ԳրականՅօդուածներ

ՀԱԼԷՊ Կ’ԵՐԹԱՄ

Դարձեալ, Հալէպ այցելութեան պիտի երթամ:
Որոշած եմ եւ նոյնիսկ ամիսէ մը ի վեր գրեթէ պատրաստուած՝ անհամբեր մեկնումիս թուականին կը սպասեմ:
Այս օրերուն կարծես մանուկի մը ուրախութիւնը կայ դէմքիս վրայ: Նոր բացուած արշալոյսի նման աշխարհը դարձեալ մէջս արթնցած է եւ տակաւին եթէ կ’ուզէք, երկչոտ յուզում մըն ալ բռնած է մարմինս ու սիրտս ալ վախկոտ աղաւնիի մը նման կը թփրտայ:
Ու ինքնաբերաբար կը փորձեմ աչքերուս մէջ ամփոփել ջիղերուս եւ երեւակայութեանս գունաւոր եւ անգոյն լոյսերը:

Այո°, նորէն դէպի Հալէպ. կ’ըսեմ բոլորին, բոլոր հարցականներուն՝ հպարտ հաճոյքով մը:
Զանազան ու բազմազան ծրագիրներս արդէն երեւակայութիւնս լուսաւորած են, որովհետեւ լաւապէս գիտեմ, որ ծննդավայր այս այցելութիւնս ինծի կրկին անգամ հաճելի ու նոր մտերմութիւններ պիտի բերէ իր հետ, սիրային տաք նամակի մը խօսքերուն նման:
Կը զգամ նաեւ, որ մէջս ինքնածին ու կծկուած բան մը սկսած է կամացկամաց քակուիլ: Հակառակ օրերուս ծանրութեան, ժպիտս նախկին երջանիկ եւ կակուղ իր վիճակը վերագտած է արդէն, իսկ դէմքս ալ՝ կարծես օրհնուած խմոր մը ըլլար:
Հալէպ պիտի երթամ, կը կրկնեմ շարունակ հանդիպած մտերիմներուս եւ բարեկամներուս, անօրինակ ձայնով եւ չտեսի մը նման կայծ բռնող բառերովս, որոնք միաժամանակ երեւակայութիւնս կը ջերմացնեն:
Անկեղծօրէն ըսելով իմ այդ շարժումներովս, կ’ուզեմ ինքզինքս դուրս բերել աշխատանքային խոնջէս, մինակութենէս ու երկար լռութենէս եւ յամառօրէն կը փորձէի ուրախութիւնս անանձնական դարձնել:
Իսկապէս, որ այս օրերուն խուսափելով իրականէն, հինն ու նորը միախառնուած հէքիաթի մը աշխարհին մէջ կարծես ըլլայի:
Անոր համար դժուար էր սահմանել կարօտս, սէրս, ուրախութիւնս ու երջանկութիւնս:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button