
Եթէ հայրենիքը հող է եւ մշակոյթ, պատմութիւն է եւ արեան կանչ, եթէ Հայաստան աշխարհն է մեր մայր հայրենիքը, մեր երկրորդ հայրենիքն էր սուրիական հողը:
Դարերու պատմութիւնն է մեզի յուշողը: Սկսած նախապատմական ժամանակնե-րէն հայոց արքաները` Արտաշէս Աշխարհակալ ու Տիգրան Մեծ, իրենց փառքը հիւսե-ցին այս տարածքներուն վրայ:
Դարձո՛ւր պատմութեան էջերը տեսնելու համար, թէ Քրիստոսէ շատ դարեր առաջ մեր նախահայրերը հաստատուած են այս շրջաններուն մէջ:
Ով չի գիտեր, թէ հազարամեակներու պատմութիւն ունի մարդկային քաղաքակրթու-թեան այս բնօրրանը, ուր ապրած ու գոյատեւած են բազմակրօն ցեղեր, ազգեր ու ժո-ղովուրդներ համերաշխ ու խաղաղ կեանքով, պահպանելով ու զարգացնելով իրենց ազգային մշակոյթը:
Սրբազան վայր է, օրհնեալ երկիր է սուրիական հողը, սրբագործուած սուրբերու եւ մարգարէներու մասունքներով, Քրիստոսի առաջին եկեղեցիով:
Բազմաչարչար ժողովուրդի մը վկայարանն է ասպնջական այս հողը, ուխտատեղին է համայն հայութեան- Տէր Զօրէն Ռաս Էլ Այն ու Մարկատէ մինչեւ Հալէպի Սէպիլի վրանները: Փրկութեան լաստ է այս հողը, որ գրկաբաց ընդունեց ժողովուրդի լայն զանգուածները:
Այս հողին վրայ հայը ապրեցաւ խաղաղ պայմաններու տակ: Ջարդէն ու կոտորա-ծէն փրկուած եւ մահուան սարսուռը յաղթահարած սերունդին` արագ արձագանգնե-րուն, ձեռնարկումներուն եւ եռանդին արդիւնքը հանդիսացան մեր մշակութային այն հիմնաւոր հաստատութիւնները, որոնք կու գային ժողովուրդը մղելու, որպէսզի ապրի եւ գոյատեւէ իր բարձր մշակոյթով եւ իր հոգեւոր արժէքներով: Բազում զոհողութիւն-ներով, խիստ դժուար պայմաններու տակ հայերը կրցան կառուցել եկեղեցիներ, կրթական ու մշակութային կեդրոններ, անաղարտ պահելու հայու ինքնութիւնը:
Այդ օրերուն Հալէպի մէջ հասակ առին ու գործեցին սփիւռքահայ գրականութիւնը հունաւորող գրական պանծալի դէմքեր եւ յայտնի գրողներ, հրատարակելով թերթեր ու պարբերականներ:
Հալէպի մէջ թրծուած ազգային յայտնի հասարակական գործիչներ ու մտաւորա-կաններ մեծապէս նպաստեցին Սփիւռքի զանազան գաղութներուն տալու հայկական ուրոյն դիմագիծ մը:
Հալէպ քաղաքը, իր Ազգ. Սահմանադրութեամբ նախատեսուած ժողովներով, եկե-ղեցիներով, կրթական օճախներով, մշակութային կեդրոններով ու բարեսիրական հաստատութիւններով, իր կազմակերպուած կեանքով, իր ազգապահպանիչ ծրագիր-ներով, դարձաւ բաբախող սիրտը գաղութահայութեան:
Սուրիական հողին վրայ սկսաւ ուռճանալ սփիւռքացած հայութիւնը, եւ այդ տա-րածքներուն վրայ ծնունդ առաւ յետ եղեռնեան հայ ժողովուրդի պատմութիւնը: Սուր-իահայութիւնը ապրեցաւ հաւաքական ինքնուրոյն կեանքով, աշխատեցաւ տնտեսա-պէս բարելաւել իր վիճակը մեծ ծառայութիւններ մատուցելով երկրի զարգացման ու բարգաւաճման, դառնալով գործօն տարր մը երկրին մէջ:
Տարիներու ընթացքին հայերը Սուրիոյ մէջ կրցան ապացուցել իրենց ազգային նկա-րագրի բարոյական վսեմ յատկանիշները, որպէս հաւատարիմ եւ երախտագէտ քա-ղաքացիներ: Երկրին խաղաղ եւ ալեկոծ ժամանակներուն հայերը միշտ մնացին պատնէշի վրայ, տեղացի ժողովուրդի կողքին կանգնած պաշտպանեցին երկրին շա-հերը:
Համակեցութեան ու խաղաղ գոյակցութեան խորհրդանիշ հանդիսացող այս երկրին մէջ, հասկացողութեան եւ երախտագիտութեան փոխադարձ զգացումներ զարգացան հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն միջեւ: Հայերը երբ յաճախ կը յիշեն զիրենք հիւրընկա-լած արաբ ժողովուրդին ցուցաբերած ազնիւ վերաբերմունքը, անոնք չեն մոռնար մեզի յիշեցնել, թէ հայերը շէնցուցած են այս երկիրը:
Ժողովուրդներու մէջ կան այնպիսի յատկութիւններ, որոնք երբեք չեն անհետանար ու չեն մոռցուիր, դժուար օրերուն կը յայտնուին աւելի յստակ ու ցայտուն կերպով:
Այդ վարքագծին մէկ արտայայտութիւնը կը հանդիսանար Հայաստանի երկրաշար-ժի օրերուն, տեղացի արաբ ժողովուրդին վշտակցութիւնն ու կատարած սրտաբուխ նուիրատուութիւնները:
Անցնող տասնամեակներուն սուրիահայութիւնը ապրեցաւ ապահով ու բարգաւաճ կեանք, որպէս օրինական քաղաքացիներ միշտ հաւատարիմ մնալով երկրի օրէնքնե-րուն ու տիրող պայմաններուն:
Հալէպի հայաբոյր մշակութային կեդրոններուն ու կրթօճախներուն մէջ, հայեցի դաստիարակութեամբ օժտուեցան իրերայաջորդ սերունդներ:
Ահա թէ ինչու դժուար է երեւակայել, թէ այս շէնշող գաղութը պիտի ապրէր ճգնա-ժամային ու տագնապալից օրեր, պիտի դիմագրաւէր ողբերգական զինեալ կռիւներ, քար ու քանդ պիտի ըլլային պատմական վայրեր ու սրբատեղիներ` մզկիթներ ու եկե-ղեցիներ, փլատակներու կոյտ պիտի դառնային բնակելի շէնքեր ու գործատեղիներ:
Սուրիոյ ժողովուրդը իր ողջ պատմութեան ընթացքին միշտ հեռու մնացած է միջ-համայնքային բախումներէ: Հետեւաբար, հարկաւոր է տիրող տագնապները գնահա-տել մարդկայնօրէն, դադարեցնելու ռազմական գործողութիւնները, անյետաձգելի մի-ջոցներ ձեռնարկել ապահովելու համար բնակչութեան անվտանգութիւնը:
Պատերազմական այս իրավիճակին եւ քաղաքական խնդիրներու շփոթ կացու-թեան մէջ, հայերը կրցան ձեռք բերել նախազգուշական միջոցներ, որդեգրելով պե-տութեան եւ օրինականութեան կողմնակից կեցուածք, այն համոզումով, որ սուրիա-կան ուժերու երկխօսութեամբ կը լուծուին հարցերը:
Եւ որովհետեւ` հայերը անբաժանելի մէկ մասնիկն են Սուրիոյ հաւաքական, հասա-րակական եւ ընկերային կեանքէն ներս, այսօր ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, հարկա-ւոր է ազգային սկզբունքային հարց դարձնել, որ մենք` հայերս, մարդկային ու քաղա-քացիական պարտաւորութիւններ ունինք ասպնջական այս երկրին հանդէպ, որուն բարիքները վայելած ենք նախորդ դարասկիզբէն մինչեւ այսօր:
Հետեւաբար, մեզի կը մնայ գիտակցիլ թէ ժողովուրդներու կեանքին մէջ անխուսա-փելի են քաղաքական վերիվայրումները, յանուն մարդկային իրաւունքներու եւ կեան-քի բարելաւման համար տեղի ունեցող ժողովրդային բողոքներն ու ցոյցերը, նաեւ ապստամբութիւններն ու ռազմական գործողութիւնները:
Եւ այս դէպքերը պատահական երեւոյթներ են բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր եր-կիրներուն համար, որոնք կարելի է յաղթահարել ապագայի յոյսով եւ միշտ հաւատա-լով, որ երկիրը պիտի դուրս գայ այս ճգնաժամէն եւ գալիք օրերը անպայման պիտի բերեն աւելի լաւ պայմաններ:
Եւ վերջապէս գիտակցիլ, թէ Սուրիոյ մէջ պայմանները համայնակուլ չեն եւ չեն կրնար ըլլալ: Այս փառաւոր երկրին մէջ կարելի է հայ մնալ եւ հայ սերունդներ դաստ-իարակել, կարելի է պահպանել հայոց լեզուն եւ բազմադարեան հայ մշակոյթը, երբ մեր զաւակները տունէն ու դպրոցէն ներս կը խօսին իրենց մայրենի լեզուով, ազատ ու անկաշկանդ: Հրաժարիլ այս բոլորէն ու անվերադարձ մեկնիլ այս երկրէն, հրաժարիլ հոգեհարազատ այս միջավայրէն ու փակել անցեալի էջերը, խիստ ու բիրտ խզում մը կը համարուի:
Այսօր, հայ ժողովուրդի պատմական անցեալը, սուրիական հողին վրայ կանգնած հայ հաւատքի անսասան կռուանները մեզմէ կը պահանջեն` տէր կանգնիլ մեր նախինե-րուն թողած աւանդին: Ինչպէ՞ս լքել այս երկիրը, երբ Տէր Զօրի անապատի աւազնե-րուն մէջ ցիրուցան եղած հայ նահատակներուն աճիւնները հողի ընդերքէն պիտի չդադրին շշնջալէ` մի՛ լքէք, լքուած գետին մի՛ դարձնէք սուրիական ասպնջական հո-ղը…: