Յօդուածներ

«Ծաղկաց Ցաւ» Քերթողագիրք. Հեղինակ՝ Կամիլա Քէշիշեան

 

Գէորգ Պետիկեան

Երեւանի մէջ 2018-ին լոյս տեսած է դաշնակահար-բանաստեղծ Կամիլա Քէշիշեանի «Ծաղկաց Ցաւ» քերթողագիրքը: Անկեղծօրէն ըսելով, բանաստեղծին այս քերթողագիրքը, վերջերս էր որ մտերիմ ընկերոջ մը կողմէ շնորհակալութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ նուէր ստացած էի: 210 էջերու մէջ ներփակուած այս հատորը, բաժնուած է յաջորդաբար վեց մասերու.- «Երկնքի Տակ»՝ 56 բանաստեղծութիւններ, «Հայելիներ»՝ 28, «Ռեքուիեմ Վասն Ոչնչի»՝ 17, «Անոնք»՝ 4, «Արեւելքի Գիշերներ»՝31, «15 Ամառ Շուշիում»՝ 8: Ասոնց վրայ կ’աւելնան շինիչ «Յառաջաբան» մը՝ ստորագրուած երջանկայիշատակ գրող, գրականագէտ Ֆելիքս Բախչինեանի կողմէ, նաեւ «Անդրադարձներ»ու լայն բաժին մը, տակաւին՝ հեղինակին ամփոփ կենսագրական գիծերը, հատորի ծնունդին նպաստող «սեւ» աշխատանքին մասնակիցներու ցանկը, եւ վերջին՝ բովանդակութեան աւանդական մասը:

Խոստովանիմ որ ինչպէս միշտ, հայերէն հատորի մը հրապարակ գալը, ինծի համար միշտ ուրախալի երեւոյթ եղած է: Որովհետեւ, հայ գիրքի ծնունդն ու իմ գրասեղանիս անոր  ներկայութիւնը, զիս իսկապէս կը վերապրեցնեն: Հայ գրականութեան տաճարին մէջ իւրաքանչիւր լոյս եւ ջերմութիւն, ոչ միայն ինծի, այլ՝ բոլոր մշակութասէր հայորդիներուն համար, կը կարծեմ որ մեծապէս ողջունելի է: Ու ամէն անգամ երբ հայերէն նոր հատոր մը լոյս տեսնէ-անշուշտ եթէ տեղեակ ըլլամ, եւ կամ ստացած- իմ կողմէ նման անկեղծ մօտեցումով կը փորձեմ անոր մասին անդրադառնալ, իբրեւ ընթերցող հասարակութեան ծանօթացնելու հաւատարիմ որդեգրում:

Այս բոլորը կ’ընեմ, որովհետեւ լաւապէս տեղեակ եմ որ քիչ մը ամէն տեղ տագնապ մը կայ, չըսելու համար որոշ անտարբերութիւն, սանկ տեսակ մը «տաքութեան պակաս»՝ հանդէպ գիրքին ու անոր հեղինակին հանդէպ: Դժբախտ իրողութիւն: Սակայն մխիթարականը այն կէտն է, որ սրբազան «խենթեր» կան, որոնք հայ գիրին ու գրականութեան դրօշարշաւը կը շարունակեն տանիլ՝ յամառօրէն: Պատիւ իրենց:

Արդ, ընթերցողը առաւել հաղորդակից դարձնելու համար, նախ ներկայացնեմ բանաստեղծ Կամիլա Սեդրակի-Երկանեան Քէշիշեանը, որ թէեւ ինծի համար բոլորովին նոր անուն մըն է, սակայն իր հատորին մասին կարդացած էի «Ազդակ»-ի 2019 Փետրուարի էջերէն, երբ Պէյրութի մէջ, Համազգայինի երդիքին տակ, գինեձօնը կատարուած էր:

Արդ, ո՞վ է այս դաշնակահար-բանաստեղծը, որ ծնած է Երեւան: Ան աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը, ինչպէս նաեւ «ասպիրանտուրան»՝ 2003-ին: 1993-ին արդէն դափնեկիր դարձած էր Առնօ Պապաճանեանի անուան դաշնակահարներու մրցումին: Իսկ 1999-ին արժանացած է «Ռուբէն Սեւակ» գրական մրցանակին (Երեւան) եւ «Սեպուհ Սարգսեան» համահայկական գրական մրցանակին՝ 2003-ին, Քալիֆորնիա: Նոյն տարին ան դարձած է Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ:

Կամիլան հեղինակած է բանաստեղծութիւններու վեց ժողովածուներ.- «Այս տողը իմ տունն է» (Երեւան,1999), «Ձեզ նայելիս» (Երեւան, 2001), «Ղովտի կին» (Երեւան, 2002), «Քարի ու իմ միջեւ» (Երեւան, 2003), «Բառահանդէս» (Երեւան, 2007), եւ «Ծաղկած Ցաւ» (Երեւան, 2018):

Կամիլայի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ ստեղծուած են վոկալ-գործիքային ստեղծագործութիւններ: Ահաւասիկ գրական իր հարստութիւնը:

Անցնելով քերթողագիրքին, պարզեմ որ հոն կը ներկայացուի կեանքի վերիվայրումներ, որոնք խորհրդածութիւններու եւ երեւակայութիւններու մեծ ու փոքր դռներ կը բանան: Այս եւ ընդհանրապէս գլխաւոր կէտերու մասին կարելի է հանդիպիլ-կարդալ հատորի «Ադրադարձներ» բաժնին մէջ ամփոփուած՝ Յովհաննէս Գրիգորեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Ֆելիքս Բախչինեանի, Սարգիս Կիրակոսեանի, Արմէն Իւրնէշեանի, Թորոս Թորանեանի, Լիւդվիգ Դուրեանի եւ զանազան գրիչներու գնահատականները, որոնք կը լուսաւորեն ընթերցող շրջապատի միտքը:

Հատորի առաջին իսկ էջով, Կամիլան ինքզինք կը բացայայտէ գրելով.-

 «Ես ամէն օր գնում եմ բանաստեղծութեան մօտ,

հաղորդութիւն ստանալու…»:

 Ապա յիշեցնեմ որ հաստատապէս ընթերցողին համար բաւական հետաքրքրական ու յատկապէս շահեկան է «Յառաջաբան»ով ներկայացուած Ֆելիքս Բախչինեանի հարուստ , խորաթափանց եւ արդար, քսան էջերու մէջ մաքուր տպաւորութեամբ եւ լայն ձեւով ներկայացուցած Կամիլա բանաստեղծի գրիչին հասունութիւնը, իբրեւ մտածումներու հարստացման աղբիւր, հմայք եւ փայլ տուող կանաչ երեւակայութեամբ, կենդանի բջիջներով ու ապրող ստեղծագործ էջերով, դիտելու եւ վերլուծելու հարազատ պատկերներով, հասկնալի ու սրտի մօտիկ:

 Ես յուշ-թուխն եմ մեր հին օրերի

Եւ բոյրն եմ հացամարմին ժամանակի:

 Հատորին մէջ, ընդհանրապէս անձնական ապրումներու կողքին նաեւ կը հանդիպինք ռոմանթիկ եւ նոյնքան ալ մտայղացման նորութիւններով եւ ձեւաչափական տողերու: Տեսանելի են մտքի եւ գաղափարներու հոսքի թափանցիկութիւնը: Գովելի է եւ նոյնքան քաջալերելի: Հոս, արեւու նման զարդարուած են սէրը, հաւատքը, կարօտը, որոնք միշտ պահած են իրենց պայծառութիւնը:

 Ամէն օր սովորում ենք ապրել,

Որ մեռնենք ամէն օր անդարձ:

որբ ենք աշխահում շքադիր,

Թափուր է աշխարհը մեզմով:

 Այս բոլորը՝ հասկնալի ոճով, մեղմ եւ քաղցր հարազատ պատկերներով, յաճախ հիւթեղ գեղարուեստական ոճով, տագնապահար հայու մտածումները, սէրերը գեղարուեստական շքեղանքով ներկայացուած են: Ինչ որ մեծապէս ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն է:

Այս մասին ոչ մէկ խօսք:

 Հատորի էջերուն մէջ նաեւ կը հանդիպիս տողերու, որոնք հիմնուած են խորքի ու կառուցման զանազան առանձնայատկութիւններու: Այսպէս՝ յուզական տարրեր, ռիթմ եւ խորք, նոյնքան ալ կշռոյթ եւ ձեւի բազմաշերտ կառուցում: Այս բոլորը միախառնուած են գեղեցկօրէն եւ յստակ: Այլ խօսքով, հեղինակը ինքզինք արտայայտելու աղուոր ձեւաչափ՝ որ ոչ միայն նրբակերտ բառերու հիւսք մըն է, եւ ոչ ալ գեղեցիկ պատկերներու ցուցահանդէս, այլ իր տաղաչափական կամ նորարար ձեւով հրամցուցած տողերը, իրենց նոր ապրումներու տարազով, եւ վճիտ աղբիւրի նման հոսող հոգին ջերմացնող զցացումներով կու գան ներգրաւել միտքդ:  Հիացումի տեսակ մը կապ, որ քեզ կը կապէ իր տողերուն, բառերուն եւ էջերուն…:

Հատորը, թէեւ կը կրէ «Ծաղկաց Ցաւ» խորագիրը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ արտացոլումը հեղինակի  բազմաշերտ տագնապներուն, եւ որոնք կը կազմեն ատաղձը իր երազանքներուն, անփոշի խոհերուն, մաքուր եւ ճշմարիտ մտածումներուն, միավանկ բառերով ներկայացուած մտքի հիւսքերուն ու թարմ եւ վերանորոգ բովանդակութեամբ ընթերցողի միտքը բարգաւաճ պահող կեանքի եւ սիրոյ գաղտնիքը որոնող խորհուրդներով:

 Մանկութիւնս ու ես,

Կտուց կտցի օրհնում ենք

Իրիկնահաց բաժանող

Թռչուններին:

Քերթողագիրքի ընթերցումով, անկեղծօրէն կը շուարիս ուրկէ՞ սկսիլ, որ՞ մէկ էջը կարդալ, ինչպէ՞ս պէտք է գնահատել հեղինակը, անոր կեանքը, հաւատքը, տեսիլքը ու նոյն այդ գրիչին մաքուր տաղանդով, ճերմակ, թափանցիկ հոգեկան աշխարհով ստեղծուած հոգիի հայելին:

Կամիլայի հատորի էջերը նրբակերտ բառերու հիւսք մը չեն եւ ոչ ալ գեղեցիկ պատկերներու ցուցահանդէս, այլ իր տաղաչափական կամ նորարար ձեւով հրամցուած տողերը իրենց նոր ապրումներու տարազով եւ վճիտ աղբիւրի նման հոսող հոգին ջերմացնող զգացումներով կու գան գրաւել ընթերցողի միտքը: Շունչ ու ջիղ կան, տաղանդի կողքին: Հանդարտ բառեր: Աշխուժ եւ ներքին կշռոյթով որոնք հեղինակին կու տան ինքնուրոյն նկարագիր եւ դրոշ ուրոյն մտածողութիւն:

Իր այս գրելու ձեւը կը սիրեմ:

Շատ բան կայ գրուելիք, որովհետեւ իր գրիչին տակ հոսող բառերը, կը մշակեն միտքդ, կը լեցնեն հոգիդ ու տեսիլքդ իրականութիւն կը դարձնեն: Այնքան տրոփում կայ յոյսի, սիրոյ եւ հաւատքի շունչով, որոնք դիմագիծ եւ ինքնութիւն տուած են իրեն:

 Ծափահարելի է Կամիլան, եւ իր այս հատորը որովհետեւ իւրաքանչիւր ընթերցողի մտքին մէջ արձագանգով էջեր կը ձգէ: Իր գրական վաստակին վրայ «Ծաղկաց Ցաւ»ը նոր յաւելում մը արձանագրող ստեղծում մըն է: Իսկ իմ այս տողերս, իր վաստակին, իբրեւ խոնարհ բանաստեղծ եւ լեզուի շքեղութեամբ լեցուն ստեղծագործող գրիչ, մեծապէս եւ անկեղծօրէն կը գնահատեմ իր վաստակը ու սրտանց -թէեւ բաւական ուշ- կը շնորհաւորեմ խանդավառ շունչով եւ տաք եզակի հայեացքներով ստեղծագործ գրիչ՝ տաղանդաւոր դաշնակահար -բանաստեղծ Կամիլան եւ նորանոր ու յաջող ստեղծագործութիւններ կը մաղթեմ:

 bedig43@aol.com

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button