ԳլխաւորԽմբագրական

ԻՐԱՆԵԱՆ ՓՈՐՁԱՔԱՐԸ՝ ՊՈ՞ՒՄ, ԹԷ՞ ՊՈՒՄԸՐԱՆԿ

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Յունիս 2025-ին ալ կացութիւնը լարուած էր։ Ա․Մ․Ն․ եւ Իսրայէլ միասնաբար սկսած էին հարուածել Իրանը։ Ահաւասիկ հազիւ 7-8 ամիս անցած, այս անգամ վերստին, սակայն շատ աւելի մեծ տարողութեամբ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։

Advertisement Subscribe Today

Դիւրութեամբ Վենեզուելան կուլ տալէ ետք, Թրամփ, շարունակ պահելով հանդերձ իր ախորժակը օգտագործելու անառիկ Կրինլենտը, շարունակ կ՛արծարծէր Իրանի հիմնահարցը նշելով, թէ այդ երկիրը կրօնամոլներու ձեռքն է, եւ թէ ժողովրդավարութիւնը շարունակ ոտնակոխ կ՛ըլլայ։

Յստակ չէր, թէ ի՞նչ կը սպասուէր ապագայի օրերուն։ Իր նոր գործելաձեւին հետեւելով, Թրամփ գլխապտոյտ կը պատճառէր, նոյնիսկ անորոշութեան մատնելով ամենէն աւելի արթուն դէտը։

Մերթ շեշտելով դիւանագիտական խօսակցութիւններուն կարեւորութիւնը եւ մերթ յարձակողական խօսքերով սպառնալով, Թրամփ անորոշութիւն կը սփռէր։ Սակայն, յարձակման մեկնարկը տրուելէն 1-2 օր առաջ, երբ ան մամլոյ ասուլիսի  մը ընթացքին, յայտնեց, թէ նուազագոյնը 10 օր սպասելէ ետք, յստակ որոշումներ պիտի առնուին․․․ի յայտ եկաւ, թէ թագուն բան մը կը պատրաստուէր։

Այդպէս ալ եղաւ։ Եւ ըստ սովորութեան, առանց Քոնկրէսին տեղեակ պահելու Թրամփ, իր կողքին ունենալով Նեթանիահուն հրահանգեց, որպէսզի ռմբակոծուին իրանեան զանազան քաղաքներ։  Հազիւ ութ վայրկեան տեւողութիւն ունեցող իր յայտարարութեան մէջ, ան յայտնեց, թէ Իրան կը հանդիսանայ աշխարհի մեծագոյն վտանգը, իր հիւլէական ռումբերու պատրաստութեամբ, հրթիռային արդիւնաբերութեամբ,  միջազգային ահաբեկչութեան սատար դառնալով, բանակով, նաւատորմիղով եւայլն։

Նշենք, թէ ան հազիւ 7-8 ամիս առաջ, Յունիս 2025-ին, մեծ յոխորտանքով հաւաստիացուցած էր, թէ Իրանի միջուկային ծրագիրը ամբողջովին ոչնչացուած է։ Ահաւասիկ ամիսներ ետք, միեւնոյն յանկերգը, որ մասամբ մը կը յիշեցնէ Պուշի օրերուն, Իրաքի գրաւումն ու Սատտամ Հիւսէյնի վարչակազմին տապալումը։

Աւարտին, Թրամփ կոչ կ՛ուղղէր իսլամական յեղափոխութեան պահակախումբի անդամներուն, զինուած ուժերուն եւ բոլոր ոստիկաններուն, որպէսզի վար դնեն իրենց  զէնքերը։ Ան նոյնիսկ Իրանի ժողովուրդը կը հրահրէր դէմ կանգնելու ներկայ վարչակազմին եւ բողոքելու, որ հաւանաբար, միակ տրամաբանական ճամբան է իսկապէս յեղաշրջում կատարելու, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, թէ վերջին շաբաթներուն հազարաւոր ցուցարարներ չարչարուած եւ սպաննուած են։ Սակայն, Նաեւ շեշտենք, թէ Իրանը Վրաստանի կամ Հայաստանի գունաւոր յեղափոխութիւններուն ստեղծած պատկերը չի ներկայացներ, իր վիթխարի բնակչութեամբ, կրօնքով, համակարգով եւ շրջանէն ներս ստեղծած ներկայութեամբ։ Դիւրին չէ, նմանօրինակ յեղաշրջում մը իրագործել։

Այս գործողութեան անունն էր «Առիւծի մռնչիւն»-ը, որուն արդիւնք սպաննուեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Այաթոլլա Ալի Խամենէին եւ այլ կարեւոր անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին Խամենէիի խորհրդական Ալի Շամխանին եւ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետն ու պաշտպանութեան նախարարը, ինչպէս նաեւ յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարը։

Թեհրան շուտով պատասխանեց եւ դեռ ալ կը պատասխանէ Թէլ Աւիւ եւ Արաբական Ծոցի ամերիկեան այլ խարիսխներ ռմբակոծելով։ Ստեղծուած է տնտեսական քաոսային իրավիճակ։ Աշխարհի ամենէն աւելի բանուկ օդակայաններէն՝ Տուպայը, Ապու Տապին եւ Տոհան (ուր միասնաբար, օրական 90 հազարէ աւելի ճամբորդներ կը ժամանէին ու կը մեկնէին) փակուած են, նաւահանգիստներ անշարժացած են եւ նաւթի գիներն ալ կը բարձրանան։

Մէկ բան յստակ է, թէ Թրամփ իր «թրամփութեամբ» տարուած, չէ կրցած խուսափիլ Իրանի հետ այս առճակատումէն, որ նախկինները բոլորն ալ խուսափած էին։ Որքա՜ն երկար տեւէ այս պայթուցիկ կացութիւնը, այնքա՜ն կրնայ ազդել իր ժողովրդականութեան եւ ստեղծած քարիզմային վրայ։

Պայթիւն, պայթում, պում․․․որ կրնայ պումըրանկի (ոլրանետ) վերածուիլ եւ հարուածել Թրամփն ու իր երկրպագուները։

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button