
Մահացած է յայտնի գործարար եւ բարերար Ժիրայր Գաֆէսճեանը:
Նիւ Եորքի Պրուքլին շրջանի բնակիչ, ան ծնած 1925-ին: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Ատլանտեան եւ Խաղաղ Ովկիանոսեան ռազմածովային ուժերուն: Զօրացրուելէն ետք աւարտած է Նիւ Եորքի “Հանթըր“ դպրոցը, մասնագիտանալով տնտեսագիտութեան բնագաւառէն ներս:
1952-ին աշխատած է West Publishing ընկերութենէն ներս: 44 տարիներու ընթացքին Գաֆէսճեան, ընկերութեան աշխատակիցներու թիւը 2000-էն բարձրացուցած է 6500-ի:
Գաֆէսճեան իր ժամանակի մեծ մասը կ՛անցնէր ներդրումներ կատարելով եւ բարեգործական ծրագիրներ իրականացնելով: 1996-ին Գաֆէսճեան հիմնած է “Գաֆէսճեան ընտանիք հիմնադրամը“, որուն նպատակն է ապահովել հայերու բարեկեցութիւնը:
Գաֆէսճեանը Նիւ Եորքի իրաւաբաններու միութեան, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանի իրաւաբաններու միութեան, Սամօայի գերագոյն դատարանի անդամ էր: