ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻԷՆ ԵԼ-ՆԱՄԱԿՈՎ ՍՏԱՑԱՅ ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ. ԽՆԴՐԱԾ ԷՐ, ՈՐ ԲԱՐԵԿԱՄ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑԵՄ

0 0
Read Time:4 Minute, 22 Second

 

       

 

«ՍՆԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ԵԼՔԸ  ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ ՃԱՀԻՃՆ է

     Կեդրոնականցին խօսելէ յոգնած է, լսողներ ալ չի գտներ, այդ պատճառով ալ սկսած է յօդուած գրել, այն  յոյսով որ գէթ ընթերցող կը գտնէ:

Այսօր ընկճուածութիւն յառաջանցող «հայկական» լուրերուն կը հետեւէի:

Ինչպէ՞ս չընկճուիլ երբ մեր ժողովուրդի, հետեւաբար մեզմէ իւրաքանչիւրին, մեր զաւակներու եւ գալիք սերունդներու գոյութիւնը ուրացման եւ անհետացման սպառնալիքի տակ է:

Միակ մարդկային իրաւունքը որ կը մնայ մտածելու, դատելու եւ խօսելու ազատութիւնն է:

Արցախի հարիւր հազարաւոր հայերը սովամահութեամբ ցեղասպանութեան ենթարկելու լուրեր…

Լուրեր նաեւ մեր մշտանորոգ սնափառութիւններու մասին:

Կոչեր կ’ըլլան Հայաստան եւ հայութիւն  բնաջնջելու:

Ի՞նչ կ’ընենք մենք. կը պառակտուինք, փոխանակ միանալու եւ ճակատ կազմելու, փոխանակ մեր կծիկ դարձած սնափառական  եսերը լռեցնելու: Միթէ՞ տարրական ողջախոհութեամբ չենք տեսներ, որ կը դառնանք մեր թշնամիներուն առարկայական դաշնակիցները: Հանրապետութեան  մէջ, նաեւ՝ սփիւռք արտածուող հակամարտութիւնները ի՞նչ կը խոստանան ազզգին եւ հայրենիքին, բացի եսեր հովահարելէ:

Մեր սնափառութիւնները այնքա՜ն բազմաթիւ են եւ պատկերազարդ:       Սփիւռքացած գաղթականի բարդոյթները չյաղթահարած հայը, ինքզինք կը համոզէ, որ արեւուն տակ տեղ մը գտած է, կամ տեղ մը տուած են իրեն, որ լաւ ապրի: Հայը հռոմէացի  յաղթական զօրավարի պէս կը յայտարարէ, որ Արփիկը կամ Արմէնը իրենց բնակած երկրի քաղաքացիէն աւելի լաւ կը խօսին անոր լեզուն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, արաբերէն… Պատահա՞ծ է որ յիշենք, թէ Սօսին եւ Սերոբը բծախնդրութեամբ կը խօսին եւ կը գրեն հայերէնը: Հայերէնը իր այլասերման ընթացքը պիտի շարունակէ, քանի որ ան հայուն կողմէ կը համարուի գաղթականի եւ աղքատ ազգականի լեզու, եւ հայը յանգած է կրպակավաճառի իմաստութեան, որ հայերէնը  փոր չի կշտացներ: Իսկ պատեհապաշտներ հայերենէն հեռացած են եւ կը հեռանան՝ կարեւորութիւն նուաճելու, ինքնութենէ հրաժարում՝ սնափառութիւն բաւարարելու համար:

Հայերէնն ալ պիտի մոռցուի, երբ մոռցած ըլլանք, կամ մեզի մոռցուցած ըլլան, որ օտար ենք, գաղթական, մենք ալ յաղթահարած ըլլանք աղքատութիւնը,  սնափառութիւններով նուաճած ըլլանք մեր տեսակաւոր բարդոյթները: «Եթէ երբեք սնափառութիւնը երկրի վրայ մի ոմն անձ երջանկացուց, վստահօրէն այդ երջանիկը տխմար մըն էր», ըսած է ԺԸ դարու ֆրանսացի իմաստուն  Ժան-Ժաք Ռուսօ: Ուրիշ ժողովուրդներ խօսած եւ ձաղկած են սնափառութիւնը, հին դասական իմաստութիւններէն սկսեալ: Երբեմն պէտք է յիշել «vanitas vanitatum, omnia est vanitas»ը… Ինչպէս կը յիշեցնէ Արթիւր Շոփէնհաւոէր,  «vanitas «vanité», այսինքն՝ դատարկութիւն, ոչնչութիւն, անէութիւն: Հայերէնն ալ դատարկի հոմանիշ «սին»-ով կազմած է համապատասխան բառը, սնափառութիւն»:

Տարիներ առաջ, Լոս Անճելըս, բարեկամ մը զիս տարաւ ցոյց տալու հայկական նորակառոյց եկեղեցի մը,  որ իր ճարտարապետութեամբ, զարդարանքով, պերճանքով եւ ճոխութեամբ քրիստոնէական համեստութեան հակասութիւնն էր, նորահարուստի ցուցադրութին: Մինչեւ այսօր կը մտածեմ, թէ ի՞նչ բանի համար էր այդ չափազանցութիւնը: Այդ ընելով հայը աւելի՞ քրիստոնեայ պիտի ըլլար, աւելի՞ պիտի հայանար, աւելի՞ պիտի կառչէր իր ազգին եւ եկեղեցիին: Միթէ՞ այդ պերճանքով եւ ճոխութեամբ, սփիւռքացած եւ իր գաղթականի բարդոյթը չյաղթահարած հայը ինքնացուցադրութեան պահանջ մը չէ՞ր ուզած բաւարարել, որպէսզի դիտուի որպէս յաջողած քաղաքացի, մոռնալու եւ մոռցնելու, որ հայրենահանուած եւ ցեղասպանութեան ենթարկուածի ժառանգ էր, ինքնիրեն եւ շրջապատին փաստելու, որ կրնար գերազանցել իր բարդոյթները, գերազանցելով զինք որպէս գաղթական ընդունած հիւրընկալը, եկեղեցին եւ անոր շէնքը դարձնելով ինքնահաստաման միջոց, ինչպէս իր բնակարանի ժագուզիով բաղնիքը: Ազգին հիմնահարցերը չլուծող ինքնահաստատման թափահարում, զոր կարելի է բնորոշել անվաղորդայն ըլլալու կոչուած սնափառութեամբ, այն ինքնախաբէութեամբ, որ ապաստան-բնակավայրը հայրենիք է:

Այս արդէն կէս դար առաջ էր: Այդ պերճ կառոյցը շրջապատի հայերը դարձուցա՞ծ է աւելի հայրենաատէր, անոնց քայլերը առաջնորդելով հայրենիք, սպասարկելու համար անոր սահմաններու պաշտպանութեան, անոր զարգացման, եւ մշակոյթին, թէ՞ այդ եկեղեցին քանի մը դար ետք պիտի ըլլայ հիւրընկալ երկրի մշակոյթի կոթող մը, յիշեցնելով՝ որ հոն գտնուած են հայեր:

Սնափառութիւն եւ սնապարծութիւն իրաւազրկուածի եւ պարտուածի բարդոյթներ են, որոնց յաղթահարման փորձերը միշտ կը վերսկսին, եթէ այդ բարդոյթներով ապրողները իրենց շրջապատին մէջ չանհետանան, չդառնան պատմութիւն:

Յաճա խ կը մտաբերէի Լոս Անճելիսի այդ եկեղեցիին ճոխութիւնները, եւ ես ինծի կ’ըսէի, մինչեւ ե՞րբ, ազգի տեսանկիւնէ՝ ինչո՞ւ: Յետո՞յ:

Այսօր հայկական թերթի մը մէջ կարդացի մեր սահման չճանչցող սնապարծութեան ջաղացքի ջուր բերող հետեւալ անգլերէն վերտառութիւնը.

Armenian church in Texas is named US Building of the Year 2022

Եւ քանի որ հայը կը շարունակէ «համաշխարհային ազգ» ըլլալու սնափառութեան հետեւիլ,- սին, դատարկ, vanitas,- կը գաղթէ, կը ստեղծէ նոր համայնքներ, խորհելով, որ հոն ուր զարնէ իր վրանը հոն հայրենիք է, վաղը Չինաստան կամ Ճաբոն  հասնող հայ գաղթականները, եւս կը կառուցեն եկեղեցիներ, գաղթական եւ անհայրենիք ըլլալու դատապարտուածի բարդոյթը սնապարծութեամբ յաղթահարելու համար: Վաղը պիտի չզարմանամ, եթէ Կրէօնլանտ, Ալասքա, հարաւային եւ հիւսիսային բեւեռ հասնին հայեր, հոն ալ կառուցեն եկեղեցիներ… Եթէ քարաշէն չըլլան եկեղեցիները, կրնան ըլլալ սառոյցէ գմբէթներով իկլուներ, որոնց լուսանկարներով կրնան պարծենալ:  Արդէն Ուշուայա հասած հայեր կան: Քայլ մը անդին հարաւային բեւեռի ցամաքամասն է:

Եթէ օր մը հայը որոշէ որ իր բնական կայքը հայրենիքն է Թեքսասի կամ բեւեռի եկեղեցիները հայրենիք պիտի չտանի: Անոնց տէր մնալու համար ինք ալ պիտի չերթայ: Պիտի դիտէ, հիանայ:  Իր յաջորդնե՞րը: Կլիմայի ջերմացման հետեւանքով Իկլու եկեղեցին պիտի հալի, փուլ պիտի գայ իրենց սնապարծութեան վրայ, թերեւս այն ատեն հայերը պիտի յիշեն, որ հայրենիք ունէին… եւ զիրենք իրենց հայրերու կառուցած եկեղեցիները զիրենք կը սպասեն, որ  գան եւ տէր ըլլան: Շարունակեն տէր ըլլալ, իրենք ըլլան շարունակութիւն, դադրին ըլլալէ ունայնութեան ջուրերերուն վրայ լքուած խլեակներ:

«Տեխաս»-ի եկեղեցին հայու ինքնասիրութիւնս չշոյեց, նոյնիսկ եթէ Մեծն Միացեալ Նահանգներու մէջ ըսած են, որ ան 2022-ի ամենէն գեղեցիկ կառոյցն է…

Armenian church in Texas is named US Building of the Year 2022 …»

Ինչո՞ւ մոռցած էին գաղափարը յղացողներուն, «ֆինանսաւորող»ներուն եւ կառուողներուն պատկերներն ալ դնել եկեղեցիի պատերուն վրայ, վասն անմահութեան»:

                        Կեդրոնականցին անհանգստացած է: Չարութի՞ւն է միթէ ազգի ցաւը ազգակիցներու հետ «կիսել», ի հարկէ եթէ դեռ կան ազգի ցաւը կիսելու ունակ ազգակիցներ:

            Ընկերական պարտականութիւն մը կը կատարեմ, տարածելով իրատես մազոխական Կեդրոնականցիին էջը… Ուրիշ անհանգստացողներ ալ կ’ըլլա՞ն…

 

Մակար Գաղիա, 1 փետրուար 2023

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles