ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՀԱ­ՄԱՇ­ԽԱՐ­ՀԱ­ՅԻՆ ԱՌԱ­ՋԻՆ ՊԱ­ՏԵ­ՐԱԶ­ՄԻ ՀԱ­ՐԻՒ­ՐԱՄ­ԵԱ­ԿԻՆ

0 0
Read Time:55 Minute, 7 Second

p10-11c  Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

2014-ին հա­մայն մարդ­կու­թիւնը պի­տի նշէ Մեծ Պա­տե­րազ­մի հա­րիւ­րամ­եա­կը:

1914-էն 1918, չորս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սի եւ Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի տա­րած­քին Դաշ­նա­կից­նե­րը` Մեծն Բրի­տան­իա, Ֆրան­սա եւ ցա­րա­կան Ռուս­իա մէկ կող­մէ եւ Գեր­ման­իա եւ Օս­ման­եան Կայս­րու­թիւն միւս կող­մէ, իրա­րու դէմ մղե­ցին իր վայ­րա­գու­թեամբ եւ տա­րո­ղու­թեամբ ամ­բողջ դար մը նա­խըն­թաց չու­նե­ցող պա­տե­րազմ մը:

Պատ­մու­թիւնը, ան­շուշտ, հե­տա­գա­յին ցոյց պի­տի տար, որ այն առա­ջինն էր միայն եր­կու հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազմ­նե­րու, որոնց ար­դիւն­քով եւ­րո­պա­կան մեծ պե­տու­թիւն­նե­րը պի­տի դադ­րին մի­ջազ­գա­յին ու­ժա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան որո­շիչ­նե­րը ըլ­լա­լէ: Բայց պատ­մա­բան­նե­րուն հա­մար 1914-ն էր, որ վերջ պի­տի տար այն ինչ Գարլ Փո­լան­յի բնու­թագ­րած էր “19-րդ դա­րու եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քակր­թու­թիւնը“: Ամ­բողջ հա­րիւր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, կը հաս­տա­տէ 1944-ին գրուած իր “Մեծ Փո­փո­խու­թիւնը“ աշ­խա­տա­սի­րու­թեան թէ­զը, ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան մե­քա­նիզ­մի, լի­պե­րալ պե­տու­թեան, ազատ շու­կա­յի եւ բարձր ֆի­նանս­նե­րու չորս հիմ­նա­սիւ­նե­րու վրայ հաս­տատ­ուած աշ­խար­հա­կարգ մը ան­նա­խը­թաց խա­ղա­ղու­թեան եւ տնտե­սա­կան զար­գաց­ման պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը ապա­հո­ված էր մարդ­կու­թեան: Դրա­մա­տի­րա­կան զար­գաց­ման այս հանգր­ուա­նը, սա­կայն, իր ներ­քին հա­կա­սու­թիւն­նե­րու տրա­մա­բա­նու­թեամբ ան­խու­սա­փելի­օ­րէն առա­ջա­ցու­ցած էր հա­սա­րա­կա­կան ցնցում­ներ, դի­մա­դրու­թիւն եւ մաս­սա­յա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւն յան­գե­լով ի վեր­ջոյ հա­մընդ­հա­նուր բա­խու­մի որուն մասշ­տապն ու խոր­քա­յին հե­տե­ւանք­նե­րը ոչ ոք նա­խա­տե­սած էր: Պա­տե­րազմ­նե­րը ու­ժե­րու մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան ճշդում­նե­րու մե­քա­նիզ­մի տրա­մա­բա­նու­թեամբ ծրագ­րե­լու վարժ գա­գա­թնա­ժո­ղով­նե­րու Եւ­րո­պան չէր հասկ­նար թէ ինչ­պէ՛ս չէր յա­ջո­ղեր վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ առ­նել զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը որոնք դուրս եկած էին քա­ղա­քա­կան բա­նա­կա­նու­թե­նէն եւ գե­րի դար­ձած ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան կիր­քին: Ի վեր­ջոյ, Դաշ­նա­կից­նե­րը ստիպ­ուած դի­մե­ցին ամե­րիկ­եան ցա­մա­քա­մա­սի ամե­նա­ա­րագ ճար­տա­րար­ուես­տա­կա­նա­ցող եւ ար­դէն Քա­րիպ­եան Ծո­վուն թէ Խա­ղա­ղա­կա­նին մէջ ու­ժա­յին ծա­ւա­լու­մի իր առա­ջին քայ­լե­րը տուած նոր հսկա­յին` Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րուն: Հոգ չէ թէ Վուտ­րօ Ուիլ­սը­նի տես­լա­կա­նը, որ բա­նա­ձեւ­ուե­ցաւ Քոնկ­րէ­սէն Գեր­ման­իոյ դէմ պա­տե­րազմ հռչա­կե­լու ար­տօ­նու­թիւն խնդրող իր տաս­նը­չորս կէ­տե­րու ելոյ­թին մէջ, եւ­րո­պա­ցի դիւա­նա­գէտ­նե­րուն հա­մար քիչ մը ան­հասկ­նա­լի էր, եթէ ոչ պար­զա­պէս մի­ա­միտ: Ի՞նչ ըսել էր “ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւունք“ կամ “աշ­խար­հը ապա­հով դարձ­նել ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­մար“…p10-11a

Առա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մով բնու­թագր­ուած 19-րդ դա­րու աւարտն ու 20-րդ դա­րու սկիզ­բը հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար բե­րաւ իր հա­ւա­քա­կան գո­յու­թեան շա­րու­նակ­ման ամե­նէն ար­մա­տա­կան հար­ցադ­րու­մը: Երբ Հոկ­տեմ­բեր 29-ին Օս­ման­եան կայս­րու­թիւնը պա­տե­րազ­մին մէջ կը մտնէր Սեւ Ծո­վու ռու­սա­կան նա­ւա­հան­գիստ­նե­րու ռմբա­կո­ծու­մով, ոչ ոք կրնար իմա­նալ, որ Իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը իր փանթր­քա­կան ծրագ­րին հե­տա­մուտ կը պատ­րաս­տէր Հայ­կա­կան Հար­ցին լու­ծու­մը ի դէմս հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րամ­եա­կի նա­խօր­եա­կին, հե­տե­ւա­բար, ար­ժէ կանգ առ­նել Առա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի որ­պէս երե­ւոյթ անդ­րա­դար­ձին հայ ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տագ­րին վրայ եւ բաղ­դա­տա­կան մը ընել այ­սօր­ուայ իր գո­յու­թե­նա­կան կա­ցու­թեան հետ:

Վեր­լու­ծա­կան այս փոր­ձը կ՛իմաս­տա­ւոր­ուի մաս­նա­ւո­րա­բար եթէ նկա­տի ու­նե­նանք, որ 2014-ը ե՛ւ հա­յու­թեան հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կան տա­րի է, ե՛ւ հա­մաշ­խար­հա­յին ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան իմաս­տով կրնայ նոր դա­րա­փո­խու­մի ազ­դան­շա­նը տալ: Այս­պէս, 2014-ը ար­ցախ­եան պա­տե­րազ­մի զի­նա­դա­դա­րի քսա­նամ­եակն է, այն տա­րին երբ Մինս­քի Խում­բի միջ­նոր­դա­կան պայ­մա­նա­ժա­մը կ՛աւար­տի: 2014-ին սպա­սե­լի է նա­եւ սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի հան­գու­ցա­լու­ծում մը, որ իր անդ­րա­դար­ձը պի­տի ու­նե­նայ Սփիւռ­քի թե­րեւս ամե­նա­տո­կուն հա­մայնք­նե­րէն մէ­կուն ապա­գա­յին վրայ: Ինչ կը վե­րա­բե­րի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան իմաս­տով դա­րա­փո­խու­թեան` Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ ամե­րիկ­եան զի­նուո­րա­կան ներ­կա­յու­թեան ապա­գա­յի ճշդումն ու Իրա­նի հետ կո­րի­զա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան զար­գաց­ման ըն­թաց­քը շատ հա­ւա­նա­բար որո­շիչ դեր ու­նե­նան որոշ վեր­լու­ծա­բան­նե­րու բա­նա­ձե­ւած “ոչ-ամե­րիկ­եան“ աշ­խար­հա­կար­գի ձե­ւա­ւոր­ման վրայ:

 

21-րդ դա­րը սահ­մա­նող մի­ա­բե­ւեռ

աշ­խար­հա­կար­գին մո­մեն­տը

Եթէ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան մտա­ծող­նե­րուն հա­մար գրե­թէ յստակ է, որ 1989-1991 տա­րի­նե­րուն կա­տար­ուե­ցաւ հա­մա­կար­գա­յին փո­փո­խու­թիւն մը, ընդ որում ու­ժե­րու երկ­բե­ւե­ռա­յին կա­ռոյ­ցը փուլ եկաւ, ոչ որ­պէս հե­տե­ւանք եր­կու գեր­պե­տու­թին­նե­րու բա­խու­մին ինչ­պէս ընդ­հան­րա­պէս տե­ղի կ՛ու­նե­նան, կամ կը նա­խա­տես­ուէր, որ տե­ղի ու­նե­նան հա­մա­կար­գա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, եւ 20-րդ դա­րը հա­սաւ իր “աւարտ“ին, այդ իրա­դար­ձու­թե­նէն աւե­լի քան քսա­նամ­եակ մը ետք, դե­ռեւս յստակ չէ ճիշդ ե՛րբ պէտք է բնու­թագ­րել 21-րդ դա­րու սկիզ­բը:

Ճիշդ է, որ Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մով եւ անոր եօ­թա­նա­սու­նամ­եայ պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թեան ձա­խո­ղու­թեան փաս­տին լոյ­սին տակ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան հա­կա­դիր բնոր­դը` ազա­տա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնն ու շու­կա­յա­կա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու տնտե­սա­կար­գը ոչ միայն կը ներ­կա­յա­նար որ­պէս մի­ակ այ­լընտ­րանք, այլ անուղ­ղակի­օ­րէն կը պար­տադր­ուէր Ուա­շինկ­թը­նի մէջ առն­ուած շարք մը որո­շում­նե­րու գործ­նա­կա­նաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ընդ­մէ­ջէն: Զու­գա­հե­ռա­բար, 1996-էն սկսեալ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան պիւտ­ճէն աւել­նա­լու սկսաւ այն­պի­սի թա­փով մը, որ աշ­խար­հի մի­ակ գե­րու­ժին պի­տի ապա­հո­վէր մի­ջազ­գա­յին հա­մա­կար­գի մէջ ռազ­մա­կան բա­ցար­ձակ տի­րա­կա­լու­թեան դիր­քը: Մինչ այ­սօր, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու զի­նուո­րա­կան հզօ­րու­թիւնը այն­պի­սին է, որ ոչ մէկ այլ պե­տու­թիւն, եւ ոչ իսկ պե­տու­թիւն­նե­րու ռազ­մա­կան դաշ­նադ­րու­թիւն մը, կրնայ հա­ւա­սա­րակշ­ռել: Այս մէ­կը, ան­շուշտ, նա­եւ Ա.Մ.Ն.-ի քա­ղա­քա­կան բո­լոր կող­մե­րու զօ­րակ­ցու­թիւնը վա­յե­լող քա­ղա­քա­կան որո­շում մըն է, այ­սինքն` Հան­րա­պե­տա­կան-Դե­մոկ­րատ երկ­կու­սակ­ցա­կան հա­մա­խո­հու­թիւն մը, որ հիմն­ուած է դե­ռեւս 1989-ին բա­նա­ձեւ­ուած յետ-վի­եթ­նամ­եան զի­նուո­րա­կան վար­դա­պե­տու­թեան վրայ, ընդ որում, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ օժտ­ուած պէտք է ըլ­լայ զի­նուո­րա­կան ու­ժե­րով, որ կա­րող ըլ­լան մի­ա­ժա­մա­նակ եր­կու շրջա­նա­յին պա­տե­րազմ­ներ մղել: Մէկ խօս­քով, ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան հա­յե­ցա­կէ­տով յետ-Պաղ Պա­տե­րազմ­եան աշ­խար­հա­կար­գը յատ­կանշ­ուե­ցաւ մի­ա­բե­ւե­ռու­թեամբ, եւ, գէթ ռազ­մա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու բա­ժան­ման իմաս­տով, այն կը մնայ մի­ա­բե­ւեռ` ի տար­բե­րու­թիւնը հա­րիւր տա­րի առաջ­ուայ բազ­մա­բե­ւեռ աշ­խար­հա­կար­գին, որու սպառ­ման բա­րա­ցու­ցա­կան փաս­տը եղաւ Մեծ Պա­տե­րազ­մը:p10-11b

Պատ­մա­կա­նօ­րէն ան­նա­խըն­թաց ու­ժա­յին ծա­ւալ­ման այն կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը, որ Պաղ Պա­տե­րազ­մէն յաղ­թա­կան դուրս եկած Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը ձեռք բե­րաւ որ­պէս հա­մաշ­խար­հա­յին մի­ակ գե­րուժ, ան­խու­սա­փելի­օ­րէն յան­գե­ցաւ այս­պէս կոչ­ուած Նոր Աշ­խար­հա­կար­գի մը կա­ռուց­ման ծրա­գիր­նե­րու յղաց­ման: Հա­մա­տա­րած հա­մո­զու­մը, կամ են­թադ­րու­թիւնը, այն էր որ պատ­մա­կա­նօ­րէն ան­նա­խըն­թաց պահն ու Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու գրա­ւած դիր­քը որ­պէս Պաղ Պա­տե­րազ­մէն յաղ­թա­կան դուրս եկած գերհ­զօր ուժ` թոյլ կու տան նման իրա­կա­նա­ցում: Նա­խըն­թաց­ներ կա­յին ան­շուշտ: Առա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի աւար­տին իսկ Ազ­գե­րու Ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը, որ այն ժա­մա­նակ իս­կա­պէս Նոր Աշ­խար­հա­կարգ մը կը նշա­նա­կէր, Ուիլ­սը­նինն էր: Հա­կա­ռակ Երկ­րորդ Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մին, նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը վե­րապ­րե­ցաւ եւ ապ­րե­ցաւ իր զար­գա­ցու­մը վե­րած­ուե­լու հա­մար Մի­աց­եալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան: Պաղ Պա­տե­րազ­մի յա­ջոր­դած պատ­մա­կան ոլոր­տը, սա­կայն, նա­խորդ­նե­րէն կը տար­բե­րէր անով, որ Ուա­շինկ­թը­նի գրա­ւած ու­ժա­յին դիր­քը այն­քան ալ անհ­րա­ժեշտ չէր դարձ­ներ ո՛չ դաշ­նա­կից­նե­րու հետ աշ­խա­տի­լը դիւա­նա­գի­տա­կան փրո­թո­քոլ­նե­րէն ան­դին, ո՛չ ալ մաս­նա­ւո­րա­բար ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան ազ­դա­կի նկա­տա­ռու­մը: Մէկ խօս­քով, հա­մաշ­խար­հա­յին մի­ակ գե­րու­ժը կրնար մի­ա­կող­մա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու դի­մել առանց անոնց գի­նին մա­սին այն­քան ալ մտա­հոգ­ուե­լու:

Յետ-Պաղ Պա­տե­րազմ­եան այդ բա­ցա­ռիկ պա­հը Ուա­շինկ­թըն բաց չթո­ղուց` աշ­խար­հին հրամց­նե­լու/պար­տադ­րե­լու հա­մար քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան զար­գաց­ման “մի­ակ“ բնոր­դը, որուն բա­ցար­ձակ գե­րա­կա­յու­թեան, Հե­րկէլ­եան “Ժա­մա­նա­կի ոգի“ի իմաս­տով ճշմար­տու­թեան “փաստ“ը տրուած էր 1989-1991 թուա­կան­նե­րու իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րով: Եւ, իրօք, Եւ­րաս­ի­ա­կան ամ­բողջ աշ­խար­հա­տա­րած­քը այս­պէս կոչ­ուած “ռէ­ալ սոց­ի­ա­լիզմ“ի փլա­տակ­նե­րուն վրայ ըն­դու­նեց ազատ-շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը` ազա­տա­կա­նաց­նե­լով տնտե­սու­թիւնը, սե­փա­կա­նաշ­նոր­հե­լով ամէն ինչ, եւ այդ ամէ­նը ամե­նա­ժո­ղովր­դա­վար կար­գով… Հոգ չէ թէ քի­չեր կրնա­յին տար­բե­րել սե­փա­կա­նաշ­նորհ­ման կտրօն­ներն ու ամե­նու­րեք իրա­կա­նա­ցուող ընտ­րու­թեանց քուէ­նե­րը: Խոր­քին մէջ, կ՛ըսէ­ին ազատ շու­կա­յա­կան կրօն­քի նոր վար­դա­պետ­նե­րը, սե­փա­կա­նաշ­նորհ­ման կտրօ­նը (որ հե­տա­գա­յին պի­տի վե­րա­փոխ­ուէր սա­կա­րա­նի բաժ­նե­տոմ­սի) եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան քուէն զի­րար կ՛ամ­բող­ջաց­նեն: Քի­չեր այն ժա­մա­նակ հասկ­ցան թէ դրա­մա­տի­րա­կան զար­գաց­ման մարքս­եան վեր­լու­ծու­մը որ­քան ճիշդ էր եւ որ­քան ստու­գե­լի` եւ­րաս­ի­ա­կան տա­րած­քին դրա­մագ­լու­խի առա­ջին կու­տակ­ման թա­տե­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցին ընդ­մէ­ջէն… Այս­պէս, գո­նէ 1990-ական “ան­ցու­մա­յին“ տա­րի­նե­րուն կաս­կած չկար որ 21-րդ դա­րը սկսած էր, պի­տի յատ­կանշ­ուէր հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցով եւ անոր շար­ժա­կը` Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներն էին:

 

եւ անոր աւար­տը` 2008-2011

Այս տես­լա­կա­նով 21-րդ դա­րը, սա­կայն, “պահ“ մըն էր միայն ինչ­պէս 1999-2001 թուա­կան­նե­րու իրե­րա­յա­ջորդ տնտե­սա­կան տագ­նապ­նե­րը եւ, ան­շուշտ, Սեպ­տեմ­բեր 11, 2001-ը պի­տի փաս­տար­կէ­ին: Եւ թէ­եւ մին­չեւ 2008 Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու զի­նուո­րա­կան գե­րա­կա­յու­թիւնը, որ բռնա­դա­տող ձե­ւով ինք­զինք ար­տա­յայ­տեց “ահա­բեկ­չու­թեան դէմ պա­տե­րազմ“ով ընդ­հան­րա­պէս եւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի (2001) եւ Իրա­քի (2003) զի­նուո­րա­կան ներ­խու­ժում­նե­րով ու գրա­ւում­նե­րով մաս­նա­ւո­րա­պէս, 2008-ի ֆի­նան­սա­կան ճգնա­ժա­մէն եւ 2011-ին Իրա­քէն Ա.Մ.Ն.-ի զի­նուոր­նե­րու հե­ռա­ցու­մէն ետք ար­դէն կա­րե­լի է մի­ա­բե­ւեռ աշ­խար­հա­կար­գի արագ մա­շու­մի նա­խան­շան­նե­րը աւե­լի յստա­կօ­րէն տես­նել: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ կա­րե­լի է ըսել, թէ հա­կա­ռակ Ա.Մ.Ն.-ի դե­ռեւս ինչ որ ժա­մա­նա­կի հա­մար շա­րու­նա­կուող զի­նուո­րա­կան ու­ժա­յին գե­րա­կա­յու­թեան, 21-րդ դա­րը ուր­ուագծ­ուե­լու սկսած է որ­պէս աշ­խար­հա­կարգ մը, որ հիմ­նա­կա­նօ­րէն տար­բեր պի­տի ըլ­լայ 1648-ին Ուեսթ­ֆալ­իա­յի Դաշ­նագ­րով ծնունդ առած Եւ­րո­պա­յա­կեդ­րոն աշ­խար­հա­կար­գէն աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան եր­կու կա­ռու­ցա­յին տե­ղա­փո­խում­նե­րու հե­տե­ւան­քով: Մինչ ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշռու­թեան կշի­ռը հետզ­հե­տէ աւե­լի կը թե­քի դէ­պի Աս­իա-Խա­ղա­ղա­կան տա­րա­ծաշր­ջան, բնա­պա­շար­նե­րով հա­րուստ եր­կիր­նե­րը հետզ­հե­տէ աւե­լի զգա­լի դարձ­նե­լու սկսած են իրենց կա­րե­ւո­րու­թիւնը` տնտե­սա­կան զար­գաց­ման հա­մար: Այս զոյգ տե­ղա­փո­խում­նե­րը կ՛իրա­կա­նա­նան ոչ թէ աշ­խար­հի գերհ­զօր մի­ակ պե­տու­թեան հա­կակ­շիռ ու­ժի մը, կամ դաշ­նա­կից­նե­րու, հան­դէս գա­լով, այլ` տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հզօր պե­տու­թիւն­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թեան աճով:

 

Դա­րա­փո­խու­թի՞ւն

2014 թուա­կա­նը կրնայ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ըլ­լալ 21-րդ դա­րու աշ­խար­հա­կար­գի ամ­րագր­ման հա­մար:

2014 թուա­կա­նին Ա.Մ.Ն.-ի զի­նուո­րա­կան ներ­կա­յու­թիւնը Աֆ­ղա­նիս­տան փո­փո­խու­թեան պի­տի են­թարկ­ուի: Ուա­շինկ­թըն-Քա­պուլ հա­մա­ձայ­նու­թեան մը պար­գա­յին, Աֆ­ղա­նիս­տան պի­տի վե­րած­ուի ամե­րիկ­եան զի­նուո­րա­կան խա­րիս­խի: Առանց այդ հա­մա­ձայ­նու­թեան, ամե­րիկ­եան ու­ժե­րը պի­տի հե­ռա­նան այն­պէս ինչ­պէս ըրած էին անգլ­ի­ա­ցիք 19-րդ դա­րուն եւ ռու­սե­րը`  20-րդ դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան: Ամե­րիկ­եան զի­նուո­րա­կան ներ­կա­յու­թիւնը Կեդ­րո­նա­կան Աս­իոյ յա­րա­կից տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, գու­մա­րած Հնդկաս­տա­նի հետ դե­ռեւս 2005-ին Ուա­շինկ­թը­նի հաս­տա­տած դա­շին­քին, վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ պի­տի պա­հէ ար­մա­տա­կան իս­լա­մա­կա­նու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղի­նե­րէն Փա­քիս­տա­նը, բայց նա­եւ ան­մի­ջա­կան դրաց­նու­թիւն պի­տի հաս­տա­տէ եւ­րաս­ի­ա­կան տա­րա­ծաշր­ջա­մի հա­մար­կու­մով իր աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ազ­դե­ցու­թեան գօ­տին ամ­րագ­րե­լու հե­տա­մուտ Ռուս­իոյ հետ: Առանց այդ ներ­կա­յու­թեան կա­րե­լի է նա­խա­տե­սել ե՛ւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին բա­խում­նե­րու հե­ռան­կար, ե՛ւ մի­ա­ժա­մա­նակ եւ­րաս­ի­ա­կան տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թեան աւե­լի անար­գել ամ­րագ­րում:

Երկ­րորդ իրա­դար­ձու­թիւնը որ 2014-ը բե­կում­նա­յին տար­ուայ կրնայ վե­րա­ծել Իրա­նի հետ կո­րի­զա­յին հար­ցով պատ­մա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան զար­գա­ցումն է տար­ուայ առա­ջին կէ­սին: Դրա­կան զար­գաց­ման պա­րա­գա­յին, Ա.Մ.Ն.-Իրան զգու­շա­ւոր մեր­ձե­ցու­մը կրնայ հա­կակ­շիռ հաս­տա­տել 2011-էն ի վեր Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ ինք­զինք պար­տադ­րող սիւն­նի իս­լա­մա­կա­նու­թեան վրայ: Ա.Մ.Ն.-Իրան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ըն­թաց­քը վստա­հա­բար իր անդ­րա­դար­ձը պի­տի ու­նե­նայ նա­եւ սուր­ի­ա­կան քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մին վրայ, եւ այդ պա­տե­րազ­մը, կա­րե­լի է ըսել առանց շատ սխա­լե­լու, Մի­ջին Արե­ւել­քի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նոր քար­տէսն է որ կը սահ­մա­նէ…

 

Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւնը 2014-ին

2014-ը 20-ամ­եակն է ար­ցախ­եան զի­նա­դա­դա­րին, այն տա­րին որ Մինս­քի Խում­բի ման­տա­դի պայ­մա­նա­ժա­մը իր լրու­մին կը հաս­նի: Երե­ւա­նի հա­մար ան­շուշտ լա­ւա­գոյ­նը գոր­ծըն­թա­ցի շա­րու­նակ­ման ապա­հո­վումն է, սա­կայն դժուար չէ անդ­րա­դառ­նալ, որ խոր­քին մէջ Ատր­պէյ­ճանն է որ պի­տի որո­շէ պա­տե­րազ­մի վերսկ­սու­մը կամ զի­նա­դա­դա­րի շա­րու­նա­կու­մը: Աւե­լի՛ն, նոյ­նիսկ եթէ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վերսկ­սու­մը մեծ ռիսք է Ատր­պէյ­ճա­նին, հա­ւա­նա­կա­նու­թիւնը շատ է, որ Պա­քու հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցը դուրս բե­րէ Մինս­քի Խմբա­կէն եւ տե­ղա­փո­խէ Մ.Ա.Կ., ուր, ի տար­բե­րու­թիւն հայ­կա­կան դիւա­նա­գի­տու­թեան, Պա­քու ար­դէն իր քայ­լե­րը առած է Հա­յաս­տա­նին ճնշու­մի տակ դնե­լու հա­մար:

Միւս իրա­դար­ձու­թիւնը, որ ճա­կա­տագ­րա­կան անդ­րա­դարձ պի­տի ու­նե­նայ հա­յու­թեան 21-րդ դա­րու ապա­գա­յին վրայ` ան­շուշտ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան կա­ցու­թիւնն է: Եր­կու տա­րի առաջ, երբ Սուր­իոյ մէջ իրա­վի­ճա­կը մագլ­ցում կ՛ար­ձա­նագ­րէր եւ հայ­րե­նի պե­տու­թիւնն ու սփիւռք­եան հա­մայնք­նե­րը մէկ օրէն միւ­սը դէմ յան­դի­ման գտնուե­ցան սուր­ի­ա­հա­յու­թեան գո­յա­պայ­քա­րին օժան­դա­կու­թեան հրա­տապ հար­ցին,  իրենք իրենց բնա­կա­նա­բար պար­տադ­րե­ցին օր­ուան խնդիր­նե­րը: Այս կա­ցու­թիւնը պի­տի շա­րու­նակ­ուի այն­քան ատեն որ սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պը իր լու­ծու­մին չէ հա­սած: Սա­կայն ար­դէն օրա­կար­գի վրայ ինք­զինք կը պար­տադ­րէ 21-րդ դա­րու սփիւռք­եան գո­յա­վի­ճա­կի սահ­մա­նու­մը, սփիւռք­եան գո­յա­վի­ճա­կի նոր տե­սու­թեան մը առա­ջա­ցու­մը որ­պէս մեկ­նա­կէտ վե­րա­կազ­մա­կեր­պա­կան նոր գոր­ծըն­թա­ցի մը:

Կարճ` Հա­մաշ­խար­հա­յին Առա­ջին Պա­տե­րազ­մէն հա­րիւ­րամ­եակ մը յե­տոյ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը դա­րա­փո­խու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի մը ազ­դան­շան­նե­րը կու տան: Մի­ա­բե­ւեռ աշ­խար­հա­կար­գի հա­զիւ քսա­նամ­եայ “պահ“էն յե­տոյ ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­մի գոր­ծըն­թա­ցը աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նոր կա­ցու­թիւն մը կը ձե­ւա­ւո­րէ: Հա­յաս­տանն ու Սփիւռ­քի ամե­նա­հիմ­նա­րար հա­մայք­նե­րէն մէ­կը կը գտնուին ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­մի գոր­ծըն­թա­ցի ամե­նա­թէժ տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րուն մէջ: Հա­յու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը 21-րդ դա­րուն սեր­տօ­րէն առըն­չա­կից է անոնց: Ինչ­պէս որ էր հա­րիւր տա­րի առաջ…

Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ, սա­կայն, թէ­կուզ եւ ամե­նա­փոքր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պա­րա­գա­յին սե­փա­կան ճա­կա­տագ­րի որո­շու­մը կա­րե­ւոր չա­փով կա­խում ու­նի իր ներ­քին կազ­մա­կեր­պա­կան կուռ ըլ­լա­լէն, խո­ցե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րէն եւ մա­նա­ւանդ` աշ­խար­հի մէջ իր տե­ղը որո­շե­լու կա­րո­ղու­թե­նէն: Այս բո­լո­րը կրնանք սահ­մա­նել որ­պէս քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն` հա­ւա­քա­կան գո­յա­վի­ճա­կի ծրագր­ման կա­րո­ղու­թեան իմաս­տով: Առ այդ` հա­ւա­քա­կան գո­յա­վի­ճա­կի ծրագր­ման իմաս­տով ո՞ւր էր հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնը հա­րիւր տա­րի առաջ եւ ի՞նչ կա­ցու­թեան մէջ կը գտնուի այ­սօր:

 

 

 

 

 

ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ 20-ՐԴ ԴԱՐԷՆ 21-ՐԴ ԴԱՐ

Հա­րիւր տա­րի առաջ, հա­յու­թիւնը բաժն­ուած էր եր­կու կայս­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ եւ հա­ւա­քա­կան ճա­կա­տա­գի­րը որոշ­ուե­ցաւ այդ կայս­րու­թիւն­նե­րու փլուզ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րով: Ար­տա­սահ­ման­եան հա­մայնք­ներ կա­յին ան­շուշտ, բայց չէ­ին կազ­մա­կերպ­ուած ոչ ալ քա­ղա­քա­կա­նա­պէս ակ­տիւ էին այն­պէս ինչ­պէս ինք­զինք որ­պէս Սփիւռք ճանչ­ցած ար­տա­սահ­ման­եան հա­յու­թիւնը պի­տի ընէր 21-րդ դա­րու կէ­սե­րէն սկսեալ: Հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնը այն ժա­մա­նակ ձե­ւա­ւոր­ուած էր Արեւմ­տա­հայ եւ Արե­ւե­լա­հայ զոյգ Զար­թօնք­նե­րով, Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի մէջ կե­ղե­քում­նե­րու դէմ տա­րե­րա­յին ըմ­բոս­տու­թիւն­նե­րով, Եւ­րո­պա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջամ­տու­թեամբ փրկու­թիւն ակն­կա­լող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ձա­խո­ղու­թեան դա­սե­րով եւ, մա­նա­ւանդ, 19-րդ դա­րու վեր­ջին քա­ռոր­դին ծնունդ առած ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան շար­ժու­մով: Պատ­ճա­ռա­կա­նու­թեան բարդ շղթայ մը կայ այս բո­լոր իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ, եւ այս իմաս­տով սխալ չէ բա­նա­ձե­ւել ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը որ­պէս հա­յու­թեան ար­դէն կազ­մա­ւոր­ուած հա­ւա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւնը: Ար­մէ­նա­կան­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ սկզբնա­կան շրջա­նին, բայց շու­տով նախ Սոց­ի­ալ Դե­մոկ­րատ Հնչակ­եան Կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ապա Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան առաջ­նոր­դու­թեամբ մղուած ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնը ամ­բող­ջա­կան իմաս­տով յե­ղա­փո­խեց. Հա­յը այ­լեւ Հա­յաս­տան­եաց Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ ընդ­մէ­ջէն ինք­զինք ճանչ­ցող քրիս­տո­նէ­ան չէր միայն, այլ` իր ճա­կա­տա­գի­րը իր ձեռ­քե­րով կեր­տե­լու ելած գի­տա­կից հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը: Ինչ որ իւ­րա­յա­տուկ էր 19-րդ դա­րու վեր­ջին քա­ռոր­դին ըն­թացք առած ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին անոր էա­պէս յա­ռաջ­դի­մա­կան բնոյթն էր:

Այս­պէս, ծրագ­րա­յին թէ գոր­ծե­լա­ո­ճա­յին իրենց բո­լոր տար­բե­րու­թիւն­նե­րով, Ս.Դ. Հ. Կու­սակ­ցու­թիւնը եւ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւնը գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան թէ պատ­մա­փի­լի­սո­փա­յա­կան աշ­խար­հա­հայ­եաց­քով տե­ղադ­րե­ցին հա­մայն մարդ­կու­թեան ազա­տագ­րու­թեան մեծ դա­տին, իմա՛` ըն­կեր­վա­րա­կան շարժ­ման, ոլոր­տին մէջ: Հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւնը ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ճա­կա­տագ­րի կեր­տու­մը սահ­մա­նեց բա­ցա­ռա­բար ձա­խա­կողմ­եան, այ­սինքն` սոց­ի­ա­լա­կան ար­դա­րու­թեան եւ հա­ւա­սար­նե­րու հա­սա­րա­կար­գի ստեղծ­ման պրիս­մա­կին մէջ: Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ, հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւնը այն ժա­մա­նակ գրե­թէ բա­ցա­ռա­բար դա­սա­կար­գա­յին պայ­քա­րով կլան­ուած եւ­րո­պա­կան ընկեր­վա­րա­կան շարժ­ման օրա­կար­գին կը բե­րէր կայս­րու­թիւն­նե­րու մէջ ճնշման են­թարկ­ուած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին դա­տե­րուն իմաստն ու ար­դա­րու­թիւնը: Հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւնը, ան­շուշտ, առան­ձին չէր այդ նա­խա­ձեռ­նու­թեան մէջ. Սի­ո­նա­կան շար­ժու­մը, վրաց Մեն­շե­ւիկ­նե­րը եւ Օս­ման­եան կայս­րու­թեան մէջ պայ­քա­րող քրիս­տոն­իայ ժո­ղո­վուրդ­ներ ինչ­պէս սեր­պերն ու մա­կե­դոն­ի­ա­ցի­նե­րը իրենց քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնը նոյն ուղ­ղու­թեամբ կը զար­գաց­նէ­ին, թէ­եւ, հասկ­նալի­օ­րէն, իւ­րա­քան­չիւ­րը իրեն յա­տուկ պայ­ման­նե­րուն մէջ: Ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը ձա­խա­կողմ­եան գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ սահ­մա­նե­լու եւ կազ­մա­կեր­պե­լու ճիգ երե­ւոյ­թի պի­տի վե­րած­ուի միայն 20-րդ դա­րու երկ­րորդ կէ­սե­րուն. Չի­նաս­տա­նի մէջ Մաո­յի զօ­րա­շար­ժը ընդ­դէմ ճա­բո­նա­կան գրաւ­ման եւ Չան Քայ Չէ­քի բռնա­տի­րու­թեան, Գու­պա­յի յե­ղա­փո­խու­թիւնը Ֆի­տէլ Գասթ­րո­յի առաջ­նոր­դու­թեամբ, Աս­իոյ, Ափ­րի­կէի, Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Լա­տին Ամե­րի­կա­յի մէջ հա­կա­գա­ղու­թա­տի­րա­կան եւ հա­կա­կայ­սե­րա­կան ազա­տագ­րա­կան շար­ժում­նե­րը 1960-70ական թուա­կան­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ Հիւ­սի­սա­յին Իր­լան­տա­յի եւ պաս­քե­րու պայ­քար­նե­րը: Աւե­լի ժա­մա­նա­կա­կից նման մտա­ծո­ղու­թեան ոլոր­տին մէջ կա­րե­լի է տե­ղադ­րել Վե­նեզ­ուե­լա­յի Ու­կօ Չա­վէսն ու սկովտ­ի­ա­ցի մտա­ծող եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Սթե­ֆըն Մաքս­ուէլ, ի շարս այ­լոց:

Ինչ որ տաս­նի­ննե­րորդ դա­րու հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան իւ­րա­յա­տուկ էր ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւնն էր: Հնչակ­եան­նե­րը տա­կա­ւին իրենց “մօ­տա­ւոր“ եւ “հե­ռա­ւոր“ ծրագ­րա­յին նպա­տակ­նե­րով այդ ուղ­ղու­թեամբ ծրագ­րա­յին բա­նա­ձե­ւում ու­նէ­ին թէ­եւ վերջ­նա­կան նպա­տա­կով շատ աւե­լի մօտ էին մարքս­եան տես­լա­կա­նին: Դաշ­նակ­ցու­թիւնը շատ աւե­լի վե­րա­ցա­կան էր իր ծրագ­րա­յին բա­նա­ձե­ւու­մին մէջ եւ գործ­նա­կա­նօ­րէն հե­տա­մուտ զին­եալ պայ­քա­րի ճամ­բով արեւմ­տա­հա­յու­թեան իրա­ւունք­նե­րու առօր­եայ պաշտ­պա­նու­թեան: Ամէն պա­րա­գա­յի, սխալ չէ ըսել որ հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնը այն ժա­մա­նակ գործ­նա­կան իմաս­տով խարսխ­ուած էր Օս­ման­եան կայս­րու­թե­նէն ներս բա­րե­կար­գում­նե­րու առա­ջադ­րու­թեան վրայ որով եւ կը մտած­ուէր վերջ տալ հա­յու­թեան կե­ղեք­ման ու շա­հա­գործ­ման: Նման առիթ ստեղծ­ուե­ցաւ 1908-ին Օս­ման­եան Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ որուն մեծ խոս­տումն էր կայս­րու­թեան բո­լոր ազ­գու­թիւն­նե­րուն տալ օրէն­քի առ­ջեւ հա­ւա­սար քա­ղա­քացիի իրա­ւունք: Առա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի նա­խօր­եա­կին, հե­տե­ւա­բար Օս­ման­եան կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ ապ­րող հա­յու­թիւնը իր պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի վրայ թէ Պոլ­սոյ կամ այլ քա­ղաք­նե­րուն մէջ, առն­ուազն օրէն­քի սահ­մա­նու­մով այդ պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցին էր: Ճիշդ է, քա­ղա­քաց­ի­ա­կան հա­ւա­սա­րու­թեան թե­րա­հա­ւա­տու­թիւնը կը տի­րա­պե­տէր ի հե­տե­ւանք ջար­դե­րու եւ հա­լա­ծանք­նե­րու շա­րու­նա­կու­մին, որով եւ Պա­տե­րազ­մի ճիշդ նա­խօր­եա­կին դարձ­եալ բա­րե­կար­գում­նե­րու հար­ցը եւ­րո­պա­կան օրա­կար­գին գա­լու երե­ւոյ­թը: Բայց իրո­ղու­թիւնն այն էր, որ Առա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին Օս­ման­եան կայս­րու­թեան մէջ հա­յու­թիւնը քա­ղա­քաց­ի­ա­կան կար­գա­վի­ճակ ու­նէր եւ ու­րեմն պար­տա­ւոր էր սահ­մա­նադ­րա­կան իր պար­տա­ւո­րու­թիւնը յար­գե­լու, երբ պե­տու­թիւնը պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րեց: Մնաց­եա­լը ար­դէն յայտ­նի է… Քա­ղա­քա­ցիու­թեան նման սթա­թուս չկար 1905-էն ի վեր թա­փով իր ան­կու­մը ապ­րող Ցա­րա­կան կայս­րու­թեան մէջ: Քա­ղա­քա­կան խմո­րում­նե­րը հոն շատ աւե­լի ըն­կե­րա­յին յե­ղա­փո­խու­թեան հե­ռան­կա­րով տե­ղի կ՛ու­նե­նա­յին քան այս­պէս կոչ­ուած ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի: Ի դէպ, եր­կու կայս­րու­թիւն­նե­րէն ներս ալ “ազ­գա­յին“ը աշ­խար­հագ­րա­կան սահ­ման­նե­րով հայ­րե­նի­քի եւ գե­րիշ­խան պե­տու­թեան տրա­մա­բա­նու­թեամբ չէր սահ­ման­ուէր, որ­քան ալ որ հա­յու­թեան նման հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ քաջ գի­տա­կից էին իրենց պատ­մա­կան ար­մատ­նե­րու հո­ղե­րու պատ­կա­նե­լիու­թեան: Այ­սինքն, որ­քան ալ որ Ցա­րա­կան կայս­րու­թեան մէջ պատ­մա­կա­նօ­րէն հայ­կա­կան հո­ղա­տա­րած­քը վար­չա­կան տար­բեր նա­հանգ­նե­րու բաժն­ուած ըլ­լար տեղ­ւոյն հայ բնակ­չու­թիւնը անոնց պատ­մա­կան ինք­նու­թեան մա­սին կաս­կած չու­նէր: Բայց հա­յու­թիւնը, ի մաս­նա­ւո­րի կայս­րու­թեան մեծ քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ան­տար­բեր չէր ըն­կե­րա­յին ու աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շար­ժում­նե­րու խմո­րում­նե­րուն, որոնք, ի դէպ, Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան ոլոր­տին մէջ մտան 1907-ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վի Կով­կաս­եան նա­խա­գի­ծով: Հե­տե­ւա­բար, եթէ 1916-էն սկսեալ Կա­մա­ւո­րա­կան Շար­ժումն էր, որ յատ­կան­շեց արե­ւե­լա­հա­յոց մաս­նակ­ցու­թիւնը Հա­մաշ­խար­հա­յին Առա­ջին Պա­տե­րազ­մին ռու­սա­կան բա­նա­կին, այ­սինքն` Դաշ­նա­կից­նե­րուն կող­քին, այդ մէ­կը շատ աւե­լի հե­տե­ւանք էր արեւմ­տա­հա­յոց ճա­կա­տագ­րին գի­տակ­ցու­թեան եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան առողջ բնազ­դին, որ ար­թուն մնա­ցած էր ֆետա­յա­կան շարժ­ման մաս­նա­կից եւ հի­մա կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րը առաջ­նոր­դող մար­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րուն:

Ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին իրո­ղու­թիւնը, բնա­կա­նա­բար, հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ակա­մայ ստեղ­ծումն էր 1918-ի Մա­յի­սին: “Ակա­մայ“` որով­հե­տեւ, ինչ­պէս ծա­նօթ է, այն ար­դիւնք էր պատ­մա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու եւ ոչ թէ` ծրագր­ուած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն: Պատ­մա­կան հայ­րե­նիքն ու ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնը իրա­րու առըն­չող գե­րիշ­խան պե­տա­կա­նու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն ու անոր կա­րե­ւո­րու­թիւնը ամ­րագր­ուե­ցաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ միայն 20-րդ դա­րուն ե՛ւ այն հատ­ուած­նե­րուն հա­մար, որ Հա­յա­աս­տա­նի Խորհր­դայ­նա­ցու­մը կամ ող­ջու­նե­ցին կամ ալ ըն­դու­նե­ցին որ­պէս իրա­կա­նու­թիւն, ե՛ւ միւս­նե­րուն հա­մար որ զայն տե­ղադ­րե­ցին Սեւ­րի դաշ­նագ­րով գծուած հայ­կա­կան պատ­մա­կան հո­ղա­տա­րածք­նե­րու վե­րա­դար­ձին ու մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քի հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ գե­րիշ­խան պե­տու­թեան ստեղծ­ման նպա­տա­կին մէջ: Սխալ չէ 20-րդ հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ նո­րու­թիւն հան­դի­սա­ցած երկ­րորդ երե­ւոյ­թը` ար­տա­սահ­ման­եան հա­յու­թիւնը Սփիւռք հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ սահ­մա­նու­մը կա­պել հայ­րե­նի­քին ու պե­տա­կա­նու­թեան: Այլ խօս­քով` հա­յու­թեան փրկու­թիւնը որ­պէս ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն տես­նել հո­ղա­հա­ւա­քի եւ հա­յա­հա­ւա­քի, հայ­րե­նա­դար­ձու­թեա՛ն, տրա­մա­բա­նու­թեան մէջ ան­կախ թէ գա­ղա­փա­րա­խօսա­կան ո՛ր ակ­նո­ցով կը դիտ­ուէր կամ գործ­նա­կա­նին մէջ ինչ­պէ՛ս կ՛ար­տա­յայտ­ուէր այն:

Զանց առ­նե­լով Սփիւռք­եան քա­ղա­քա­կան հո­լո­վոյ­թին, ար­ցախ­եան շար­ժու­մին ծնունդ տուած խան­դա­վա­ռու­թեան եւ հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան անց­նող քսա­ներ­կու տա­րի­նե­րու մա­սին այ­լա­պէս անհ­րա­ժեշտ խորհր­դակ­ցու­թիւնը, հա­յու­թեան գո­յա­վի­ճա­կը այ­սօր բաղ­դա­տած հա­րիւր տա­րի առաջ­ուայ կա­ցու­թեան հետ կը յատ­կանշ­ուի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան եւ Սփիւռ­քի երե­ւոյթ­նե­րով, անոնց ան­մի­ջա­կան ապա­գա­յի հար­ցադ­րում­նե­րով եւ եր­կու երե­ւոյթ­նե­րը իրա­րու առըն­չող հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան մար­տահ­րա­ւէ­րով: Այ­սինքն` ե՛ւ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնը, ե՛ւ Սփիւռ­քը իրենց գո­յու­թեան շա­րու­նակ­ման յա­տուկ հար­ցեր ու­նին:

….Եթէ 2014-ը մի­ջազ­գա­յին հա­մա­կար­գի ձե­ւա­ւոր­ման իմաս­տով դա­րա­փո­խու­թիւն կը նշա­նա­կէ, ապա եւ հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հա­մար գլխա­ւոր հար­ցը կը մնայ Ռուս­իոյ նա­խա­ձեռ­նած Եւ­րաս­ի­ա­կան Հա­մար­կու­մի ծրագ­րին բնոյ­թը եր­կու իմաս­տով: Առա­ջին` Եւ­րաս­ի­ա­կան Հա­մար­կու­մի ծրա­գի­րը Ռուս­իոյ հա­մար տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին իր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տին կա­ռու­ցա­յին իմաս­տով ամ­րապն­դե­լու փորձ է, որ կրնայ դիտ­ուիլ որ­պէս Ան­կախ Պե­տու­թիւն­նե­րու Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան (Ա.Պ.Հ.) աւե­լի զար­գա­ցած կամ բնորդ, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ հասկց­ուիլ որ­պէս ռու­սա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան նոր հանգր­ուան: Պէտք է ընդգ­ծել որ Փու­թի­նի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը ոչ ցա­րա­կան կայս­րու­թեան նոր տար­բե­րակ մը պի­տի ըլ­լայ, ոչ ալ Խորհր­դա­յին Միու­թեան վե­րա­կազ­մա­ւո­րու­մը, այն իմաս­տով, որ հա­մար­կու­մի գոր­ծըն­թա­ցը տե­ղի կ՛ու­նե­նայ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քով գե­րիշ­խան ճանչց­ուած պե­տու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ: Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ սա­կայն ո՞վ կրնայ կաս­կա­ծի տակ առ­նել, որ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քի կող­քին եւ թե­րեւս ան­կէ աւե­լի կը կշռէ պե­տու­թիւն­նե­րու ու­ժա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գը: Այս իմաս­տով, Եւ­րաս­ի­ա­կան Հա­մար­կու­մի ծրա­գի­րը կա­պի­տա­լիստ Ռուս­իոյ, կամ ռու­սա­կան կա­պի­տա­լի, ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան ծրա­գիրն է նա­եւ: Մէկ կողմ ձգե­լով այն հիմ­նա­կան հար­ցու­մը թէ մին­չեւ ե՞րբ ռու­սա­կան կա­պի­տա­լիզ­մը կրնայ պա­հել տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման ներ­կայ մա­կար­դա­կը, կամ` ե՞րբ հարս­տու­թեան այս ան­հա­ւա­սար բաշ­խու­մի հե­տե­ւան­քով առա­ջա­ցած եւ հետզ­հե­տէ սրող սոց­ի­ա­լա­կան բե­ւե­ռա­ցու­մը ռու­սա­կան հա­սա­րա­կու­թե­նէն ներս պայ­թու­նավ­տանգ աս­տի­ճա­նի պի­տի հաս­նի, յստակ է որ Հա­յաս­տա­նի հա­մար ռու­սա­կան պար­տադ­րան­քով դէ­պի Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն կա­տար­ուած քայ­լե­րուն յան­կար­ծա­կան լքու­մը եւ Մաք­սա­յին Միու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մը Սեպ­տեմ­բեր 3, 2013-ին ար­դիւնք է եր­կու կախ­ուա­ծու­թիւն­նե­րու` զի­նուո­րա­կան եւ կա­պի­տա­լիս­տա­կան: Առա­ջի­նին մա­սին ար­դէն շատ խօս­ուած է եւ աւե­լորդ է այդ էջը կրկին բա­նալ: Կը մնայ միայն նշել, որ Հա­յաս­տա­նի դիւա­նա­գի­տու­թիւնը այն­պէս ալ չյա­ջո­ղե­ցաւ Մոսկ­ուա­յին ար­ժե­ւո­րել տալ Կով­կա­սի մէջ իր մի­ակ ռազ­մա­կան դաշ­նա­կի­ցին կա­րե­ւո­րու­թիւնը…

Երկ­րորդ կախ­ուա­ծու­թիւնը, որ, ի դէպ, ընդ­հան­րա­պէս կ՛ան­տես­ուի որ­պէս թա­պու, աւե­լի վտան­գա­ւոր է եւ, թե­րեւս, շատ աւե­լի լաւ կը բա­ցատ­րէ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ան­կա­րո­ղու­թիւնը իրենց ռուս գոր­ծըն­կեր­նե­րուն դէմ: Քա­նի որ Հա­յաս­տան, որ­պէս սուրբ գրա­յին ճշմար­տու­թիւն ըն­դու­նած է ազատ շու­կա­յա­կա­նու­թիւնը որ­պէս տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տոկ­մա, ռու­սա­կան կա­պի­տա­լէն հա­յաս­տան­եան կախ­ուա­ծու­թեան ախ­տա­ճա­նա­չու­մը որ­պէս սկզբունք ընդ­հան­րա­պէս կ՛ան­տես­ուի: Բայց իրո­ղու­թիւնը այն է, որ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան ան­ցու­մը դէ­պի շու­կա­յա­կան հա­մա­կարգ եղաւ ազա­տա­կա­նաց­ման եւ սե­փա­կա­նաշ­նորհ­ման պի­տակ­նե­րով կա­տար­ուած ալան-թա­լա­նի ճամ­բով եւ ծնունդ տուաւ եր­կի­րը “քաունթ­րի քլապ“ի վե­րա­ծած բուռ մը օլի­կար­գե­րու, որոնք գրե­թէ նոյ­նա­ցած են պե­տու­թեան հետ ի դէմս պե­տա­կան ամե­նա­բարձր պաշ­տօն­ներ վա­րած անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, որոնք պիզ­նէս­մէ­նի վե­րած­ուած են, կամ պիզ­նէս­մէն­նե­րու, որոնք պատ­գա­մա­ւոր եւ նա­խա­րար եղած են: Գաղտ­նիք չէ, որ հիմ­նա­կա­նօ­րէն ֆի­նանս­նե­րու հոս­քով յատ­կանշ­ուած հայ­րե­նի տնտե­սու­թեան մէջ ռու­սա­կան կա­պի­տա­լին ներ­թա­փան­ցու­մը գրե­թէ բա­ցար­ձակ է եւ այդ մէ­կը հայ օլի­կարգ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ: Այլ խօս­քով` Մաք­սա­յին Միու­թեան Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թիւնը ներ­կայ իրա­վի­ճա­կով պի­տի ծա­ռա­յէ հա­յաս­տան­եան մեծ կա­պի­տա­լի շա­հե­րուն, միշտ աւե­լի հարս­տա­նա­լու հե­տա­մուտ շա­հա­գոր­ծող­նե­րու այդ դա­սա­կար­գը աւե­լի պի­տի յղփա­նայ, եւ, ցի­նի­քա­բար, նոյ­նիսկ դրա­կան պի­տի հա­մա­րէ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ աշ­խա­տանք չգտնող մաս­սա­յա­կան հատ­ուա­ծը փո­խա­նակ բո­ղո­քե­լու պի­տի նա­խընտ­րէ փրթի­նե­րը հա­ւա­քել եւ խո­պան եր­թալ…

Մաք­սա­յին Միու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան յա­ջոր­դած դժգո­հու­թեանց ալի­քը եւ անոր բա­նա­կան բա­ցատ­րու­թեան փոր­ձե­րը ընդ­հան­րա­պէս իրա­րու հա­կադ­րե­ցին դէ­պի Եւ­րո­պա կամ դէ­պի Ռուս­իա գոր­ծըն­թաց­նե­րու այ­լընտ­րան­քը: Հա­յաս­տան որ­պէս գե­րիշ­խան պե­տու­թիւն կրնար ընտ­րել մէ­կը կամ միւ­սը, եւ այն­քան ալ կա­րե­ւոր չէ Եւ­րո­պա թէ Ռուս­իա պրէնտ­նե­րէն մէ­կուն ընտ­րու­թիւնը որ­քան այ­լընտ­րան­քը կա­տա­րե­լու կոչ­ուած երկ­րի ազ­գա­յին շա­հե­րը: Հիմ­նա­կա­նը այդ ազ­գա­յին շա­հե­րու սահ­մա­նումն է: Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, եր­կի­րը գնած օլի­կարգ­նե­րուն ամ­բողջ ճի­գը ազ­գա­յին շա­հե­րը իրենց շա­հե­րուն հետ նոյ­նաց­նե­լու կը ձգտի, եւ քա­նի որ անց­նող տա­սը տա­րի­նե­րուն այդ դա­սա­կար­գը կրցաւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան խա­ղին ընդ­մէ­ջէն ստեղ­ծել հա­մա­կարգ մը որ ընտ­րու­թե­նէ ընտ­րու­թիւն ինք­զինք կը վե­րար­տադ­րէ, կրնայ նա­եւ Պե­տու­թիւնը օգ­տա­գոր­ծել իր շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար: Հե­տե­ւա­բար, թէ­կուզ եւ Հա­յաս­տա­նի ընդգր­կու­մը Եւ­րաս­ի­ա­կան Հա­մարկ­ման ծրագ­րի մէջ հաս­տատ կը թուի, իր ազ­գա­յին շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թիւնը հիմ­նա­կա­նին մէջ կա­խում պի­տի ու­նե­նայ ներ­քա­ղա­քա­կան մար­տահ­րա­ւէ­րէն. որ­քա­նո՞վ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ պե­տա­կան հա­մա­կար­գը դուրս բե­րել օլի­կարգ­նե­րու ճի­րան­նե­րէն եւ ապա­հո­վել հա­սա­րա­կու­թեան լայն մաս­նակ­ցու­թիւնը ոչ միայն քա­ղա­քա­կան այլ նա­եւ ու մա­նա­ւանդ տնտե­սա­կան, այ­սինքն` հարս­տու­թեան վե­րա­բաշ­խու­մի, որո­շում­նե­րու կա­յաց­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րուն: Միայն այդ ձե­ւով կա­րե­լի է որո­շել Եւ­րաս­ի­ա­կան Հա­մար­կու­մի Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թեան չա­փա­նի­շին եւ գոր­ծըն­թա­ցը դնել Հա­յաս­տա­նի ու Հա­յու­թեան զար­գաց­ման ծա­ռա­յու­թեան եւ ոչ թէ վե­րած­ուիլ ռու­սա­կան մեծ կա­պի­տա­լի եւ անոր ճամ­բով իրա­կա­նա­ցող նոր կայ­սե­րա­կան ծա­ւա­լու­մի մէկ խա­ղա­քար­տին:

Նախ­քան այս նոր դա­րա­փո­խու­թեան շէ­մին Սփիւռ­քի գո­յա­պայ­քա­րի հիմ­նա­հար­ցե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նենք հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան յղաց­քը այն­պէս ինչ­պէս տրա­մա­բա­նե­ցինք աւե­լի վեր: Հա­յաս­տա­նի մեծ կա­պի­տա­լը, այ­սինքն` օլի­կարգ­նե­րը, որուն կազ­մա­ւոր­ման քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան հի­մե­րը դրաւ Լե­ւոն Տէր Պետ­րոս­եա­նի գլխա­ւո­րած Հ.Հ.Շ.-ն, իր լրու­մին հաս­ցուց Ռո­պերթ Քո­չար­եա­նի իշ­խա­նա­կար­գը եւ ամ­րագ­րեց Սերժ Սար­գս­եա­նի Հան­րա­պե­տա­կան մի­ա­կու­սակ­ցա­կա­նա­պե­տու­թիւնը, եր­բեք այն­քան ալ չէ մտա­հոգ­ուած հայ­րե­նա­դար­ձու­թեամբ: Այն­պէս ինչ­պէս եր­բեք ռիս­քը չէ առած ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լու Ար­ցա­խի թէ ազա­տագր­ուած հո­ղա­տա­րածք­նե­րու վե­րաբ­նա­կեց­ման հա­մար: Աւե­լի՛ն, այդ կա­պի­տա­լին շատ աւե­լի ծա­նօթ են հե­ռա­ւոր Քայ­ման կղզի­նե­րը քան ըսենք Լա­չի­նը: Լե­ւոն Տէր Պետ­րոս­եան “նա­րինջ ու­տող“ սփիւռք­ցի­նե­րուն առ­ջեւ հայ­րե­նի ան­ցու­մի գոր­ծըն­թա­ցին մաս­նակ­ցե­լու ամէն դուռ փա­կեց ոչ միայն որով­հե­տեւ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան զար­գաց­ման տար­բեր աշ­խար­հա­հայ­եացք ու­նէր այլ նա­եւ, եթէ ոչ մա­նա­ւանդ, ու­զեց սե­փա­կա­նաշ­նոր­հուող Հա­յաս­տա­նը ապա­հո­վել իր ան­մի­ջա­կան շրջա­պա­տին: Ռո­պերթ Քո­չար­եան յանձ­նա­ռու­թիւն առաւ քա­ղա­քա­ցիու­թեան օրէն­քը փո­խե­լու եւ Սփիւռ­քին ներգ­րա­ւե­լու Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, երբ ար­դէն կա­պի­տա­լի առա­ջին կու­տա­կու­մը ստեղ­ծած էր դրա­մա­տի­րա­կան հա­մա­կար­գը: Ատով հան­դերձ, օրէն­քը ու­շա­ցաւ որով­հե­տեւ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վէն ներս մեծ կա­պի­տա­լի դրա­ծոյ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ամէն ձե­ւի ար­գելք­ներ կը ստեղ­ծէ­ին: Սերժ Սարգս­եան իրա­կա­նու­թիւն դար­ձուց հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ծրա­գի­րը գործ­նա­կա­նաց­նե­լու կոչ­ուած կա­ռոյ­ցը` Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թիւնը, որ սա­կայն երբ լուրջ ճի­գեր կ՛ընէ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խե­լու եւ հաս­տա­տե­լու հա­մար, կը բա­խի օդա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թեան գի­նե­րը անխղ­ճօ­րէն բարձ­րաց­նե­լու չվա­րա­նող հրէշ­նե­րու: Մա­քուր խղճով գոր­ծող ազ­նիւ դիւա­նա­գէտ­ներ եւ ազ­գա­յին­ներ տա­րի­նե­րու աշ­խա­տանք կը տա­նին, որ­պէս­զի հա­մաշ­խար­հա­յին վարկ ու­նե­ցող ձեռ­նար­կու­թիւն­ներ հա­րիւ­րա­ւոր միլի­ոն­նե­րու ներդ­րում ընեն Հա­յաս­տան եւ մեծ կա­պի­տա­լը կ՛ակտիւա­նայ պե­տա­կան մի­ջոց­նե­րու չա­րա­շա­հու­մով հայ­րե­նի շու­կա­յին մէջ անոնց մրցու­նակ զար­գաց­ման տա­րա­ծու­թիւն­նե­րը փա­կե­լու հա­մար: Մէկ խօս­քով, հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ծրա­գի­րը կայ, անոր գի­տա­կից են քիչ թէ շատ պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը, սա­կայն մեծ կա­պի­տա­լը թոյլ չի տար, որ այդ ծրա­գի­րը լի­ո­վին իրա­գործ­ուի: Այս վեր­ջի­նը կը նշա­նա­կէ նախ եւ առաջ ու­նե­նալ եր­կիր մը, որ քա­շո­ղա­կան ըլ­լայ ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան զար­գաց­ման, ապա­գայ սե­րունդ­նե­րուն կեն­սա­մա­կար­դա­կի բա­րե­լաւ­ման յոյս ներշն­չե­լու իմաս­տով: Եւ ատոր հա­մար հարս­տու­թեան վե­րա­բաշ­խու­մի նուա­զա­գոյն հա­ւա­սա­րու­թիւն մը անհ­րա­ժեշտ է, սոց­ի­ա­լա­կան ար­դա­րու­թեան զգայ­նու­թիւն եւ հան­րա­յին առող­ջա­պա­հու­թեան, կրթու­թեան եւ թո­շակ­նե­րու գոր­ծող հա­մա­կարգ: Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գը այ­սօր աւե­լի մօտ է աւա­տա­պե­տու­թեան, ուր սոց­ի­ա­լա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը նոյ­նա­ցած է օլի­կարգ­նե­րու բա­րե­գոր­ծա­կան ցան­կու­թիւն­նե­րուն հետ եւ լա­ւա­գոյն ապա­գա­յին երաշ­խի­քը կը բա­նա­ձեւ­ուի հայ­րե­նա­սի­րա­կան ճա­ռե­րով:

Այս իմաս­տով, թե­րեւս հե­տաքրք­րա­կան է դի­տել տալ, որ Սփիւռ­քէն կա­մա­ւոր հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւնը չէ եղած այն հա­մայնք­նե­րէն ուր ըլ­լա­լու կամ չըլ­լա­լու վտանգ կայ, ոչ ալ կեն­սա­մա­կար­դա­կի բա­րե­լաւ­ման հե­ռան­կա­րով: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, կա­մա­ւոր հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան յա­ջո­ղակ երե­ւոյթ­նե­րը կու գան ընդ­հան­րա­պէս քա­ղա­քա­կա­նա­պէս եւ տնտե­սա­պէս իրենց գտնուած եր­կիր­նե­րու մէջ լա­ւա­պէս հա­մարկ­ուած հա­մայնք­նե­րէ եւ հիմ­նա­կա­նօ­րէն գա­ղա­փա­րա­կան հա­մո­զում­նե­րով:

Սուր­իոյ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մէն ետք Հա­յաս­տան ապաս­տա­նող­նե­րու երե­ւոյ­թը 2013-ին ան­կիւ­նա­դար­ձա­յի՞ն է այս իմաս­տով: Այ­սինքն` Հա­յաս­տան պատ­րա՞ստ է գո­յու­թե­նա­կան հարց դի­մագ­րա­ւող հա­մայն­քի մը տե­ղա­փոխ­ման եւ տե­ղա­ւոր­ման մար­տահ­րա­ւէ­րին: Հար­ցու­մը հիմ­նա­կան է որով­հե­տեւ 2014-ը կրնայ որո­շիչ ըլ­լալ նա­եւ սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի հան­գու­ցա­լուծ­ման հա­մար: Հե­տե­ւա­բար, են­թադ­րե­լով լա­ւա­գոյն ել­քը` խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու յա­ջող ըն­թացք եւ պա­տե­րազ­մի աւարտ, պէ՞տք է սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քի զանգ­ուա­ծա­յին հայ­րե­նա­դար­ձի ծրա­գիր պատ­րաս­տել եւ իրա­կա­նաց­նել, թէ՞ այն փոր­ձա­ռու­թիւնը որուն մէջ ինք­զինք պա­տիւով փաս­տեց Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թիւնը իր աւար­տին կը հաս­նի եւ հա­մայն­քը կը վե­րա­դառ­նայ իր նոր առօր­եա­յին: Ան­շուշտ չենք գի­տեր թէ հա­մայն­քի տրա­մադր­ուա­ծու­թիւնը ընդ­հան­րա­պէս ինչ կրնայ ըլ­լալ նման առա­ջար­կի մը դէմ յան­դի­ման, բայց երե­ւի իրա­պաշտ է են­թադ­րել,- որ շա­տե­րը պի­տի չու­զեն լքել իրենց տու­նե­րը, ինչ որ առա­ւել հասկ­նա­լի է հա­լէ­պա­հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին: Սա­կայն սխալ պի­տի ըլ­լայ ձեռք բեր­ուած այս մեծ փոր­ձա­ռու­թեան հի­ման վրայ առաջ չեր­թալ եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ծրա­գի­րը աւե­լի հաս­տատ հի­մե­րու վրայ դնե­լու ձե­ւե­րու մա­սին չմտա­ծել… մէկ խօս­քով` Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ սուր­ի­ա­հա­յե­րու հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան փոր­ձա­ռու­թե­նէն մեկ­նած` կա­ռու­ցել հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան տրա­մա­դիր ամէն սփիւռ­քա­հա­յու հայ­րե­նիք տե­ղա­փոխ­ման ու հաս­տատ­ման գոր­ծըն­թա­ցը դիւ­րաց­նող մե­քա­նիզմ:

Ամէն պա­րա­գա­յի, ի՛նչ ալ ըլ­լայ սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի զար­գա­ցու­մը 2014+ին, Սփիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման օրա­կար­գին վրայ ամե­նա­հիմ­նա­կան հար­ցը` սուր­ի­ա­հա­յու­թեան, եւ ընդ­հան­րա­պէս Մի­ջին Արե­ւել­քի հա­յու­թեան, տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին քա­ղա­քա­կան հա­մար­կու­մի մար­տահ­րա­ւէրն է հե­տեւ­եալ տրա­մա­բա­նու­թեամբ. 2011-էն ի վեր արա­բա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած սոց­ի­ա­լա­կան ըմ­բոս­տու­թիւն­ներն ու անոնց տար­բեր զար­գա­ցում­նե­րը ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նը աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու շէ­մին դրած են: Առա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մին Սայքս-Փի­քօ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ ստեղծ­ուած սահ­ման­նե­րը թու­լա­ցած են. քրտա­կան տար­բեր շրջան­նե­րու իրո­ղա­կան ան­կա­խու­թիւնը, ազգ-պե­տու­թիւն հաս­կա­ցո­ղու­թեան ան­վա­ւե­րա­կա­նու­թիւնը, արա­բա­կան ազ­գայ­նու­թեան վերջ­նա­կան ձա­խո­ղու­թիւնը եւ, մաս­նա­ւո­րա­բար, նե­րիս­լա­մա­կան պա­ռակ­տու­մը` սիւն­նի­նե­րու եւ շի­ա­նե­րու մի­ջեւ կրնայ մին­չեւ իսկ կա­ռա­վար­ման նոր կա­ռու­ցա­ձե­ւե­րու փնտռտու­քը հրա­մա­յա­կան դարձ­նել: Սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պը երե­ւան հա­նեց քա­նի մը ճշմար­տու­թիւն: Առա­ջին, արա­բա­կան ազ­գա­յին ոչ մէկ ծրա­գիր կրցած է յա­ջո­ղիլ կրօ­նա-յա­րան­ուա­նա­կան ինք­նու­թիւն­նե­րը գե­րա­զան­ցող պե­տա­կան հա­մա­կարգ ստեղ­ծել: Ի՛նչ ալ ըլ­լայ իշ­խող ու­ժին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնը, պե­տա­կան հա­մա­կար­գը չէ որ հա­սա­րա­կու­թիւնը ներ­թա­փան­ցած է այլ կրօ­նա-յա­րան­ուա­նա­կան ինք­նու­թիւն­ներն են, որ թա­փան­ցած են պե­տա­կան հա­մա­կար­գե­րը եւ զա­նոնք իրենց շա­հե­րուն ծա­ռա­յու­թեան դրած: Այս ձա­խո­ղու­թեան հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, մարդ­կա­յին իրա­ւանց եւ տար­րա­կան ազա­տու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւնն է: Պե­տա­կան ամ­բող­ջա­տի­րա­կան հա­մա­կար­գե­րու բա­րե­կարգ­չա­կան խոս­տում­նե­րը եր­բեք չեն իրա­գործ­ուիր, եւ երբ տնտե­սա­կան ազա­տա­կա­նա­ցում­նե­րը հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր խա­ւե­րուն զար­գաց­ման առիթ կը ստեղ­ծեն ամե­նէն աւե­լի հարս­տա­ցող­նե­րը միշտ կ՛ըլ­լան պե­տա­կան հա­մա­կար­գին տի­րա­պե­տող հատ­ուած­նե­րը: Երկ­րորդ, մինչ արա­բա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ ըմ­բոս­տու­թիւն­նե­րուն հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը սոց­ի­ա­լա­կան անար­դա­րու­թիւն­ներն ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւնն էր, ամ­բող­ջա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գե­րու այ­լընտ­րան­քը սիւն­նի ար­մա­տա­կա­նու­թիւնն է, որուն ամե­նա­վայ­րագ երե­սը երե­ւան ելաւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նէն ու Չէ­չէն­իա­յէն յե­տոյ Մալիի, Լիպ­իոյ, Իրա­քի, Սուր­իոյ եւ Լի­բա­նա­նի որոշ շրջան­նե­րուն մէջ: Երե­ւոյ­թը իւ­րա­յա­տուկ է, ինք­նիր­մով կը զար­գա­նայ, բայց նա­եւ կը վա­յե­լէ Սէ­ու­տա­կան Արաբ­իոյ եւ Թուրք­իոյ նման եր­կիր­նե­րու ուղ­ղա­կի թէ անուղ­ղա­կի աջակ­ցու­թիւնը: Սիւն­նի ար­մա­տա­կա­նու­թեան այ­լընտ­րան­քէ այս­պէս կոչ­ուած “իս­լա­մա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը“ չէ ինչ­պէս “թրքա­կան բնորդ“ը կը քա­րո­զէ: Իս­լա­մա­կան Օրէն­քը ամ­բող­ջու­թեամբ թէ մա­սամբ սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ամ­րագ­րե­լու ծրագ­րա­յին դրոյթ­նե­րը պատ­ճառ հան­դի­սա­ցան որ Թու­նու­զի եւ Եգիպ­տո­սի նման եր­կիր­նե­րու մէջ ուր “իս­լա­մա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը“ փոր­ձարկ­ուե­ցաւ հա­սա­րա­կու­թեան ե՛ւ լա­յիք խա­ւե­րը, ե՛ւ մա­նա­ւանդ ոչ-իս­լամ հատ­ուած­նե­րը ընդ­դի­մա­նան ընդ­հուպ մին­չեւ զի­նուո­րա­կան­նե­րու վե­րա­դար­ձին զօ­րակ­ցե­լով: Եր­րորդ, սիւն­նի ար­մա­տա­կա­նու­թեան այս երե­ւոյ­թին ակ­րե­սիւ ար­տա­յայ­տու­մը գո­յու­թե­նա­կան վտանգ կը ստեղ­ծէ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ամե­նա­հին եւ ամե­նա­ան­պաշտ­պան բնա­կիչ­նե­րուն` քրիս­տոն­եայ հա­մայնք­նե­րուն: Իր բո­լոր թե­րու­թիւն­նե­րով, լի­բա­նան­եան յա­րան­ուա­նա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­մա­կար­գը գէթ տե­սա­կա­նօ­րէն կրօ­նա-յա­րան­ուա­նա­կան գո­յակ­ցու­թեան մի­ակ երաշ­խի­քը կը թուի ըլ­լալ ցարդ: Հե­տե­ւա­բար, որ­քան ալ որ վե­րա­ցա­կան թուի, լի­բա­նան­եան հա­մա­կար­գը մի­ակն է որ կրնայ բնորդ ըլ­լալ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին կա­ռա­վար­ման նոր բնորդ­նե­րու: Բայց այդ մէ­կը կա­խում ու­նի հիմ­նա­կա­նօ­րէն Մի­ջին Արե­ւել­քի քրիս­տո­նէ­ու­թեան ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման կա­րո­ղու­թե­նէն եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ցան­ցի առա­ջաց­ման կա­րո­ղու­թե­նէն: Այս ուղ­ղու­թեամբ է որ Մի­ջին Արե­ւել­քի հա­յու­թիւնը, որուն կար­գին ան­շուշտ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը, սփիւռք­եան իր գո­յա­տեւ­ման ան­մի­ջա­կան ապա­գան պէտք է որո­շէ:

Սփիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման օրա­կար­գին է ան­շուշտ այն ինչ ըն­թա­ցիկ դար­ձած է կո­չել “նոր սփիւռք“ ի տար­բե­րու­թիւն “դա­սա­կան սփիւռք“ին, եւ անով կը հասկց­ուի Հա­յաս­տան կա­մա­ւոր կեր­պով եւ տնտե­սա­կան պատ­ճառ­նե­րով հիմ­նա­կա­նօ­րէն Ռուս­իա գաղ­թած հա­յու­թիւնը, թիւով գրե­թէ այն­քան որ­քան Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թիւնը… Անոնց կազ­մա­կերպ­ման եւ քա­ղա­քա­կան ակտիւաց­ման հիմ­նախն­դի­րը հրա­մա­յա­կան է ան­շուշտ բազ­մա­թիւ պատ­ճառ­նե­րով, որոնց շար­քին պէտք է դա­սել նա­եւ Եւ­րաս­ի­ա­կան Հա­մար­կու­մի ծրագ­րի իրա­կա­նաց­ման պա­րա­գա­յին Մոսկ­ուա­յի մէջ ազ­դե­ցու­թիւն ձեռք բե­րե­լու իմաս­տով – եթէ նման բան թոյլ կու տայ ռու­սա­կան քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գը… Մոսկ­ուա­յի մէջ քա­ղա­քա­կան ազ­դե­ցու­թեան ձեռք­բեր­ման, քա­ղա­քա­կան ակտիւիզ­մի, կամ այս­պէս կոչ­ուած “լոպ­պիս­տա­կան“ գործ տա­նե­լու ի՞նչ դա­սեր կա­րե­լի է քա­ղել խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թե­նէն: Թե­րեւս ար­ժէ նման ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կա­տա­րել եւ բաղ­դա­տել խորհր­դա­յին այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեան, ըսենք` Մի­կոյ­եան եւ Ալի­եւ, ապա խորհր­դա­ծիլ այ­սօր­ուայ իրա­վի­ճա­կին մա­սին: Կը մնայ որ հա­ցի խնդրով Հա­յաս­տա­նէն Ռուս­իա գաղ­թող­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւնը այ­սօր կը մտա­ծէ ամե­նէն աւե­լի ռու­սա­կան քա­ղա­քա­ցիու­թեան ձեռք­բեր­ման եւ յե­տոյ Փու­թի­նի յա­ւեր­ժա­կան ընտ­րու­թեան քան ինք­նա­կազ­մա­կեր­պու­մի մա­սին: Այ­պա­նե­լի չեն բնաւ: Այս “նոր սփիւռք“ կազ­մա­կերպ­ման խնդի­րը օրա­կար­գի վրայ դնե­լով հան­դերձ, ար­դար չէ՞ հարց տալ թէ ի՛նչ կա­րե­լի է ընել որ նման հարց օրա­կար­գի վրայ ընդ­հան­րա­պէս չըլ­լայ, կամ` ին­չո՞ւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւնը հոն­կէ չսկսիլ…

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՀԱ­ՄԱՇ­ԽԱՐ­ՀԱ­ՅԻՆ ԱՌԱ­ՋԻՆ ՊԱ­ՏԵ­ՐԱԶ­ՄԻ ՀԱ­ՐԻՒ­ՐԱՄ­ԵԱ­ԿԻՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles