Գլխաւոր

Իգնատիոս Մալոյեանի Նահատակութեան 111-րդ Եւ Սրբադասման Միամեայ Յոբելեանը 

Գերպծռ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վ. Զահթէրեան
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 111-րդ տարին կը զուգադիպի Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի վարքին առընչուող չորս կարեւոր իրադարձութեանց, որոնք մէկտեղուած են միեւնոյն տարուայ մէջ եւ որոնք շաղկապուած են միմեանց։
Առաջին հերթին կը յիշատակենք` Մալոյեանի քահանայական ձեռնադրութեան (6 Օգոստոս 1896) 130-ամեակը։
Պահ մը դժուար է մտածել անգամ, որ եթէ ան քահանայ չձեռնադրուէր եւ մանաւանդ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան չանդամակցէր, արդեօ՞ք պիտի կարողանար “Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Սուրբ”-երու օրհնեալ փաղանգին արժանանալ։
Որպէս նահատակ` վստահաբար այո’ պիտի սրբադասուէր, ինչպէս իր հետ նահատակուած հայորդիները, որոնք իր կարաւանին մէջ էին եւ մաս կազմեցին հայազգի ցեղասպանուած մէկուկէս միլիոն մարտիրոսներուն, որոնք ի թիւս յամենեցուն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` համազգային սրբադասման արժանացան, ինք եւս ընդգրկուած պիտի ըլլար այդ սրբադասուածներուն մէջ, որ սոսկ հայկական պարունակի մէջ պիտի յիշատակուէր։
Սակայն, ան նախընտրեց անձնուրաց նուիրումով ծառայել Տիրոջ։
Ան իր առաքելութեան ելակէտը ընտրեց` քրիստոնէավայել վեհ եւ վսեմ սկզբունքներուն հիմունքով` Տիրոջ հօտը առաջնորդել դէպի Արքայութիւն, աստուածաշնչեան վարդապետութիւնը ճիշտ կիրառելով։
Մալոյեան այս գերագոյն գաղափարականը իրագործեց` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան միջոցաւ եւ միաբանութեան աջակցութեան շնորհիւ։
Ի տես իր նուիրումին եւ նահատակութեանը` Մալոյեանի քահանայական ձեռնադրութեան 105-րդ տարին` 2001-ին, Վատիկանի Յովհաննէս Պօղոս Սուրբ Քահանայապետը զինք դասեց ընդհանրական եկեղեցւոյ Երանելիներու շարքին, որ սրբութեան հասնելու կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկն է եւ սրբութեան ճամբան հարթողը։
Միեւնոյն տարին` մայրավանքի վարչութիւնը որոշում կայացուց դպրեվանքի ժառանգաւորաց բաժինը յանձնել Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութեանը։
Այդ օրուընէ 25-տարիներէ` Ան դարձաւ ժառանգաւորներուն բարեխօսը, որու հովանիին եւ հսկողութեանը տակ դպրեվանքը տուաւ 12-խոստումնալից քահանաներ եւ 2-սարկաւագներ, որոնք ինքնամոռաց նուիրումով կը ծառայեն Տիրոջ խորանին, մատակարարելով խորհուրդները եւ իրենց կարողականութիւնը ի սպաս դնելով ժողովուրդի պէտքերուն։
Նշանակալի յոբելեան է նաեւ Մալոյեանի Արքեպիսկոպոսութեան թուականը` 22 Հոկտեմբեր 1911,
115-տարիներ առաջ, Մալոյեան Հռոմի մէջ կայացած սիւնհոդոսին ( որուն որպէս քարտուղար մասնակցած էր ) ընտրուեցաւ` Մարտին քաղաքի կաթողիկէ հայոց թեմի Առաջնորդ։
Մամպուտի Առաջնորդութեամբ ան ստորագրեց իր մարտիրոսութեան հռչակագիրը եւ յանձն առաւ` նահատակութեան դափնին կրել` յանուն հաւատի եւ հայրենեաց։
Ասով իսկ, Տէրը վարձահատոյց եղաւ` արժանացնելով զինք` Ընդհանուր Եկեղեցւոյ Սուրբերու շարքին, նահատակութենէն 110-տարիներ ետք։
28 Մարտ 2025-ին, Երջանկայիշատակ Փրանկիսկոս Պապի կողմէ` ճիշտ մէկ տարի առաջ ստորագրուած հրամանագրով, որ կը բովանդակէր Մալոյեանի սրբադասման հռչակագիրը։
Միամեայ հրամանագիրը կեանքի կոչեց` Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը` 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարի հրապարակին մէջ։
Այո, Ս.Իգնատիոս Մալոյեան նահատակուեցաւ, սակայն մահուամբը` մահին յաղթեց։
Օրհնեալ է Մալոյեանի սրբադասումը եւ պանծալի է` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը։
Ս.Իգնատիոս Մալոյեան` երկնք օթեւաններէն բարեխօսեա’ վասն մեզ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button