Յօդուածներ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Ամենագեղեցիկ, լուսաւոր եւ ուրախ տօներէն է Ծակազարդը: Իր արմատներուն, “ծառ“ կամ “ծաղիկի“ նման անարատ ու բուրումնաւէտ է: Վահան վարդապետ Տէր Մինասեանը գրած է, Ծաղկազարդը/Ծառզարդարը հայոց Նար կամ Նուր/Հուր Աստուծոյ նուիրուած է: Երաշտի ժամանակ Նուրի տիկնիկներով պտտելու եւ անձրեւ բերելու ջանքները անհրաժեշտ են:
Այդ ժամանակ հայ եւ ոչ հայ գիւղացիներու համար Նուրին փրկչուհին է: Անոր կ՛անուանէին նաեւ Խուճկուրուրիկ, Չիչի-մամա, Ճիճի-մումա:

