
Մարք Յարութիւնեան
Փարիզ
Զուիցերիացի գերմանախօս գրող Մաքս Ֆրիշ (1911-1991) ահաւոր դատում մը ունի բոլոր անոնց մասին, միլիոնաւորներ, որոնք իրենց լռութեամբ մասնակից եւ մեղսակից եղան Հիթլէրի իշխանութեան տիրացման:
Մաքս Ֆրիշ ըսած է. «Զինուորական կրունկներէն աւելի վատ է մուճակներու լռութիւնը»: Լռութիւնը բոլոր անոնց, որոնք եսասիրութեամբ եւ չանհանգստանալու համար, կը հանդուրժեն չարը, սխալը, ոճիրը:
Հիթլէրի դէմ կրակ ժայթքողները հազուադէպօրէն կը խօսին բոլոր անոնց մասին, որոնք իրենց քաղքենիի եսասիրութիւններուն հպատակելով, ճամբայ բացին նոյնինքն Հիթլէրի չարագործութեան, ոճիրներուն, պատճառ դարձան Երկրորդ Համաշխարհայինի համամարդկային աղէտին:
Ամբոխահաճութեան (populism) գերի դարձած քուէարկողը, նաեւ համալսարանական տիտղոսներով զինուածը, որ սորված է բարոյական եւ սկզբունք, կը խօսին Մարդկային Իրաւանց մասին, բայց կը մնան մուճակներու (pantoufles) լռութեան մէջ: Դասական՝ ինձմէ ետք ջրհեղեղ (չ)իմաստութիւնը կրկնելով:
Բարի կամեցողութեան տէր անձեր կան ամենուրեք, նաեւ հոն՝ ուր իշխանութիւնները ոխ, քէն, ազգամիջեան անհանդուրժողութիւն եւ մարդկութեան դէմ ոճիր գործելու մոլեռանդութեան անձնատուր կ’ըլլան: Այդ բարի կամքի տէր մարդիկ կը հանդիսանան քաղաքակրթութիւն կերտող հերոսներ:
Բարի կամքի տէր մարդիկ զուիցերիացի գրողի սահմանած մուճակներու լռութեան մէջ չեն ընդարմանար: Անոնք կան նաեւ Թուրքիա, Ատրպէյճան:
Պէտք է պեղել լրատուամիջները: Խաղաղութեան համար պայքարող Ատրպէյճանցի Նարմին Շահմարզատէ եւ Կիյաս Իպրահիմով կանչուած են Ատրպէյճանի դատախազութիւն: Նարմին Շահմարզատէ իր դիմատետրին վրայ գրած է, որ Կիյաս Իպրահիմով տարուած է ինքնաշարժով մը, եւ հեռաձայնով զինք ալ հրաւիրած են անձնապէս ներկայանալու ոստիկանատուն: Իպրահիմով յայտարարած է, որ զինք կը հետապնդեն իր հակապատերազմ տեսակէտներուն համար: Անցեալին բանտարկուած է նաեւ: Կ’ըսուի, որ բազմաթիւ երիտասարդ Ատրպէյճանցիներ ստորագրած են խաղաղութեան յայտարարութիւն մը, ենթակայ են ճնշումներու եւ համացանցային սպառնալիքներու: Ուրեմն, Ատրպէյճանի մէջ կան իրենց մուճակներու հանգիստով չբաւարարուողներ: Յուսադրիչ: Անոնք կային եւ կան նաեւ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ, եթէ իրենք զիրենք չեն դատապարտած աքսորի:
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին, առաջին հերթին գերմանացիները, իրենք չլսեցին Մաքս Ֆրիշի նկարագրած զինուորական կրունկներու ձայնը, գոհանալով իրենց անմիջական հանգիստով, թոյլ տուին որ Հիթլէր տիրանայ իշխանութեան: Բայց ոչ միայն գերմանացի ժողովուրդը, այլ նաեւ Ֆրանսան, Անգլիան եւ միւսները, «մուճակներ»է դուրս չգալու երկչոտութեամբ, չլսեցին զինուորական կրունկներու դղրդոցը: Այդ 1938ին էր: Եղան կոյր եւ խուլ, տեղի տուին, բայց չշահեցան խաղաղութիւնը: Պէտք է յիշել Ուինսթըն Չըրչիլի խօսքը:
Այսօր կարծէք կը գտնուինք 82 տարիներու հնութիւն ունեցող կացութեան կրկնութեան մէջ: Հիթլէրի ծաւալապաշտական կիրքով հրապարակ եկած է Ռեչէփ Էրտողան: Կայսերական ընդարձակման կը հետամտի: Այդ մասին կը խօսին քաղաքական ղեկավարներ, լրատուամիջոցներ, նաեւ թուրք այլախոհներ, բայց այլեւս գաղտնիք չեղող վտանգին դիմաց, երկու համաշխարհային պատերազմներ մղած երկիրներ, կը կրկնեն իրենց չխանգարուելու «մուճակային» վերաբերումը, չեն հակազդեր:
Չանհանգստանալով պատերազմ կանխելու երաշխիք պիտի չապահովեն ոչ Եւրոպան, ոչ Ռուսիան, ոչ արաբական աշխարհը, Լիբանան եւ Սուրիա, մինչեւ Լիպիա, մինչեւ Ատլանտեան, Միջին Ասիա եւ անդին:
Ինքնորոշուելէ ետք, Արցախ արդէն երեսուն տարի, այժմ կը մղէ լինել-չլինելու ազատագրական կռիւ ընդդէմ Ատրպէյճանի, որ անտեսելով միջազգային հանրային կարծիքը եւ ամէն կարգի բարոյական, վարձկան ահաբեկիչներով կը յարձակի Արցախի վրայ, արգիլուած զէնքերով կը ռմբակոծէ քաղաքային բնակչութիւնը:
Թուրքիա, բացայայտ կերպով կը գործակցի Ատրպէյճանի, փոխադրելով ահաբեկիչները: Թուրք զինուորական մասնագէտներ կը վարեն Ատրպէյճանական նախայարձակները: Գիտէինք: Աշխարհ ալ գիտէ: Չէինք զարմանար:
Ինչ որ կը պատահի համաթրքական (panturkiste) քաղաքականութեան հետապնդումն է, սուլթանական կայսրութիւնը եւ կամ համիսլամական խալիֆայութիւնը թրքական տիրապետութամբ վերականգնելու առաջադրանքով: Էրտողանի մեծամոլական փառասիրութիւնը:
Եթէ մենք այսքանը գիտենք, գիտեն նաեւ աշխարհի մեծ եւ պզտիկ պետութիւնները, որոնք Մաքս Ֆրիշի նկարագրած մուճակներուն (pantoufles) մէջ կը մնան չխանգարուելու համար: Վերջին օրինակը տուած է Ատլանտեան Ուխտի (OTAN)ի ընդհանուր քարտուղար Ժենս Սթոլթենպերկ:
Կը թարգմանեմ լուրը ինչպէս որ է:
5 հոկտեմբերին, Անգարայի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ատլանտեան Ուխտի (ՆԱԹՕ) ընդհանուր քարտուղար Ժենս Սթոլթենպերկ կոչ ըրած է Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի գլխաւոր դաշնակիցին, միջամտել՝ մեղմելու համար լարուածութիւնները Ղարաբաղի մէջ, անջատողական շրջան մը, զոր Պաքու կ’ուզէ վերագրաւել, Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի զօրակցութեամբ (ընդգծ. Մ.Յ.):
«Կ’ակնկալեմ, որ Թուրքիա իր ազդեցութիւնը կ’օգտագործէ՝ մեղմելու համար լարուածութիւնները»,- ըսած է Ժենս Սթոլթենպերկ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետ Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ իր հանդիպման ընթացքին,- աւելցնելով, որ «բոլոր կողմերը պարտին անմիջապէս դադրեցնել կռիւները եւ ընթանալ դէպի խաղաղ լուծում մը»: Իսկ Մեւլուտ Չաւուշօղլու, «որուն երկիրը կը քարոզէ վերջ տալ Հայաստանի օգնութեանբ անջատողականներու կողմէ Ղարաբաղի գրաւման», իր կողմէ ըսած է, որ Ատլանտեան Ուխտը (ՆԱԹՕ) իր կարգին պէտք է կոչ ընէ Հայաստանի «հեռանալու այդ հողամասէն եւ յարգելու Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը»: Ան նաեւ ամբաստանած է Հայաստանը, «պատերազմական ոճիրներ գործելու» յանցանքով, յարձակելով քաղաքայիններու կողմէ բնակուած շրջաններու վրայ:
Ինչե՜ր կան ուսանելի պարոն Սթոլթենպերկի խօսքին մէջ:
Ատրպէյճանի գլխաւոր դաշնակից Թուրքիոյ միջամտութեան կը դիմէ նոյն Ատրպէյճանի Ղարաբաղի դէմ շղթայազերծած պատերազմի մեղմացման համար: Այսքա՞ն միամիտ է պարոն Սթոլթենպերկ գայլը գառներու հովիւ կարգելու համար:
Պարոն Սթոլթենպերկ անկասկած բանիմաց մարդ ըլլալու է, բայց ժամանակ չէ ունեցած ծանօթանալու Արցախի պատմութեան, իմանալու համար նաեւ, որ ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ հայկական այդ շրջանը որպէս սոսկ ինքնավար մարզ յայտնուեցաւ Ատրպէյճանի կազմի մէջ:
Յստակութեամբ ըսուած է, «անջատողական շրջան մը, զոր Պաքու կ’ուզէ վերագրաւել, Էրտողանի զօրակցութեամբ»: Մեծ պատմաբան կամ դիւանագէտ ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու համար, որ Թուրքիա պատերազմող կողմ է եւ ինչպէ՞ս կրնայ լարուածութիւն մեղմացնել: Եւ բանիմաց մարդիկ, փորձառու լրագրողներ, այս յայտարարութիւնները որպէս լուր կը հրամցնեն աշխարհին, առանց ճշդելու թիւրն ու թերին:
Ատլանտեան Ուխտի նորվեկիացի ընդհանուր քարտուղարը փորձառու քաղաքագէտ է: Ինչպէ՞ս կրնայ պատերազմի մասնակիցին միաժամանակ վստահիլ իրաւաւարի դեր, որ կը յիշեցնէ Լա Ֆոնթէնի առակը՝ «Գայլը որ եղած է հովիւ»: Պարոն Ժենս Սթոլթենպերկ գիտակ մարդ է, կարդացած ըլլալու է Լա Ֆոնթէնի առակները: Պէտք է յիշէ առակի վերջին երկու տողերը.
Ով որ Գայլ է կը գործէ Գայլի պէս:
Այս այս է միակ հաւաստին *:
Եթէ իրաւասութիւն ունենայի, Մ․Ա․Կ․-ի ընդհանուր քարտուղարին, Ատլանտեան Ուխտի անդամ Ֆրանսայի, Յունաստանի եւ միւսներուն կը հարցնէի, թէ գայլը գառներուն հովիւ կարգելով ինչպէ՞ս խաղաղութիւն եւ արդարութիւն կը հաստատուի:
Ի վերջոյ, Գա՞յլն է մեղաւոր, թէ՞ Գայլը գառներու հովիւ կարգողը:
Լա Ֆոնթէնի առակը հազարաւոր բացիկներու վերածելով պէտք է ղրկել պարոն Ժենս Սթոլթենպերկի եւ բոլոր միւսներուն:
Յիշել եւ յիշեցնել Հոպզի homo homini lupus est–ը…