
Ա.Ա.
Ռուսիա- Եւրոպական Միութիւն տարակարծութիւնները, որոնք խորացած են Ուքրայինայի պատերազմին պատճառով, դրսեւորուեցան Պրիւքսէլի մէջ կայացած՝ Նիկոլ Փաշինեան – Իլհամ Ալիեւ հանդիպման պատճառով, երբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ ոչ թէ Եւրոպական Միութեան, այլ Ռուսիոյ միջնորդութեան շնորհիւ է, որ հայեւատրպէյճանական բանակցութիւնները առարկայականօրէն կը կատարուին։ Ան Եւրոպական Միութիւնը մեղադրեց միջնորդական դափնին խլելու ճիգեր թափելու յանցանքով։
Բնականաբար դիւանագիտական այս յայտարարութեան նպատակը ոչ մէկ առնչութիւն ունի Արցախեան տագնապին պատճառով Հայաստան – Ատրպէյճան տարակարծութիւններուն լուծումներ գտնելու ռուսական կեցուածքներու եւ ճիգերու հետ, այլ կը պարունակէ Եւրոպական Միութեան նկատմամբ ռուսական անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներ, որոնց հիմքը Ռուսիոյ դէմ սահմանուած ծանր պատժամիջոցներն են։ Տեղին է նշել,որ հակառակ Պրիւքսէլի նկատմամբ ռուսական կարծր կեցուածքին, յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ վարչապետերուն կողմէ գլխաւորուած սահմանազատման եւ սահմանագծման հայեւատրպէյճանական յանձնախումբերուն յաջորդ նիստը նոյեմբերին պիտի կայանայ Պրիւքսէլի մէջ։վերջին նիստը երեսուն օգոստոսին կայացաւ Մոսկուայի մէջ։
Մինչ այդ Պրիւքսէլի մէջ աւելի քան չորս ժամ տեւած դռնփակ հանդիպումէն ետք, թէ՛ Փաշինեան եւ թէ՛ Ալիեւ մերժեցին յայտարարութիւններ կատարել, լուսարձակները առաւել կեդրոնացնելով Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի վրայ, որուն համաձայն, Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնած են առարկայական աշխատանքի սկսելու՝ խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ յառաջընթաց ապահովելու համար։ Համաձայնագրին նպատակն է կարգաւորել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները։ Ըստ Միշէլի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնառարուած է մէկ ամսուան ընթացքին հանդիպում ունենալ եւ աշխատիլ խաղաղութեան համաձայնագրին բնագրին վրայ։
Ի մտի ունենալով Պրիւքսէլեան վերջին հանդիպման ընթացքին քննարկուած հարցերուն օրակարգը, պէտք է շեշտել շատ կարեւոր հանգամանք մը։ Պաշտօնական Պաքու Երեւանի իշխանութիւններուն ներկայացուց հինգ կէտերէ բաղկացած առաջարկ մը՝ իրարու հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու, իրարմէ տարածքային պահանջներ չունենալու, սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքները կատարելու, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ հաղորդակցութեան միջոցներն ու ուղիները վերաբանալու մասին։
Երեւան՝ ընդունելով Պաքուի հինգ առաջարկները, յայտարարեց, որ ունի վեցերորդ առաջարկ մը, որ կը վերաբերի Արցախի վերջնական կարգավիճակին եւ արցախցիներուն իրաւունքներուն։ Պաքու կտրականապէս մերժեց այս առաջարկը եւ շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուած է։
Հայաստան – Ատրպէյճան տագնապին պատճառը Արցախն է, որուն աւելի քան եօթանասուն առ հարիւրը ատրպէյճանական գրաւման տակ կը գտնուի։ Երբ կը յայտարարուի, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ համաձայնած են արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով մէկ ամսուան ընթացքին յառաջընթաց արձանագրել խաղաղութեան համաձայնագրի պայմաններուն եւ կէտերուն բանաձեւման մէջ, հարց պէտք է տալ, թէ տագնապին իսկական դրդապատճառը՝ Արցախի վերջնական կարգավիճակի խնդիրը եւ իր հողին վրայ ազատ ու անկախ ապրելու արցախցիին իրաւունքը ինչ ճակատագիր պիտի ունենայ։ Այս խնդրին անդրադառնալու եւ զայն տագնապին էութիւնը համարելու հայկական կողմին պատրաստակամութենէն շատ բան կախեալ է։ Խնդիրը օրակարգի նիւթի վերածելու ճիգը պիտի թափուի հայկական դիւանագիտական ամբողջ համակարգին կողմէ։ Ասոր պէտք է հաւատալ եւ ակնկալել, որ հակառակը չպատահի։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը եւ Արցախի վերջնական կարգավիճակի հարցը իրարմէ անջատելու մօտեցման վտանգները, որոնք կրնան աղէտալի ըլլալ հայկական կողմին եւ արցախին համար, հաշուի պէտք է առնուին Երեւանի բանագնացներուն կողմէ, որովհետեւ եթէ նման բան պատահի, ապա միջազգային ընտանիքը խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ընդունի ինչպէս որ է եւ Արցախի խնդիրը մոռացութեան պիտի տրուի։ Երբ Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ խաղաղութեան համաձայնագրի եւ Արցախի վերջնական կարգավիճակի հարցերը իրարմէ անջատելու խնդիրը պէտք է քննարկուի, հայաստանեան քաղաքական շրջանակներ օրին մտահոգութիւն յայտնեցին, թէ անջատումը ինքնին վտանգ մը կրնայ ըլլալ Արցախի վերջնական կարգավիճակին համար։ Այս մտահոգութիւնը պատճառաբանուած է եւ զայն չէզոքացնելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուին Երեւանի իշխանութիւնները։