Հայերէնն Ու Միւսը…

0 0
Read Time:4 Minute, 42 Second

Գէորգ Պետիկեան

Եթէ երկու շաբաթէ ի վեր, այդ թաղի մեծ տան, նոյնքան մեծ սենեակներէն մէկուն մէջ շարունակաբար պտտող աղմուկը, բնակարանի լայն պատուհաններու ճեղքերէն դժուարութեամբ հասած էր պատկից դրացիի սահմաններուն, իսկ այսօր՝ նոյն այդ աղմուկը, ճեղքելով տան պատերը, արդէն անցած էր բոլոր սահմանները:

Սովորական աղմուկ մը չէր այս մէկը, այլ՝ ժխոր: Պոռալ, կանչել, յուզուիլ, լալ եւ ապա քարացած լռութիւն ու յաջորդ օր՝ նոյնին կրկնութիւնը:

Արագընթաց սուլացող այս աշխարհին մէջ, ուր օրերը վայրկեանով կը հաշուեն, հիմա հո՛ս մեծ տագնապով մը սկսած էին հալիլ եւ մաշիլ՝ միաժամանակ մաշեցնելով շուրջիններու հոգիներն ալ:

Սակայն այս բոլորը, կեանքի պարապին մէջ պտտող զանազան մտքերու բախումի մը պարզ եւ անիմաստ շարանը չէր: Տագնապ մը, եթէ կ’ուզէք, որ թէեւ նոր էր, բայց միշտ զգալի ու մանաւանդ լսելի էր իր արձագանգով եւ իր «ինչու»ներու շարանով: Մէկ խօսքով՝ անհատնում, նոյն տեսակի հարցականներ: Անոր համար օրերը գեղեցիկ չէին:

Եթէ պատահմամբ դրկից դրացիին հարց տրուէր, թէ այդ ինչե~ր «կը դառնային» իրենց հարե-ւանի տան մէջ, անմիջապէս պիտի բացատրէր ըսելով, թէ այդ բազմամարդ ընտանիքի մեծ տղան, որոշած է եւ անպայման կ’ուզէ համալսարանը շարունակել թրքագիտութեան բաժնէն ներս: Իսկ անոր  հայրը՝ թունդ հայրենասէր մը, պոռալով կ’ընդդիմանայ այս որոշման դէմ, միաժամանակ բարձրաձայն բացատրելով, թէ նման բան, «փոր չի կշտացնէր»:

Հայրը, թերեւս իրաւունք ալ ունի, որովհետեւ կ’ուզէ, որ իր զաւակն ալ, բոլոր մեծ ու փոքր, մօտ ու հեռու զարմիկներուն նման, լաւ եւ բարձր «տեղ» մը հասներ: Որովհետեւ անոնք, գրեթէ բոլորն ալ մէկական տիտղոսներու «տէրեր» դարձած էին: Մեծ-մեծ վկայականներու տիրացած: Մէկը՝ փաստաբան, միւսը՝ բժիշկ: Այն մէկը՝ նոյնիսկ իր «աղջիկ հալով» երկրաչափ, իսկ անոր քոյրն ալ՝ դեղագործ: Տակաւին աւելին՝ մօրեղբօր զաւակներէն մէկը՝ «ֆապրիքայի» տէր, իսկ միւսը՝ «պանքայի մէնէճըր»:

Եկուր եւ մի՛ խենթանար: Եկուր եւ դիմացի՛ր: Ուրկէ՞ ուր եւ ո՞վ իր տղուն գլխուն մէջ այս «ասպարէզին» գաղափարը մտցուցած էր, Աստուած գիտէ: Չար սատանայ:

Թրքագէտ դառնալ… օսմաներէնի մասնագէտ: Ինչո՞ւ…անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ կամ ալ այս երկրին մէջ մանաւանդ սպաներէնի կատարելապէս տիրանալը պատիւ չի բերեր: Անհասկնալի էր: Ասոնք՝ փնտռուած ասպարէզ-լեզուներ էին: Դրամ կրնայիր շահիլ: Տուն ապրեցնել: Ապահով նիւթական:

Այսպէ՛ս կը տրամաբանէր հայրը: Անոր համար խելքին չէր պառկեր: Անոր համար էր, որ կը բարկանար: Կը պոռար: Ըսելիքը գոռալով կ’ըսէր: Կը կրկնէր: Համոզելու սովորական եւ յատկապէս արեւելեան ձեւ, միջոց եւ որդեգրում: Իսկ եւ կամ՝ մանաւա՛նդ թրքերէնը…: Է՜հ, ամօթ էր: Իր  ընտանիքին չէր վայելեր: Ծօ՛, այս օրերուն նոյնիսկ Արարատ լեռը բարձրանալու համար, պայման չէր թրքերէն գիտնալը: Լեռ բարձրացնող այդ քիւրտերը, անգլերէն ալ գիտէին:

Տղուն համար շատ յստակ էր, թէ իրենց տան մտայնութեան մէջ բոլոր ժամանակները իսկապէս եւ գերազանցապէս նիւթականացած էին, միաժամանակ նիւթականացնելով ընտանիքի անդամներուն մտածելակերպն ալ:

Տան մեծին, այսինքն հօրը մօտ, այս հարցին, մայրենի լեզուին կապուածութեան «ջիղ»-ն էր, որ կը մտահոգէր: Իսկ տան մայրն ու իր երկու աղջիկները, այս երկուքին «մէջտեղ» մնացած էին: Շուարած: Անորոշ վիճակ:

Հայր եւ մանչ զաւակ: Ուղղակի պատերազմ՝ թէեւ անարիւն, բայց աղմկալից: Տեսանելի եւ նոյնքան ալ շօշափելի ու զգալի մեծ տագնապ մըն էր ստեղծուածը: Վիճելու ընթացքին  փոխանակուած բառերը, թէեւ այրող էին սակայն ունէին տեսակաւոր համոզումներ: Տան հայրը՝ ազգային ինքնութեամբ մտահոգ մարդ, իր խօսած ատեն սիրտը մինչեւ բերանը կու գար: Ինք՝ միշտ հպարտ եղած էր ի՛ր ժողովուրդով, ի՛ր լեզուով եւ ի՛ր հաւատքով: Անոր համար հիմա իր զաւկին այս հարցը, իրեն համար անժամանակ «տագնապը» բերած էր: Զաւկին այս որոշումը, ամբողջ տունը տակն ու վրայ ըրած էր: Իր սիրտն ու ուղեղը, արմատներէն շարժած էին: Անոր մօտ, նիւթը դարձած էր ժամանակի աստուածը:

Իսկ մանչը՝ կը փորձէր բացայայտել այնպիսի շերտերով, որոնք ցարդ չէին յայտնուած: Յստակ էր, թէ ան ունէր նոր մտածելակերպ, իր ինքնութիւնը պահելով հանդերձ: Տղան նաեւ կը փորձէր համոզել, թէ ժամանակն է սթափելու եւ եղած մօտեցումներն ու  ընբռնումները վերանայելու: Բայց ո՞վ էր լսողը եւ ո՞վ էր հասկցողը եւ կամ հասկնալ ուզողը:

Ահա երկու կեանք եւ հակասական: Մէկ բան յստակ էր, թէ այս հարց-տագնապին լուծումը երկինքէն պիտի չգար: Տարակարծիք կողմերուն համար ալ անոր վերջնական լուծումը՝ հասկնալի էր: Երկուքին մօտ ալ հայու հոգին տագնապի մէջ էր: Բանականութիւնը կը թելադրէր ե՛ւ կազմակերպուածութիւն ե՛ւ հաւատք՝ կատարուած առաջարկին: Տղուն մօտ կար այն տրամաբանութիւնը, թէ վէճի գլխաւոր տուն տուող պատճառը հայու ձրի հպարտութիւնն էր: Մէկ կողմէ «մեզմէ չէ՛, մերը չէ» վարկածը կար հօրը մտքին մէջ: Տեսանելի էր, թունաւոր ատելութեան նման:

Բայց, չէ՞ որ մարդ արարածը երբ ամէն մէկ լեզու ունենար կամ սորվէր, մէկ մարդ կը նշանակէր: Չէ՞ որ, որքան լեզու գիտնաս, այդքան մարդ ես: Չէ՞ որ ժամանակին, տան մէջ, իրենք՝ էրիկ-կնիկ, երբ իրարու գաղտնի ըսելիքներ կամ փոխանցելիքներ ունենային, եւ որպէսզի պզտիկները չհասկնային, այդ լեզուին կը դիմէին: Ուրեմն՝ լճացած գիտութիւն:

Երիտասարդ եւ ուսումնատենչ այս տղուն համար կարգախօսերը ոչինչ կրնային փոխել այս ցաւալի իրականութենէն: Կը բաւէ մենք զմեզ խաբենք, կը կրկնէր շարունակ: Անդրադառնանք: Կը բաւէ անմշակ եւ անկազմակերպ միտքերու ծնունդը: Մեզի վայել չեն:

Այսպէս կը մեկնաբանէր տղուն միտքը: Յայտնի էր, թէ նման խօսքեր եւ կամ «փաստեր» տան մթնոլորտը առաւել եւս կը դարձնէին պառակտիչ:

Իսկ հայրը, որ «գիտակից» համոզում ունէր իր ազգին եւ մարդկութեան, տխուր ու մտահոգ հերոսներու նման, արդէն ինքնածին վախ մը կարծես կամաց-կամաց կրծած էր իր ինքնութիւնը: Իր ներսին, հոգեկան խուճապ եւ տագնապ, օրին գրաւած էին իր գիտակցութիւնը:

Ինչո՞ւ…ինքն ալ չէր գիտեր: Դէմ էր այդ լեզուին եւ վերջ:

Սակայն մանչը՝ թէեւ ջղային, սակայն պարզ եւ յստակ կը հետեւէր իր հաւատքի ճամբուն:

Վերջ ի վերջոյ չէ՞որ իր ապագան էր, երկար մտածուած եւ «բլանաւորուած»:

Այս լեզուն իրեն համար մասնագիտութիւն պիտի դառնար եւ ինք ինչե~ր պիտի կարենար ընել…: Այսչափ: Սակայն ո՞վ էր հասկցողը:

Ու այսպէս, թէեւ այդ տունը տակաւին կը շարունակէր ապրիլ վիճակներու անօրինակ խառնուրդը, թէեւ խեղճ մայրը պաղատագին եւ ամէն վէճի սկիզբին, երկու կողմերուն ալ կը դիմէր դադրեցնել ստեղծուած այդ ատելութիւնը ու հակառակ այս ծանր իրականութեան, սակայն շաբաթներ ետք, իր երազներու հոսանք-ալիքներով, տղան յամառօրէն ամբողջացուցած էր համալսարանի իր նախասիրած թրքագիտութեան մասնագիտութեան ճիւղի այդ  դիմումնագիրը, հեռու իր հօրը երազներէն, եւ մանաւանդ վիճաբանութիւններէ յոգնած հոգիէն:

Ինք, իր ձեռքով եւ խղճով որոշած էր իր ճակատագիրը: Ահա այս էր կեանքը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles