Լրահոս

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

 

Կիրակի, 29 Մարտին։Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետին, Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ՝ Ծաղկազարդը, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ ներկայութեամբ մեծ թիւով հաւատացեալներու եւ մանուկներու ու պատանիներու։

Այս տարի, դժբախտաբար, կարելի չեղաւ կազմակերպել մանուկներու հսկայ թափօրը՝ կլիմային աննպաստ ըլլալուն պատճառով։
Ուստի, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցման ընթացքին, պատարագիչ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան (Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ), հաւատացեալներուն ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ, որ ընկալեալ աւանդութեան համաձայն, այս օրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ հռչակուած է «Տէրունական»՝ Քրիտսոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքով. այս տօնը նաեւ նուիրուած է մեր մանուկներուն, որոնք Տէրը դիմաւորելու եւ Տիրոջ ներկայութիւնը ուրախութեան ու ցնծութեան պահուան վերածելու պատկերը կ՚առնեն Աւետարանէն: Սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները, որ Սուրբ Պատարագի մատուցման ընթացքին մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի ըլլալով՝ աղօթեն, որ իսկապէս օրհնեալ ըլլայ Տէր Յիսուս Քրիստոսը, որպէսզի գայ եւ փրկէ պատերազմի կացութենէն։

Աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը մանուկներն ու անունց ծնողները ընդունեց վեհարանին մէջ, տուաւ իր հայրապետական օրհնութիւնը եւ իւրաքանչիւր փոքրիկի նուիրեց Ծաղկազարդի տօնին առիթով պատրաստուած նուէր:

Նշենք, որ վեհարանին զարդարանքը Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի կամաւորներուն աշխատանքի արդիւնքն էր։

Ծաղկազարդի երեկոյեան, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Դռնբացէքի հոգեպարար արարողութիւնը։

Advertisement Subscribe Today

Արդարեւ, հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայրապետանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 29 Մարտի յետմիջօրէին, նախագահութեամբ ու օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ յիշեալ արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Շահան սրբազան պատգամեց օրուան խորհուրդը՝ անդրադառնալով քրիստոնէական հասկացողութեան մէջ «դուռ»-ի իմաստին։

Շահան Սրբազան խորհրդածութիւնը եզրափակեց՝ ըսելով, որ Դռնբացէքի արարողութիւնը մեզ կը հրաւիրէ վերադառնալու Տիրոջ, թակելու Անոր դուռը, եւ Տէրը ողորմած է, զինք դաւանողներուն առջեւ պիտի բանայ դուռը։ Վերջապէս, ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի յոյսի դռները բացուին մեր առջեւ. «Ո՜վ Տէր, թող բացուին յոյսի դռները, Քու ողորմութեամբդ մեզ դիմաւորէ՝ Քու կամքդ կատարողները, եւ ընդունէ Քու ներկայութեանդ, Քու լոյսիդ մէջ»։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button