
Սեպտեմբեր ամսուայ վերջերը, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւորուհի Մայրը՝ Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան, իր երկրորդ այցելութիւնը տուաւ Հայ Քոյրերու Վարժարանին:
Ան հանդիպում ունեցաւ Ուսուցչական Կազմին, վարժարանիս բոլոր Վարչական Խորհուրդի Անդամներուն հետ ու այդ ընթացքին Մեծաւորուհի Մայր Եւտոքսիան՝ իր գոհունակութիւնը եւ բարձր գնահատանքը յայտնեց Տնօրէնուհի քոյր Լուիզա Գասարճեանին կատարած նուիրումին եւ գործունէութեան հանդէպ Հայ մանուկներուն դաստիարակութեան: Երբ Ընդհանուր Մեծաւորուհի Մայրը, Քոյր Լուիզան եւ Քոյր Հռիփսիմէն այցելեցին դասարանները, Առաջին դասարանի աշակերտներէն մին, Անի Աւեսեանը, հայերէնով սրամիտ խօսք մը ըրաւ Քոյր Լուիզային »Չէի գիտեր որ դուք ուրիշ երկու քոյրեր ունէիք«: Այս անկեղծ արտայայտութիւնը ժպիտ դրաւ բոլորին դէմքին վրայ:
Մայր Եւտոքսիան ուրախութեամբ եւ հաճոյքով հեռացաւ աշակերտներէն խոստանալով, որ յաջորդ անգամ աւելի շուտ պիտի այցելէ այս նուիրեալ օճախը:
Երկուշաբթի Սեպտեմբեր 21, 2009, Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտները յիշատակեցին եւ տօնեցին մեր շատ սիրելի հայրենիքի՝ Հայաստանի Անկախութիւնը: Հանդիսութիւնը սկսաւ Մանկապարտէզի աշակերտներով՝ »Մեր Հայրենիք« երգը երգելով իրենց անուշիկ եւ շատ ներդաշնակ ձայներով:
Այս տարի, ութերորդ դասարանի աշակերտները պատրաստած էին ընդհանուր զարգացման դաստիարակիչ մեծ »Jeopardy« բառախաղը: Բառախաղի ընթացքին մեծ կրտսեր աշակերտները, Հայաստանի վերաբերեալ հարցումներ հարցուցին հինգերորդ, վեցերորդ եւ եօթներորդ դասարանի աշակերտներուն:
Խաղը այնքան հաճելի եւ հետաքրքրական էր, որ երրորդ եւ չորրորդ դասարանի աշակերտներն ալ փափաքեցան իրենց մասնակցութիւնը բերել: Եօթերորդ դասարանի յաղթանակով, խանդավառ տրամադրութեամբ խաղը հասաւ իր աւարտին: