
Մանկութեան տարիներուս հոգիս ալեկոծող կարօտ մըն էր տեսնել հայ դրօշին ծածանիլը կապոյտ երկնակամարին տակ, արեգակի ճաճանչներով ողողուած, իբրեւ թեւաբաց երազ մը դիւթական:
Քանի՜-քանի՜ անգամ կեցած եմ օտար դրօշակներու առջեւ` տրտում, գլխահակ, սրտաբեկ, զուր փնտռելով մեր հայրենիքին փառքը մարդոց աչքերուն առջեւ տարածող հարազատ գոյներ:
Ինչո՞ւ մենք դրօշակ չունէինք, երբ տօնահանդէսներուն բազմագոյն եւ բազմատեսակ դրօշներ ալիք-ալիք կը ծածանէին բարձր ձողերու կատարէն, շէնքերու ճակատին կամ տողանցող վաշտերու առջեւ: Եթէ ունէինք` ի՞նչ էին անոր գոյները, ո՞ւր կրնայինք գտնել եւ տեսնել զայն:
Օր մը, տարեկից ընկերներէս մէկը պատկերազարդ եւ խոշոր գիրք մը ցոյց տուաւ ինծի եւ խորհրդաւոր շեշտով մը աւելցուց.
– Ասոր մէջ բոլոր ազգերու դրօշակները կան, անպայման հայկականն ալ ըլլալու է:
Անսահման հետաքրքրութեամբ եւ յուզումով հակեցանք միասին այդ գրքի դրօշազարդ էջերուն վրայ, քննեցինք մի առ մի հոն ներկայացուած բոլոր դրօշակները` ֆրանսականէն մինչեւ ամերիկեանը, ճափոնականէն մինչեւ թրքականը… Աւա՜ղ, հայկական դրօշակը չկար ու չկար…
– Անպայման մոռցած ըլլալու են,- ըսաւ ընկերս եւ աւելցուց,- ես գիտեմ անոր գոյները, կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն:
Կասկածներս փարատելու համար տղան չվախցաւ նոյնիսկ երդում ընելէ: Ինչպէ՞ս կրնար սխալ ըլլալ, քանի որ հայրը տուած էր այդ բացատրութիւնը:
Այնուհետեւ մեր սիրած զբաղումներէն մէկն էր գունաւոր մատիտներ գտնել եւ մեր ձեռքը անցած թուղթի էջերուն վրայ, տետրակներու կողքին, դասագիրքերու ճակատին նկարել հայ դրօշը – կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն:
Հայ դրօշակին կարօտը սակայն մնաց նոյնքան այրող, նոյնքան անյագ, որքան առաջ:
Խեղճ բան մըն էր իմ նկարածս` գիրքերուս եւ տետրակներուս կողքին վրայ: Խեղճ եւ մեռած բան մը: Հոգիս կը տոչորէր ծածան-ծածան դրօշակի կարօտով: Դրօշակ ըսածդ պէտք է փողփողի բաց օդին մէջ, պէտք է ալեկոծի, թրթռայ, փայլատակէ: Հովերը պէտք է ծեծեն զայն եւ անոր գունագեղ թեւերը երկնային շքեղ երազի մը պէս պէտք է փռուին կեանքին վրայ:
Ո՞ւր էր հայոց կենդանի եւ սաւառնաթեւ դրօշը: Ինչո՞ւ չէր պարզեր իր յաղթական թռիչքը:
Տարիները անցան եւ ես այս աշխարհի հանդիսադիր դրօշներու շարքին մէջ չգտայ դարձեալ մեր դրօշակը: Մանկութեանս շրջանի ներքին խուլ բողոքը, սուր ցաւն ու դառնութիւնը ապրեցայ միշտ, ամէն անգամ որ ներկայ եղայ այլազան դրօշակներու ալեկոծութեամբ զարդարուած տօնահանդէսներու եւ տողանցքներու: Հին օրերու թախիծով աչքերս փնտռեցին հայոց դրօշին բացակայ գոյները – կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն:
Ծածանող հայ դրօշին կարօտը հետզհետէ միացաւ հեռաւոր եւ հէքիաթային Մասիսի կարօտին, երբ երգերու եւ քայլերգներու ընդմէջէն, մեր դրօշակը առասպելական թռչունի մը պէս գնաց իր թեւերը փռելու հայոց հեռագոյն լեռներու կատարին:
Յետոյ ես զայն գտայ, թեւածալ ու տրտում, ակումբներու որմերուն վրայ, հերոսներու նկարներուն վերեւ կախ ինկած, իբրեւ լուսապսակ նահատակաց: Կարօտաբաղձ աչքերս յաճախ յառած մնացին անոր եռագոյն քաղցրութեան, բայց զգացի միշտ որ հայ դրօշը հայուն պէս տարագիր էր եւ հայրենազուրկ: Տեղ չունէր ազգերու համաստեղութեան շարքին, տեղ չունէր բաց երկինքին տակ, բարձր ձողերու գագաթին: Անցեալի յուշերուն ծանրութեան տակ կախ էին կարծես անոր թեւերը եւ գալիքին խորհուրդով վայրահակ էր անոր ճակատը:
Աւերներու եւ արիւններու մէջէն կեանք առած հայուն դրօշը, այժմ ծուարած օտար շէնքերու առաստաղին տակ, գերի արծիւներու անհուն տրտմութիւնը ունէր կարծես իր վրայ: Ո՞ւր էր հողմակոծ դրօշներու եթերային թեթեւութիւնը օդի հոսանքներուն մէջ… Մեր Եռագոյնը, հակառակ իր զուարթ գոյներուն, բեմերու ճակտին խաչեցեալ, որմերու վրայ անշարժացած, նման էր որբացած մեր հոգիներուն:
Ու կարօտը, հայ դրօշին կարօտը, բարձր եւ հպարտ ծածանող դրօշին կարօտը, որ ծնունդ առաւ իմ մէջ մանկութեանս տառապակոծ տարիներուն, նոյն թափով կը շարունակէ բորբոքիլ իմ մէջ: Ես մանուկ եմ դեռ եւ մանկական անստուեր հաւատքով կը շարունակեմ նայիլ վեր` կապոյտ երկինքին խառնուած տեսնելու մեր դրօշին կախարդական գոյները – կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն: Ամէն անգամ որ դրօշներ կը տողանցեն հանդիսաւոր շարքերով, ամէն անգամ որ միջազգային արժէքով հաստատութեան մը առջեւ տեսակ-տեսակ դրօշակներ կը թեւաբախեն եղբայրական միասնութեամբ, իմ աչքերս անդիմադրելի կարօտով մինչեւ այսօր կը փնտռեն մե՛ր դրօշակը:
Գիտեմ թէ պիտի չգտնեմ զայն անոնց շարքին, գիտեմ թէ անոր ազատ ծածանումը արգիլելու համար ի՜նչ դաւեր նիւթուեցան, բայց այս կարօտը անմար կրակն է հոգիիս:
Այս կարօտը անմար երազն է ամէն հայու: Այդ երազը, մեր ժողովուրդի եւ պատմութեան ոգին, դարէ դար ապրեցուցած է մեզ իբրեւ ազգ, դրօշ ունեցող եւ դրօշի ձգտող ազգ, որ այսօր իր հոգիին մէջ կը պահէ իր կորսնցուցած նուիրական հարստութիւնը, վաղը կրկին պարզելու համար աշխարհին առջեւ, բաց երկինքին տակ: