
Մամուլէն եւ լրատուական միջոցներէ արդէն իսկ տեղեակ էք այն կացութեան, որ կը պարզուի Սուրիոյ մէջ: Բախումները հետզհետէ կը սաստկանան եւ քաղաքներու մէջ ապահովական վիճակը կը վատթարանայ: Այս ընդհանուր կացութեան անմասն չի մնար նաեւ հայ համայնքը, յատկապէս Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի , Քէսապի եւ այլ շրջաններու մէջ, ուր ամենօրեայ բախումներ պատճառ կը դառնան աւերումի, մահուան եւ կ՛արձանագրուին վիրաւորներ: Ազգային մեր հաստատութիւններն ալ, եկեղեցիներէն սկսեալ մինչեւ վարժարան ու ծերանոց, վտանգուած են եւ կը տուժեն ընդհարումներուն պատճառով:
Համահայկական այս ստիպողական կացութեան դիմաց, Ամերիկայի Արեւելեան Թեմը, արենակից մեր եղբայրներուն եւ ազգային հաստատութիւններուն մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւն կատարելու համար, ստեղծեց “Սուրիահայերու Օգնութեան Ֆոնտ“ը, սերտ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան:
Մեր աշխատանքը համադրելու համար, “Սուրիահայերու Օգնութեան Ֆոնտ“ի Կեդրոնական Յանձնախուբը որոշեց անմիջական գործադրութեան համար.-
1) Կատարել համահայկական դրամարշաւ, փոստի ճամբով:
2) Սեպտեմբեր ամսուան Կիրակի (2, 9, 16, 23 եւ 30) օրերուն, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ երկրորդ պնակ մը յատկացնել սուրիահայերու օգնութեան համար:
3) Մեր գաղութներուն մէջ կազմակերպել հաւաքներ եւ ձեռնարկներ, դրամահաւաքի նպատակով:
4) Կեդրոնական Յանրձնախումբին նման տեղական յանձնախումբեր ստեղծել` տեղ տալով նաեւ այլ կազմակերպութիւններու, որոնք կը փափաքին մաս կազմել սուրիահայերու օգնութեան արշաւին:
Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեզի ուղղած իր կոչին մէջ կ՛ըսէ. “Սուրիոյ հայ գաղութի վերականգնումը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համահայկական իմաստով: Անհրաժեշտ է որ մեր բոլոր թեմերէն ներս յատուկ կարեւորութիւն տրուի Սուրիոյ հայութեան օգնութեան: Սուրիոյ մէջ երեք համայնքները, կուսակցութիւնները եւ բարեսիրական միութիւնները ներկայացնող մարմիններ ստեղծուած են: Կոչ կ՛ուղղենք ձեզի, որ նոյն մօտեցումով, միասնական ոգիով, գերագոյն ճիգով ու հետեւողական աշխատանքով լծուիք Սուրիոյ հայ համայնքի վերականգնումի անյետաձգելի աշխատանքին“:
Յայտնենք նաեւ, որ Վեհափառ Հայրապետին կարգադրութեամբ, հաւաքուած գումարները պիտի ուղարկուին Անթիլիաս, Լիբանան, հոնկէ փոխանցելու համար Սուրիոյ մէջ ստեղծուած մարմիններուն: Այս առիթով բացուած է դրամատնային յատուկ հաշիւ մը: Ձեր չէքերը հաճեցէք արձանագրել հետեւեալ ձեւով.- “Armenian Apostolic Church of America“, հոն նշելով “Fund for Syrian Armenian Relief“ եւ ուղարկել Ազգային Առաջնորդարանի հասցէին.-
Armenian Prelacy
138 East 39th Street
New York, NY 10016
Հետեւաբար ջերմօրէն կը թելադրենք մեր ծխական շրջաններու բոլոր հովիւներուն եւ հոգաբարձութիւններուն, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն որ գործնապէս սկսին նուիրահաւաքի այս անյետաձգելի աշխատանքին, որպէսզի կարենանք ամոքել ցաւը մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, եւ մեղմել մտահոգութիւնները ազգային մեր ղեկավարութեան:
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցի Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի Հիւսիսային Ամերիկայի
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն
Հայ Օգնութեան Միութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն