ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ – Ա.   ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐՈՒՄԸ ԼՈՒԾՈ՞ՒՄ, ԹԷ՞ ՏԱԳՆԱՊԻ ԾԱՆՐԱՑՄԱՆ ՆՈՐ ՄԵԿՆԱԿԷՏ

0 0
Read Time:9 Minute, 40 Second
Photo by – / Télé Liban / AFP

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

10-11 Օգոստոս 2020

Պէյրութի նաւահանգիստն ու շրջակայ թաղամասերը քար ու քանդ ըրած՝ 4 Օգոստոսի պատմական պայթումէն ետք, շաբաթը չբոլորուած, վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը Երկուշաբթի, 10 Օգոստոսին հրաժարական տուաւ, ինչ որ իրողապէս նոր էջ մը բացաւ այն հակաճառութեանց ու քաղաքական հակամարտութիւններուն համար, որոնք այս երկիրը տագնապէ տագնապ կը տանին տարիներէ ի վեր: Ստեղծուած է իրավիճակ կը յիշեցնէ տղմուտ ջրափոսի մը մէջ ինկած անձ մը, որուն իւրաքանչիւր շարժումը զինք քիչ մը աւելի կ’ընկղմէ տիղմին մէջ, անոր օգնութեան կանչերը կը հասնին այնպիսիներու, որոնք կարծէք թէ դիւական հաճոյքով կը դիտեն սուզուողը:

Եթէ պահ մը մտնենք մաշկին մէջ այն լիբանանցիներուն, որոնք դէպքերը կը դիտեն ժամանակի նեղ սահմաններու մէջ, օրինակ՝ 4 Օգոստոսէն ասդին տեղի ունեցած զարգացումներուն սահմաններուն մէջ, պիտի տարուինք այն ալիքով, որ գոյացած է խօսքի աճուրդներու հետեւանքով եւ ստեղծուած տագնապին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’ուզէ բեռցնել Տիապի կառավարութեան ուսերուն: Փաստօրէն, վարչապետին հրաժարականին բովանդակութիւնը աննախընթաց սաստկութեամբ ամբաստանագիր մըն էր զինք ու իր կառավարութիւնը քննադատողներուն, քայլերը խոչընդոտողներուն: Ան խոստովանեցաւ, որ իր կառավարութիւնը անզօր մնացած է յաղթահարելու այն փտածութիւնը, որ գոյացած էր նախընթաց տարիներուն եւ շատ աւելի վիթխարի է, քան իր կառավարութեան կարողութիւնները: Այս ամբաստանագիրին դիմաց, կառավարութեան ընդդիմադիր կողմերը նոր թափ տուին քննադատութիւններուն՝ վարչապետը մեղադրելով իր խոստումներուն տէրը չկանգնելու, որոշ կողմի մը դիտաւորութեանց անսալու եւ ներքին համերաշխութեան հետամուտ չըլլալու ամբաստանութիւններով:

Տակաւին, կառավարութեան հրաժարականին նախօրեակին, ու աղէտալի պայթումէն միայն քանի մը օր ետք, հրապարակները անգամ մը եւս առնուեցան «յեղափոխութիւն» եւ «հիմնական փոփոխութիւններ» պահանջող ցուցարարներու տիրապետութեան տակ, որոնք քիչ մը աւելի՛ աւեր ու քանդում տարածեցին: Հաւանաբար շատեր մոռցած են, թէ այս կառավարութեան դէմ նման պահանջներ հնչած էին անոր կազմութեան յաջորդ օրերուն իսկ…

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ միւսը՝ հարցերուն արմատը: Ո՛չ միայն այսօր, այլ 17 Հոկտեմբերէն ի վեր, նաեւ անկէ շատ առաջ ալ, Լիբանանի հրապարակին վրայ հնչած է արդար հարցում մը. ժողովուրդին ցասումն ու բարեփոխման պահանջները հիմ ունի՞ն, արդա՞ր են: Կարճ ու անվիճելի պատասխանը ԱՅՈ՛ է: Սակայն անկէ անդին, «սատանան թաքնուած է մանրամասնութիւններուն մէջ», իսկ արդարութիւն եւ չարաշահութեանց դադարեցումը, նեխածութեան ու կաշառակերութեան-չարաշահութիւններու դարմանումը պահանջող զանգուածը, տագնապին բոլոր երեսներուն մի՛շտ ծանրագոյն տուրքը վճարող զանգուածը՝ առանց աշխարհագրական վայրի, համայնքային կամ այլ տարբերութիւններու, մատնուած է խաբէութեան, պատրանաթափութեան, արդարօրէն հարց տուած է թէ իր ամբողջ ուժականութիւնը ի գործ դնելէ ետք, ինչո՞ւ քայլ մը յառաջ չի կրնար շարժիլ, այլ ընդհակառակն, երկրին հետ ինք եւս բթաչափ առ բթաչափ կը մատնուի յաւելեալ աւազախրումի:

Գաղտնիք չէ, որ այս տագնապը, իր պատմութեան բոլոր փուլերուն, ունեցած է եւ ունի ներքին եւ արտաքին ճիւղաւորումներ: Այդ բոլորին «մանրամասն քարտէս»-ը կազմել՝ պիտի նշանակէր երկար սիւնակներ, հատորներ լեցնել: Այսօրուան սիւնակին մէջ, փորձենք ուրուագիծը կազմել ներքին գլխաւոր գործօններուն, յաջորդիւ խօսիլ նաեւ արտաքին ազդակներու մասին, իսկ թէ այս բոլորը ինչպիսի՞ ներգործութիւն ունին հայկական մեր օճախին վրայ՝ արդէն կը կարօտի մասնայատուկ հայեցակէտի, հեռու՝ խօսքի եւ ցանկալի ու երեւակայածին ծրագիրներու աճուրդներէ:

***

Աւելորդ է մտնել նորագոյն դէպքերուն ու անոնց ընկերացող մեկնաբանութիւններուն, հակաճառութիւններուն ոլորապտոյտին մէջ. փաստօրէն, իւրաքանչիւր կողմ հրապարակ կու գայ տեսակէտներով եւ դիրքորոշումներով, որոնք տուեալ կողմէն դիտուած՝ անառարկելի ու արդար կը թուին, սակայն այդ բոլորը քով քովի բերող մը ինքզինք կը գտնէ լաբիւինդոսի մը մէջ, որ աւելի՛ բարդ է, քան յունական դիցաբանութեան մէջ յիշատակուած Լաբիւրինդոսը: Անկէ ելքի ձեւ կար: Հոս, պատկերը ո՛չ միայն աւելի բարդ է, այլեւ խճճուած,  այնքան մը, որ անմիջական ներկան աչքի առջեւ ունեցողը աննախընթաց վտանգի տակ կը տեսնէ Փիւնիկն ու հարցականներ կը գծէ մոխիրներէ վերայառնելու անոր կարողութեան շուրջ:

Եթէ ընդունիք, թէ կառավարութեան հրաժարականին պատճառները բացորոշ են (անոնք ըլլան վարչապետին ամբաստանագիրին համապատասխան թէ անոր ընդդիմադիրներուն բացատրութիւնները հիմնաւորող), մեծագոյն հարցականը հետեւեալն է: Հրաժարականը լուծման մը սկի՞զբն է, թէ նոր բարդութիւններու, տուայտանքներու նոր փուլի մը մեկնակէտը: Մենք պիտի չփորձենք պատասխան(ներ) որոնել այս գլխաւոր հարցումին, այլ պիտի բաւականանանք արձանագրելով անկէ բխող շարք մը հարցումներ (ամէնէն երկար հարցացանկն անգամ սպառիչ պիտի չըլլայ), որպէսզի պահ մը կարենանք մեր գլուխը բարձրացնել իսկական ու քաղաքական պայթում(ներ)էն գոյառած փոշիէն վեր, դիտել համայնապատկերը եւ տեսնել, թէ յառաջիկայ օրերը ինչպիսի՛ պատասխաններ պիտի բերեն այս հարցականներուն:

Բնական՝ առաջին հարցումը այն է, թէ պայթումին պատճառներուն եւ իսկական պատասխանատուներուն բացայայտման քննութիւնները տեղ պիտի հասնի՞ն, թէ «անլոյծ ոճիրներ»ու ցանկը պիտի հարստանայ նորով մը: Պէտք չունինք երթալու հին օրեր. յիշենք միայն պատերազմի տարիներուն եւ յետ-պատերազմեան շրջանին բաց մնացող գլղաւոր թղթածրարները: Արձանագրենք թւումի կարգով. Ռաֆիք Հարիրի, Ռընէ Մուաուատ, Ռաշիտ Քարամէ, Պեշիր Ժըմայէլ, Քամալ Ժոմպլաթ, այլ կուսակցապետեր ու մամուլի մարդիկ…: Հիմա, լիբանանցիք ու աշխարհը ամէն օր ականջալուր կ’ըլլայ պայթումին տարբեր պատճառներու մասին տեղեկութիւններուն (ո՞վ եւ  ինչպէ՞ս բերած է պայթուցիկ նիւթը, իսրայէլեան յարձակում մը բաժին ունի՞ աղէտին մէջ, ինչո՞ւ վտանգաւոր ապրանքը տարիներ շարունակ պահ մնացած է մթերանոցին մէջ եւ այլ):

Յետոյ: Կառավարութեան հրաժարումը ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենայ արձանագրուած վնասներու դարմանումին դիտանկիւնէն: Տուներ քանդուած են, ստացուածքներ փոշիացած, գործատեղիներ չգոյ դարձած: Կը խօսուի միլիառներու հասնող վնասներու մասին: Իբրեւ անմիջական օժանդակութիւն՝ աշխարհը խոստացած է անմիջականօրէն հոգալ մարդասիրական երեսները՝ սնունդ, դեղ, եւ նման պէտքերու հոգացում: Հայաստանն ալ իր լուման բերաւ այս նուիրաբերումին: Բնականաբար Լիբանան շնորհակալ ըլլալու պատճառ ունի, սակայն անկէ անդի՞ն…: Ո՞վ պիտի նորոգէ կամ վերաշինէ քանդուած-վնասուածը, ո՞վ պիտի հատուցէ նիւթական մեծ ու փոքր վնասները: Բնակարանի մը կամ վաճառատան մը փշրուած ապակիներն անգամ այսօր անմատչելի գագաթներ ցցած են շատերու դիմաց, առանց մոռնալու… դրամատնային կապանքները, որոնք աւելի վաղեմի պատմութիւն ունին, քան հրաժարեալ կառավարութիւնը, եւ որոնք շատեր մատնած են անկարելի կացութեան:

…Բարեբախտաբար, ո՛չ ոք հրապարակ եկաւ հրաժարեալ կառավարութիւնը մեղադրելու՝ Պսակաձեւ ժահին դէմ անտարբեր մնալու յանցանքով: Փաստօրէն, Լիբանան մաս կը կազմէ փոքրաթիւ այն երկիրներուն, որոնք առաջին իսկ օրէն խելամիտ վերաբերմունք ցուցաբերեցին համաճարակին դէմ, երկիրը անոր ալիքներուն դէմ պաշտնպանեցին՝ նուազագոյն վնասներու գնով:

***

Աւելի մեծ հարցականներ կ’ուրուագծուին քաղաքական հորիզոնին վրայ:

Ո՞վ պիտի գայ փոխարինելու հրաժարեալ կառավարութիւնը: Հրապարակ նետուած լուծումները բազմագոյն են: Կը խօսուի մասնագէտներէ եւ անաչառ-անկաշառ նոր դէմքերէ գոյանալիք նոր կազմի մը մասին, այլ ընտրանք մըն է ազգային միասնութիւն մարմնաւորող կազմ մը (հրաժարականէն երկու օր առաջ, Տիապ այս իմաստով մարտահրաւէր մըն ալ արձակած էր, յայտարարելով, որ պատրաստ է երկու ամիս եւս դիմանալու, որպէսզի կողմերը ի մի գան եւ համաձայնութեան մը հասնին համախոհական տարազի մը շուրջ: Այս մարտահրաւէրը հիմա կը թուի կորսուած ըլլալ բարձրացած ժխորին մէջ): Այս դիտանկիւնէն, խորհրդարանի նախատեսուած նիստը անհրաժեշտ լրջութեամբ քննարկումի բեմ պիտի դառնա՞յ, թէ հրաժարական յայտարարող կարգ մը երեսփոխաններու հետապնդած բացայատ կամ թաքուն նպատակները պիտի սաւառնին հոն:

Խորքին մէջ, Լիբանանի դիմաց բարձրացող էական հարցական մըն է հետեւեալը: Այս երկրի քաղաքական կեանքին ու պատմութեան քիչ թէ շատ ծանօթներ (խօսքը չի վերաբերիր կարգ մը արտաքին կողմերու, որոնք Լիբանանը իսկապէս չեն ճանչնար եւ սակայն, լուծումներ ու տարազներ կը թելադրեն՝ պահ մը ընդունինք՝ բարեմիտ մօտեցումով) կը վարանին վճռորոշ պատախաններ բանաձեւելու: Ի վերջոյ, նոր վարչապետն ու նոր կառավարութիւնը, առաւելագոյն կամ նուազագոյն չափով, պիտի ըլլան բոլոր կողմերուն, գետնի վրայ իրական ուժ եւ ազդեցութիւն ունեցողներուն ներկայացուցիչը, պիտի յենին համախոհութեան վրայ, քաղաքական բառամթերքով՝… խորհրդարանին վստահութեան քուէին վրայ: Բնականաբար ո՛չ ոք կը մտածէ այնպիսի կազմի մը մասին, որ նմանի… աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստներէն կազմուած խումբի մը: Պարսելոնա մը, Ռէալ Մատրիտ մը, Փարի Սէն Ժերմէն մը, Մանչեսթըր Եունայթըտ մը կամ Սիթի մը, Լիվըրփուլ մը, Միլանոյի խումբերը, Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ եւ այլ հզօրներ, մինչեւ իսկ… Լիբանանի ու Հայաստանի ֆութպոլի խումբերը ունին օտարերկրացի լաւ մարզիկներ հաւաքագրելու պերճանքը, սակայն կառավարութիւն մը ֆութպոլի խումբ չէ, լաւագոյն պարագային՝ ազգայի՛ն խումբ է, որուն մէջ օտար մարզիկներու ներկայութիւնը արգիլուած է: Ըսել կ’ուզենք, յաջորդ կառավարութիւնը դուրսէն կամ Հրատ մոլորակէն բերուելիք կազմ պիտի չըլլայ, այլ՝ լիբանանցիք ստիպուած են «իրենց իւղով տապկուելու», վստահելու լիբանանեան կողմերուն ներկայացուցիչներուն, նախարարները  ըլլան առաջնակարգ անձնաւորութիւննե՞ր, թէ՞ զանոնք ներկայացնող՝ «երկրորդական դէմքեր» (իրականութենէն բան չի փոխուիր):

Պահ մը կանգ առնենք այն զրոյցներուն առջեւ, թէ համախոհական կառավարութիւն մը կրնայ կազմուիլ միայն Սաատ Հարիրիի վարչապետութեամբ, կամ անոր մէկ ներկայացուցիչով: Սա պիտի նշանակէ՞ վերադարձ այն օրերուն, երբ տարի մը առաջ Հարիրի վարչապետ էր, տագնապը դարձաւ անկառավարելի եւ զինք մղեց հրաժարելու, հակառակ այն կոչերուն ու քաղաքական զօրակցական արտայայտութիւններուն, որ չերթայ հրաժարելու քայլին, այլ փորձէ կողմերը համախմբել բաղձալի տարազի մը շուրջ: 17 Հոկտեմբերի շարժումը ձեւով մը ականահարեց այդ կառավարութիւնը, իսկ յաջորդող զարգացումները, որոնց բարձրակէտը՝ նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումը, եկան ցոյց տալու, որ մոգական տարազներ չկան, այլ ներքին համախոհութիւնը եղած է ու կը մնայ միակ ուղին, ընտրանքը, եւ սա իմաստազուրկ նշանախօսք չէ: Այս տրամաբանութեամբ ալ, յաջորդ կառավարութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ, իրականացնելու համար հրաժարեալ-«ձախողած-ձախողեցուած» կառավարութեան այն առաքելութիւնը, որ պիտի մարմնաւորուէր… երկրէն փախուստ տուած հսկայական գումարներուն վերադարձով: Խօսքը չի վերաբերիր միայն վերջին 8 ամիսներու, կամ՝ վերջին մէկ-երկու տարիներու փախուստներուն մասին, որոնք պատճառ դարձան լիբանանեան թղթոսկիին իսկական կամ շինծու արժեզրկման, բաց թողուեցան երկիրը անյագուրդ կողոպուտողներուն սանձերը…: Եթէ յիշողութեանց ձգախէժէ լարը քիչ մը երկարենք, կրնանք վերադառնալ մինչեւ այն օրերը, երբ լիբանանեան թղթոսկին սկսաւ նահանջել օտար դրամանիշներուն առջեւ, եղան չարաշահներ, որոնք մտրակահարեցին այդ ընթացքը եւ… հսկայական շահեր ապահովեցին: Լիբանան ապրեցաւ իր մանր Էնրոնի տագնապը…: (Չարաշահութեանց պատմութիւնը բաւական երկար է. պէտք չունինք երթալու մինչեւ 70-ականներ, երբ Քրոթալներու հարցը ահագին յուզում ստեղծեց եւ աղմուկ բարձրացուց, իսկ աւելի մօտիկ անցեալին, բջիջային հեռաձայններու պայմանագրութիւնները, քարիւղի-ելեկտրականութեան մարզի չարաշահումները, աղբակոյտերու հարցը նեխածութեան «բոյրը» հասցուցին 17-րդ երկինքները): Անցեալի գայթակղութեանց յիշատակումը չենք ըներ՝ նորերը արդարացնելու տրամաբանութեամբ, այլ այդ բոլորին վերջ տալու, դարման գտնելու ակնոցով, եւ սա անվիճելի պահանջն է պահանջատէր ցուցարարներուն:

Որեւէ կառավարական կազմի համար մարտահրաւէրի համազօր հարցական է նաեւ այն, որ երկրէն գումարներ դուրս տանողները բռնել-պատժե՞լը, ի հարկին գնդակահարելն ու կախաղան բարձրացնե՞լ են շահեկանը, թէ ձեւը գտնել անոնց պարտադրելու, որ կողոպտուած գումաները վերադարձնեն երկիր, զանոնք ի սպաս դնեն բազմերես աղէտներուն դարմանումին: Լիբանան 50-ական, 60-ական եւ 70-ական տարինրեուն ալ տագնապած է չարաշահներէ, սակայն այդ տարիներուն, կարծէք թէ «ապրէ՛, եւ թոյլ տուր որ ուրիշն ալ ապրի»ի տրամաբանութիւնը աւելի՛ տիրապետող էր եւ… բոլորին համար շահաբեր:

***

Բնականաբար բացուած է նաեւ սակարանը երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններու, որ պահանջներէն մէկն է «ամէն բան հիմէն փոխելու» շարժումին (անոր զարգացման պատմութիւնն ալ ծանօթ է, զայն շահագործողներն ալ ըստ բաւականին՝ քողազերծուած): Կարելի՞ է գտնել բարեմիտ-պարզամիտներ, որոնք կը հաւատան, թէ կանխահաս ընտութիւնները լուծման ճամբան պիտի բանան: Ընտրութիւններու պատմութեան ամէնէն մակերեսային ծանօթութիւնը ունեցողն իսկ պիտի չերկմտի ըսելու, որ եթէ ընտրութիւնները վաղը տեղի ունենան, յաջորդ խորհրդարանը դարձեալ պիտի ըլլայ նորաձեւ մարմնաւորումը այն ուժերուն ու կուսակցութիւններուն, համայնքային-ընտանեկան-աւատապետական ղեկավարներուն, որոնք ներկայ են խորհրդարանի եւ իշխանութեան թեւերուն վրայ: Այդպէս պիտի ըլլայ, մինչեւ իսկ եթէ հիմնական փոփոխութիւն իրականացուի եւ այժմու դրութիւնը փոփոխութիւն կրէ: Այսօրուան քննադատուող եւ դատափետուող «հիները» ձեւը պիտի գտնեն պահպանելու իրենց դիրքերը, եւ այդ՝ զիրենք մեղադրողներու քուէո՛վն իսկ…

Զուգահեռ գիծի մը վրայ, մինչեւ իսկ կը խօսուի նոր Թաէֆի մը մասին: Եւ իսկապէս, պէտք է հարց տալ, թէ կանխահաս ընտրութիւնները լուծո՞ւմ են, ուժի տէրերուն ակնոցով՝ բաղձալի՞: Ի՞նչ պիտի նշանակէ «նոր Թաէֆ» մը (անմիջապէս արձանագրենք, որ յիշողութեան կորուստէ չտառապողներ գիտեն, թէ Թաէֆը իսկապէս որ իր օրերուն բարիք մը եղաւ, մեկնակէտը՝ 15 տարիներու պատերազմական վիճակի եզրափակման): Մօտաւորապէս 30 տարի առաջ, Թաէֆի մէջ ի մի եկող հակամարտ կողմերը շօշափելի փոփոխութիւններ բերին լիբանանեան աւանդական ու քարացած թուացող տարազին. ձեւով մը՝ Թաէֆը թարգմանը եղաւ, ու՝ մարմնաւորումը՝ պատերազմի տարիներուն գետնի վրայ ստեղծուած նոր իրավիճակին: Խորհրդարանի աթոռները հաւասարապէս բաժնուեցան իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ, քրիստոնեաներու նախապէս վայելած առաւելութիւնը պատմութեան անցաւ, նախագահին վայելած առանձնաշնորհումները սահմանափակումի ենթարկուեցան, տեղի ունեցան սահմանադրական որոշ բարեփոխումներ եւ այլն…: Սահմանադրութեան կողքին, «Ազգային ուխտ»ին տրամաբանութիւնը ըստ կարելւոյն պահուեցաւ անփոփոխ, սակայն քաղաքական կեանքին մէջ, գետնի վրայ արձանագրուած փոփոխութիւննե՛րն էին տիրականն ու գործնականը: Հիմա, նոր Թաէֆ մը պիտի գայ ի՞նչ ընելու: Անկարելի ետդա՞րձ մը՝ դէպի նախա-թաէֆեան որոշ վիճակներու, թէ՞ գործնական նոր թարգմանութիւն մը՝ գետնի վրայ ստեղծուած իրավիճակին, համապատասխանաբար՝ ուժերու այժմու պատկերին (անկախ, թէ անիկա հաճելի պիտի ըլլայ այս կամ այն կողմին-համայնքին, կամ զայն դժգոհութեամբ պիտի ընկալեն ուրիշներ, ինչպէս որ ատենին եղաւ Թաէֆին նկատմամբ…):

Ինչպէս նշեցինք սկիզբը, հարցականներու ցանկը շատ աւելի երկար է, քան նշմարուող պատասխանները: Մէկ բան յստակ է սակայն, եւ զայն պէտք է տեսնել-ընկալել՝ անկախ կողմնակի ու հատուածական հաշիւները, նախատրամադրութիւններէ: Փիւնիկը կրնայ վերածնիլ միայն այն պայմանով, որ Լիբանանը բաղկացնող մեծ ու փոքր համայնքաները իրենք զիրենք զգան արդարութիւն եւ հաւասարակշռութիւն երաշխաւորող հաւաքական հովանոցի մը տակ, որքան ալ որ նման իրագործում անիրկանա թուի ցաւի, կորուստներու եւ ցասումի ներկայ մթնոլորտին մէջ: Մեր խօսքը չի վերաբերիր երազային եւ իտէալական տարազներու, այլ կարելի-ցանկալիին, որ բարիք բաշխէ բոլորին, սկաելով պայթումին հարուածը կրողներուն:

Բնականաբար կը մնայ այլ մեծ հարցումը. նման տարազի ձեւաւորում եւ իրականացում պիտի արտօնուի՞ դուրսէն…

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles