Հայեացք Ստեփանակերտէն․- ԿՌԻՒ՝ ՅԱՐԱՏԵՒՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 13 Second


Անդրանիկ Գասպարեան

(Լոյս տեսած՝ «Հայրենիք»-ի անգլերէն բաժնի «Տը Արմինիըն Ուիքլի»-ի Հոկտեմբեր 16, 2020- ի համարին մէջ)
Թարգմանեց՝ Յարութիւն Մըսրլեան

Հոկտեմբեր 18, 2020

Այս առաւօտ, հեռուէն կանոնաւոր կերպով հասնող դափիւնները արթնցուցին ինձ, մինչ Արցախի մայրաքաղաքը մէյ մը եւս կ՚ենթարկուէր Ատրպէյճանի օդային ռմբակոծման: Բարեբախտաբար, կարճ տեւեց ռմբակոծումը: Թէեւ ղրկուած այս պատուէրը նորութիւն մը չէ՛ր, բայց կը շեշտուէր որ Ատրպէյճանն ու իր զօրաւոր բարեկամները պիտի չհեռանան մօտ ապագային: Ո՛չ այս անգամ…
Մինչ պատերազմը կը շարունակուի Արցախի տարածքին, Ստեփանակերտը ստացած է ուրուականի մը երեւոյթը: Բնակչութեան կէսը դատարկած է քաղաքը, մինչ միւս կէսը իր ժամանակը կ՚անցընէ մութին մէջ տեղէ-տեղ շարժելով, կամ պահպանուելով շէնքերու ստորերկրեայ պատսպարաններուն մէջ: Մնացած են տարիքաւորները, կարիքաւորները, ու մեր պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ պաշտօնակատարները: Թէեւ ժողովուրդին վարմունքը դեռ դիմացկուն է եւ առանձգական, բայց ատիկա կը մեղմանայ մասնաւորաբար երբ նկատի կ՚առնուի մեր առանձին ըլլալը, առանց զօրաւոր պաշտպանի, կամ նոյնիսկ միջնորդի:
Քաղաքը արդարացիօրէն մնացած է անվթար, բայց լայնատարած շրջագայութիւն մը ընելով, կը յայտնաբերուին քաղաքին ունեցած վնասներն ու յարձակման ծրագրին կանխամտածուած ըլլալը: Արդարեւ, առաջին իսկ օրէն յստակ դարձաւ, որ Ատրպէյճանի օդային յարձակումը յանկարծակի կատարուած գործողութիւն մը չէր: Կարեւոր ենթակառուցուածքներն ու կենցաղային սպասարկման հիմնարկներ ռմբակոծուած էին, մեր պաշտպանութեան համակարգի հաւասարակշռութիւնը խախտելու համար: Նշանակալից խորհրդանշաններ , ինչպիսին են Սուրբ Ղազանչեցոց Տաճարն ու Պաշտպանութեան Նախարարութեան համալիրը ռմբակոծուած էին, կարծես «Այլեւս անվնաս բան պիտի չմնայ» ըսել կ՚ուզէին մեզի: Եւ ցրուած ռմբակոծումները կը շարունակուէին քաղաքին տուները, գործատեղիները, խանութները, յարկաբաժիններն ու փողոցները աւերելով, եւ զգալիօրէն կը փորձէին վհատեցնել մեզ:
Ընդհանուր առմամբ, հայկական բանակը հերոսական զոհաբերութիւն ցուցաբերելով պաշտպանեց մեր դիրքերը ազերի, թուրք եւ անոնց վարձկան ուժերուն դէմ: Բայց այսօրուան իմ կատարած զանազան շրջաններու այցելութենէն յետոյ, աչքառու դարձաւ տարողութիւնը Թուրքիոյ բացայայտ միջամտութեան: Թշնամիին Գործողութիւններուն նժառն ու ճշգրտութիւնը բարելաւուած են բաղդատմամբ մեր նախկին կռիւներու ընթացքին ցուցաբերուածին: Եւ արդիական անօդաչու օդանաւերու եւ զէնքերու առկայութիւնը սկսած են փոխել պատերազմին կանոններն ու ոճը, մարդկային ահաւոր կորուստներ պատճառելով: Հոս, շատեր հաստատօրէն կը հաւատան, որ այս կռիւէն պիտի կարենանք յաղթական դուրս գալ . բայց այս անգամ հաւասարակշռութիւնը խախտած կը թուի:
Դրական վերջաւորութիւն մը տեսանելի՞ է արդեօք: Կացութիւնը դեռ յստակ չէ, դժբախտաբա՛ր: Ներկայիս, կը թուի, թէ կեանքի ու մահուան այս պայքարը պիտի շարունակուի, մինչ մարդկութեան մեծամասնութիւնը կը մնայ պարզապէս դիտողի մը վիճակին մէջ, եւ լաւագոյն պարագային, կեղծաւոր խոստումներ կը մատուցանէ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը,- յայտկապէս խաղաղութիւն հաստատող պատասխանատու մարմինը,- ինքզինքը արդէն յայտնաբերած է իբր տկար, փորձառական եւ անկարող մարմին: Միեւնոյն ատեն, միջազգային հանրային կարծիքը գրգռուած ըլլալով հանդերձ, տկար հակակշիռ մը ըլլալ կը թուի թրքական եռանդոտ առաջխաղացումներուն դէմ:
Բայց կարեւորագոյնը, յաճախ կրկնուած հարցումն է որ երբեմն իբր աղաղակ, ու երբեմն ալ իբր փսփսուք կը լսուի: Ատիկա «Ո՞ւր են ռուսերը…» հարցումն է: Հայաստանի աւանդական երաշխաւորը՝ Ռուսիան, ցարդ նկատելի զգուշութեամբ կը մօտենայ Թուրքիան զսպելու իր ճիգին մէջ: Թերեւս ասիկա արդիւնքն է Ռուսիոյ տկարացած վիճակին՝ Ա․Մ․Ն․-ի տարիներ շարունակուող պատժամիջոցներուն, տնտեսական անկման, եւ իր շրջապատին մէջ գտնուող պայքարները իր ազդեցութեան տակ պահելու թափուած ճիգերուն պատճառով: Հաւանական է նաեւ, որ Ռուսիան պիտի չուզէ Թուրքիոյ հետ ունեցած իր յարաբերութիւնները աւելի խրդին վիճակի հասցնել, նկատի ունենալով երկու երկիրներուն Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ մղած կռիւներուն իրավիճակը: Յամենայնդէպս, ներկայիս Ղարաբաղեան հարցի Ռուսիոյ կողմէ կառավարելու կարողութիւնը վտանգուած ըլլալ կը թուի: Յետ-խորհրդային միջավայրի մը մէջ, իբր միակ գերիշխան պետութիւն գործելու փոխարէն Ռուսիան հիմա ստիպուած է մաքառիլ նոր եւ թշնամական ուժի մը՝ Թուրքիոյ հետ, որը կը փորձէ Ղարաբաղը շրջանային հակամարտութեան հարցի մը վերածել:
Բարեբախտաբար, թէեւ քիչ մը ուշ, բայց կը թուի թէ Մոսկուան սկսած է արթննալ : Հիմա ան կը տեսնէ որ Ղարաբաղը ո՛չ թէ վերջաւորութիւնն է, այլ սկիզբը նոր պայքարի մը՝ Կովկասը տիրանալու համար: Այս տեսակէտը ամրապնդելու համար, Մոսկուան արդարեւ կրնայ իր ակռաները ցոյց տալ Թուրքիոյ նախայարձակ կեցուածքին դէմ: Զանազան ազդանշաններ կը մատնանշեն նման քայլի մը կարելիութիւնը: Բայց ե՞րբ…
Եւ մինչ այդ, Արցախի հայութեան համար մնացած միակ ընտրութիւնը այս կատաղի յարատեւման պատերազմը առանձին մղելն է: Պատերազմ մը՝ որ ո՛չ թէ իր, այլ ուրիշի՜ն կողմէ ստեղծուած է: Եւ մինչ ճակատը կը մնայ բոցավառ վիճակի մը մէջ, Ստեփանակերտը պիտի շարունակէ աննկունօրէն պաշտպանել իր դիրքերը մինչեւ որ լաւ օրերը վերջապէ՜ս ծագին:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles