ԱզգայինԼրահոս

Հայկազեան Համալսարանը Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակը

ՊԷՅՐՈՒԹ ․- Հայկազեան համալսարանը հանդիսաւոր կերպով ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը՝ յարգելով մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը եւ վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը պատմական ճշմարտութեան, արդարութեան եւ հայկական ինքնութեան պահպանման նկատմամբ։

Ապրիլ 24-ի երեկոյեան, համալսարանի անդամները համախմբուեցան Մուկար շէնքի պարտէզին մէջ՝ յուզիչ արարողութեան մը համար, որ նշուեցաւ երաժշտութեամբ, խորհրդածութեամբ եւ աղօթքով։ Լռութեան մէջ կազմուած հանդիսաւոր շրջանակի մը մէջ, մասնակիցները յարգանքի մատոյց կատարեցին մոմերով եւ համատեղ լռութեամբ՝ ծաղիկներ զետեղելով խորհրդանշական յուշակոթողի ստորոտին՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։

Ոգեկոչումը սահմանափակուած չէր միայն յիշատակումով։ Ան կը ներկայացնէր արժանապատուութեան, արդարութեան, վերածնունդի եւ յիշելու բարոյական մնայուն պարտաւորութեան հաւաքական վերահաստատում մը։ Հաւաքը նաեւ յարգեց մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու բոլոր զոհերուն յիշատակը՝ ազգերու եւ պատմութեան ընթացքին։

Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Տոքթ. Փօլ Հայտոսթեան (աջին) եւ իր կողքին՝ համալսարանի շրջանաւարտներէն եւ Լիբանանի ընկերվար կուսակցութեան ղեկավար՝ Ուալիտ Ժոմպլաթ

Արարողութեան մաս կը կազմէր գեղարուեստական յայտագիր։ Երաժշտական ակումբի անդամ Մարք Կիւլկիւլեան ներկայացուց Շարլ Ազնավուրի «Ils sont tombés»-ն։ Այնուհետեւ, աղօթք կատարեց համալսարանի հոգեւոր հովիւ Տ. Ուիլպըրթ Վան Սան։

Իր խօսքին մէջ, համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Տոքթ. Փօլ Հայտոսթեան ներկայացուց խորաթափանց անդրադարձ մը յիշողութեան, արդարութեան եւ բարոյական պատասխանատուութեան շուրջ։ «Յիշողութիւնը արդարութեան համար գործելու գլխաւոր միջոցներէն մէկն է։ Սակայն պատմութեան խեղաթիւրումը յանցագործին կողմէ ժխտման միջոց մըն է։ Յիշելն ու արդարութիւն պահանջելը քաղաքական խաղաքարտեր չեն պետութիւններու սեղանին վրայ, այլ ցեղասպանութեան բնական արձագանգ են։ Նահատակները յիշելով՝ մենք կը վերահաստատենք ամէն մարդկային կեանքի սրբազան արժանապատուութիւնը, որովհետեւ անմեղներուն եւ անոնց սերունդներուն աղաղակը երբեք չի կորսուիր Աստուծոյ առջեւ», ըսաւ ան։

Advertisement Subscribe Today

Ան նաեւ ընդգծեց Ապրիլ 24-ի շարունակական արդիականութիւնը. «Ապրիլ 24-ը միայն թուական մը չէ, այլ՝ խղճին ուղղուած կոչ մըն է։ Նոյն խիղճը այսօր կոչուած է սգալու Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման նոր ձեւերը եւ մեր շրջանին մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութիւններու նոր դրսեւորումները»։

Կեդրոնանալով համալսարանի ակադեմական առաքելութեան վրայ՝ Հայտոսթեան եզրափակեց. «Ասիկա ակադեմական հաստատութիւն մըն է, եւ մեր հիմնական բարոյական կոչումներէն մէկն է մեր համայնքին սորվեցնել ապրիլ խաղաղութեան եւ արդարութեան համար, եւ կոչել ոճիրները իրենց անուններով՝ անկախ յանցագործէն, գործուած ժամանակէն կամ ծաւալէն»։

Այս ոգեկոչման միջոցաւ, Հայկազեան համալսարանը անգամ մը եւս պաշտպանեց ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը, սերմանելով յիշատակի ժառանգութիւն մը՝ ապագայ սերունդներուն համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button