Լրահոս

Հայագիտական Միջազգային Քոնկրէսի Կլոր Սեղան-Քննարկումը 

24 Յուլիսին Երեւաի մէջ տեղի ունեցած 3-րդ Հայագիտական միջազգային քոնկրէսի ծիրին մէջ կատարուեցաւ աւանդութեան վերածուած կլոր սեղան-քննարկում մը` Մատենադարանի վարչական կազմին եւ հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:

Քննարկումին կը մասնակցէին հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան, Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան, Մխիթարեան միաբանութեան, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան ներկայացուցիչները: Հրաւիրեալներուն շարքին էին նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանն ու Հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէնի խորհրդական Տիգրան Զարգարեանը:

Քննարկումը ընդգրկեց հարցերու լայն շրջանակ` ձեռագրական հաւաքածոներու պահպանութեան համակարգի արդիականացում, թուայնացում եւ գիտական հետազօտութիւն: Բոլոր կողմերը վերահաստատեցին իրենց անվերապահ պատրաստակամութիւնը` շարունակելու արդէն իսկ իրականացուող համատեղ ծրագիրները եւ մշակելու յառաջիկայ գործողութիւններու ծրագիրը:

Մասնաւորապէս կարեւոր նկատուեցաւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն կատարուած առաքելութեան արդիւնքները, Զմմառի կղերի միաբանութեան նորաստեղծ ենթակառոյցներուն ցուցաբերուած մասնագիտական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն բերուած 10-րդ դարու Աւետարանին վերականգնումը: Մատենադարանի տնօրէնութիւնը այս առիթով պաշտօնապէս հրաւիրուած է Անթիլիաս եւ Զմմառ:

Քննարկումին մասնակիցները ընդգծեցին Հայագիտական միջազգային քոնկրէսի բացառիկ դերը` իբրեւ առկայ խնդիրներու համատեղ վերլուծման եւ համագործակցութեան հաստատութենական հարթակ:

Advertisement Subscribe Today

Հանդիպումի աւարտին ստորագրուեցաւ երկամեայ պայմանագիր` Մատենադարանին եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան միջեւ` համահաւաք ձեռագրացուցակի ստեղծման աշխատանքներու շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով:

Միասնական շտեմարանին մէջ պիտի ներկայացուին Մատենադարանի եւ աշխարհի տարբեր ձեռագրական կեդրոններու, գրադարաններու ու թանգարաններու հայերէն ձեռագրական հաւաքածոներու եւ միաւորներու գիտական նկարագրութիւնները (ձեռագրացուցակները): Այսպիսով, մեծապէս պիտի բարձրանայ աշխարհասփիւռ հայերէն ձեռագիրներու տեսանելիութիւնն ու գիտական շրջանառութիւնը: Այս ծրագիրը բեկումնային է հայ ձեռագրագիտական աւանդոյթի պատմութեան մէջ եւ լայն ասպարէզ կը ստեղծէ ձեռագիրներու ուսումնասիրման միջազգային գիտական ուժերու ներգրաւման համար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button