
Լուսանկարներ` Թինա Չոլաքեան-Սահակեան
ԿԼԵՆՎԻՒ, ԻԼԼԻՆՈՅ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 4-ին, Ամենայն Սրբոց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ 69-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ թեմի բարեխնամ Առաջնորդ` Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, որ կատարեց օրուայ Սուրբ պատարագը, իր կողքին ունենալով եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Սահակեանը եւ տասնեակ մը Սուրբ խորանին ծառայող երիտասարդներ:
Ուրախութեամբ ու հայրական սիրով ողջունելէ ետք եկեղեցւոյս մէջ գտնուող հաւատացեալները, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տուաւ յաւուր պատշաճի քարոզ մը, բնաբան ունենալով` “Մայրս ու եղբայրներս անոնք են որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն“ (Ղուկաս 8:21):
Սուրբ Աւետարանին մէջ, վերոնշեալ խօսքերը կարեւորութեամբ պիտի չարձանագրուէին եթէ Յիսուսի պատասխանը դիպուկ չ’ըլլար: Քրիստոսի խօսքին մէջ անտարբերութիւն չկար, այլ պատգամ մը կար: Մեզ, Իրեն քոյր ու եղբայր նկատելու պատգամ մը կար, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու շարունակեց- “Երկու ընտանիք կայ քրիս–տոնէական հասկացողութեան մէջ, մէկը երկինքի տակ, միւսը երկինքի մէջ“:
Այնուհետեւ տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ կեդրոնի Շահնազարեան սրահէն ներս:
Օրուայ հանդիսավար` պրն. Արթին Տէյիրմէնճեան ողջունելէ ետք ներկաները, շեշտը դրաւ ազգային-եկեղեցական հաստատութեանց տարեդարձը նշելու կարեւորութեան վրայ, ըսելով. “Տարեդարձը վերյիշում մըն է մեր բոլորին, որպէսզի գոնէ տարին մէկ անգամ պաշտօնապէս անդրադառնանք մեր պարտաւորութիւններուն, հանդէպ մեր եկեղեցւոյ եւ համայնքին: Թող որ շարունակենք մեր աշխատանքները, նորանոր յաջողութիւններով եւ յարատեւ պայծառ պահելով մեր Սուրբ Եկեղեցին“: Ապա հրաւիրեց եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան ատենապետ` պրն. Մայք Տէմիրճեանը որպէսզի փոխանցէ հոգաբարձութեան խօսքը:
Յարգելի ատենապետը շնորհաւորելէ ետք եկեղեցւոյս 69-րդ տարեդարձը, շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց Միութեան, Պինկոյի Յանձնախումբին, եւ ապա անդրադարձաւ համայնքիս քոյր կազմակերպութիւններու հետ գոյութիւն ունեցող հեզասահ յարաբերութեանց:
Տարիներու սովորութեան համաձայն, այս առիթով նաեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ գնահատագրերով մեծարեց եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան շրջանաւարտ անդամ‘ պրն. Ռաֆֆի Տէքիրմէնճեանը, եւ, համայնքիս նուիրեալ անդամներ` պարոնայք Դրօ Խոլամեանը եւ Պերճ Փափազեանը: Մեծարեալները ներկայացուց պրն. Մայք Տէմիրճեան:
Իր սրտի խօսքը ուղղելով ներկաներուն, Արժ. Տ. Զարեհ քահանան շնորհակալութիւն յայտնեց ծխականներուն իրենց անվերապահութեան, անկեղծութեան եւ պարկեշտութեան համար: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Տիկնանց Միութեան ժրաջան անդամուհիներուն, որոնք անգամ մը եւս սիրայօժար յանձն առած էին տարեդարձի համեղ ճաշերու պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի` տիկ. Սուզան Չիթճեան-Էրիքսէնին:
Իր փակման խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեցուց ներկաներուն, թէ` երբ ամէն անգամ տարեդարձ կը տօնենք, պէտք է յիշենք մեր նախահայրերը, որոնք ապագայի հանդէպ տեսիլք ունենալով է որ շինեցին եւ կառուցեցին եկեղեցիներ եւ կեդրոններ: Եւ աւելցուց. “Եկեղեցին չի կրնար յարատեւել առանց մեր կազմակերպութիւններուն, եւ մեր կազմակերպութիւնները չեն կրնար գոյատեւել առանց եկեղեցւոյ: Իմ առաջնորդական առաջին իսկ օրէն ըսած եմ, իրարու հետ, իրարու համար“:
Տարեդարձի տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ Սրբազան Հօր կողմէ արտասանուած “Պահպանիչ“ով եւ միասնաբար երգուած “Կիլիկիա“ մաղթերգով:
Թղթակից