Իլհամ Ալիեւի Մղձաւանջը

0 0
Read Time:2 Minute, 53 Second

 

Կարօ Արմենեան
Այսօր անգամ մը եւս կ՚անդրադառնանք, թէ ինչպիսի՜անասելի նուէր մըն է, որ ըրած է թշնամիին Նիկոլ Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգը սնուցանելով Ալիեւի հիւանդկախ երեւակայութիւնը։ եւ ինչպիսի՜ աններելի առաւելութիւն մը զիջած ենք թշնամիին մենք՝ Հ.Հ. քաղաքացիներս 44-օրեայ պատերազմի վաղորդայնին լքելով մեր անկախ պետականութեան սանձերը եւ արտօնելով, որ Փաշինեան խլէ այդ սանձերը եւ իր աւերը շարուանակէ գործել անպատիժ։ Եւ ամէն օր աւելի նուաստացնել մեզ եւ մեր երկիրը Ալիեւի լկտի գոռոզամտութեան առջեւ։

Ինչո՞ւ չենք խօսիր մեր այս հաւաքական անփութութեան մասին։ Չե՞նք յիշեր Հայաստանի Փրկութեան Շարժման գերմարդկային ճիգերը մեր հաւաքական խղճմտանքը ցնցելու եւ երկրի քաղաքացիական հասարակութիւնը իր տեղէն շարժելու…

Հիմա կը տեսնենք, որ մարդիկ լայն զանգուածներով փախուստ կու տային երկրէն. այսինքն՝ Փաշինեանական աղէտէ՛ն՝ երբ ազգին անկեղծ զինուորները գիշեր-ցերեկ կ՚ողողէին հրապարակները դէմ դնելով պարտութեան վարչակարգի ոստիկանութեան կամայական միջամտութիւններուն։

Այժմ, կարեւոր է, որ անկեղծ գնահատական տանք վերջին ամիսներու իրականութեան։ Ոչ մէկ կասկա՛ծ ՝որ պարտութեան վարչակարգի թուլամորթութիւնը Իլհամ Ալիեւի երազած դրախտն էր յետպատերազմեան այս կացութեան մէջ։ Ան հրապարակաւ կը ծաղրէր Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնը։ Ան կը ժպրհէր նախատել մեր ժողովուրդը։ Ան կը սոնքար իրեն շնորհուած յաղթանակներով։ Հրապարակաւ կը սրբապղծէր մեր սրբատեղիները։ Կ՚անարգէր մեր դրօշը։ Կը բռնաբարէր մեր հայրենիքի սահմանները։ Ամենէն անուանարկիչ ձեւերով, ան կ՚անպատուէր հայ ռազմագերիները եւ ի լուր աշխարհի կը յայտարարէր, թէ մեր ազգը անջիղ հաւաքականութիւն մըն էր եւ արժանի չէր ինքնիշխան պետականութիւն ունենալու։ Այսինքն էինք այնքան ապիկա՛ր՝ որ յանկարծ ինք եւս սկսաւ հաւատալ իր կարծեցեալ ուժին եւ հաւատաց, որ կրնար քաղաքականութիւն պարտադրել Հայաստանին եւ կրնար նոր պատերազմով սպառնալ այս զգետնուած անզօրին…

Այո՛, սահման չունէր Իլհամ Ալիեւի մտքի սատիզմը, քանի որ սահման չունէր պարտութեան վարչակարգի անորակելի ձեռնթափութիւնը ալիեւեան քմահաճոյքին առջեւ։ Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի համաձայնագրին յաջորդեցին Ալիեւի շարունակական ոտնձգութիւնները։ Ալիեւի զօրքերը ազատօրէն մտան մեր տուներէն ներս։ Ազատօրէն բանակեցան մեր դռներուն առջեւ։ Իսկ պարտութեան վարչակարգը օրը-օրին փորձեց արդարացնել իր յանցաւոր անգործութիւնը պատճառաբանելով, որ Ալիեւ իրաւունք ունէր, քանի որ այդ տարածքները — ի՜նչ հեգնանք եւ ի՜նչ ստորնութիւն — մաս կը կազմէին Խորհրդային Ազրպէյճանին…Մենք կ՚ապրէինք մեր ազգային հոգեվարքը եւ այս գէշ երազը պէտք էր անպայման թօթափել մեր ճնշուած երեւակայութենէն։ Ան այժմ վերջ կը գտնէ Հայաստան Դաշինքի հզօր յաղթարշաւով։

Այսօր յստակ է։ Եթէ Հայը պիտի կրնայ ապրիլ ինքզինքին հետ, միանգամընդմիշտ վերջ պէտք է գտնէ Ալիեւներու այս լպիրշ մեղրամիսը։ եւ ան արդէն վերջ կը գտնէ։ Պէտք է պատկերացնել, թէ ինչպիսի՜ մղձաւանջ կը տիրէ այս պահուն Ազրպէյճանի նախագահական պալատի միջանցքներուն մէջ։

Իլհամ Ալիեւ լաւ կը յիշէ իր հօր՝ Հէյտար Ալիեւի սարսափը ամէն անգամ, որ վերջինս ինքզինք կը գտնէր Նախ. Քոչարեանին հետ դէմ դիմաց Արցախի բանակցային գործընթացի սեղաններուն վրայ։ Իլհամ Ալիեւ գիտէ, թէ համրուած են իր ամբարտաւանութեան օրերը։ Ան լաւ գիտէ, թէ հասած են նաեւ իր հաշուետւութեան օրերը։ Բադին, Կոզբադին, Սիւդին, Չարխադին արդէն շոգիացած են մէջտեղէն։

Շուտով պիտի փոխուին խաղին կանոնները։ Շուտով խաղատախտակը շուռ պիտի գայ Ալիեւի աչքերուն առջեւ եւ նոր, ինքնավստահ, արժանապատիւ եւ ուժեղ Հայաստանն է, որ պիտի մտնէ պատմութեան ասպարէզ։

Այո՛, դժուար է ըլլալու անցման այս շրջանը։ Այո՛, ականապատուած է մեր կեանքի այս տարածքը։ Բայց այսօ՛ր է ճշմարտութեան վայրկեանը դիմագաւելու օրը։ Հայ ա՛զգ, այս մարտահրաւէրը քեզի կ՚ըսպասէ։ Ուժեղ մարդոց մարտահրաւէրն է ասիկա։ Դուն կրնաս շրջել ծուռ դարձած այս անիւը։ Դուն կրնաս այրել բոլոր շինծու սահմանները։

Հիմա արդէն Ալիեւի կարգն է «քառսուն գոմշու կաշիով» պաշտպանուելու։ Դուն կրնաս այդ մեծ շրջադարձը իրագործել։Դուն կրնաս տէր կանգնիլ քու հողիդ եւ արժանապատւութեանդ։ ԴՈՒՆ ԿՐՆԱ՛Ս։ ԴՈՒՆ ԱՆՊԱՅՄԱ՛Ն ԿՐՆԱՍ։ ՔՈՒ ՏԵՍԱԿԴ Է, ՈՐ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼՉՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ։ ԴՈՒՆ ԵՍ ԱՅՍ ՏԱՆ ՏԷՐՆ ՈՒ ԾԱՌԱՆ։ ԱՅԼ ՄԱՆԱՒԱՆԴ՝ ՄԻԱՅՆ ԴՈՒՆ ԵՍ ԱՅՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՎՍՏԱՀԵԼԻ եւ ԱՆՆԿՈՒՆ ԶԻՆՈՒՈՐԸ։ ՊԱՏԻ՛Ւ ՔԵԶԻ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles