ԽմբագրականՅօդուածներ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ.- ԽՈՏՈՐ ԵՒ ԸՆԴՎԶԵՑՈՒՑԻՉ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ

Հայաստանի վերանկախացման կամ անկախութեան վերահաստատման քսանամեակի ձեռնարկերը հասան իրենց աւարտին, շաբաթներ շարունակ հետեւողական պատրաստութիւններէ եւ աշխատանքներէ ետք:

Հաւաքներ, գիտաժողովներ, մշակութային բնոյթ ունեցող համոյթներ, ցուցահանդէսներ, յուշանուէրներու բաշխումներ…Այսպէս բեղուն օրեր անցուց Երեւանը:

Յոբելինականներու մասնագէտ է հայորդին եւ ամէնադոյզն առիթն անգամ չի փախցներ նշելու համար որեւէ ամեակ: Անշուշտ տարբեր է իր` հայորդիին անկախութեան ամեակը…այս պարագային քսանամեակը: Անկասկած որ փա՜ռք ու պատիւ կը պարտադրէ նմանօրինակ պատմական թուական:

Այսպէս բացառիկ էր տողանցքն ու երեկոյեան, գեղարուեստական արդի կազմուածներով ներկայացուած հանդիսութիւնը:

Յատկապէս այսպիսի հպարտութեամբ լի եւ երջանկային օրերուն անտեղի է կատարել անհիմն եւ անհեթեթ քննադատութիւններ կամ բամբասանքներ, սակայն երբ բազմիցս կը կրկնուին կարգ մը խոտոր եւ ընդվզեցուցիչ երեւոյթներ, այդ պարագային հարկ է չլռել եւ “ճիշտ մատը ճիշտ վէրքին վրայ դնելով“ արտայայտուիլ, մտահոգութիւններ բաժնել եւ գէթ նոյնիսկ, ցասում փոխանցել:

Այս յիշատակելի քսանամեակին առթիւ, բազմիցս պարգեւատրուեցան զանազան բնագաւառներէ ներս, յաչս հայրենիքի իրենց ներդրումը կատարած բազմաթիւ անձնաւորութիւններ: Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձրագոյն պարգեւներ, շքանշաններ եւ մետալներ ստացան , հայապահպանման գործին մէջ նշանակելի աւանդ ունեցած եւ հայրենիքին զօրավիգ եղած վաստակաշատ անձնաւորութիւններ: Անոնց շարքին էին

Advertisement Subscribe Today

զինեալ ուժերու եւ ռազմական կառոյցներու ծառայողներ, դիւանագիտական ասպարէզէն ներս յաջողութիւն արձանագրած դիւանագէտներ, կղերականներ, նաեւ կրթութեան, առողջապահութեան եւ տնտեսութեան մարզին մէջ պատուաւոր կոչումներու արժանացած սփիւռքահայութեան ականաւոր ներկայացուցիչներ:

Շքանշանները թիւով շատ էին, սակայն խոտոր եւ ընդվզեցուցիչ երեւոյթը այն էր թէ.-

Առաջին` յանձնուող կամ աւելի ճիշտը բաշխուող շքանշաններն ու պարգեւները շատ էին:

Երկրորդ` արդար, տրամաբանական ու ամբողջական ձեւով չէր կատարուած այս շքանշանակիրներու ցանկը:

Այսպէս Նկատի ունենալով, վերոյիշեալ երկու կէտերը, անհասկնալի եւ անընդունելի է պետութեան` Հ.Հ. ղեկավարութեան կողմէ, շռայլօրէն բաժնուած այս տիտղոսներն ու շքանշաններու երեւոյթը:

Շատ աւելի արդար ու տեղին է պակսեցնել նմանօրինակ զեխ պարգեւադրութիւններ եւ աւելի՛ն…յաչս միասնականութեան նկատի բոլոր  բնագաւառներն ու անոնց ետին գտնուող միութիւնները:

Հարցը չարտասուող նորածինին կաթ չհասցնելու պարագան չէ, այլ կրկնենք լուրջ խոտոր ու ընդվզեցուցիչ երեւոյթն է որ կ՛անհանգստացնէ, նոյնիսկ շքանշաններու անունները կրող անդենականի անմահներ Մեսրոպ Մաշտոցն ու Կոմիտասը:

Հայկական միասնականութիւնը մեր ճիտին պարտքն է, եւ մենք անպայմանօրէն կը փափաքէինք, որ այս հանդիսութիւնները միասնականութիւն բուրէին:

Մինչ այդ, անգամ մը եւս ՄԻԱՍՆԱԿԱՄ վերանկախացման քսանամեակ:

 

“Հայրենիք“

Սեպտեմբեր 26, 2011

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button