Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ․․․ «ՀԱՊԻՊ»-ԻՆ ՀԵՏ

Զ․Թ․
Վա՜յ․․․Արդէն իսկ,մահուան քառասո՞ւնքն է։ Այսպէ՜ս ուրեմն, մեր սրտին խօսող՝ բառացիօրէն մեր սրտին սիրելին՝ «Հապիպ Ալպի»-ն ալ գնաց, կարճ ու կտրուկ՝ «Հապի՛պ»-ը։
Փոքրերուն համար «Հապիպ Ամմօ»-ն էր, իսկ յունահայ ընկերներն ալ «Հապիպիաքի», այսինքն «Սիրելի փոքր Հապիպ» կը կոչէին զինք։ Այս բոլորէն ետք, հաւանաբար շատերու համար նուազ ծանօթ պիտի թուի Գէորգ Փափազեան անունը։
Անուան այս տարբերակներուն առնչութեամբ իսկ, կ’արժէ յիշել դրուագ մը։ Օր մը զանազան շրջաններէ ժամանած պատանիներ եւ պատասխանատուներ կը հաւաքուին ակումբի մը մէջ, որպէսզի բանակումի մեկնին։ Բանակողներն ու պատասխանատուները մէկ առ մէկ կը ժամանեն։ Մեկնումին պահը հասած է. պատասխանատուներէն մէկը, որ այդքան ալ ծանօթ չէր միջավայրին, «Հապիպ»-ին մօտենալով կ’ըսէ․
– Ընկե՛ր «Հապիպ», մէկ հոգի կը սպասենք։ Դեռ չէ հասած։
– Ո՞վ է բացակայողը, – կը հարցնէ «Հապիպ»-ը։
– Գէորգ Փափազեանը․․․,- կ’ըսէ երիտասարդը՝ բաւական մտահոգ ։
– Է՜… կարծեմ դեռ շա՜տ պիտի սպասենք,- կը պատասխանէ սրամիտ «Հապիպ»-ը։
Եւ ահա, ընկեր մը եւս կ՛աւելնայ այն ցանկին, որուն վրայ եղողները գացին, բայց պիտի մնան մեզի հետ։ Ան կը կոչուի Գէորգ Փափազեան, պարզապէս անձնագրի մէջ գրուած անուն մը, որ վերածուած էր «Հապիպ Ալպի»-ի եւ ամէնայն հարազատութեամբ կը նկարագրէր իր սիրուած եւ բոլորը սիրած ըլլալը։
Խոր ցաւակցութիւններ իր կողակից Աշխէնին, որ առողջութեան վատթարացման ամենէն դաժան պահերուն խնամեց զինք, նեցուկ կանգնեցաւ եւ բառին բուն իմաստով ՍԻՐՏ տուաւ իրեն։ Ցաւակցութիւններ՝ զաւակներուն, բոլոր հարազատներուն, ազգականներուն եւ բիւրաւոր ընկերներուն։
***
Ինչ որ պիտի արձանագրեմ այս տողերուն մէջ, իւրայատուկ է։ Ինք վերէն․․․պիտի ուզէ, որ այդպէս պատմեմ։ Յուզուած ենք բոլորս, բայց ի սէր «Հապիպ»-ին, ժպտինք քիչ մը։ Յիշենք մեր հին ու անմոռանալի օրերը, յիշենք, որ իրեն հետ որեւէ հանդիպում անպայման ժպիտով պիտի ծաղկէր…։
Յիսուն տարի առաջ էր, 1975-ին, երբ ծանօթացայ «Հապիպ»-ին։ Շատեր զինք կը նմանցնէին այդ օրերու հանրածանօթ դերասան Չարլզ Պրոնսընին, իր կլոր դէմքին, ցանցառ պեխերուն եւ մկաններու կոյտին շնորհիւ, սակայն ինծի համար «Հապիպ»-ը յար եւ նման էր այդ օրերուն մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած՝ «Տերսու Ուզալա» ժապաւէնի հերոսին («Dersu Uzala», ռուս-ճափոնական անդրանիկ գործակցութիւնը եւ հանրահռչակ ճափոնցի բեմադրիչ Աքիրա Քիւրոսաուայի միակ ոչ-ճափոնական ժապաւէնը)։ Վրաս այնքան մը տպաւորութիւն ձգած էր, որ քանի մը տարի ետք, երբ աւելի բարեկամացանք, համոզեցի, որ անպայման դիտէ այդ հետաքրքրական գործը։ Ի վերջոյ դիտեցինք, եւ «Հապիպ»-եան իւրայատուկ ժպիտ մը դէմքին, ան հասկցուց, որ լիովին կը բաժնէր կարծիքս։ Նի՞ւթը. 1923-ին, ռուս երկրախոյզ Վլատիմիր Արսենիեւի նոյնանուն յուշերն էին եւ անոր ակնածանքը`իր խումբին միացած եւ հեռաւոր Սիպերիոյ խորերը՝ մանչուրեան տայգայի ծակն ու ծուկը կուլ տուած, ուղեցոյց որսորդ Տերսու Ուզալային հանդէպ։ Տերսու Ուզալան կրցած էր իր պարտականութիւնը լի ու լի կատարել սառնամանիքին, բնութեան դաժան պայմաններուն, վայրենի անասուններուն դէմ լաւագոյնս պայքարին մէջ ։ «Հապիպ»-ն ալ նոյնն էր։ Միշտ լուծում մը ունէր, նոյնիսկ ամենէն անել թուացող կացութիւններուն դիմաց։
«Տերսու Ուզալա»-ին դրուագը չերկարենք, բայց հետագային «Հապիպ»-ին մէջ նախանձ մը ստեղծուեցաւ (բարի, մի՛շտ ալ բարի նախանձ, իր նկարագրին նման), երբ տեղեկացաւ, որ այս ժապաւէնին առաջին տարբերակ պատրաստողը հայրենի բեմադրիչ Աղասի Պապայեանն էր (1921-1995) ։ Պատճա՞ռը․․․ արդեօք, ան նեղսրտած էր, որ իրեն չէ՞ր առաջարկուած այդ հմուտ որսորդին դերը։ Բա՜յց, «Հապի՛պ» ճան, Պապայեան 1961-ին պատրաստած էր այդ ժապաւէնը, երբ դուն դեռ 10 գարուններ իսկ չէիր բոլորած։
***
Ո՞վ չէ վայելած «Հապիպ»-ին կսմիթը, եւ այդ ալ ի՜նչ կսմիթ։ Նոյնիսկ Շարլ Ազնաւուրը պատիւը ունեցած է «ճաշակելու» մեր «Հապիպ»-ին մատները։ Բթամատ, ցուցամատ եւ միջնեմատ միասնաբար գործի լծելով, բառին բուն իմաստով ան կը ցաւցընէր մեզ. այտ, թուշ ու դէմք․․․ լաւ մը «ճիմ-ճիկ» կը ստանային եւ երկար ժամանակ կը մնային կարմրած կամ «խանծուած»։ Սակայն գիտէր նաեւ, որ որո՞նք պէտք է «զրկուէին» այդ պատիւէն: Հոն, աղուոր պաչիկ մը կը փոխարինէր կսմիթին գործը: Այդպէս չէ՞ «Հապիպ»։
Մանրամասնենք Ազնաւուրի կսմիթին դրուագը։ 1977-ի ամառն էր։ Լիբանանի պատերազմը (կամ պատերազմներու շարքը), այդ ամառ քանի մը ամիս արձակուրդի մէջ էր, եւ Ազնաւուր Լիբանան ժամանած էր ելոյթ ունենալու։ Այդ առթիւ, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը զինք հրաւիրած էր, քաղաքի Քանթարի թաղամասին մէջ նոր ձեռք բերուած՝ «Արա Երեւանեան» ակումբը։ Հոն էր նաեւ «Հապիպ»-ը, որուն մօտիկ ընկերներ «խելքին հետ խաղցած» էին, ըսելով.
– Դուն, որ մեր բոլորը կսմթած ես, մա՛րդ ես նէ, գնա՛ եւ Ազնաւո՛ւրը կսմթէ։․․․
Է՜հ, ամօթ ըրի՛ր․․․«Հապիպ» եղիր եւ դիմացիր։ Իրեն համար նման մարտահրաւէր կենաց-մահու հարց էր։ Իրեն համար ամէն բան կարելի էր…Désormais, այսուհետեւ (Ազնաւուրի ծանօթ գործերէն), «Հապիպ»ը չվարանեցաւ եւ ահաւասիկ Emmenez-moi (այլ հանրածանօթ երգ մը)․․․իւրայատուկ կսմիթով մը հանրահռչակ երգիչը, տարբեր պայմաններու տակ, տարաւ տարբեր աշխարհի մը ծայրը կամ հրաշքներու երկիր մը։
***
Անկասկած, որ պէտք է քանի մը տող յատկացնել «Հապիպ»-ին ինքնաշարժներուն։ Այո՛․․․Իւրայատուկ էին իր ինքնաշարժները։ Ոչ միայն անխնայ կը քշէր եւ կը վարուէր անոնց հետ, այլեւ ընդհանրապէս այլ անխնայ գործածած անձերէ կը գնէր ինքաշարժը։ Ալ ձեզի կը մնայ եզրակացնել, թէ ի՞նչ պայմաններու տակ կարելի պիտի ըլլար ընկերակցիլ «Հապիպ»-ին։ Միշտ ալ օգնական շարժավարի մը կարիքը կար, որուն պարտականութիւնը երբեմն շատ աւելի դժուար էր եւ «Տերսու Ուզալա»-ական, քան նոյնինքն շարժավարին պարտականութիւնը։ Կէս գիշերներուն, լոյսը խանգարուած ըլլալուն՝ քովը նստողը պիտի ստիպուէր գործածել ձեռքի ելեկտրական լամբը՝ ուղեցոյց ըլլալու համար ինքնաշարժին։ Հետաքրքրականը այն էր, որ ինքնաշարժներն ալ կա՛մ շատ չէին դիմանար, կա՛մ ալ իրենք կ՛ուզէին ձերաբազատիլ տիրոջմէն։
Շարքը երկար է. նախ կար 50-ականներու խուրտա (իր բառերով) «Փէժօ» մը, թուական դրութեամբ «Ռընօ»-ներու շարք մը, «Մերսետէս» մը, որուն վաճառանիշին միակ փաստը՝ հռչակաւոր նշանակն էր, «Օփէլ» մը, որ արտադրող գործարանն անգամ պիտի տարակուսէր, թէ ո՞ր տեսակն է, կամ թէ արդեօք իսկապէս «Օփէ՞լ» էր: Կար նաեւ գունաթափուած, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ տժգունած ծիածան յիշեցնող, բաց կանաչաւուն, իր բացատրութեամբ «իջիր՝ իջնեմ», այսինքն երկու դուռով մկնիկ «Վոլքսվակըն» մը եւայլն։
Լիբանանի պատերազմը անխնայ եղաւ նաե՛ւ «Հապիպ»-ին ինքնաշարժներուն։ Ան, իր երկու ինքնաշարժները դիտմամբ իրարմէ հեռու կը շարէր, որպէսզի փորձանքի մը պարագային, իր բառերով՝ մեծաքանակ անբախտ չըլլար։ Օր մըն ալ, իր ապրած թաղերուն վրայ քանի մը ռումբ… ու անոնցմէ երկուքը կարծէք թէ դիտմամբ թիրախ ընտրած էին եւ քար ու քանդ ըրած՝ իրարմէ հեռու շարուած՝ իր երկու ինքնաշարժները։
Պատմական էր «Հապիպ»-ի հնամաշ՝ խուրտա կապոյտ «Փէժօ 203» մակնիշով ինքնաշարժը։ Առջեւի դռները, եթէ անշուշտ կարելի ըլլար բանալ, «Պորսալինօ»-ի նման կը գործէին. ըստ «Հապիպ»-ի բառամթերքին՝ «ակայական» դռներ էին, ինքնաշարժն ալ՝ ակամայ «ակայական»։ Կապոյտին հետ, հետզհետէ սկսած էր խառնուիլ ժանգի սրճագոյնը, իսկ առջեւը՝ շարժավարին մօտ նստողը դատապարտուած էր ոտքերը վեր բռնելու, որովհետեւ այդ ինքնաշարժը զարմանալիօրէն, թէ՛ վերի եւ թէ՛ վարի մասէն՝ յատակէն բաց էր (convertible, décapotable):
Յիշատակելի էր «Հապիպ»-ի վիթխարի «Օլտզմոպիլ 88»-ը։ Համեմատաբար փոքրահասակ «Հապիպ» կորսուած կը թուէր ըլլալ անհեթեթ լայնատարածութեան մէջ։ Հեռուէն յայտնի չէր, թէ շարժավար մը նստա՞ծ էր ղեկին, թէ ինքնագործ կը յառաջանար այդ հրէշը։ Հանգիստ 7-8 հոգի կը բաւէին այդ շրջուն «տնակ»-ին մէջ։ Օր մըն ալ, երբ Թապարիսի «ռինկ»-ի ճամբէն, Արեւմտեան Պէյրութէն Արեւելեան կ’ուղղուէինք, շրջանին անծանօթ ընկեր մը հարցուց, թէ ո՞ւր էինք։
– Առջեւը նստողները Արեւելեան շրջան հասած են, իսկ ետեւը նստողները՝ դեռ արեւմտեան շրջան են, – պատասխանեց սրամիտ «Հապիպ»-ը։․․․Եւ այդ բացատրականը յաճախ կը կրկնուէր, երբ ճամբորդ մը հարցնէր այդ «ո՞ւր ենք»-ը, այդ վիթխարիին մէջ։
***
Օր մըն ալ, այս անգամ Լոս Անճելըսի մէջ, մրգեղէն փոխադրող իր եզակի «Վան»-ով, «Հապիպ»-ին հետ Կլենտէյլէն պիտի երթայինք Հոլիվուտ․․․: Է՜հ, ինչ ըսեմ։ Խճողումէն կը սարսափէր ան եւ կը փորձէր ամէն գնով խոյս տալ։ ․․․Եւ յանկարծ նկատեց, որ գերազմանատան մուտքի ճամբան դատարկ էր, եւ «Հապիպ» պիտի ըլլաս․․․Ահաւասիկ մուտք՝ լայնատարած գերեզմանատունը, որ ըստ «Հապիպ»-ին, վստահաբար քանի մը մուտք ունենալու էր եւ միջոցը պիտի ունենայինք, կրճատելու ճամբան ու այսպէս կոչուած՝ shortcut մը ընել։ Եւ ի՜նչ shortcut։ Ձախ ու աջ, հիւսիս ու հարաւ, արեւելք եւ արեւմուտք․․․ թէեւ «Տերսու Ուզալա»-ի սիպերիական տայգայէն աւելի փոքր էր այդ լայնատարած «ննջարան»-ը, սակայն ո՛չ մէկ արդիւնք։ Ի դէպ, մեր կողքին, այդ հողաշերտին վրայ քանի մը հոգի ալ ողջ էին եւ եկած էին յարգելու ննջեցեալ հարազատներու յիշատակը: Դեռ աւելին, մեր «Վան»-ը նկատելով, կարծեցին թէ գերեզմանատան պաշտօնեաներն ենք, եւ սկսան հարցումներ ուղղել։
Չերկարեմ․․․Ի վերջոյ գերեզմանատունէն դուրս բերող ճամբան՝ ելքը գտանք, որ դժբախտաբար մեզ նոյն տեղը բերած մուտքն էր: Ահաւասիկ, Պարոնեանի «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ»-ը, այն տարբերութեամբ, որ պտտած էինք Կլենտէյլի գերեզմանատան մէջ, եւ գրեթէ կէս ժամ մը ուշացած։
***
Նկարագրով կը թուէր կոշտ, մերթ ընդ մերթ ալ ջղային, բայց վեհանձն, քաղցր եւ մաքրամաքուր տղայ էր «Հապիպ»-ը։ Մութ հաշիւներ չունէր։ Ռուբէնի յուշերէն պատառիկ մը գողնալով եւ արդիականացնելով, հակառակ իր ցանցառ պեխերուն, ան նկարագրով «Նէօ Փալապեխ Կարապետ» մըն էր։
Այո՛, այս էր մեր սիրելի «Հապիպ»-ը, հեռու ստախօսութիւնէ, զեղծարարութենէ, ափեղ-ցփեղ ձաբռտուքէ եւ պլըֆիզմ-է։
Լիբանան, ապա Եմէն (Մ․Ա․Կ․-ի հետ), վերստին Լիբանան եւ ի վերջոյ Լոս Անճելըս․․․ Ո՛չ մէկ բիծ փոխուած էր «Հապիպ»-ի նկարագրէն։ Վարուելակերպ, կսմիթ, խօսակցութիւն եւ նոյնիսկ իր վարած ինքնաշարժները։ Միեւնոյն ընկերային տիպարն էր մեր բոլորին սիրելին՝ «Հապպուպ Հապիպ»-ը։
Քանի մը տարի առաջ, ունեցաւ առողջական լուրջ խնդիրներ, բայց հրաշքի համազօր բարդ վիրաբուժութեան մը շնորհիւ, փրկուեցաւ եւ շարունակեց «հապիպ»-ութիւնները: Վերջին ամիսներուն գերյոգնած էր, մարմինը տկարացած, պեխերու ետին՝ իւրայատուկ եւ քիչ մը թաքուն ժպիտը հետզհետէ սկսած էր «տժգունիլ»․ ընդհանրապէս մտածկոտ, կարծես մարմինը ուշ կը հրահանգէր։ Ուշ կ՛արտայայտուէր եւ նոյնիսկ քնքոյշ ժպիտը յապաղումով եւ յապաւումով կը դրոշմուէր դէմքին վրայ։ Սովորաբար կը կատակէր, ըսելով, որ իր «խողովակներն ալ լաւ չէին գործեր»։
«Հապիպ»-ը մեր բոլորին սրտին խօսուն փլթակն էր։
Գոյժը շշմեցնող էր. աշխարհի չորս ծագերէն կայծակնային ցաւակցականներ տեղացին․․․ Լատին Ամերիկայէն մինչեւ հեռաւոր Չինաստան։
«Հապի՛պ» ընկեր, կարիք չկայ ի խորոց սրտի անդրշիրիմեան քարոզներու, փաղաքշական չափազանցութիւններու եւ փայփայիչ խօսքերու։ Վստահաբար ձեռքիդ գործը պիտի տեսնես, վրայի հողդ ալ շուտով թեթեւցնես եւ հոն․․․ վերն ալ կսմթես աջ ու ձախ, ծանօթ, թէ անծանօթ։ Բայց մէկ բան ըսեմ, ընկե՛ր՝ բացակայութիւնդ գերզգալի պիտի ըլլայ։ Ճար չունինք եւ պիտի փորձենք զիրար մխիթարել, մտածելով, որ քեզմէ ունինք աղուոր յիշատակներու գանձ մը:
«Հապիպ Ա՛լպի», կը կրկնեմ․դժուար է քեզի պէս թանկագին ընկեր մը կորսնցնելը։

