Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Մարի Ուզղուշեան – Վարդանեանի Մահը

Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին վերապրողներէն՝ Մարի Ուզղուշեան – Վարդանեան մահացաւ Կիրակի 28 Յունիսին։
Մարի ծնած էր 17 Օգոստոս 17, 1914-ին, պատմական Կիլիկիոյ հայաշատ քաղաքերէն՝ Այնթապի մէջ; Յակոբ եւ Մարիցա Ուզղուշեաններու անդրանիկ զաւակն էր Մարին։ Ունէր երկու քոյր՝ Ալիս եւ Անի, եւ մէկ եղբայր՝ Գէորգ։
Երբ հազիւ ութ գարուններ բոլորած էր, ընտանիքը հարկադրուեցաւ գիշերով փախուստ տալ իր հայրենիքէն՝ Այնթապի մնացեալ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան օրերուն, ապաստան գտնելով Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ։ Ան նախնական կրթութիւնը ստացած էր Այնթապի Կրթասիրաց Հայկական վարժարանին մէջ՝ մինչեւ վեցերորդ դասարան։ Փոքր տարկէն իսկ, ան կը զբաղէր հիւսուածքով եւ ասեղնագործութեամբ։ Յատկապէս գորգագործութեան մէջ առանձնայատուկ մասնագիտութիւն ունէր՝ պահպանելով Այնթապի աւանդական հայկական նախշերը։ Թէեւ կորսնցուց իր ծննդավայրը, սակայն ան երբեք չկորսնցուց իր հայկական ինքնութիւնը։ Հայրենիքը իր սրտին մէջ մնաց մինչեւ կեանքին վերջին օրը։
Հալէպի մէջ ան հանդիպեցաւ իր կեանքի ընկերոջ՝ յայտնի ջութակահար եւ երաժիշտ Յովհաննէս Վարդանեանին, որ իր հօր նման, տաղանդաւոր ջութակահար եւ յօրինող էր։ Ան ելոյթներ կ’ունենար Հալէպի մէջ եւ իր երաժշտական վաստակին համար արժանացած էր Սուրիոյ ազգային շքանշանի։ Իր արուեստագէտի գործունէութիւնը զինք առաջնորդեց Միջին Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներ, ուր յաճախ համերգներ կու տար։ Մարին մեծ հպարտութեամբ կը հետեւէր ամուսնոյն յաջողութիւններուն։ Անոնք միասին կազմեցին ընտանիք մը եւ ունեցան վեց զաւակներ՝ Սարգիս, Զաւէն, Կարպիս, Ֆլորա, Լիզա եւ Աւետիս։
1960-ականներու աւարտին ընտանիքը հաստատուեցաւ Պէյրութ։ Այդ շրջանին Մարիին իրականութիւն դարձաւ իր կեանքի մեծ երազը՝ այցելել Հայաստան եւ Երեւան։ Սակայն շուտով կորսնցուց իր սիրելի կողակիցը եւ մնաց այրի։ Բայց Մարին երբեք չընկճուեցաւ։ Հաւատքով, արժանապատուութեամբ եւ բացառիկ տոկունութեամբ շարունակեց իր կեանքը՝ ամբողջովին նուիրուելով իր ընտանիքին։
Երբ իր երկու որդիները գաղթեցին Միացեալ Նահանգներ, Մարին 1972-ին անոնց հետեւեցաւ եւ հաստատուեցաւ Ուոթըրթաուն (Մասաչուսէց)։ 1976-ին, Մարիի դուստրը՝ Լիզան, իր ամուսնոյն՝ Յակոբ Տարեանին եւ զաւակներուն հետ նոյնպէս հաստատուեցան այնտեղ։ Թէեւ որդիները հետագային փոխադրուեցան Քալիֆորնիա, Մարին որոշեց մնալ Ուոթըրթաուն, ուր իր կեանքը նուիրեց եկեղեցւոյ, ընտանիքին եւ համայնքի ծառայութեան։ Տասնամեակներ շարունակ ինքնուրոյն ապրեցաւ՝ սէր եւ հոգատարութիւն ցուցաբերելով իր դստեր, թոռներուն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Յակոբ հայոց եկեղեցւոյ, տիկնանց միութեան եւ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի տիկնանց յանձնախումբին։
Մարին կը սիրէր ճամբորդել։ Ամէն առիթով կ’այցելէր իր սիրելիները՝ Քալիֆորնիա, Լիբանան եւ նոյնիսկ Վենեզուելա, ուր կը բնակէր իր եղբայրը՝ Գէորգը։ Նոյնիսկ 90 տարեկաններէն ետք ալ, ան կը շարունակէր ճամբորդել։ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի տիկնանց յանձնախումբին հետ շրջեցաւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներ։ Իսկ իր 100-րդ տարեդարձին՝ դստեր Լիզայի եւ փեսային՝ Յակոբ Տարեանին հետ մեկնեցաւ Լիբանան, Սուրբ Ծնունդը անցընելու իրենց դստեր Ժանինի եւ անոր ամուսին Րաֆֆի Շեմէմեանի ընտանիքին հետ։
Մարին 45 տարի բնակութիւն հաստատեց Ուոթըրթաունի մէջ։ Մինչեւ 101 տարեկան առանձին կ’ապրէր։ Անկումէ մը ետք տեղափոխուեցաւ Ճամայքա Փլէյնի (Մասաչուսէց) հայկական խնամքի եւ վերականգնման կեդրոն, ուր կարճ ժամանակի մէջ արժանացաւ բնակիչներուն եւ անձնակազմին սիրոյն ու յարգանքին։
Ապրիլ 2024-ին, 109 տարեկան հասակին, Մասաչուսէցի նահանգային օրէնսդիր տան մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով, Մեծն Պոսթընի Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը զինք յատուկ կերպով պատուեց։ Մասաչուսէցի ներկայացուցիչներու տունն ու ծերակոյտը միասնաբար գնահատեցին անոր երկարամեայ ներդրումը ամերրկահայ համայնքի ծառայութեան մէջ։
Մարիի կեանքը ընդգրկեց մօտ 112 տարի։ Ան ականատես եղաւ ցեղասպանութեան, տեղահանութեան, այրութեան, նոր գաղթերու եւ ամբողջ սերունդներու աճին ու ծաղկման։ Իր ետին ձգեց 15 թոռ, 21 ծոռ եւ երկու ծոռնորդի։ Բայց բոլոր դժուարութիւններուն մէջ մնաց անսասան իր քրիստոնէական հաւատքին, ընտանիքին եւ հայկական ինքնութեան մէջ։
Մարին համոզուած էր, թէ ինք միայն իր համար չէր ապրեր։ Ան իր ուսերուն կը կրէր ամբողջ ժողովուրդի մը յիշողութիւնը։ Երբ ան իր հոգին աւանդեց, կը համարուէր Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին յայտնի վերապրողներէն մէկը։ Իր ամբողջ կեանքի պատգամը մէկն էր.-
«Հայե՛ր, թող չմոռնաք Ապրիլ 24, 1915-ը»։
Այս պատգամը մարմնաւորեց իր կեանքի ամենանշանաւոր գործին մէջ։ Ան իր ձեռքով ստեղծեց մեծածաւալ ասեղնագործութիւններ, որոնց վրայ ոսկեթելով կը կարդացուէին.
«Հայե՛ր, թող չմոռնաք Ապրիլ 24-ը»
Խաչի պատկերով եւ իր սկզբնատառերով զարդարուած այս գործերը նուիրեց իր ընտանիքին, թոռներուն, հարազատներուն, Պոսթընի շրջանի հայկական եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Սուրբ Էջմիածնին։
Հոկտեմբեր 2024-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Արեւելեան Առաջնորդարան իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, այցելեց զինք հայկական խնամքի տունը։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Մարիի տոկունութիւնը, հաւատքն ու ազգային նուիրուածութիւնը եւ յատուկ օրհնութիւն տուաւ անոր։ Մարին, իր սովորական խոնարհութեամբ, Նորին Սրբութեան նուիրեց իր վերջին մնացած «Ապրիլ 24» ասեղնագործութիւնը։
Մարի Վարդանեան կը ցանկար, որ ամէն սերունդ յիշէ՝ ոչ միայն մեր նախնիներու տառապանքը, այլ նաեւ անոնց տոկունութիւնը, կամքն ու յաղթանակը դժուարութիւններուն դէմ։ Իր կեանքի մեծագոյն սէրը Հայաստանն ու հայ ժողովուրդն էին։ Ան խոր հպարտութեամբ կը կրէր իր հայկական ժառանգութիւնը, լեզուն, մշակոյթը եւ քրիստոնէական հաւատքը։
Մարին միայն վերապրող մը չէր։
Ան ընտանիքի սիւնն էր։
Մայր ու մեծմայր էր։
Պատմագիր էր։
Ուսուցիչն էր։
Ան կապն էր մեր նախնիներուն եւ այն հայրենիքին, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին ապրեցաւ իր սրտին մէջ։
Ան վերապրեցաւ, որպէսզի սերունդներ գոյութիւն ունենան։
Ան յիշեց, որպէսզի բոլորն ալ յիշենք։
Այսօր մխիթարութիւն կը գտնենք այն գիտակցութեամբ, թէ ան այժմ հանգչած է Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ներկայութեան մէջ, վերամիացած իրենմէ առաջ մեկնած սիրելիներուն եւ շրջապատուած Աստուծոյ յաւիտենական խաղաղութեամբ։
Յիշատակդ օրհնեալ ըլլայ։
Ննջէ՛ հանգիստ, մեր սիրելի Մայրիկ եւ Մեծմայրիկ։
Մարի Վարդանեանի ներշնչող կեանքը յիշատակող եւ պատուող յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 7 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս հայկական եեղեցւոյ մէջ (38 Elton Avenue)։
Այցելութեան ժամերը պիտի ըլլան առաւօտեան 10:00 -11:00, նոյն եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ յուղարկաւորութենէն անմիջապէս առաջ։
Յուղարկաւորութենէն ետք, թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուաթըրթաունի Ridgelawn Cemetery գերեզմանատան մէջ։
Ընտանիքին փափաքն է, որ փոխան ծաղկեպսակի, յիշատակի նուիրատուութիւններ կատարուին Մարի Վարդանեանի յիշատակին՝ Սուրբ Ստեփանոս (38 Elton Ave., Watertown, MA 02472) կամ Սուրբ Յակոբ (465 Mt. Auburn St., Watertown, MA 02472) եկեղեցիներուն։

