Գլխաւոր

ԿՐՕՆԱԿԱՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳՈՐԾԻ ԿԸ ԼԾՈՒԻՆ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

 Նիւ Եորք.- Օգոստոս 23, 2012-ին , յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանանք թէ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Առաջնորդարանը, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը, Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնն ու  Արեւելեան Շրջանի Հ.Օ.Միութիւնը օժանդակելու համար Սուրիահայութեան, կազմած են հիմնարկ մը` “Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Հիմնարկ“:

Հալէպահայութեան օրինակով, Ա.Մ.Ն.-ի կրօնական, քաղաքական եւ բարեսիրական միութիւնները միասնաբար գործակցելով, պիտի բերեն իրենց շտապ օժանդակութիւնը:

Աշխատանքներ կը տարուին, այլ միութիւններու հետ գործակցելու եւ կազմելու համադրիչ մարմին մը:

Advertisement Subscribe Today

Վերջին շաբաթներուն, բախումները սաստկացած են հայահոծ շրջաններէն ներս: Այսպէս Հալէպի, Քեսապի, Դամասկոսի եւ Քամիշլիի գաղթօճախները կ՛ապրին ճգնաժամային պահեր եւ դեռ աւելին, ապահովական վիճակն ալ անդամալուծած է նաեւ տնտեսութիւնը:

Առաջին հերթին, օժանդակութիւններ պիտի կատարուին տեղւոյն կրթական հաստատութիւններուն: Նաեւ յառաջացած գումարէն մաս մը, պիտի յատկացուի կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Յառաջիկային, կատարուելիք նախաձեռնութիւններուն մասին յաւելեալ  տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button