցող հա­յա­շատ թա­ղա­մա­սեր են­թարկ­ուած են հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րու եւ կրա­կոց­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ ուղ­ղա­կի բա­խում­նե­րու շրջան դար­ձած են. յատ­կա­պէս կա­րե­լի է նշել Ճի­տէյ­տէի, Թի­լե­լի եւ յա­րա­կից թա­ղե­րը, ուր կը գտնուին Բեր­իոյ թե­մի Ազ­գա­յին առաջ­նոր­դա­րա­նը, Սրբոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց եկե­ղե­ցին, դպրոց­ներ, եւ այլն: Սուր­ի­ա­հայ շտապ օգ­նու­թեան Հա­լէ­պի մար­մի­նի տղա­քը կը հաս­նին օգ­նու­թեան, ուր որ պէտք է: Մար­մի­նը իր ներ­հա­մայն­քա­յին եւ միջ­յա­րան­ուա­նա­կան դրուած­քով կը փոր­ձէ հաս­նիլ հոն, ուր կա­րիք կայ, եւ մեծ թիւով սննդե­ղէ­նի ծրար­ներ փո­խան­ցած է ժո­ղո­վուր­դին:

Այս տղա­քը նա­եւ կը նպաս­տեն վտանգ­ուած շրջան­նե­րէն իրենց ազ­գա­կից­նե­րուն անվ­տանգ դուրս բեր­ման, ինչ­պէս որ այդ­պի­սի դէպ­քեր տե­ղի ու­նե­ցած են Ճի­տէյ­տէի մէջ թէ այ­լուր: Պոս­թան Փա­շա­յի շրջա­նը վե­րած­ուած է հա­կա­մար­տող կող­մե­րու մի­ջեւ սահ­մա­նա­գի­ծի: Շրջա­նին մէջ կը գտնուի Հայ­կա­կան ծե­րա­նո­ցը, որ նիւ­թա­կան վնաս­ներ ու­նի, սա­կայն ծե­րե­րը կը գտնուին ապա­հով վի­ճա­կի մէջ: Սու­լէյ­մա­նի­յէ թա­ղա­մա­սին մէջ շատ յա­ճախ կը լսուին կրա­կոց­ներ: Նոյնն է պա­րա­գան նա­եւ Նոր Գիւ­ղի մէջ, ուր կը գտնուին Ազ­գա­յին ճե­մա­րա­նը, Զա­ւար­եան եւ Սա­հակ­եան վար­ժա­րան­նե­րը, Հայ­կազ­եան ման­կա­պար­տէ­զը եւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղե­ցին: Շրջա­նին մէջ եւս եղած են կրա­կոց­ներ եւ ար­ձա­նագր­ուած են վի­րա­ւոր­ներ:

Շամ Թայմզ լրա­տու աղ­բիւ­րը փո­խան­ցած էր, թէ Սուր­իոյ յե­ղա­փո­խու­թեան գե­րա­գոյն խոր­հուր­դը հրա­պա­րա­կած է յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որով սպառ­նա­ցած է սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քին` “աղէտ եւ աւեր­ներ գոր­ծել“: Աղ­բիւ­րը նշած էր, թէ այս սպառ­նա­լիք­նե­րը իրա­կան են, որով­հե­տեւ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն թի­կունք կը կանգ­նի Թուրք­ի­ան, որ կա­նաչ լոյս տուած է անոնց` հա­յե­րուն վրայ յար­ձա­կե­լու:

Խոր­հուր­դը իր յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ “որոշ հա­յոր­դի­ներ“ մե­ղադ­րած էր ներ­կայ ղե­կա­վա­րու­թեան ու­ժե­րուն հետ գոր­ծակ­ցե­լու, սպա­նու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ դար­ձած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու, ինչ­պէս նա­եւ ռազ­մա­կա­նօ­րէն սուր­ի­ա­կան վար­չա­կար­գին սա­տա­րե­լու յան­ցան­քով: “Շամ Թայմզ“ աւել­ցու­ցած էր թէ սուր­ի­ա­ցի ապս­տամբ­նե­րը դի­տել տուած են, որ հա­յե­րը սուր­ի­ա­կան կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն սա­տա­րած են Հա­լէ­պի, Լա­թաք­իոյ եւ Քե­սա­պի մէջ` զգու­շաց­նե­լով այդ տար­րե­րը իրենց արարք­նե­րուն հե­տե­ւանք­նե­րէն:

Այս լու­րը, բնա­կա­նա­բար, տա­րած­ուե­ցաւ հա­մա­ցան­ցին վրայ, քիչ մըն ալ յա­ւել­եալ չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րով:

Այս գծով “Ար­մէնփ­րէս“ կապ հաս­տա­տե­ցին Բեր­իոյ թե­մի Ազ­գա­յին առաջ­նոր­դա­րա­նի բան­բեր Ժի­րայր Ռէ­յիս­եա­նի հետ, որ դի­տել տուաւ, թէ Սուր­իոյ ընդ­դի­մու­թեան կող­մէ հայ­կա­կան հա­մայն­քին ուղղ­ուած սպառ­նա­լիք բո­վան­դա­կող պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն գո­յու­թիւն չու­նի:

Ռէ­յիս­եան յայտ­նեց.- Սուր­իոյ մէջ հա­մա­ցանց չկայ, ուս­տի տա­րած­ուած լու­րե­րուն պէտք չէ ականջ տալ: Նման տե­ղե­կա­տուու­թեան մա­սին Սուր­իոյ հա­յու­թիւնը ու­նի յստակ դիր­քո­րո­շում` հա­կա­մար­տու­թեան մաս­նա­կից որե­ւէ ոյժի թի­կունք չկանգ­նիլ: Մեր յար­գանքն ու զօ­րակ­ցու­թիւնը ուղղ­ուած է Սուր­իոյ եւ անոր ժո­ղո­վուր­դին, որ ու­նի մէկ նպա­տակ` Սուր­իոյ մէջ խա­ղա­ղու­թիւնը վե­րա­հաս­տա­տել““:

Նման յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու տա­րած­ման մէջ Ռէ­յիս­եան չբա­ցա­ռեց Թուրք­իոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը: Յստակ է, որ ընդ­դի­մա­դիր կող­մը ուղ­ղակի­օ­րէն կը վա­յե­լէ Թուրք­իոյ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը, սա­կայն նման լու­րեր կա­րե­լի չէ շու­տով պաշ­տօ­նա­կա­նաց­նել: Ասի­կա կրնայ հայարաբ բնակ­չու­թեան բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խա­թա­րե­լու փորձ ըլ­լալ, նշեց Բեր­իոյ թե­մի Ազ­գա­յին առաջ­նոր­դա­րա­նի բան­բե­րը:

Աւե­լի ուշ Սուր­իոյ ընդ­դի­մա­դիր Ազատ բա­նակի զի­նուո­րա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Մուս­թա­ֆա Ալ Շէյխ հեր­քեց սուր­ի­ա­հա­յե­րուն դէմ իրենց կող­մէ ուղղ­ուած որե­ւէ սպառ­նա­լի­քի կամ յայ­տա­րա­րու­թեան գո­յու­թիւն:

Արապ­իա պատ­կե­րաս­փիւ­ռիա­յա­նին մի­ջո­ցով կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ Ալ Շէյխ դի­տել տուաւ, որ հա­յե­րը Սուր­իոյ մէջ կ՛ապ­րին տաս­նամ­եակ­նե­րէ ի վեր եւ ոչ մէկ խնդիր յա­ռա­ջա­ցու­ցած են: Սուր­իոյ մէջ ժո­ղո­վուր­դը հա­յե­րու, քրիս­տոն­եա­նե­րու եւ այլ հա­մայնք­նե­րու հետ ոչ մէկ հարց ու­նի, յայտ­նեց Ալ Շէյխ:

Ան նա­եւ հաս­տա­տեց, որ ո՛չ ներ­կա­յիս, ոչ ալ ապա­գա­յին ապս­տամ­բող ոյժե­րը մտա­դիր են յար­ձա­կում գոր­ծե­լու հա­յե­րուն դէմ‘ իրենց անու­նով տա­րած­ուած յայ­տա­րա­րու­թիւնը նկա­տե­լով հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու կող­մէ սադ­րանք:

Հա­լէ­պի հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ տի­րող իրա­վի­ճա­կին անդ­րա­դար­ձած են նա­եւ արեւմտ­եան լրատ­ուա­մի­ջոց­ներ: Ֆրան­սա­կան “Ա.էֆ. Փէ“ մամ­լոյ գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­մա­ձայն, քրիս­տոն­եա­նե­րով բնակ­ուած թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ ամէ­նէն բուռն բա­խում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են շա­բա­թա­ս­կիզ­բին:

Շա­բա­թաս­կիզ­բին սկսած մար­տե­րը շատ դա­ժան էին եւ եր­կար ժա­մեր շա­րու­նակ­ուե­ցան, մին­չեւ որ բա­նա­կը յա­ջո­ղե­ցաւ դուրս մղել ապս­տամբ­նե­րը, մամ­լոյ գոր­ծա­կա­լու­թեան յայտ­նած է Հա­լէ­պի քրիս­տոն­եայ բնա­կիչ­նե­րէն մէ­կը, որ չէ ու­զած անու­նը տալ:

Հա­լէպ­ցի բնա­կիչ մը հե­ռա­ձայ­նով ֆրան­սա­ցի թղթա­կի­ցին հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին յայտ­նած է, որ այդ եր­կու օրե­րը իրենց կեան­քի ամէ­նէն ահա­ւոր օրերն էին:

“Ա.էֆ. Փէ.“ի հա­մա­ձայն, ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը յատ­կա­պէս տե­ղի կ՛ու­նե­նան հա­յե­րով բնակ­ուած Սու­լէյ­մա­նի­յէ եւ Թի­լալ շրջան­նե­րուն մէջ:

Ակա­նա­տես մը ֆրան­սա­կան լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան յայտ­նած է. Բա­նա­կը ստիպ­ուած էր վե­րագ­րա­ւել այս թա­ղա­մա­սե­րը, քա­նի որ այս շրջան­նե­րուն մէջ գտնուող տու­նե­րէն շա­տեր ստո­րերկր­եայ փա­պու­ղի­նե­րով կապ­ուած են Հա­լէ­պի վրայ իշ­խող դիրք ու­նե­ցող ամ­րո­ցին:

Սուր­իոյ հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րը Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի եւ Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ կը շա­րու­նա­կեն առաջ­նա­հերթ տեղ գրա­ւել: Վե­հա­փա­ռը մնա­յուն կա­պի մէջ է Սուր­իոյ մեր հո­գե­ւոր ու հա­մայն­քա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ: Սուրբ Աստ­ուա­ծած­նայ Վե­րա­փոխ­ման տօ­նին առ­թիւ իր հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մին մէջ, վե­հա­փա­ռը կոչ ուղ­ղեց Սուր­իոյ հա­յու­թեան ան­մի­ջա­կան օգ­նու­թեան` շեշ­տե­լով, որՍուր­իոյ հայ գա­ղու­թը պատ­մա­կան գա­ղութ է, կազ­մա­կերպ ու աշ­խոյժ գա­ղութ է ու յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի, թէ՛ Սփիւռ­քի եւ թէ մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հա­մար: Հե­տե­ւա­բար, անոր կազ­մա­կերպ ու կեն­սու­նակ պահ­պա­նու­մը հա­մա­հայ­կա­կան խնդիր է:

Ապա, վե­հա­փա­ռը թե­մե­րուն ուղ­ղած իր շրջա­բե­րա­կան նա­մա­կով թե­լադ­րեց ան­մի­ջա­պէս լծուիլ Սուր­իոյ հա­յու­թեան օգ­նու­թեան գոր­ծին` մի­աս­նա­կան ոգի­ով ու մաս­նակ­ցու­թեամ­բը տու­եալ գա­ղու­թի բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն: Վե­հա­փա­ռը շեշ­տեց, որ հա­մա­հայ­կա­կան տագ­նապ­նե­րը հա­մա­հայ­կա­կան ճի­գով հարկ է դի­մագ­րա­ւել` հե­ռու ամէն տե­սակ ներ­քին զգայ­նու­թիւն­նե­րէ: Եւ նկա­տի ու­նե­նա­լով Սուր­իոյ հա­յու­թեան օգ­նու­թեան ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կա­նը, եւ որ­պէս­զի ինք կա­րե­նայ մօ­տէն հե­տե­ւիլ այս ուղ­ղու­թեամբ տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րուն` վե­հա­փա­ռը ջնջեց յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րին իր կա­տա­րե­լիք հով­ուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւնը դէ­պի Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան թեմ:

Կի­րա­կի, Օգոս­տոս 26ին, Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ժո­ղո­վին, դարձ­եալ լայ­նօ­րէն քննարկ­ուե­ցաւ Սուր­իոյ հա­յու­թեան ներ­կայ կա­ցու­թիւնը: Վե­հա­փա­ռը ող­ջու­նեց հա­մայն­քի հո­գե­ւոր ու աշ­խար­հա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն նուիր­եալ աշ­խա­տան­քը, ինչ­պէս նա­եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին խոր հա­ւատ­քը ու ամուր վճռա­կա­մու­թիւնը` կառ­չած մնա­լու իր կա­ռոյց­նե­րուն ու սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին:

Դժբախ­տա­բար, որոշ լրատ­ուա­կան օր­կան­ներ եւ կրօ­նա­կան ու քա­ղա­քա­կան որոշ շրջա­նակ­ներ, հայ թէ օտար, մի­ա­կող­մա­նի ու ան­ճիշդ կեր­պով կը ներ­կա­յաց­նեն Սուր­իոյ հա­յու­թիւնը ու յատ­կա­պէս սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պին գծով անոր մօ­տե­ցում­նե­րը: Են­թադ­րու­թիւն­նե­րու վրայ հիմն­ուած վեր­լու­ծում­նե­րը ու վե­րագ­րում­նե­րը սկսած են սխալ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ յա­ռա­ջաց­նե­լու Սուր­իոյ մեր հա­մայն­քին նկատ­մամբ, նշեց ան:

Վե­հա­փա­ռը աւել­ցուց. Հարկ է ըլ­լալ ար­թուն, զգօն եւ զգոյշ. այս կա­ցու­թեան մէջ պէտք չէ ան­տե­սել նա­եւ թրքա­կան գոր­ծօ­նը: Շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը` ան կա­րե­ւո­րու­թեամբ յի­շե­ցուց, թէ Սուր­իոյ հա­յու­թիւնը տէրն է իր ճա­կա­տա­գի­րին: Ան ան­բա­ժան մասն է սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին, ջեր­մօ­րէն հա­ւա­տա­ցողն է քրիս­տոն­եայիս­լամ հա­մա­կե­ցու­թեան. կապ­ուած կը մնայ Սուր­իոյ ընդ­հան­րա­կան ու գե­րա­գոյն շա­հե­րուն եւ կը մեր­ժէ որե­ւէ ար­տա­քին ճնշում, որ կը փոր­ձէ հար­ցա­կա­նի տակ առ­նել իր կապ­ուա­ծու­թիւնը Սուր­իոյ ու իր ազ­նիւ ժո­ղո­վուր­դին, որոնց հան­դէպ ինք կը մնայ երախ­տա­պարտ` եր­բե՛ք չմոռ­նա­լով եղ­բայ­րա­կան այն ոգին, որ ցոյց տրուե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ թրքա­կան ջար­դե­րէն ետք: Վե­հա­փա­ռը մի­ա­ժա­մա­նակ յի­շե­ցուց, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը, ո՛ւր ալ ըլ­լան, միշտ յանձ­նա­ռու կը մնան ար­դա­րու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան, ազա­տու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ կրօն­նե­րու, մշա­կոյթ­նե­րու ու ազ­գե­րու խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles