
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ապրիլ 24-ին Ներկայացուցչական Տան մէջ, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի յատուկ ոգեկոչման արարողութիւն:
Քոնկրէսական Տէյվիտ Սիսիլինի (Դեմոկրատական – Ռոտ Այլընտ) մէկ առաջարկին վրայ, կատարուած էր Ներկայացուցչական Տան նախագահ Ճոն Պէօնըրի (Հանրապետական – Օհայօ) այս ձեռնարկը, որուն բացման աղօթքը կատարեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան:
Քոնկրէսական Տէյվիտ Սիսիլինի խօսք առնելով, յարգեց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:
Այլ ներկայացուցիչներու կողքին, ներկայ էր նաեւ, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Քէն Խաչիկեան:
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24-ին քննադատեց Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կատարած յայտարարութիւնը` շեշտելով, թէ նախագահը իր այդ արարքով տեղի տուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու եւ չդատապարտելու` Թուրքիոյ պահանջներուն առջեւ:
“Կը ցաւինք, որ նախագահը որոշեց չըլլալ այն ղեկավարը, որ “ո՛չ“ կ՛ըսէ Թուրքիոյ ճնշումներուն: Անոր նահանջը տեղի կ՛ունենայ հակառակ իր կատարած այն խոստումներուն, թէ իբրեւ նախագահ` պաշտօնապէս ու յստակօրէն պիտի ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Մեր նախագահին մեղսակցութիւնը թրքական ուրացման արշաւին, արդարութեան դէմ դրուած խոչընդոտ մըն է, որ անպատիժ կը ձգէ հայ ազգին դէմ Թուրքիոյ գործած ոճիրը“, կը շեշտուի Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:
Յայտնենք, թէ Օպամա այս տարի եւս իր ուղերձին մէջ 1915ի դէպքերը որակեց իբրեւ “Մեծ Եղեռն“, հայերէն բառերը գործածելով եւ խուսափելով “Ցեղասպանութիւն“ բառէն: Օպամայի ուղերձին մէջ կը նշուի հետեւեալը.
“Այսօր մենք կը յիշատակենք Մեծ Եղեռնը եւ կը յարգենք յիշատակը անոնց, որոնք նահատակուեցան 20դ դարու ամենասարսափելի վայրագութիւններուն ընթացքին: 98 տարի առաջ 1.5 միլիոն հայեր կոտորուեցան, տեղահանուեցան ու դէպի մահ քալեցին Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն: Մենք կը յարգենք խորտակուած կեանքերուն յիշատակը եւ կը յիշենք աննկարագրելի այն տառապանքները, զորս անոնք կրեցին այդ սարսափելի օրերուն…“: