Լրահոս
Հայաստան Պարտութեան Մատնեց Այիրը՝ 2-1
ԵՐԵՒԱՆ․- 2026-ի Մոնտիալի զտումի գծով մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի կազմը, որ Շաբաթ օր ծանր պարտութիւն մը կրած էր Փորթուգալէն (5-0) , հիւրընկալեց Այիրը եւ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Սփերցեան (փենալթիով) եւ Ռանոս նշանակեցին Հայաստանի կոլերը, 45-րդ եւ 51-րդ վայրկեաններուն, իսկ Ֆերկըզըն՝ Այիրի կոլը, 57-րդ վայրկեանին։ Այս յաղթանակէն ետք, Հայաստան գրաւեց Զ․ խմբակին երկրորդ դիրքը, Փորթուգալի ետին, որ պարտութեան մատնեց Հայաստանի յաջորդ մրցակից՝ Հունգարիան (3-2) ։


