
Լեքսինկթընի (Մասաչուսէց) Հայ Քոյրերու Վարժարանի հինգերորդ դասարանի աշակերտները, վերջերս այցելեցին տեղւոյն MIT Համալսարանի գիտական Plasma Sciences and Fusion Center կեդրոնը:
Անցեալ տարիներու նման, գիտական բաժնի ուսուցիչ Ճայանթի Ռանկան, իր աշակերտներուն հետ կազմակերպեց այս այցելութիւնը:
Կարելի եղած է այս ծրագիրը իրագործել, շնորհիւ հետեւողական աշխատանքի, եւ նպատակն է բարձրացնել գիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ թուաբանութեան մակարդակը եւ խրախուսել երիտասարդ ուսանողները: