

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին քաղաքականութեան եւ յատկացումներու յանձնախումբերու յառաջատար քոնկրէսականները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման: Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ “Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին“ ի նպաստ արտայայտուող պաշտօնեաներուն միացած են արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էլիոթ Էնկել, յատկացումներու յանձնախումբի անդամ Նիթա Լոուի, պիւտճէի հարցերով ենթայանձնախումբի անդամ Քրիս Վան Հոլէն եւ ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի անդամ Հենրի Ուաքսման:
Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ուղղուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող արձանագրութիւն կազմելու: Կը նշուի, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման առանցքը պէտք է կազմեն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր հետեւանքներուն հատուցումը, միջազգային մակարդակով ոճիրին արդարացի եւ համապարփակ լուծում տալը:
Այս բանաձեւը Մայիս 2013-ին Ներկայացուցիչներու տուն ներկայացուցած են քոնկրէսականներ Տէյվիտ Վալատօ (հանրապետական` ընտրուած Գալիֆորնիայէն), Էտըմ Շիֆ (Դեմոկրատական` ընտրուած Գալիֆորնիայէն), Մայքլ Կրիմ (Հանրապետական` ընտրուած Նիւ Եորքէն) եւ Ֆրանք Փալոն (Դեմոկրատական ընտրուած Նիւ Ճըրզիէն):
“Մենք կ՛ողջունենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին բանաձեւի մուտքը Ներկայացուցիչներու տուն: Ատիկա Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նուիրուած նոր նախաձեռնութիւն է, որ կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներուն նոր մօտեցում ցուցաբերելու հայ-թրքական յարաբերութիւններուն նկատմամբ“, նշեց Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան: