Հայկազ Մկրտչեանի Եւ Իր Մարտի Ընկերներուն Յիշատակին` «L՛Affiche Rouge»… (Կարմիր Որմազդը)
ՇԱՂԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Պոսթըն, 8 Յուլիս 2026
Կան պայմանադրական գրական էջեր, որոնց արձագանգը զանցելով պահու ժամանակաւոր գրգիռը ընթերցողին կը հասնի տասնամեակներ ետք: Գրագէտին տաղա՞նդը, արծարծուող հարցին համամարդկային ըլլա՞լը, թէ՞ հասարակական-ընկերային որոշ կեցուածքներու դասականացած կրկնողականութիւնը կ՛ընեն այնպէս, որ այդ էջերը վերակարդացուին նոր պայմաններու մէջ ու վերարժեւորեն իրենց ազդու դերը: Անոնցմէ է Լուի Արակոնի 1955-ին գրած, «L՛Affiche rouge»-ին նուիրուած` «Յիշողութեան քառեակներ», «Stances pour se souvenir» բանաստեղծութիւնը:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի սկիզբէն իսկ ֆրանսական ռազմական ուժը տեղի տուաւ գերմանականի «կայծակնային» գրոհին: Գրաւեալ Ֆրանսայի մէջ ծայր առաւ եւ ամբողջ պատերազմի ընթացքին թշնամի ուժերուն դէմ գործեց ֆրանսական ժողովրդային Դիմադրութեան շարժումը` իր այլազան խմբաւորումներով, համայնավարներէն մինչեւ կաթողիկէները: Ան գործեց թշնամի գերմանական ուժերուն ե՛ւ անոնց գործակից, հարազատ ֆրանսական Վիշիի կառավարութեան դէմ: Մարդկային արժանապատուութեան այս պայծառ դրսեւորումին մասնակից եղան նաեւ ոչ ֆրանսացիներ, կազմուեցաւ օտար մարտիկներէ բաղկացած ջոկատ մը` Միսաք Մանուշեանի ղեկավարութեամբ: Այդ անձնուրաց ջոկատին բոլոր անդամները բռնուեցան եւ գնդակահարուեցան: Մինչ այդ նացի քարոզչական մեքենան փորձեց արժեզրկել Դիմադրութեան շարժումի ծիրին մէջ գործող այս մարտիկները եւ 1944-ին պատրաստեց «L՛Affiche rouge» կոչուող կարմիր որմազդ մը, ուր ոչ ֆրանսացի ըմբոստներու դէմքերը կ՛երեւէին հետեւեալ հեգնական եւ պախարակիչ խօսքերով`«Ազատագրողնե՞ր», «Ազատագրում ոճրային բանակին կողմէ»… Այս որմազդէն 15.000 օրինակներ Փարիզի փողոցները ողողեցին: Սակայն ֆաշական բռնութիւնն ու կեղծիքը տուին հակառա՛կ արդիւնքը. իբրեւ ոճրագործ ցուցադրուող ջոկատի անդամները դարձան Դիմադրութեան շարժումի հերոսներ: Բանաստեղծներ, երգիչներ, բեմադրիչներ անոնց ձօնեցին գրութիւն, երգ ու շարժանկար, ֆրանսական գրականութեան դասագիրքերուն մէջ երեւցաւ «L՛Affiche rouge»-ը` ընկերակցած Արակոնի քառեակներով, ուր յատկանշական տող մը կը նշէ, թէ գիշերները «թափառող ձեռքեր» այս որմազդներուն տակ կը գրէին` «morts pour la France!»
Mais à l’heure du couvre- feu des doigts errants
Avaient écrit sous vos portraits MORTS POUR LA FRANCE
Ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութիւնը արեւմտեան-եւրոպական շղարշով քողարկուած թրքական պետութեան լծակիցի անկողինին մէջ ընկողմանած է: Վերջերս Երեւանի քաղաքապետարանի հրամանով յատուկ խողովակով աւրուեցաւ Երեւանի անցքերէն մէկուն պատին փակցուած հայ-ազրպէյճանական պատերազի հերոս Հայկազ Մկրտչեանի դիմանկարը…
Անձկութեամբ կը սպասեմ, որ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ Հայկազ Մկրտչեանին նկարը փոխարինեն նո՛ր պատկերով: Կը սպասեմ նաեւ, որ այդ երիտասարդ-երիտասարդուհիները, անդուլ եւ անկոտրում հաւատքով, գիշերները, Երեւանի անցքերուն, փողոցներուն պատերը ողողեն նորագոյն մեր պատմութեան ջան ֆետայիներու` Արցախի եւ Հայաստանի համար մարտնչած ու զոհուած հերոսներուն նկարներով ու տակը գրեն` «Ինկան Հայաստանի համար»…


