ԻՐԱ­ՆԱ­ՀԱՅ ԳԵ­ՂԱՆ­ԿԱ­ՐԻՉ ՍՄԲԱՏ ՏԷՐ ԿԻՒ­ՐԵՂ­ԵԱ­ՆԻ ՀԵՏ­ՔԵ­ՐՈՎ

0 0
Read Time:7 Minute, 45 Second

Անց­եալ ամ­րան, Հա­յաս­տա­նի եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, կա­տար­ուե­ցաւ Իրա­նա­հայ գե­ղան­կա­րիչ Սմբատ Տէր Կիւ­րեղ­եա­նի  (1913-1999) Սմբա­տի Կեանքն ու Ար­ուես­տը անգ­լե­րէն գիրք-ալ­պո­մի շնոր­հահան­դէ­սը:

Առա­ջին հեր­թին, Ամե­րի­կա­յի Հայ­կա­կան Գրա­դա­րան-Թան­գա­րա­նի` ALMA-ի մէջ, գոր­ծակ­ցու­թեամբ Ամե­րի­կա­յի Հայ­կա­կան Ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու եւ Հե­տա­զօտու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Հիմ­նար­կին, տե­ղի ու­նե­ցաւ այս գիր­քին շնոր­հահան­դէ­սը: Ապա, Օգոս­տոս 12-ին Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Գրա­դա­րա­նի նիս­տե­րու դահ­լի­ճէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ նմանօ­րի­նակ ձեռ­նարկ մը: Նշենք թէ ար­ուես­տա­գէ­տին զա­ւա­կը` դոկտ. Ար­մէն Տէր Կիւ­րեղ­եան (Քա­լի­ֆորն­իոյ Պըրք­լի  հա­մալ­սա­րա­նի ճար­տա­րա­գի­տու­թեան ամպի­ո­նի դա­սա­խօս եւ Հա­յաս­տա­նի Ամերկ­եան Հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նա­դիր հո­գա­բար­ձու­նե­րէն)  կա­տա­րած է այս նկա­րա­զարդ բա­ցա­ռիկ գոր­ծին պատ­րաս­տու­թիւնը:

Աւե­լի ծա­նօթ Սմբատ անու­նով, այս իւ­րա­յա­տուկ վրձի­նի տէր ար­ուես­տա­գէ­տը, ծնած է Հոկ­տեմ­բեր 19, 1913-ին Սպա­հա­նի (Նոր Ջու­ղա) մէջ: Դեռ եր­կու գա­րուն­ներ չբո­լո­րած, ան կորսն­ցու­ցած է իր հայ­րը: Սա­կայն շնոր­հիւ իր մօր կամ­քին, ան կրցած է իր ինը քոյր-եղ­բայր­նե­րուն հետ պայ­քա­րիլ կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րուն դէմ: Փոքր տա­րի­քէն, ար­ուես­տի հան­դէպ հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րած, Սմբա­տի առա­ջին ու­սու­ցիչՆ էր Եղ­իա Եղի­ջան­եա­նը, ապա Յա­կոբ Վար­դան­եա­նը: Յե­տա­գա­յին, Սմբա­տի ոճին վրայ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Սար­գիս Խա­չատր­եա­նը, որ իր կար­գին Փա­րի­զի հան­րահռ­չակ Էքոլ Տէ Պօ՛­զԱր հա­մալ­սա­րա­նէն ներս ու­սա­նած է:

Նոր Ջու­ղա­յի հայ­կա­կան դպրո­ցը աւար­տե­լէն ետք, Սմբատ 1929-ին, նիւ­թա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ գտնուած ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռաւ, հե­ռա­ցած է ու­սում­նա­կան մի­ջա­վայ­րէն եւ մուտք գոր­ծած վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան աշ­խար­հէն ներս: Կարճ ժա­մա­նակ մը ետք, ծա­ռա­յու­թիւն բա­նա­կի եւ ապա վե­րա­դարձ եւ յա­ւ­ել­եալ ժա­մա­նա­կի տրա­մադ­րու­թիւն` գե­ղան­կար­չա­կան աշ­խար­հի:

1944-ին, ան մաս­նակ­ցած է խմբա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սի մը, որ կա­տար­ուած է Ս­պա­հա­նի անգլ­ի­ա­կան մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կուն մէջ: Անոր հե­տաքրք­րու­թիւնն ու կեդ­րո­նաց­ու­մը եղած են բնու­թեան տե­սա­րան­ներ, գիւ­ղա­կան վայ­րեր, ծա­ռեր ու առ­ուակ­ներ եւ յատ­կա­պէս մարդ­կանց կեն­ցա­ղա­յին առօր­եա­յին վե­րա­բե­րող տե­սա­րան­ներ:

1948-ին Ապա­տան փո­խադր­ուած, ան շու­տով կազ­մա­կեր­պեց ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ, գոր­ծակ­ցու­թեամբ Բրի­տա­նա­կան-Պարս­կա­կան նաւ­թա­յին ըն­կե­րու­թեան մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի գլխա­ւոր դահ­լի­ճէն ներս եւ մեծ տպա­ւո­րու­թիւն ձգեց: Ար­դէն իսկ հրա­ւէր­ներ ստա­նա­լով, ան կա­տա­րեց վեց ամս­ուայ շրջապ­տոյտ մը դէ­պի Մի­ջին Արե­ւել­եան Եր­կիր­ներ եւ Եւ­րո­պա: Այս գծով, մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ վե­րո­յիշ­եալ կեդ­րո­նի խորհր­դա­տու, ճար­տա­րա­գէտ եւ սի­րո­ղա­կան մա­կար­դա­կի արուես­տա­գէտ` անգլ­ի­ա­ցի Սթեն­լի Ֆոս­թը­րը, որ անդ­րա­դառ­նա­լով Սմբա­տի գոր­ծե­րուն մա­սին կ՛ը­սէ.- “Սմբա­տի դա­սա­տուն բնու­թիւնն է…“, որ նա­եւ նկար­չա­կան դա­սեր ստա­ցաւ Սմբա­տէն:

Այս­պէս, Սմբատ ցու­ցա­հան­դէս­ներ կազ­մա­կեր­պեց Լոն­տո­նի, Փա­րի­զի, Ժը­նե­ւի եւ Իտալ­իոյ քա­ղաք­նե­րէն` Նա­փոլիի, Հռո­մի եւ Վե­նե­տի­կի մէջ:

Բրի­տան­իա­յէն վե­րա­դառ­նա­լէն ետք, Սմբա­տը շարք մը նոր յղա­ցում­ներ ու­նե­ցաւ: Անոր վրձի­նի հար­ուած­նե­րը դար­ձած էին աւե­լի գեր ար­տա­յայ­տող, հա­մար­ձակ, ինք­նավս­տահ: Գոյ­նե­րը առա­ւել կեն­սու­նակ ու թա­փան­ցիկ էին: Ան հետզ­հե­տէ տա­րա­ծած էր իր համ­բա­ւը որ­պէս ջրան­կա­րիչ, ստեղ­ծե­լով գե­ղե­ցիկ բնան­կար­ներ, ուր տե­ղադր­ուած են հա­սա­րակ մարդ­կանց առօր­եան ու սո­վո­րա­կան կեան­քը: Ան նա­եւ, սկսաւ օգ­տա­գոր­ծել այլ ար­տա­յայ­տու­թեան մի­ջոց­ներ` փակ­ցան­կար­չու­թիւն, գուաշ, իւ­ղա­ներկ, գծան­կար:

1954-ին ան պատ­րաս­տած էր Իրա­նի վար­չա­պետ Զա­հետիի դի­ման­կա­րը: Ապա, քա­նի մը տա­րի ետք, անոր պար­տա­կա­նու­թիւն տրուե­ցաւ  իրա­նա­կան սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման հա­յազ­գի առաջ­նորդ  Եփ­րեմ խա­նի դի­ման­կա­րը պատ­րաս­տել: Նշենք թէ, այս վեր­ջին դի­ման­կա­րը կը գտնուի Նոր Ջու­ղա­յի Սուրբ Ամե­նափր­կիչ վան­քի առաջ­նոր­դա­կան դահ­լի­ճէն ներս:

1957-58 թուա­կան­նե­րուն եւ աւե­լի ուշ, ան շարք մը ցու­ցա­հան­դէս­ներ կազ­մա­կեր­պեց Իրա­նի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րէ ներս: Ապա,Սէ­ու­տա­կան Արաբ­իա, ուր տեղ­ւոյն օտա­րաբ­նակ պաշ­տօն­եա­նե­րը, զմայ­լե­լով Սմբա­տի գոր­ծե­րուն վրայ, զինք եր­կար կե­ցու­թեան հա­մար հրա­ւի­րե­ցին: 1976-ին, ան կը կա­տա­րէ իր առա­ջին ճամ­բոր­դու­թիւնը դէ­պի Լոս Ան­ճե­լըս, ապա քա­ղա­քա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը հետզ­հե­տէ վատ­թա­րա­ցան Իրա­նի մէջ եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով, Սմբատ 1980-ին վերջ­նա­կա­նա­­պէս կը փո­խադր­ուի Քա­լի­ֆորն­իա: Տա­րի մը ետք, ան ար­դէն իսկ բա­ցու­մը կը կա­տա­րէ իր ար­ուես­տա­նոց-պատ­կե­րաս­րա­հին:

Մինչ այդ ան­հա­տա­կան թէ խմբա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ կա­տար­ուած են Լոս Ան­ճե­լը­սի (1976, 1980, 1982, 1985, 1991), Սան Ֆրան­սիս­քո­յի (1980, 1982, 1987), Պոս­թը­նի (1985),  Նիւ Եոր­քի (1991, 1993) եւ Թո­րոն­թո­յի (1987) մէջ:

Արագ ոս­տում մը կա­տա­րե­լով դէ­պի անց­եալ, նշենք թէ ան ամուս­նա­ցած է Արաքս Աֆ­թան­տիլ­եա­նի հետ: Հե­տաքրք­րա­կան եղած է անոնց ծա­նօ­թու­թիւնը: Ար­դա­րեւ զոյ­գի մի­ջեւ մտեր­մու­թիւնը սկսած է զար­գա­նալ, երբ Սմբատ իր ապա­գայ կո­ղա­կի­ցի ծնող­նե­րէն ար­տօ­նու­թիւն ստա­ցած է, իրենց բնա­կա­րա­նի պատշ­գա­մէն, նկա­րե­լու Սպա­հա­նի Սուրբ Ամե­նափր­կիչ եկե­ղե­ցին:

Սմբա­տը` Նկա­րիչ­նե­րի միու­թեան հրա­ւէ­րով այ­ցե­լեց նո­րան­կախ Հա­յաս­տան,  1991-ին եւ հոն ալ Յու­նիս 1-10-ին ցու­ցա­հան­դէս մը կազ­մա­կեր­պեց: Իսկ, 1993-ի աշ­նան, ան վեր­ջին ան­գամ այ­ցե­լեց ծննդա­վայր` Իրան եւ գրկա­բաց ըն­դուն­ուե­ցաւ շրջա­նի ծա­նօթ ար­ուես­տա­սէր­նե­րու կող­մէ:

Սմբատ Տէր Կիւ­րեղ­եան մա­հա­ցաւ   Յու­նի­սի 9, 1999-ին: Քա­նի մը ամիս ետք, Հոկ­տեմ­բե­րին, “Արա­րատ“ Մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի “Կո­մի­տաս“ սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ յուշ-երե­կոն, նուիր­ուած այս սիր­ուած գե­ղան­կա­րի­չին:

Իւ­րա­յա­տուկ են անոր գոր­ծա­ծած ներ­կե­րը, ուր միշտ ալ արեւն ու շու­քը իրենց ներ­կա­յու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նեն այդ տե­սա­րա­նին եղա­նակն ու նոյ­նիսկ ջեր­մաս­տի­ճա­նը: Ընդ­հան­րա­պէս անոր գոր­ծա­ծած վրձի­նը, զօ­րա­ւոր գոյ­ներ չ՛ար­ձա­կէր եւ այդ պատ­ճա­ռով շատ աւե­լի առիթ կը ստեղ­ծէ, որ ակն­դի­րը սպաս­ուա­ծէն աւե­լի ժա­մա­նակ տրա­մադ­րէ իր զա­նա­զան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւննե­րուն դի­մաց:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles