

Արմենակ Եղիայեան
Համագումարը աւարտած էր, եւ պատգամաւորները կամաց-կամաց կը վերադառնային, որքան ալ մասնաւոր սահմանափակում նշանակուած չըլլար անոնց կեցութեան: Աւելի կ’աճապարէին Միացեալ Նահանգներէն ու Եւրոպայէն եկողները, մինչ արեւելքցիներս քիչ մը կը տնտնայինք: Իսկ լիբանանցիներս կը գտնուէինք երկընտրանքի մը առջեւ. իմացանք, որ Լիբանանի օդակայանը վերաբացուած էր, եւ վերահաստատուած էր օդանաւային կապը Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ, սակայն, ինչպէս նկատել տուած եմ նախապէս, մեր անցագրերը պաշտօնական չէին, այլ տրուած էին կեդրոնական իշխանութեան դէմ ըմբոստացած զօր. Միշել Աունի գրասենեակէն եւ կը կրէին անոր ստորագրութիւնը, եւ ահա տարածուած էր ըսի-ըսաւ մը, թէ Պեյրութի օդակայանով վերադարձող ճամբորդողները վար կը դրուէին ներքին ապահովութեան ուժերու կողմէ:
Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս քաղած էր այս տեղեկութիւնը,– յայտնի չէր, բայց կ’ըսէին…
Յամենայն դէպս, կանխելու ի գին ըսեմ ինքս ալ, որ ես որոշեցի Պէյրութի վրայով վերադառնալ՝ այն տրամաբանութեամբ, որ մեր պետութիւնը չէր կրնար ըլլալ այնքան մը դաժան, որ այդ անցագիրին պատճառով հալածէր իր քաղաքացիները, որոնք յառաջացած կացութեան մէջ որեւէ յանցանք չունէին: Եւ չէի խաբուած. երբ օդանաւէն իջնելով ուղղուեցայ դէպի մաքսատան պաշտօնեան, այս վերջինը լայն ժպիտով մը եւ շատ քաղաքավար կնքեց անցագիրս եւ թելադրեց, որ փոխեմ զայն հետագայ ճամբորդութեան նախօրեակին: Այսքան միայն:
Գալով ընկերներուս, Եափուճեան արդէն պիտի Կիպրոս՝ իր գործատեղին երթար, իսկ թէ ճիշդ ինչպէ՛ս վերադարձան միւս երկուքը,– չեմ յիշեր, որեւէ տպաւորութիւն չեմ պահած:
* * *
Այդ անորոշ օրերուն էր, երբ Հարպոյեան առաջարկեց հանդիպիլ Կապի կոմիտէութեան գրասենեակը եւ հրաժեշտ տալ Կարլէն Դալլաքեանին:
Ու այդպէս ալ ըրինք:
Գրասենեակը շատ մօտ էր պանդոկին, հանդիպումը շատ սիրալիր անցաւ, եւ բաժնուեցանք՝ խոստանալով ամրապնդել այս առիթով հաստատուած կապերը:
Ելքի դռան հասեր էինք, երբ աջին, շատ նեղ տարածութեան մը վրայ, սեղանին շուրջ նստած տեսանք Ռոմէն Կոզմոյեանը, որ մեր եկած ատեն այնտեղ չէր գտնուեր: Մօտիկ անցեալին ան Լիբանանի խորհրդային դեսպանատան հայկական բաժանմունքի գործավարն էր: Ունեցաւ բաւական երկար պաշտօնավարութիւն մը՝ շատ սիրալիր յարաբերութիւններ հաստատելով գաղութի բոլոր խաւերուն հետ անխտիր եւ արդարօրէն գնահատուելով բոլորէն:
Ես զինք չէի ճանչցած նախապէս, սակայն Հարպոյեան կը թուէր բաւական մտերմացած ըլլալ հետը, այդպէս կը թելադրէր անոնց անակնկալ հանդիպումին եւ ողջագուրումին որակը:
Շատ կարճ տեւեց այդ հանդիպումը, ու երբ կը բաժնուէինք, Հարպոյեան հարցուց, թէ որեւէ բան կ’ուզէ յղել Լիբանան կամ ստանալ անկէ…եւ ահա Կոզմոյեան տուաւ պատասխան մը, որ օրին ափ ի բերան ձգեց զիս ու կը շարունակէ ապշեցնել մինչեւ այսօր ալ.
–Կը խնդրեմ, որ շարունակէք ընել այնպէս, որ մերոնք (իմա՝ հայաստանաբնակները—ԱԵ) շարունակեն հաւատալ, թէ սփիւռքը իր 70.000 զինեալներով միշտ պատրաստ է պաշտպանել հայրենիքը ամէն վտանգի դէմ…
Ականջներուս չէի հաւատար, ու երբ դուրս ելանք՝ դիմեցի ընկերոջս.
–Այս ի՞նչ պատմութիւն է, Կարպի՛ս, ո՞ր զինեալներուն մասին կը խօսի:
–Այստեղ տարածուած է անըմբռնելի թիւրիմացութիւն մը, թէ սփիւռքը կը պահէ մինչեւ ատամները զինուած 70.000 հաշուող գաղտնի բանակ մը՝ Հայաստանի ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող որեւէ վտանգի առթիւ միջամտելու համար:
Ուրեմն Կոզմոյեան շատ լաւ կը ճանչնար նման ըսի-ըսաւի մը էութիւնը, այսուհանդերձ կը խնդրէր, որ սփիւռքը շարունակէ օրօրել Հայաստանը այդ սին առասպելով: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս,– Աստուած գիտէ:
* * *
Հայրենիք այդ այցելութեանս ունէի սրտի պարտք մը, որ չէի կրցած հատուցել՝ միշտ փնտռելով աւելի յարմար առիթը, որ մինչեւ վերջ ալ չներկայացաւ: Որոշած էի անպայման հանդիպիլ հայրենի լեզուաբան Վարագ Առաքելեանին, որուն աշխատութիւնները յափշտակեր էի, մասնաւորաբար «Հայերէնի շարահիւսութիւնը»-ի երկու ստուար հատորները, որոնք բարձի գիրքս եղած էին եւ որոնց բովանդակած գիտելիքներուն մէջ հեշտագին կը դեգերէի ընդերկար ու պիտի շարունակէի դեգերիլ, որովհետեւ այնքան ճոխ է ան ու այնքան առինքնող: Իմ ինքնուս գիտելիքներուս համեստ օժիտի ձեւաւորումին մէջ շատ բան կը պարտիմ անոր բոլոր գործերուն ու յատկապէս «Շարահիւսութիւն»-ին: Եւ հիմա առիթը կը ներկայանար անձամբ ճանչնալու հեղինակը:
Առաւօտ մըն էր, երբ ուղղուեցայ անոր աշխատավայրը, որ Լեզուի ինստիտուտն (հիմնարկ) էր, Անի հիւրանոցէն քանի մը քայլ անդին, Աբովեանի եւ Սայաթ-Նովայի հատման անկիւնին վրայ: Բաւական ընդարձակ ու բազմայարկ կառոյց մը, որուն մուտքին հաստատուած մետաղեայ ցուցանակը օգնեց, որ կողմնորոշուիմ, ու մտայ ներս: Հազիւ մտած՝ պէտք է բարձրանայի երկար սանդուղ մը, որուն աջին, ընդարձակ բացատի մը կեդրոնը կը գտնուէր փոքրիկ տաճար մը, մօտաւորապէս 5,5մ x 7,5մ չափերով միջնադարեան գողտրիկ մատուռ մը, որ ունէր իր պատմութիւնը:

Ուրեմն ան կը կոչուէր ս. Կաթողիկէ, որ վերապրած էր 1930-ական թուականներուն տեղի ունեցած համատարած նախճիրէն, որուն զոհ գացած էին բազմատասնեակ աղօթատեղիներ,– որոնց կարգին այս նոյն մատուռին կից գտնուող աւելի ծաւալուն ս. Աստուածածին եկեղեցին,– համայնավարութեան հակակրօն պայքարի ծիրէն ներս: Կառոյցին ճարտարապետը իր նախաձեռնութեամբ յաջողած էր բարձրադիր պարիսպներով աչքերէ հեռու պահել յարակից տարածքը ու խնայել մատուռի գոյութեան:
* * *
Անկախութենէն ետք Լեզուի ինստիտուտը հիմնայատակ քանդուեցաւ պարիսպներով մէկտեղ, ու իր լման ծաւալով ի յայտ եկաւ ս. Կաթողիկէն, որուն գոյութեան շատեր անտեղեակ եղած են նախապէս, այնքան լաւ թաքնուած էր ան:
Այդ կալուածը հետագային դարձաւ սեփականութիւնը Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, որ մատուռին կից 2014-ին կառուցել տուաւ շքեղ տաճար մը՝ ս. Աննան, «արդեամբ եւ ծախիւք» Հրայր Յովնանեանի, որուն կնոջ անունը կը կրէր ան: Նոյն տեղը կառուցուեցաւ նաեւ էջմիածնապատկան գեղակերտ շէնք մը, որ ենթադրուած էր իբրեւ նստավայր ծառայել կաթողիկոսին եւ ուր կը նախատեսուէր կազմակերպել հոգեւոր դասընթացքի լսարաններ:
Այս առթիւ Աբովեանի ու Սայաթ-Նովայի եզերած տարածքները, որոնք հարաւէն ու արեւելքէն մօտիկ անցեալին պարսպապատուած էին, ճիշդ որոշումով մը՝ մնացին բոլորովին ազատ, որով զոյգ եկեղեցիները իրենց լման ծաւալով կը դառնային տեսանելի ու մատչելի քովնտի մայթերէն քալողներուն:
2017-ին աւելի քան ժամ մը անցուցի այնտեղ:

Ոչ մէկ հոգեւորական տեսայ ու ոչ մէկ հոգեւոր լսարանի ականատես եղայ:
Նորակերտ եկեղեցին իր ծաւալով կլանած էր ս. Կաթողիկէն, որ լքուած ըլալ կը թուէր, մինչ ինքը՝ ս. Աննան, բաւական բանուկ էր, մնայուն ելեւմուտք ունէր. հաւատացեալներ կը մտնէին, մոմ կը վառէին, ծունկ մը աղօթք կ’ընէին ու կ’ելլէին:
Ճարտարապետական սխալ յղացումի զոհ գացած էր մատուռը, որովհետեւ ս. Աննան բոլորովին մօտիկ, համարեա կից կառուցուած ըլլալով անոր՝ իր զանգուածով ճզմած էր զայն, որով ան կորսնցուցած է իր ինքնութիւնը, ձեւով մը նսեմացած, լուծուած, վէրքի մը պէս խրած էր անոր կողին: Թող որ ս. Աննան, այլապէս գեղեցիկ կառոյց մը, իր կարգին նսեմացած էր: Մինչդեռ եթէ բաւարար միջոց տրուէր անոնց միջեւ, մեկուսի՝ ան շատ աւելի գրաւիչ ու ինքնուրոյն պիտի դառնար ու պահէր այն վաղեմի խորհուրդն ու հմայքը, որ ունեցած էր, թէկուզ քողածածուկ ու քիչերուն ծանօթ շրջապատին մէջ, ուր ինք առանձին կ’իշխէր իր հնութեամբ՝ իբրեւ հայ ճարտարապետական արուեստի գոհարներէն մէկը:
Այդպէսով պիտի փրկուած ըլլային երկու կառոյցներն ալ:
Ծանօթ.—Ս. Աննայի կառուցումի նախօրեակին, երբ յայտնի դարձած է, թէ ո՛ւր եւ ի՛նչ ծաւալով պիտի կանգնի ան, տեղի ունեցած են բողոքի ցոյցեր «դադարեցրէ՛ք Կաթողիկէի այլանդակումը» բնաբանով, սակայն եւ այնպէս անոնք որեւէ արդիւնք չեն տուած: