ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻ ՆՈ­ՐԱ­ՐԱՐ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ ԶՈՅ­ԳԵ­ՐԸ` ԻՆ­ԿԱ ԵՒ ԱՆՈՒՇ ՔՈՅ­ՐԵ­ՐՈՒ ԱՆԴ­ՐԱ­ՆԻԿ ԵԼՈՅ­ԹԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 7 Second

  ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱՌ­ԵԱՆ

Նիւ Եորք

Հա­կա­ռակ ծա­նօթ իրենց անուն­նե­րուն եւ Հայ­րե­նի հե­ռուս­տա­տե­սի­լի կա­յա­րան­նե­րէն դիտ­ուած անոնց ելոյթ­նե­րուն, առա­ջին ան­գամ Նիւ Եոր­քի մէջ ելոյթ ու­նե­ցան, այս առ­թիւ, յատ­կա­պէս Երե­ւա­նէն ժա­մա­նած Ին­կա եւ Անուշ Ար­շակ­եան քոյ­րե­րը:

Հագ­ուած­քով ու ար­տա­քին տես­քով հայ­կա­կան, եր­գով ու բա­ռե­րով հա­յե­րէն, ստեղծ­ուած մթնո­լոր­տը հա­նդի­սա­տե­սին մօտ կը ներշն­չէր հայ­կա­կա­նու­թիւն: Իրենց երե­սու­նա­կան տա­րի­քին շուրջ, ար­դէն ցոյց կու տան իրենց բնա­տուր տա­ղան­դը ոչ միայն երաժշ­տու­թեան մէջ, այ­լեւ` բե­մա­կան իրենց երե­ւու­մով: Յստակ է, որ ան­դուլ աշ­խա­տան­քի ու փոր­ձի ար­դիւնք էին իրենց ար­հես­տա­վարժ ելոյթ­ներն ու յայ­տա­գի­րը ընդ­հան­րա­պէս: Պա­հե­լով նուրբ եւ զգա­յուն ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի մեր նկա­րա­գի­րը, մերթ ընդ մերթ, ինչ կը վե­րա­բե­րի ազ­գայ­նա­կան շուն­չով գրուած եր­գե­րուն մէջ, ար­դէն անոնք ցոյց կու տան հա­յու ան­պար­տե­լի ոգին իրենց խի­զախ եւ յան­դուգն երե­ւու­մո­վը: Վեր­ջա­պէս սքան­չե­լի զոյգ մը, որոնց ելոյ­թը, վստա­հա­բար, եր­կա՜ր ատեն մնա­լու է մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ:

Հա­մեր­գը կազ­մա­կերպ­ուած էր Նիւ Ճըրզիի Հա­մազ­գա­յին Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան կող­մէ Նո­յեմ­բեր 10, Շա­բաթ երե­կոյ­եան, Նիւ Ճըրզիի “Ֆե­լի­շըն“ Գո­լէ­ճի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ:  Սկիզ­բը, գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րէն առաջ խօսք առաւ վար­չու­թեան անու­նով Յաս­միկ Աբ­րա­համ­եան:

Դժբախ­տա­բար, վեր­ջին շրջա­նին, սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է ամէն մշա­կու­թա­յին ձեռ­նար­կի հետ, բեմ հա­նել շրջա­նի պա­րա­խում­բե­րէն մէ­կը կամ եր­կու­քը: Հասկ­նա­լի պատ­ճառ­ներ կան այս ընտ­րու­թեան հա­մար. նախ, ան­շուշտ քա­ջա­լե­րել է հա­սակ առ­նող պա­տա­նի­նե­րը բեմ բարձ­րա­նա­լու եւ հա­յու­թեամբ հե­տաքրք­րե­լու զա­նոնք, նա­եւ` ապա­հո­վե­լու այդ պա­տա­նի­նե­րու ծնող­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնը սրա­հէն ներս: Ու այս սո­վո­րու­թիւնը սկսած է կի­րառկ­ուիլ շրջա­նի գրե­թէ բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու կող­մէ: Սա­կայն, միշտ չէ որ նման յայ­տագ­րի մէջ պա­րը պի­տի բե­րէր ճո­խու­թիւն մը, զա­նա­զա­նու­թիւն մը կամ նո­րու­թիւն մը: Եր­բեմն, ան­յա­րիր, իրենց մշա­կու­թա­յին ոճէն, մա­կար­դա­կէն եւ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րէն, վնաս կը սկսի հասց­նել այդ ընդ­հա­նուր յայ­տագ­րի ար­դիւն­քին:

Վա­նուշ Խա­նա­միր­եա­նի ան­ուան Նիւ Եոր­քի եւ Քենե­թի­քէթի պա­րար­ուես­տի դպրոց­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւնը շրջա­նի` Նիւ Ճըրզիի եւ Ֆի­լա­տելֆ­իոյ Հա­մազ­գա­յի­նի պա­տա­նի­նե­րու պա­րա­խում­բե­րուն հետ, թէ­եւ բեմ հա­նած եղաւ հա­րիւ­րի մօտ երկ­սեռ պար­ման­ներ, սա­կայն, աւե­լորդ խճո­ղում մը ստեղ­ծեց, միւս կող­մէն, բե­մին վրայ, ուր յա­ճախ կորս­ուե­ցան հայ­րե­նի հիւր ար­ուես­տա­գի­տու­հի­նե­րու ներ­կա­յու­թիւնը:  Գո­նէ պա­րու­սոյց­նե­րը` Թով­մաս եւ Լուտ­մի­լա Յա­րու­թիւն­եան­ներ, որոնք պա­րար­ուես­տի մէջ հա­սակ առած են Հայ Պա­րի վար­պետ Վա­նուշ Խա­նա­միր­եա­նի հսկո­ղու­թեամբ ներ­քեւ եւ մա­նա­ւանդ բեմ բարձ­րա­ցած` Ռու­սաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­յի բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րու նշա­նա­ւոր բե­մե­րու վրայ, թոյլ պէտք չէ­ին տալ նման խճո­ղու­մի մը:

Ար­շակ­եան քոյ­րե­րու եր­գա­ցան­կը նո­րու­թիւն մըն էր ընդ­հան­րա­պէս Նիւ Եոր­քի առա­ւե­լա­բար դա­սա­կան եւ ժո­ղովր­դա­յին եր­գե­րուն վարժ հան­դի­սա­տես­նե­րուն հա­մար: Հա­ւա­նա­բար, ժա­մա­նակ պի­տի պա­հան­ջէ վարժ­ուե­լու նման եր­գա­ցան­կի մը, որ իր յայ­տագ­րի աւար­տին կը դառ­նար նոյն ոճի երաժշ­տու­թեան մը կրկնու­թիւնը կար­ծէք ական­ջին հնչող: Սա­կայն, սրա­հը գտնուող մեծ թիւով նախ­կին հա­յաս­տան­ցի­նե­րու հա­մար ար­դէն դիւ­րըմբռ­նե­լի էր քոյ­րե­րուն հրամ­ցու­ցած եր­գար­ուես­տը:  Անոնք հե­ղի­նակ են նա­եւ իրենց կարգ մը եր­գե­րուն: Ըսենք որ եր­կուքն ալ շրջա­նա­ւարտ են Երե­ւա­նի Պե­տա­կան Երաժշ­տա­նո­ցի “ճէզ“ եր­գար­ուես­տի դա­սա­րա­նէն:

“Մենք ենք մեր սա­րե­րը“ ար­դէն իրենց կա­տա­րո­ղու­թեամբ 2009էն ի վեր գտած է ժո­ղովր­դա­յին լայն ըն­դու­նե­լու­թիւն:

Գնա­հա­տե­լի է յան­դուգն նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը Նիւ Ճըրզիի Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն, մա­նա­ւանդ ան­նա­հանջ անոնց որո­շու­մը ան­պայ­մա­նօ­րէն մնա­լու ծրագ­րին մէջ, նոյ­նիսկ վեր­ջերս Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի շրջա­նը հար­ուա­ծած “Սան­տի“ կոչ­ուած մրրի­կին ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րուն տակ, երբ քա­ղա­քը աւե­լի քան տա­սը օրեր մատ­նած էր  ան­դա­մա­լու­ծու­թեան:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles