Գրական

Իմ Կիրքի Եւ Պայքարի Պատմութիւնը  

 

Գրեց՝ Արի Աւետեան

Հայերէնի թարգմանեց՝ Յարութիւն Մըսրլեան

Ծ.Խ.- Այս գրութիւնը լոյս տեսած է «Հայրենիք»-ի անգլերէն լեզուով հրատարակուող «The Armenian Weekly» պարբերաթերթի  Մայիս 21-ի համարին մէջ, «The story of my passion and struggle» խորագրով:

Արի Աւետեանը Նիւ Ճըրզի Նահանգի Յովնանեան Վարժարանէն վերջերս շրջանաւարտ եղած 15 տարեկան պատանի մըն է, որ  ներկայիս կ’ուսանի իր բնակած քաղաքի Pascack Hills High School  վարժարանին  մէջ;

 

Advertisement Subscribe Today

Օդանաւը  կ’իջնէ:

 

Օդակայանէն դուրս կ’ելլեմ:

Կը շնչեմ օդը հանրակառքէն ներս չմտած,

Ա՜հ, այս ի՜նչ լաւ զգացում է:

 

Հանրակառքը կը շարժի մինչ ես պատուհանէն

Դուրս կը սեւեռեմ դէպի ուրիշ աշխարհ մը:

 

Այս տեղը, որ ես երբեք չեմ տեսած

Որքա՜Ն ծանօթ կը թուի:

Հողը այստեղ չոր է, բայց՝ կենսունակ:

Քաղաքը մեծ է, բայց  ո՛չ խճոխուած:

 

Լաւ կը զգաս երբ տունդ կը վերադառնաս:

Տուն մը՝ որ հոն նախապէս երբեք չես գտնուած:

 

Այցելութեան ընթացքին, հանրակառքին պատուհանէն

Դուրս կը նայիմ լեռներուն,  որոնք կը շրջապատեն ինձ

ու բռնած իմ ճամբան:

 

Ոչխարներն ու կովերը հոս ազատ կ’ապրին

Ամայի բնութեան մէջ եւ հեռու

 ընկերութեան ստեղծած բոլոր ձայներէն:

 

Ահա հոս է որ կ’ուզեմ ըլլալ.

Ուխտագնացութիւն մը` լեռնային այս

Սուրբ հողին վրայ:

 

Ումպ մը կ’առնեմ ցեխի պէս թանձրացած սուրճէս

Եւ կը զգամ մարմնիս մէջ յառաջացած ջերմութիւնը:

 

Այս է իմ կիրքն ու տենչը: Հոս է իմ փնտռած տեղը::
Այնքան ատեն որ ներառուած եմ աշխարհի քարտէսի

Սահմանագիծերուն մէջ:

 

Ըլլայ հոս  քաղաքին մէջ, թէ բլուրներուն վրայ,

Ուզածս  ա’յս է միայն:

 

Այս ազգի ժողովուրդը արժեւորուած է այնպէս, ինչպէս

 մարդու մը ունեցած սուղ ժամացոյցը կ’արժեւորուի:

Ժամացոյց մը որ ապահով պահուած է, հեռու որեւէ վնասէ:

 

Աստուած այդ մարդն է: Իսկ ժողովուրդը՝ այդ ժամացոյցը:

 

Մենք խնայուած ենք:

Բայց թափուած մեր արիւնը

Հալած ձիւնի ջուրերն ու

Անձրեւներուն տարափը տարած ու անհետացուցած են:

 

Ժամանակի ընթացքին, այս ժողովուրդին ցաւը

փուքի մը փչած ու տարածած տերեւներուն պէս

սփռուած է ամէն կողմ:

 

Հոգ ջէ թէ որքան հեռու  թռչին

Այդ տերեւները  վար կ’իյնան կրկին:

 

Իմ ժողովուրդին վէրքերը բուժուած չեն:

Դեռ բաց են մնացած: Եւ տակաւի’ն՝

Աղ կը սրսկուի անոնց վրայ:

 

Պատմութեան ընթացքին հոս թափուած արիւնը

մինջեւ օրս կը շարունակուի:

 

Յոյսը հազուագիւտ է դարձեր: Բայց իմ ժողովուրդը,

Կրկին ու կրկին ոտքի կը կանգնի կռուելու,

Հակառակ իր դէմ ցցուած բոլոր անյարմարութիւններուն:

 

Իմ կիրքը պահուած է այս երկրի հողին մէջ:

Այս հողը՝ որ այնքա՜ն ցաւ յառաջացուցած է մեզի:

Եւ ա’յս հողն էր որ այդքան երկարատեւ կռիւ պահանջեց մեզմէ

Զայն պահելու համար:

 

Ե՜րբ վերջնականապէս ազատ պիտի ըլլանք:

Ե՜րբ է վերջին կռիւը մեր:

 

Ասոնք են մեր սարերը եւ հո’ս է որ կը կռուինք մեր կեանքին համար:

Այն վերջին շունչը որ կ’առնենք կու տանք այս կռիւին համար:

Իմ կիրքը այս հողն է:

 

Անցեալին՝ ան կոչուած է «Երկիր Արարտեան»

Իսկ այսօր՝ «Հայաստան»:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button